Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Թերեւս ձեր մտքէն չանցնի, որ ADHD ունեցող փոքրիկներ կարգ մը յար ու նման գիծեր ունին մեծահասակներուն հետ:
Երեխաները դժուարութիւն կ՛ունենան իրենց տեղը նստելու եւ կեդրոնանալու որեւէ մէկ գործի վրայ: Մեծահասակները շատ լաւ ձեւով իրենց տեղը կը նստին, բայց անոնք յաճախ կը դժուարանան քայլ պահելու տօնական ընթրիքի մը զրոյցին հետ:
Երկու պարագաներուն ալ խնդիրը ուշադրութեան պակասն է:
Այո՛, այդ ակնյայտ է մէկու մը համար, որուն մօտ ADHD (Attention Deficit Hyperactivity Disorder) ախտորոշուած է: Անունէն յստակ է: ADHD-ի պարագային ուղեղը մշտապէս կը փնտռէ զինք շեղելու նոր եւ հետաքրքրական ուղիներ:
Բայց տարեցները չեն փնտռեր ուշադրութիւնը շեղող բաներ: Անոնք պարզապէս չեն կրնար չազդուիլ այն շեղումներէն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին:
«Ուշադրութեան կեդրոնացումը երկու կողմ ունի` կեդրոնանալը եւ անտեսելը», կ՛ըսէ դոկտոր Ադամ Կազէյլի, Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիա համալսարանի ջղաբանութեան փրոֆեսէօր: «Այդ մէկը անտեղի տեղեկութիւններու զտման գործողութիւնն է, որ կը պակսի տարիքի բերումով»:
Ահա թէ ինչո՛ւ Կազէյլի յօրինած է EndeavorRx-ը` բուժական տեսախաղ մը, որուն մասին կրնաք լսել, յատկապէս եթէ ձեր երեխան ունի ADHD: 2020 թուականին FDA-ը ընդունած է EndeavorRx-ը 8-էն 12 տարեկան ADHD ունեցող երեխաները բուժելու համար` դարձնելով զայն առաջին թուային բուժումը, որ կանաչ լոյս կը ստանայ որեւէ մէկ պարագայի համար:
EndeavorRx
Թերեւս տեղեակ չէք, որ այս խաղը ի սկզբանէ օգտագործուած է տարեցներուն օգնելու համար, կամ` որ բուժական խաղերը այս օրերուն կը մշակուին եւ կը փորձարկուին տարբեր պարագաներու եւ մարդոց լայն շրջանակի համար:
Կազէյլի զայն կ՛անուանէ «փորձառական բժշկութիւն» եւ կ՛ըսէ, որ անիկա ունի կարեւոր առաւելութիւն մը` աւանդական բժշկութեան հետ կապուած: Այդ մէկը կարելի է յարմարեցնել ձեզի: Մինչ հիւանդը կը սորվի խաղը խաղալը, խաղը կը սորվի աշխատիլ հիւանդին հետ:
Ինչպէ՞ս տեսախաղերը կը գործեն որպէս վարժանք` ուղեղին համար
Այս յարմարուողական որակը EndeavorRx-ի բանալին է եւ կը տարբերի առեւտրական տեսախաղերէն: Կազէյլի զայն կ՛անուանէ «յարմարողական, փակ օղակի ալկորիթմ»:
Այլ խօսքով, խաղը կը յարմարի խաղցողին: Աւելի լաւ խաղցողները կը հանդիպին աւելի դժուար մարտահրաւէրներու եւ պայմաններու, մինչդեռ աւելի քիչ հմտութիւն ունեցողները դեռ կրնան խաղալ աւելի ցած մակարդակները եւ շարունակել ընթացքին պարգեւներ ստանալ:
Ձեր ուղեղը, իր կարգին, կը յարմարի մարտահրաւէրներուն կառուցուածքային փոփոխութիւններուն` ի տարբերութիւն այն յարմարուողականութիւններու, զորս ձեր մարմինը կ՛ունենայ մարզուած ժամանակ:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ձեր մկանները կ՛արձագանգեն ծանրաբեռնութեան մարզման` դառնալով աւելի մեծ եւ ուժեղ, ձեր ուղեղը կը յարմարի մարտահրաւէրներուն` ձեւաւորելով նոր կապեր ջղային ցանցերու միջեւ եւ անոնց մէջ: Այս մէկը նոյնն է բոլոր տարիքներուն պարագային` անկախ անկէ, թէ դուք չափահաս մըն էք, որ երբեք տեսախաղ չէ խաղցած, կամ պատանի մը, որ հաւանաբար շատ խաղցած է: (Պէտք է նշել, որ այս խաղերը շատ խաղալը կրնայ վնասել ձեր հոգեկան առողջութեան):
