Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրենի Լեզուի Օր

February 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեզուի գործածութիւնը միշտ ալ եղած է մարդ արարածին միտքերու, կարծիքներու, դէպքերու փոխանցման եւ նոյնիսկ զգացումներու արտայայտութեան միջոցը: Առանց լեզուի կարելի չէ ընկերային յարաբերութիւններ հիմնել եւ ոչ ալ ընկերութիւն մը ստեղծել: Իւրաքանչիւր ազգի համար իր լեզուն իւրայատուկ է, որովհետեւ իր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը ներկայացնէ: Հայ ժողովուրդին համար իր լեզուն աստուածահաճոյ ու պատուական  լեզու է: Մաշտոցեան 38 գանձերէ թռչնագիր այս տառերը, քով-քովի շարուելով, ոչ միայն բառեր նուիրեցին հայ ազգին, այլ նաեւ ծնունդ տուին բանաստեղծներու եւ արուեստի ստեղծագործութիւններու:

Հայոց հրաշք լեզուն պիտի պահպանուի: Պիտի պահպանուի, երբ խօսինք հայերէն ու մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հայերէն գրենք բոլոր հարթակներուն վրայ, պիտի պահպանուի, երբ լսենք ու երգենք հայերէն: Մեր մայրենի լեզուն պիտի շարունակէ գործել այնքան ատեն որ հայ արուեստագէտը կը ստեղծագործէ եւ մշակոյթի նոր կտորներ կը մատուցէ հանրութեան: Հայ ժողովուրդին համար արուեստի աշխարհը ինքնին լեզու է եւ ինքնութեան էութիւն: Լեզուն միշտ պէտք է զարգացնել` ստեղծելով նորանոր բառեր եւ միշտ վերատեսութեան ենթարկելով բացթողումները:

Հայոց լեզուն եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնը սփիւռքահայութեան հայապահպանման հիմնաքարն է, եւ մեր կառոյցներու ու մշակութային կեդրոններու դերակատարութիւնը հիմնական է այս առաքելութեան պահպանման համար: Որպէս հայոց լեզուի եւ մշակոյթի կեդրոն, Լիբանանի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ու միաւորները յանձնառու են պահպանելու մեր լեզուն սերունդէ-սերունդ: Կարեւոր է, որ տարբեր պատճառներով հայերէն չիմացողները առիթ ունենան սորվելու եւ տիրապետելու հայերէնին: Այս ծիրին մէջ արդէն նախաձեռնած ենք «Կարօտ» դպրոցի հայերէնի ուսուցողական ծրագիրին, որուն ներկայ դրութեամբ կը մասնակցին աւելի քան 18 աշակերտներ, եւ կը հրաւիրենք փափաքողները միանալու այս օգտաշատ ծրագիրին:

Մե՛նք ենք հայոց լեզուն ու մշակոյթը: Մայրենի լեզուով պահենք մեր ինքնութիւնը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մեր Ո՛ղբը… Մեր Ո՞ւժը (21 Փետրուար – Մայրենի Լեզուի Օր)

Յաջորդը

«Անմիջական Կարիքը Կայ…» («Մայրենի Լեզուի Օր»-ուան Առիթով)

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.