Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Արեւի Նման Նայեցէ՛ք Աշխարհին». Համազգայինի` Գիրքի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկը Վանաձորի Մէջ
«Արեւի նման նայեցէ՛ք աշխարհին». Յովհաննէս Թումանեանի այս պատգամով սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան Լոռիի մարզային բաժանմունքի միացեալ ձեռնարկը Լոռիի մարզային գրադարանին մէջ` գիրք նուիրելու օրուան կապակցութեամբ:
Գրողներու միութեան բաժանմունքի նախագահ, գրող Մանուէլ Միկոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց օրուան խորհուրդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին` այսպիսի նախաձեռնութեան համար:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան ներկայացուց բոլոր այն գիրքերը, որոնք տպագրուած էին Համազգայինի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական միջոցներով:
«Գիրքը միայն գրողի հոգիին հայելին չէ, անիկա մեզ կը մօտեցնէ մեր անցեալին, կը պատկերուի ներկայով եւ յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ ապագայի հանդէպ: Մեր գրականութիւնը եւ մշակոյթը մեզի կը սորվեցնէ չափանիշ դարձնել անանցանելի արժէքները, մեր մէջ կը ձեւաւորէ իտէալ ունենալու գաղափարախօսութիւնը, առանց որուն` աղօտ կ՛ըլլայ մեր անցնելիք ճանապարհը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Ռուզան Առաքելեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօսները, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատեցին Համազգայինի նախաձեռնութիւնը եւ օրուան խորհուրդը: Անոնք անդրադարձան այն հեղինակներուն, որոնց հեղինակած գիրքերէն նուէր ստացան:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս Արմէնուհի Կիւրեղեան իր խօսքին մէջ կարդաց Թումանեանի խօսքերը, որոնք նոյնքան արդիական են, որքան` Ամենայն Հայոց բանաստեղծին ժամանակներուն:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան բոլոր ներկաները նուէր ստացան Համազգայինի տպագրած գիրքերէն:
Գիրքի տօնին նուիրուած ձեռնարկի աւարտին դարձեալ վկայակոչուեցան անմահ Թումանեանի խօսքերը. «Արեւի նման նայեցէ՛ք աշխարհին»:
Յիրաւի, արեւը ո՛չ միայն կը ջերմացնէ մարդոց հոգիները, այլեւ կը հալեցնէ չար ու նենգ մտքերը:
Այս մասին տեղեկացուցին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակէն:
Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Նախաձեռնութիւնը` Գիրք Նուիրելու Օրուան Նուիրուած
Փետրուար 19-ը` Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը յայտնի է իբրեւ Գիրք նուիրելու օր: Այս առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան այցելեց Արցախի մայր համալսարան եւ Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն կողմէ հրատարակուած գիրքերէն նուիրեց Արցախի պետական համալսարանի գրադարանին: Արցախի պետական համալսարանի գիտական գրադարանի վարիչ Յասմիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան` նուիրատուութեան եւ համագործակցութեան համար:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան եւ Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Զարինէ Սառաջեան այցելեցին Ասկերանի Նախիջեւանիկ գիւղի միջնակարգ դպրոց:
Նախիջեւանիկի միջնակարգ դպրոցին մէջ ներկայացուեցան Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն կողմէ հրատարակուած շարք մը գիրքեր: Հերմինէ Աւագեան ներկաներուն ծանօթացուց Համազգայինի գործունէութիւնը, խօսեցաւ կատարուող աշխատանքներուն մասին, անդրադարձաւ գիրք նուիրելու օրուան եւ այդ կապակցութեամբ գիրքեր յանձնեց դպրոցի գրադարանին:
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս Զարինէ Սառաջեան հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն ու գործունէութենէն դրուագներ` դասախօսութեան մասնակից դարձնելով աշակերտները, որոնք Զ. Սառաջեանի հետ միասին կազմակերպեցին Թումանեանին նուիրուած հետաքրքրական զարգացնող խաղեր:
Խաղերուն յաղթող խումբերը արժանացան խրախուսական մրցանակներու:
