Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կովկասեան Թատերաբեմը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Դաշտ

Փետրուար 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղ

Կովկասեան տարածաշրջանը պատմութեան ընթացքին եղաւ պատերազմի եւ մրցակցութեան դաշտ մը: Շրջանը յաջորդաբար բաժնուեցաւ հռոմէացիներու եւ պարթեւներու, բիւզանդացիներու եւ Սասանեան պարսիկներու եւ, վերջապէս, օսմանցիներու, ցարական Ռուսիոյ եւ Իրանին միջեւ: Այս պետութիւնները եւ կայսրութիւնները իրենց ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը պարտադրեցին կովկասեան բոլոր ժողովուրդներուն վրայ: Հայ ժողովուրդը իր կարգին մաս կազմեց վերոյիշեալ բոլոր տէրութիւններուն:

Այսօր կովկասեան տարածաշրջանը դարձեալ մրցակցութեան եւ փոփոխութիւններու դաշտ մըն է: 1994-ին Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուեցաւ այն դրութիւնը, որ մինչեւ 2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմը շրջանը պահեց համեմատաբար կայուն վիճակի մէջ: Ռուսիան, իր կարգին, իր շահերէն մեկնած, հովանաւորեց այդ դրութիւնը եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին նկատառելի դեր ունեցաւ զինադադարի վերահաստատման գործընթացին մէջ: 18-րդ դարէն ի վեր, Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանային գլխաւոր տէրութիւնը եղած է Ռուսիան: Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հարաւային Կովկասը կոչեց Խորհրդային Միութեան ռազմավարական յետնաբակը: Սակայն ներկայիս ռուսական ազդեցութիւնը որոշակի չափով տկարացած է, յատկապէս` Թուրքիոյ, ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան նման շրջանային եւ միջազգային ուժերու դէպի Կովկաս ընդարձակման եւ թափանցման պատճառով:

2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմը աշխարհաքաղաքական ցնցիչ դէպք մըն էր` նկատի ունենալով, որ  պատերազմը տարածաշրջանը փոխադրեց հակամարտութեան նոր հանգրուան: 1990-ականներու սկիզբը հայկական կողմը կարողացաւ յաղթական դուրս գալ Արցախ-Ազրպէյճան առաջին պատերազմէն` նպաստաւոր բազմաթիւ պայմաններու պատճառով: Առաջին` Թուրքիան տակաւին շրջանային հզօր պետութեան մը կարգավիճակը իւրացուցած չէր, եւ Անգարա կը տառապէր ներքին բազմատեսակ հարցերէ ու քաղաքական անկայունութենէ: Երկրորդ` Ազրպէյճան, Թուրքիոյ նման, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անկայունութենէ կը տառապէր, մինչ երկրի յաջորդական նախագահներ Այազ Մութալիպով եւ Ապուլֆազ Էլչիպէյ չկարողացան Պաքուի ի շահ քայլեր եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակել: Երրորդ` Ռուսիա, իր կարգին,  տակաւին կը փորձէր յարմարիլ Խորհրդային Միութեան փլուզման պատճառով հաստատուած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իր նոր իրականութեան:

2020-ին կացութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր էր: Ազրպէյճան մօտ երկու տասնամեակէ ի վեր կը վայլէր մենատիրական վարչակարգին պատճառով հաստատուած քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւն: Ազրպէյճանի ժողովուրդին մօտ առկայ դարձած էր նաեւ Հայաստանի դէմ պատերազմ հռչակելու մտադրութիւնը:  Թուրքիա դարձած էր շրջանային հզօր պետութիւն` ունենալով արդիական զէնքեր եւ արհեստագիտական կարողութիւններ: Աւելի՛ն. նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադրած էր օժանդակել Պաքուի իշխանութիւններուն` ամրապնդելու համար Կովկասի մէջ փանթրքական տրամադրութիւնները:

Միւս կողմէ` Ռուսիա ներկայիս տագնապի մէջ է: Քրեմլին մտահոգ է Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններէն եւ իշխանութեան հասնող արեւմտամէտ քաղաքական գործիչներու երեւոյթէն: 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը ինքնին մտահոգիչ դէպք մըն էր Մոսկուայի շրջանակներուն համար: Դէպի Անգարա Ազրպէյճանի մօտեցումը Ռուսիոյ պարտադրեց հակամարտութեան համար գտնել ժամանակաւոր լուծում մը, որուն շնորհիւ ապահովեց Մոսկուայի շահերը եւ մեղմացուց Պաքուի ու Անգարայի ծաւալապաշտական ախորժակները: Միաժամանակ Մոսկուա նաեւ պաշտպանեց իր դաշնակից Երեւանը` պահպանելով Արցախէն բաժին մը եւ Հայաստանը փրկելով ամբողջական պարտութենէ: Սակայն Քրեմլին չկարողացաւ արգիլել Անգարայի տարածաշրջան մուտքը` իբրեւ գլխաւոր աշխարհաքաղաքական դերակատարի:

Կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի դերակատարութիւններուն:

Բազմաթիւ քաղաքագէտներ նկատել կու տան, որ Հարաւային Կովկասը Ուաշինկթընի համար այդքան ալ կարեւոր շրջան մը չէ: Սակայն Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւին տարածաշրջանի բոլոր զարգացումներուն: Այստեղ մեծ դեր կը խաղան Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին նման կազմակերպութիւնները, որոնք տեւաբար յառաջ կը մղեն Հայաստանի եւ հայութեան համար նշանակութիւն ունեցող հարցերը: Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներ կը ներկայանան տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններուն ընդմէջէն: Օրինակի համար, տարիներու ընթացքին USAID-ի միջոցով Հայաստան ստացաւ շուրջ 2 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւններ: Սակայն, հակառակ Վրաստանին եւ Ազրպէյճանին, Հայաստան աշխուժ կերպով չի մասնակցիր Միացեալ Նահանգներու բոլոր ծրագիրներուն, մանաւանդ ՕԹԱՆ-ի սեմինարներուն` պահպանելու համար Ռուսիոյ հետ ռազմական եւ բարեկամական սերտ կապերը: Ուաշինկթընի նախկին եւ ներկայ վարքագիծները նման են իրարու, եւ դժուար է, որ փոփոխութեան ենթարկուին: 2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմին ընթացքին եւս Միացեալ Նահանգներ բացակայ մնացին գրեթէ բոլոր բանակցութիւններէն եւ զինադադարի գործընթացներէն:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ընդհանրապէս չէզոք կեցուածք որդեգրած է: Թեհրան տեւաբար Ազրպէյճանի, այսպէս կոչուած, հողային ամբողջականութեան պահպանման կողքին եղած է: Հայաստանը Իրանի համար բարեկամ երկիր է եւ գործակցութեան ու ներդրումներու դաշտ: Սակայն, Թեհրան երբեք կարելիութիւնը չունի Ազրպէյճանի դէմ կանգնելու, նկատի ունենալով, որ Իրանի բնակչութեան 15 առ հարիւրը, այսինքն մօտ 12 միլիոն քաղաքացի ազերիներ են: Հետեւաբար Հայաստանի համար Իրան չէզոք գործակից է, սակայն` երբեք դաշնակից:

Անցեալէն այսօր Հայաստանի ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական գործելաոճերը եւս փոփոխութիւններու ենթարկուեցան: 1990-ականներուն Հայաստանի քաղաքական շրջանակները ճանչուեցան անզիջողական դիւանագիտութեամբ: Ներկայիս պատկերը ամբողջութեամբ կը հակասէ անցեալը` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն օր նոր զիջումներ կը կատարեն կամ համաձայնութիւններ կը ստորագրեն: Դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ անփորձ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամբոխահաճոյ իր մտածելակերպը կը ներառէ կառավարութեան բոլոր աշխատանքներուն եւ դիւանագիտական քայլերուն մէջ: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը եւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւս վտանգաւոր հարցեր են, որովհետեւ երկուքը կը բարձրացնեն երկրին մէջ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ առկայ լարուածութիւնն ու ընկերային ընդհանուր անկայունութիւնը:

Հետեւաբար ներկայիս Հարաւային Կովկասի պատմութեան համար անկիւնադարձային օրեր են: Բազմաթիւ շրջանային եւ միջազգային ուժեր կը ձգտին թափանցել ու իրենց ներկայութիւնը պարտադրել տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ: Գլխաւոր դերակատարները կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Ռուսիան, մինչ աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող դերակատարներ կը հանդիսանան Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը:

Աղբիւրներ`

Iskandarov, K., Simons, G., & Gawliczek, P. (2019). The South Caucasus: Stage for a«New Great Game» between NATO and Russia? Connections: The Quarterly Journal, 18(3-4), 7-34.
Chupryna, O. (2020, December 21). Geopolitical Outcomes of the Second Nagorno-Karabakh War. Geopolitical Monitor.
Nikoghosyan, H., & Ter-Matevosyan, V. (2021, March 9). Post-Revolution and War, Armenia Must Find a Geopolitical Balance. Carnegie Moscow Center.
Zarifian, J. (2015). U.S. Foreign Policy in the 1990s and 2000s, and the Case of the South Caucasus (Armenia, Azerbaijan, Georgia). European Journal of American Studies, 10(2).

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Բռնակալութեան Դէմ` Դիմադրութիւնը Անհրաժեշտ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?