Յօդուածներ

ՀՅԴ Կիպրոսի Պատուիրակութիւնը Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նախագահական Թեկնածու Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին Հետ

ՀՅԴ Կիպրոսի Պատուիրակութիւնը Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նախագահական Թեկնածու Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին Հետ

Չորեքշաբթի 30 Նոյեմբեր 2022-ին, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէն պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Փետրուար 2023-ին կայանալիք Կիպրոսի նախագահական ընտրութիւներու թեկնածու՝ պրն. Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին հետ։ ՀՅԴ Կիպրոսի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ատենապետը, Համազգայինի ատենապետը եւ ՀՕՄի ատենապետուհին։ Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը պրն. Խրիստոտուլիտիսի առաջ բարձրացուց համայնքը յուզող կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին Միջին Արեւելքէն...

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Յանուն հայրենիքին եւ Հայ դատին» խորագիրը կրող հանգանակային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավար՝ Խաժակ Գուլաճեանը, բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խօսքին մէջ նշեց Հայ դատի գրասենեակներու կատարած կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն տէր կանգնելու, ապա հաստատեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ օժանդակել Հայ...

Այժմէականութիւնը Պահած Դրուագ Մը

Այժմէականութիւնը Պահած Դրուագ Մը

Ստորեւ կը ներկայացնենք բաւական ժամանակ առաջ գրուած, սակայն տակաւին այժմէականութիւնն ու խոր պատգամը պահպանող գրութիւն մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կը բերուի մայրենիին տիրութիւն ընելու կարեւորութիւնը: - Ի՞նչ է քո անունը,- հարցրեց արքայից արքան: - Ես հայերէն չգիտեմ,- յունարէն պատասխանեց Եւպատորի զօրապետը: Մի ակնթարթում Տիգրանի դէմքը փոխուեց: Զայրոյթից նա չկարողացաւ նստած մնալ տեղում, ելաւ գահից եւ, առանց ոեւէ մէկի կողմը...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սրբոց Առաքելոց Եւ Առաջին Լուսաւորչացն Մերոց Թադէոսի Եւ Բարթողիմէոսի

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Առաքելոց Եւ Առաջին Լուսաւորչացն Մերոց Թադէոսի Եւ Բարթողիմէոսի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Յիսնակի (Սուրբ Ծնունդը կանխող յիսուն օրերու շրջան) առաջին կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն յիշատակը: Յիսուսի տասներկու աշակերտները, իրենց Տիրոջ պատգամին համաձայն` «Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձուցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգոյն սրբոյ», շրջեցան աշխարհով մէկ եւ ամէնուրեք տարածեցին Քրիստոսի լոյսը: Առաքեալներէն երկուքը` Սուրբ...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  ՀՅ Դաշնակցութեան Հայրենակերտման Առաքելութիւնը Անշրջելի Է  (ՀՅԴ 132-Ամեակին Առիթով)

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. ՀՅ Դաշնակցութեան Հայրենակերտման Առաքելութիւնը Անշրջելի Է (ՀՅԴ 132-Ամեակին Առիթով)

«Դաշնակցութիւնը հարազատ զաւակն է հայ ազգին, ծնած անոր ծոցէն` իբրեւ իսկական արտայայտիչը բազմաչարչար մեր ցեղին քաղաքական պահանջներուն եւ ազգային ձգտումներուն» ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ Դաշնակցութիւնը պետականակերտ կուսակցութիւն է, որ հիմը դրած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ այդ մէկը իրագործած է հայ ժողովուրդի լիակատար բնաջնջումին միտուած թրքական ցեղասպանական ծրագրէն երեք տարի ետք: Անշեղ եւ անխոտոր է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական...

Ներէ, Որ Ներկայ Չեմ…

Ներէ, Որ Ներկայ Չեմ…

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Ի՞նչ բառերով դիմեմ քեզի, սիրելի՛ Մարզպետ, երբ հայկազեան ոսկեղենիկի գոհարները  շաղ կու տայիր յօդուածներուդ մէջ, մինչ ես հիմա կաղ յանգերով կու գամ յիշատակիդ բուռ մը աղօթք մրմնջելու: Աղօթք, որովհետեւ գովաբանութիւններէն ու  դրուատիքի խօսքերէն կը խորշէիր: Աղօթք, որովհետեւ մեր աղօթքներու յորդորներով եւ շարականներու երկնային մեղեդիով կախարդուած ապրեցար կեանքդ ու առաջնորդուեցար անոնց թելադրականութեամբ եւ եղար խիզախ ու ուղղամիտ: 1965-ին մեկնեցար...

ԼՕԽ-ական Մեր Ընկերուհին (Շամիրամ Գասոյեանի Յիշատակին)

ԼՕԽ-ական Մեր Ընկերուհին (Շամիրամ Գասոյեանի Յիշատակին)

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Այսօրուան այս գրութիւնը պատշաճօրէն կը զուգադիպի Կամաւորներու օրուան: Մեր ընկերուհին` ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի անդամներէն Շամիրամ Գասոյեանը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ իր վերջին շունչը կամաւորաբար ծառայած է շրջապատին, առանց գանգատելու եւ դժգոհելու, միշտ ուրախ ու ժպտուն տրամադրութեամբ: Իրեն համար ժողովները առաջնահերթութիւն էին: Տարիներով ստանձնած է ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը եւ բծախնդրութեամբ կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւնը:...

Երկխօսութիւն Ընկերուհի Շամիրին Հետ

Երկխօսութիւն Ընկերուհի Շամիրին Հետ

Համեստ ու քաղցր, տիպար ու պատշաճ խաչուհի ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի ուշագրաւ տիրուհի, Մտքի, խղճի ազատութեան արդար հայուհի, Ազգին ծառան. իրաւունքի պաշտպան սիրելի: Աղէտի, արհաւիրքի փոթորիկով հարուածուածներ, Բողոք, մահ, կորուստ, դժխեմ ճակատագիրի ենթարկուածներ, Սարսափ, կրակ, բոց, անտէր ուժասպառ բոցավառուածներ, Արիւն... կեանքը սպառնացող վտանգներէն կորսուածներ: Հաւատքով եւ յոյսով, ուժ եւ լոյսի պայքար մղեցիր, Պողպատեայ կամքով, բոցիդ տառապանք շարունակեցիր, Սուրբ Քրիստոսով, մղձաւանջի վտանգը...

Գերաշնորհ Տ․ Մակար Եպս․ Աշգարեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Գերաշնորհ Տ․ Մակար Եպս․ Աշգարեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 172-րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, թեմի երեսփոխաններու, Ազգ. Կրօնական ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ հիւրաբար ազգ․ մարմիններու ատենապետներու ներկայութեան` Բերիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով։ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական ընտրութեան առնչուող թեմի խնդրանքին, պաշտօնագիրով ուղարկեց առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Ժողովը այնուհետեւ...

Ականջալուր Ըլլանք Բագրատ Սրբազանի Պատգամին

Ականջալուր Ըլլանք Բագրատ Սրբազանի Պատգամին

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 30 հոկտեմբեր 2022-ը արցախեան պայքարի տարեգրութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը վերահաստատելու օր: Այդ օր շուրջ քառասուն հազար արցախցիներ համախմբուեցան Ստեփանակերտի մէջ եւ վերաշեշտեցին իրենց կառչածութիւնը 1988 թուականին ազգային վերազարթօնքի շարժումով հրապարակ նետուած սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն նկատմամբ, որոնց գլխաւորներն են` ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, պատմական անարդարութեան սրբագրութիւնը, հետեւաբար նաեւ` շրջանի հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ընդգծումը: Ստեփանակերտի...