Դպրոցի աշակերտները, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Վարդիթեր Միրզոյեանի նախաձեռնութեամբ, պատրաստած էին գեղեցիկ ցերեկոյթ` նուիրուած հայ մեծերու կեանքին: Վարդիթեր Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց համագործակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա շարունակական ըլլայ:
Աւարտին Հ. Աւագեան եւ Զ. Սառաջեան նուէրներ յանձնեցին դպրոցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալ վերաբերմունքին համար:
Արցախի Մէջ Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեանը
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի ներկայութեան ընդունեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պետական նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կարգավիճակին մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող Թաթոյեանի ներդրումը, ինչպէս նաեւ հայկական զոյգ պետութիւններու մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութիւններու հետեւողական համագործակցութեան դերը` արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:
«Յատկանշական է, որ ձեր պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտէք Արցախի այցելութեամբ` ամփոփելով կատարուած աշխատանքը նաեւ արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Կ՛ուզեմ արժեւորել ձեր իրականացուցած արհեստավարժ աշխատանքը` յատկապէս պատերազմի եւ անոր յաջորդած ժամանակահատուածներուն: Իսկ վերջին շրջանին մեր միացեալ աշխատանքը նպատակաուղղուած էր առաջնահերթօրէն պատերազմի պատճառով բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու հարցերու բարձրաձայնման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան», յայտնեց Բեգլարեան:
Թաթոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան համար` այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով ազրպէյճանական վայրագութիւններէն Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
«Արցախի մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը բոլորիս առաջնահերթութիւններէն է: Կարեւոր կը նկատեմ ձեր իրաւապաշտպան գործունէութիւնն ու էութիւնը, եւ իբրեւ պետական նախարար` ձեր աշխատանքը կը ծաւալէք իրաւապաշտպան սկզբունքներով` մարդուն առաւելագոյնս օգտակար ըլլալու մղումով: Մեր միացեալ աշխատանքը ակներեւ է միջազգային ասպարէզին մէջ: Արցախի պաշտպանի հաստատութիւնը պատերազմի ժամանակ եւ յետպատերազմեան ընթացքին ցոյց տուաւ իր կայացուածութիւնն ու բարձր մշակոյթը, որուն ապացոյցը ժողովուրդի եւ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու վստահութիւնն է», յայտնեց Ա. Թաթոյեան:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան հետ համագործակցութեան համար Ա.Թաթոյեան պատուոյ գիր յանձնեց Բեգլարեանին, որ իր կարգին Թաթոյեանին յանձնեց գերատեսչական յուշաշքանշան:
Թաթոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին հետ, որ բարձր գնահատեց պաշտպանին կողմէ կատարուող վերլուծութիւններն ու յայտարարութիւնները, զեկոյցներն ու հրապարակումները: Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Ա. Թաթոյեանի առանձնապէս փաստահաւաք գործունէութեան եւ միջազգային հարթակներու վրայ Արցախն ու Արցախի հարցերը յաւուր պատշաճի ներկայացնելուն համար:
Եղիշէ Չարենցի Անձնական Իրերը Ներկայացուեցան Հեղինակին Նուիրուած Բացառիկ Ցուցահանդէսին
Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ցուցադրուեցան մեծանուն գրող Եղիշէ Չարենցի անձնական իրերը` գիրքեր, լուսանկարներ, ծխամորճը, անձրեւանոցը եւ այլ առարկաներ:
«Բացառիկ ցուցադրութիւններ» շարքի շրջանակին մէջ կազմակերպուած «Չարենցը Ազգայինում. 125 ցուցանմուշ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ին:
«Ներկայացուած 125 ցուցանմուշէն հարիւրը մեր գրադարանի ֆոնտերէն են, իսկ 25-ը Չարենցի անձնական իրերն են, որոնք կը պահուին անոր տուն-թանգարանին մէջ: Անձնական իրերէն են` գրողին թանաքամանը, մոխրամանը, ածելի սրելու գործիքը, թասակը, արձանիկը, լուսանկարներ, ընտանեկան բացառիկ խմբանկարներ եւ այլն», նշեց Ազգային գրադարանի գրատպութեան թանգարանի վարիչ Բալասան Յարութիւնեանը:
