Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութեան Մը Առիթով

Նոյեմբեր 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթ լիբանանահայութիւնը առիթ ունեցաւ վայելելու Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Ժապաւէնը շրջագայեցաւ Այնճարէն մինչեւ դպրեվանք, գրեթէ բոլոր վարժարանները, շաբաթ օր ժողովրդային ցուցադրութիւն ունեցաւ եւ երկուշաբթի Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն ու անձնակազմին ներկայացումով եզրափակեց իր լիբանանեան երթը` այսպիսով Արցախով ոգեւորելով եւ գեղարուեստական լաւ ժապաւէնի մը ցուցադրութեամբ տարբեր ճաշակի, զգացումի, գոյնի եւ երաժշտութեան վայելքը շնորհելով մեզի:

Այս բոլորէն անդին` կար նիւթ մը, որ վերամուտէն ի վեր միտքս կը չարչրկէր, հոգիս կ՛անհանգստացնէր: Ջիւան Աւետիսեանի անձնական վկայութիւնը եկաւ հաստատելու, որ պէտք է հանրութեան յանձնեմ այդ մտահոգութիւնս:

Հայկական վարժարաններուն մէջ փաստօրէն հայերէնի, հայոց պատմութեան, մշակոյթին եւ պատկանելիութեան նկատմամբ երկու տեսակի մօտեցում կայ:

Փաստօրէն կան վարժարաններ, որոնք լուռ եւ հետեւող եղած են, ծանօթ` Արցախի քառօրեայ պատերազմին, արուեստը բան մը ըսած է աշակերտներուն, կան նաեւ աշակերտներ, որոնք բոլորովին անլուրջ, առանց որեւէ զգացումի ու հսկողութեան մօտեցած են ժապաւէնին:

Պատկերը յստակ է, նոյն գաղութին մէջ հայկական վարժարանները տարբեր տեսակի սերունդներ պատրաստելու աշխատանքի մէջ են:

Անշուշտ եթէ շաբաթը երկու պահ հայերէն դասաւանդուի` մէկ պահ լեզու, մէկ պահ պատմութիւն, ուրիշ մը հայերէնի դասարանի անցման միջինէն հանէ, ուրիշ մը շաբաթը ութ պահէն մինչեւ վեց պահ դասաւանդէ, երբ Արցախը, Հայաստանը եւ մշակութային արժէքները շաբաթական ատենամարզանքներով փոխանցուին, տարբեր սերունդներ մէջտեղ կու գան:

Կան հայկական վարժարաններ եւ օտարացեալ հայկական վարժարաններ: Պէտք է ըսենք այլեւս եւ մեր մատները վէրքին վրայ դնենք:

Ընդունելի չէ այս երեւոյթը: Ձեւով մը ծնողներուն վրայ խնդալ է: Շաբաթը երկու պահ հայերէն դասաւանդելով հայեցի կրթութիւն չի տրուիր, ոչ ալ սերունդներ կը պահուին:

Գիտեմ` կրնայ ըլլալ երկրի տնտեսական ու քաղաքական այս վիճակին մէջ հիմա այս նիւթը արծարծելու ժամանակն ու պատեհ առիթը կրնայ չըլլալ: Սակայն կարելի չէ ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ ունենանք հայկական վարժարաններ, ուր հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը ոչ միայն անկարեւոր նիւթեր կը նկատուին` իբրեւ դասապահ ու լեզու, այլ նաեւ աշակերտները ազգային ամէն տեսակի զգացումէ եւ ապրումէ կը պարպուին: Կ՛ունենանք սերունդ մը, որ իր մայրենիին, պատմութեան եւ մշակոյթին ոչ միայն լաւապէս իրազեկ չէ, այլեւ հետաքրքրութիւն չունի անոնց նկատմամբ եւ անոնց իսկական արժէքը չի գիտեր:

Վարձքը կատար բոլոր այն վարժարաններուն, որոնք տակաւին գիշեր-ցերեկ հայեցի կրթութիւն ջամբելով մտահոգ են, եւ իրենց համար ասիկա առաջնահերթութիւն է:

Վերջապէս, փակագիծ մը բանամ «ներողամիտ» պատճառներով չընդառաջողներուն մասին: Հաւանաբար Արցախի մասին ժապաւէն մը դիտելէն կարեւոր պահեր ունենալու էին, որ մերժեցին իրենց աշակերտներուն նման ազգային ոգիով ու գիտակցութեամբ ապրելու կարելիութիւն ստեղծել:

Մեր գաղութը իր բոլոր շերտերով, համայնքներով եւ կազմակերպութիւններով ունի ներքին ներուժ մը, որ կ՛արժէ համախմբել` զայն լաւագոյնս ծառայեցնելու համար Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան:

 

 

Նախորդը

Ջիւան Աւետիսեան Արցախեան Շունչն Ու Հարազատութիւնը Լիբանան Բերաւ

Յաջորդը

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In