Կանացի Աչքերով Շարունակ
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շարժապատկերի 18-րդ «Կին» միջազգային փառատօնը տեղի ունեցաւ առցանց, անցեալ տարուան «համավարակային» ձեւաչափով եւ տարողութեամբ (1 Ա) (1 Բ): Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ փառատօնը կարեւոր հարթակ է սկսնակ հայ թէ կին բեմադրիչներու համար: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի գլխաւորաբար օտար կազմակերպութիւններու կողմէ (տես կողքի որմազդը): Այս տարի իր ներդրումը ունեցած է նաեւ ՀԲԸՄ-ը, որ նաեւ տրամադրած է իր սրահը: Մուտքը...


