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են նաեւ Չարենցի ստեղծագործութիւնները: Ցուցանմուշներուն վրայ կարելի է տեսնել QR քոտեր, որոնց միջոցով կարելի է զանոնք ուսումնասիրել առցանց հարթակի վրայ:
Յարութիւնեան շեշտեց, որ Չարենց մեծ դեր խաղացած է հայու ինքնութեան պահպանման գործին մէջ: Ան յիշեց Մարտիրոս Սարեանի` Չարենցին ուղղուած խօսքերը, որոնք առնուազն կիսաստուած պէտք է ըլլան այսպիսի ստեղծագործական ժառանգութիւն ձգելնուն համար:
Եղիշէ Չարենցի թոռնուհի Գոհար Չարենցի խօսքով, ժողովուրդը միշտ եղած է Եղիշէ Չարենցի կողքին, ինչպէս գրողը եղած է իր սիրած ժողովուրդի կողքին: «Իր ապրած տարիներուն շատ բարձր գնահատած են զինք. երբ Չարենց դահլիճ կը մտնէր, զինք մնայուն ծափողջոյններով կը դիմաւորէին, եթէ ան դասախօսութիւն տար, մարդիկ ոտքի կը կանգնէին: Հակառակ որ Չարենցի կեանքի վերջին տարիներուն իր կողքին ոչ ոք կար, եւ, ինչպէս ինքը կ՛ըսէր, ան լքուած ու հալածական մի պոէտ էր եւ ոչ ոք ունէր: Միեւնոյնն է` անոր կողքին էր ժողովուրդը», ընդգծեց Գոհար Չարենց:
Ան տեղեկացուց, որ գրողի 125-ամեակին առիթով, որ կ՛ամբողջանայ մարտ 13-ին, տարուան ընթացքին Չարենցի նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ կ՛իրականացուին ոչ միայն Արցախի, Երեւանի, այլեւ մարզերուն` Ծաղկաձորի մէջ եւս, ուր Չարենց յաճախ կ՛այցելէր:
Անդրադառնալով Չարենցի պատգամներուն` Գոհար Չարենց յիշեցուց հեղինակին հետեւեալ տողերը. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Ցուցահանդէսը ուղեկցուեցաւ Կոմիտասի անուան պետական լարային քառեակի գեղեցիկ կատարումներով:
Նշենք, որ այս ցուցադրութիւնը կայացաւ մէկ օր եւ կեանքի կոչուեցաւ միջմշակութային համագործակցութեան ծիրին մէջ, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հետ միասին:
Հայ Ժամանակակից Գրողները Գիրքի Տօնին Հետաքրքրական Ստեղծագործութիւններ Նուիրեցին Անցորդներուն
Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամները Գիրք նուիրելու օրը` փետրուար 19-ին, թէ՛ իրենց, թէ՛ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն նուիրեցին անցորդներուն:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ տօնին վերաբերող ձեռնարկները սկսան փետրուար 18-ի: Գրողներու միութեան նախագահը շեշտեց, որ գիրքին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ եւս:
«Տօնը կը կրէ Թումանեանի ոգին: Այսօրուան մեր կարգախօսն է` «Եթէ կը սիրես Թումանեան, գիրք նուիրէ՛»: Երբեմն մարդ կը մտածէ միայն գիրք նուէր ստանալու մասին, մինչ կարեւոր է նաեւ նուիրելը: Գիրք նուիրելով` մարդիկ բարութիւն, սէր եւ հաւատք կը տարածեն», շեշտեց Միլիտոնեան եւ տեղեկացուց, որ առաւօտեան հիւրընկալած են թիւ 133 դպրոցի աշակերտները եւ անոնց նուիրած են ամսագիրներ եւ գիրքեր:
Անուանի Երգահան Լեւոն Չաուշեան Ոչ Եւս Է
Կեանքէ հեռացաւ երգահան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան անդամ Լեւոն Չաուշեանը:
Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի Երաժիշտներու միութենէն եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին Չաուշեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, անոր երաժշտութեան երկրպագուներուն:
Լեւոն Չաուշեան 1969 թուականին աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ստեղծագործական բաժինը, 1970 թուականին` դաշնակի բաժինը: Եղած է Էդուարդ Միրզոյեանի աշակերտը:
1973 թուականէն կը դասաւանդէր Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ:
1979-1985 թուականներուն եղած է Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան վարչութեան քարտուղար, 1985-1991 թուականներուն` փոխնախագահ, 1995 թուականէն` Հայկական երաժշտական համաժողովի հիմնադիր-նախագահ:
Չաուշեան գրած է «Անյայտ զինուորին» սիմֆոնիան եւ ստացած է հանրապետական մրցոյթի 1-ին մրցանակը, սիմֆոնիք երկու պոէմ, դաշնակի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի, ջութակի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի, սրինգի եւ սենեկային նուագախումբի համար կոնցերտներ, 4 կվարտետ, գործիքային սոնաթներ, ռոմանսներ, վոքալ շարքեր, խմբերգներ:
Նշենք, որ Չաուշեան 2021 թուականին պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով: