Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՅԴ 132-Ամեակի Նշում Գամիշլիի Մէջ Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 22 նոյեմբերին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութիւնը: Օրուան հանդիսավարներ Սագօ Սիմոնեան եւ Վանայ Կիրակոսեան բացումը յայտարարելով` ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը 132-տարիներ շարունակ մարտնչած, նահատակուած նուիրեալներուն եւ Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի նահատակներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ Խաչիկ...




















