Քեսապի 2014-ի տեղահանութենէն ետք մեր թաղը կորսնցուց իր առաջուան եռանդն ու աշխուժութիւնը, ինչպէս որ կորսնցուց թաղի երիտասարդներէն ու դրացիներէն շատեր:
Անցեալին` ձմրան կանուխ առաւօտներուն, երբ թաղեցիները իրենց տան վառարանները կը բռնկեցնէին, թաղը ծուխի ու մշուշի մէջ կը կորսուէր: Երիտասարդներու խնդուքն ու պոռչտուքը, փոքրիկներու խաղերուն ձայնը, թաղի կիներուն հեռուէ-հեռու խօսակցութիւններն ու այցելութիւնները, պարտէզի աշխատանքներուն պատրաստութիւնն ու մեկնումի ձայները եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Այդպիսով մեր թաղին սիրտը անբացատրելի ուրախութեամբ կը բաբախէր:
Հետզհետէ երդիքներէն բարձրացող ծուխը նուազեցաւ ու խամրեցաւ, շատերունը` առ յաւէտ, մինչ նախապէս ծխնելոյզներու ծուխէն թաղեցիք կ՛իմանային, թէ ո՛վ արթուն է, կամ այսինչ դրացիին ծխնելոյզէն ծուխ չբարձրանալու պատճառը ի՞նչ է, արդեօ՞ք անհանգիստ կամ հիւանդ է:
Թաղի երիտասարդները մէկը միւսին ետեւէն գաղթի ճամբան բռնեցին: Մենք ալ անոնց համար ուրախ էինք: «Ուր որ ըլլան, հոն լաւ թող ըլլան, կարեւորը անոնց լաւ լուրերը առնենք», կ՛ըսէինք:
Օրերը անցան, շաբաթները, ամիսները եւ տարիները` նոյնպէս, ու օտարութեան մէջ ապրող հարազատներու լաւ լուրերը սպասելով` մեր կեանքն ալ անցաւ:
Այս ձմրան Քեսապ տեղատարափ ու առատ ձիւն տեղաց: Սպիտակ ձիւնը պատեց Քեսապը` ուրախութեամբ համակելով յոյսի նշոյլ փնտռող մեր սրտերը: Քեսապցիներ եւ ծովեզերեայ քաղաքներու սիրահարներ, անոր տեսքին կարօտ մարդիկ` բոլորը միախմբուեցան այստեղ, սկսան ձիւնով զբաղիլ, ձիւնամարդեր շինել ու անոնց հետ նկարուիլ: Քեսապի ամառնային եռուզեռը յիշեցնող պատկեր մըն էր:
Մեր թաղի փոքրերուն ու երիտասարդներուն ստեղծած եռուզեռը «ձիւնի օրերուն» չկար: Ես ու ամուսինս` երկուքով, փոքրիկ ձիւնամարդ մը շինեցինք, նկարուեցանք անոր մօտ` մեր զաւակներուն եւ հարազատներուն ուղարկելու համար: Ամէն անգամ երբ պատուհանին կողքէն կ՛անցնէի մեր սազած ձիւնամարդը դիտելու, հետզհետէ մտերմութիւն մը կը ստեղծուէր երկուքիս միջեւ, կարծես նոր դրացի մը ունեցած ըլլայինք: Այդ քանի մը օրը թաղի անցորդները կը մօտենային մեր թաղի ձիւնամարդուն ու անոր հետ կը նկարուէին: Այդպիսով, ձիւնամարդը զբաղում դարձաւ մեզի եւ թաղին մէջ եռանդ ստեղծեց, իր պաղ մարմինով բոցավառեց եռանդի ու ջերմութեան կայծ մը, որմէ մեր թաղը երկար ատենէ ի վեր զրկուած էր:
Պատուհանին առջեւ նստած` առաւօտեան սուրճը կը խմէի, երբ ահա ձիւնի սիրահարներէն մին, մեր թաղի ձիւնամարդուն գլուխը պոկած, իր երկու ափերուն մէջ առած` ինքնաշարժին վրայ տեղաւորեց: Վրդոված ոտքի ելայ, պատուհանին փեղկը բացի ու բարձրաձայն, խիստ ոճով բացագանչեցի. «Այդ ձիւնամարդը իմս է»: Անոնք շփոթի մատնուեցան: Ինքնաշարժին տէրը զարմացած ինծի կը նայէր, կինը իրար անցած կը փորձէր ձիւնէ մարդը ետ վար իջեցնել` իր տեղը տեղաւորելով, ուրախ ցատկռտող իրենց փոքրիկը (զաւակը) կանգ առաւ ցատկռտելէ, անոր դէմքին գծուած ժպիտը սառեցաւ ու ձիւնամարդուն կերպարը ստացաւ, նոյնիսկ անոր արտայայտութիւնները սառեցան, չհասկցաւ, թէ ի՛նչ էր պատահածը:
Ես վրդոված ու ըմբոստացած` փորձեցի խորունկ ներշնչել, սկսայ ինքզինքիս հետ խօսիլ. «Խելքի՛ եկուր, զաւակդ չէ, որ պիտի տանին, ոչ ալ պարտէզէդ ծառ մըն է` արմատախիլ պոկուած, ինչո՞ւ այդքան վրդովեցար, ձգէ՛, թող տանին, վաղը անձրեւի կաթիլներն ու արեւի շողերը կը հալեցնեն զայն, թո՛յլ տուր, որ ուրիշներն ալ ուրախանան, եւ իրենց զաւակը ուրախացո՛ւր: Օտարութեան մէջ ուրիշներ ալ զաւակներդ կ՛ուրախացնեն, չէ՞»:
Երկվայրկեաններ անց պորթկումս ժպիտի վերածուեցաւ, բարձրաձայն, թաւշային սիրով լեցուն խնդրանք դարձաւ, որպէսզի դրսեցիները ձիւնամարդը իրենց հետ տանին: Անոնք ձիւնամարդը ինքնաշարժի պատեանին վրայ տեղաւորեցին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ինծի:
Փոքրիկ տղան կրկին ցատկռտեց, անոր ուրախութեան ճիչը սիրտս խայտացուց: Ձեռքը վեր բարձրացնելով` ցտեսութիւն կ՛ուզէր ըսել, ես ալ ձեռքս վեր բարձրացուցի ուրախութեամբ, ցտեսութեան շարժումներով` հրաժեշտ տալու ոչ միայն իրեն, այլ ձիւնամարդուն, որուն կանգնած տեղը պարապութիւն մը ստեղծուեցաւ:
Յաջորդ օրերուն ամէն անգամ, որ պատուհանէն դուրս կը դիտէի` ձիւնամարդուն հետքերուն նայելով, զինք կը փնտռէի, բայց ա՛լ չկար, ան ալ օտարութեան գացած էր: Սկսայ ձիւնամարդուն վերադարձին ալ սպասել, ինչպէս աչքս ճամբուն կը սպասէի զաւակներուս, թաղի երիտասարդներուն ու դրացիներուն…