132-Ամեակէն Ետք Եւ Նոր Պայմաններու Լոյսին Կամ Խաւարին Տակ.  Չթուլանանք, Չյանձնուինք Եւ Չյարմարինք…

132-Ամեակէն Ետք Եւ Նոր Պայմաններու Լոյսին Կամ Խաւարին Տակ. Չթուլանանք, Չյանձնուինք Եւ Չյարմարինք…

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Անցնող շաբաթներուն Լիբանանը դարձաւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին ուշադրութեան կեդրոնը, ուր տեղի ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ մարմիններու եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ու ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւններու լիագումար ու միջմիութենական նիստերը, հաւաքները, զեկուցական հանդիպումները... Այս ոգին եզրափակուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած մեծաշուք հանդիսութեամբ, որ համահունչ էր Լիբանանի մէջ անցնող օրերուն տիրող համահայկական ոգիին եւ դաշնակցական մթնոլորտին, եւ որ արժանի է համապատասխան...

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը Կիպրոսի Մէջ

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը Կիպրոսի Մէջ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 19-20 նոյեմբերին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, Ժան-Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց... կայուն» թատերական ներկայացումը մեծ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, նախօրօք համաձայնուած հրաւէրով` Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղին, 25-27 նոյեմբերին մեկնեցաւ Կիպրոս, կիպրահայ գաղութին եւս ներկայացնելու յիշեալ թատերախաղը: Արդարեւ, 27 նոյեմբերին Նիկոսիոյ «Տիոնիսըս» սրահին մէջ թատերախումբը հանդէս եկաւ «Վտանգաւոր, բայց… կայուն» թատերախաղով: Կոկիկ հասարակութեան կողքին...

Վահան Զանոյեան (ԺԴ.)  Թէ Ինչպէ՞ս Վերագտայ Զինք, Եւ Ո՞վ Է Ան

Վահան Զանոյեան (ԺԴ.) Թէ Ինչպէ՞ս Վերագտայ Զինք, Եւ Ո՞վ Է Ան

  ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, 2010, Ձմեռ Հեռաձայնը հնչեց, ընկեր մըն էր. - Ո՞ւր ես, կրնա՞ս գալ: - Հեռու եմ, չեմ կրնար գալ, ուշ է արդէն: - Ուշ չէ, եկո՛ւր, մեծ անակնկալ ունիմ քեզի: Վահրամին (Դաւթեան) հետ եմ, Ռուբէն Աբովեանին մօտ, որ Մերձաւան գիւղը կ՛ապրի: - Ո՞ւր է ատիկա: - Էջմիածնի ճանապարհին... Շատ հեռու չէ, մենք կը սպասենք քեզի... եկուր... գոհ...

Մեր Ժողովուրդը Շարունակելու Է Ազատութեան, Արդարութեան Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Համար Իր Պայքարը

Մեր Ժողովուրդը Շարունակելու Է Ազատութեան, Արդարութեան Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Համար Իր Պայքարը

Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին ընթացքին օրակարգի` «Խաղաղութեան ապահովում եւ ժողովրդավարութեան ուժեղացումէ թեմայի ծիրին մէջ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը` անդրադառնալով արցախեան տագնապի ներկայ փուլին եւ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումներուն: Ստորեւ` անոր արտասանած խօսքը: Ես իմ ողջոյնի խօսքն եմ ուղղում ձեզ` որպէս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ազատութեան, արդարութեան...

Հայրենիքը Տուն Բերել

Հայրենիքը Տուն Բերել

ԿԱՄԻԼԱ ... Որովհետե՜ւ, մէջս ապաստանած մենութիւնդ պարպեցի մատղաշ արշալոյսին մէջ, շաղեցի սէրս ու հանեցի վրայէդ օտարացումի վերարկուն: Սիրաթուրմով քակեցի պրկուած ժամը, որ անորուշութեան սլաքներու միջեւ կը ժամադրուէր տունդ լքող թռիչքին հետ... Գիտե՛մ, այս աշխարհի մէջ գիշերները սկսած են կարմրիլ, իսկ երբ մտնեմ հաց գնելու, մօտիկ տեղ մը, կը ճաքճըքի սեղաններուն վրայ սպասող պնակներուն դատարկութիւնը. Հայրենի՜ք, երանի արեւուն դիմաց ցորենի արտ...

Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոսին Հետ

Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոսին Հետ

Նոյեմբեր 29-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Վահէ Անտոնեան հանդիպեցաւ Վանգուվըրի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս տոքթ. Նիգ Քահվաճիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին հիւպատոսը ներկայացուց Վիքթորիա քաղաքին մէջ հիւպատոսարանի նախաձեռնած նոր ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ 1888 թուականին լիբանանցիներու Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգ ներգաղթը խորհրդանշող յուշարձանի մը կառուցումը։ Հիւպատոսը լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող Վանգուվըրի հայ համայնքին հրաւէր ուղղեց մասնակից դառնալու այս ծրագրին։ Վահէ Անտոնեան...

2022-ի Պատմական Մոնտիալը` Քաղաքակրթութեանց Բախում, Քարոզչութիւն Եւ Քաղաքականութիւն

2022-ի Պատմական Մոնտիալը` Քաղաքակրթութեանց Բախում, Քարոզչութիւն Եւ Քաղաքականութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 20 նոյեմբերին ընթացք առաւ 2022-ի Մոնտիալը` միջինարեւելեան, իսլամական ու արաբական երկիրի մը մէջ առաջինը: Անիկա ոչ միայն իբրեւ երեւոյթ, այլ նաեւ ծախսալի ըլլալու առումով պատմական է: Արդէն մէկ տարի առաջ մարզադաշտերու, փապուղիներու, օդակայաններու, նոր քաղաքի ու նաւահանգիստի կառուցման ծախսերը գերազանցած էին 200 միլիառ տոլարը: 2017-ին յայտնի դարձած էր, որ Քաթար շաբաթական 500 միլիոն տոլար պիտի ծախսէ մարզադաշտերու պատրաստութեան...

Տոմս.  Պարզութիւն

Տոմս. Պարզութիւն

Այս տիկինը համարեա՛ ամէն օր կը տեսնեմ: Առաւօտները, երբ բարեկամիս խանութին մուտքին կը նստինք սուրճ մը խմելու, դիմացի պուրակին մէջ կը պտտի, կը պրպտէ բոյսերը, ապա կամաց-կամաց իր ձեռքերուն մէջ կը ձեւաւորուի սովորական բոյսերէ եւ քանի մը դեղին ծաղիկներէ հրաշալի փունջ մը, զոր խնամքով կը շտկրտէ, կը յարդարէ եւ վերջնական ձեւին մէջ դնելէ ետք, խորհրդաւոր ժպիտ մը դէմքին վրայ, կը...

«Հոս Դաշնակցական Ցոլակն Է…»  (Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին)

«Հոս Դաշնակցական Ցոլակն Է…» (Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ... Պիտի լսէր հեռաձայնողը, եթէ պատահէր, որ ընկեր Ցոլակը քիչ մը հեռու ըլլար հեռաձայնի գործիքէն եւ չկարենար անմիջապէս պատասխանել. հեռաձայնին վրայ արձանագրուած` ինքնավստահութիւն բուրող իր խօսքը պիտի թելադրէր, որ պէտք էր պատգամ մը ձգել, եւ ինք անպայման կը պատասխանէր շուտով: Իսկապէս ալ հեռաձայնողը ընդհանրապէս երկար չէր սպասեր, եւ ընկեր Ցոլակին կատակախառն ձայնը կը հնչէր գիծին միւս ծայրէն: Յիշատակներու...

Պատի՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Պատի՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Անցնող օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատարիմ համակիրներ,  գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներ մեծ ոգեւորութեամբ ուղղուեցան «Հիլթըն Պէյրութ «Հապթուր Կրենտ» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահ` ներկայ գտնուելու անոր 132-ամեակի նշման հանդիսութեան եւ իրենց յանգանքն ու զօրակցութիւնը յայտնելու անոր: Անոր, որ աւելի քան դարէ մը ի վեր մնացած է պատնէշի վրայ` միշտ հայութեան կողքին, միշտ հայութեան համար: Իր ծնունդէն մինչեւ մեր օրերը, բոլոր հանգրուաններուն եւ...

Page 297 of 1112 1 … 296 297 298 … 1,112

Արխիւներ