Ուղեղին նոր տեղեկատուութեան, հանգամանքներուն կամ պահանջներուն յարմարելու կարողութիւնը կը կոչուի ջղաճկունութիւն (neuroplasticity), եւ այդ մէկը հիմնական այն առաւելութիւնն է, որ ունի փորձարարական բժշկութիւնը դեղորայքային բուժման նկատմամբ: Ուղեղի փոփոխութիւնները ո՛չ միայն կեանքին մէջ կը վերածուին ուշադրութեան բարելաւումներու, այլեւ անոնք կը մնան անփոփոխ` հիւանդին խաղի նշանակուած ժամանակը աւարտելէ ետք նոյնիսկ:
«Պարզապէս կը տեւէ երկար ժամանակ: Բան մը, որ բաւականաչափ եւ հիմնապէս տարբեր է այսօրուան դեղերուն գործելաձեւէն», կ՛ըսէ Կազէյլի:
ADHD ունեցող երեխաներու բուժումը այս խաղին շարք մը հնարաւոր կիրարկութիւններէն մէկն է:
«Խաղը առանձնայատկութիւն չունի որոշակի հիւանդութեան կամ տարիքային խումբի,- կ՛ըսէ Կազէյլի: – Այդ մարտահրաւէր կը նետէ ուղեղին այնպիսի ձեւով, որ ան ի վերջոյ կը յանգի օգուտի մը` կայուն ուշադրութեան, որեւէ տեսակի ցեղերու կամ բնակիչի պարագային»:
Օրինակ` ան եւ UCSF-ի իր գործընկերները փորձարկած են այս խաղերը այնպիսի մարդոց հետ, որոնք ընկճուածութիւն, սքլերոզ, կամ գայլախտ (lupus) ունին: Հիւանդութիւններ, որոնք կրնան ազդել կեդրոնանալու ունակութեան վրայ:
Ինչպէ՞ս տեսախաղերը դարձան բուժման մէկ ձեւ
2000-ականներու սկիզբը Կազէյլի աշխատած է տարեց հիւանդներու հետ, որոնք առաջին անգամ խնդիրներ ունեցած են իրենց մտածողութեան հմտութիւններուն հետ կապուած:
«Անոնք յաճախ կը յայտնէին, որ կը ցրուին, – կ՛ըսէ ան: – Սակայն անոնք պարզապէս չկրցան իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել»:
Այդ մէկը յանգեցաւ խնդիրի աղբիւրին վերաբերեալ շարք մը ուսումնասիրութիւններու: Օրինակ, 2005 թուականին հրապարակուած ուսումնասիրութեան մէջ անոր հետազօտական խմբակը պարզած է, որ տարեցները կրնան կեդրոնանալ գործի մը վրայ այնպէս, ինչպէս` 20 տարեկանները:
Հետագայ ուսումնասիրութիւնը, որ հրապարակուած է 2008 թուականին, ցոյց տուած է, որ խանգարումը վատթարացած է ուղեղի տրամաբանութեան դանդաղ ընթացքով: Մեծահասակներէն աւելի երկար ժամանակ պահանջեց որոշելու համար, թէ արդեօ՞ք տեղի ունեցած ընդհատումը իրականութեան մէջ կը պահանջէ իրենց ուշադրութիւնը. բան մը, որ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր շեղում շատ աւելի խանգարում կը պատճառէ իրենց` երիտասարդներէն աւելի:
Տարեցներու համար այդ մարտահրաւէրները յատկապէս ակնյայտ են, երբ անոնք կը փորձեն բազմակողմանի առաջադրանքներ կատարել. այն պարագան, երբ անհատը արագօրէն իր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ մէկ բանէն միւսը: Բազմակողմանի առաջադրանք կատարելու ունակութիւնը սովորաբար կը հասնի իր գագաթնակէտին` անհատին 20 տարեկանին եւ հետզհետէ կը նուազի ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Կազէյլիի եւ UCSF-ի խաղերու մշակման իր խմբակին ուշադրութիւնը այս կէտին վրայ կեդրոնացած էր, երբ անոնք հրապարակեցին իրենց նախնական բացայայտումները 2013-ին կատարուող կարեւոր ուսումնասիրութեան մէջ:
NeuroRacer (EndeavorRx-ի նախորդը) կոչուող խաղը խաղալէ ետք տարեցները շատ աւելի լաւացան բազմակողմանի իրենց առաջադրանքներուն մէջ. այդ բարելաւումները պահպանուեցան նոյնիսկ յաջորդող 6 ամիսներուն ընթացքին:
Եւ սա դեռ ամէնը չէր. հետազօտութեան մասնակիցները նաեւ բարելաւած են իրենց մտածողութեան հմտութիւնները այն ոլորտներուն մէջ, զորս թիրախաւորուած չեն եղած` կայուն ուշադրութիւնը եւ աշխատանքային յիշողութիւնը: Այդ մէկը բուժիչ տեսախաղերու ներուժի առաջին ապացոյցն էր:
Մեր ապագային մէջ կա՞յ արդեօք բուժիչ տեսախաղեր
Աշխատանքային յիշողութիւնը, այսինքն տեղեկատուութիւն մը օգտագործելու համար բաւական երկար պահելու կարողութիւնը դպրոցի, աշխատանքի եւ առօրեայ կեանքին մէջ յաջողութեան գրաւական է: Պատահական չէ, որ աշխատանքային յիշողութեան պակասը ADHD-ի բնորոշ նշաններէն մէկն է:
Դեղորա՞յքը. անշո՛ւշտ որ կրնայ օգնել:
Սակայն նոյնպէս ալ` տեսախաղերը: Վերջերս հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ուր ինը եւ տասը տարեկան այն երեխաները, որոնք օրական քանի մը ժամ կը խաղային առեւտրական տեսախաղեր, աւելի լաւ աշխատանքային յիշողութիւն եւ արձագանգման արգելակում ունէին (կանգնեցնելով իրենք զիրենք նախքան իրենց ուշադրութեան շեղիլը), քան` այն երեխաները, որոնք երբեք չեն խաղցած:
Բարեբախտաբար երեխաները պէտք չունին օրական քանի մը ժամ խաղալու` օգուտներ քաղելու համար:
«Մենք տեսանք հանգրուանային ազդեցութիւններ գրեթէ ամէն բանի մէջ, որուն մենք նայեցանք», կ՛ըսէ դոկտոր Պատըր Շաարանի` Վերմոնթ համալսարանի հոգեբուժութեան օգնական եւ հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակը:
«Շատ քիչ խաղցողները, որոնք կը խաղային օրական միջինը 1 ժամ, ցոյց տուին նոյն բարելաւումները ճանաչողութեան, արձագանգման արգելակման եւ աշխատանքային յիշողութեան մէջ` համեմատած անոնց հետ, որոնք երբեք տեսախաղեր չեն խաղցած,- կ՛ըսէ ան: – Այս ազդեցութիւնները համեմատաբար նոյնն էին բնաւ չխաղցողներու եւ ահաւոր չափով խաղցողներու միջեւ»:
Սա կ՛օգնէ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ տեսախաղերը այդքան մեծ ուշադրութիւն կը գրաւեն ջղաբանական, բժշկական եւ հոգեբանական հետազօտութիւններուն մէջ:
EndeavorRx-ի կողքին, Կազէյլի եւ իր խմբակը մշակած են քանի մը ուրիշ տեսախաղեր` տարբեր բնակչութիւններու եւ նախասիրութիւններու համար:
MediTrain-ը, օրինակ, կ’օգտագործէ թուային արհեստագիտութիւններ` երիտասարդ չափահասներուն օգնելու տիրապետելու մտախոհութեան` լռութեան եւ ներկայանալու անվերջ վարժութեան:
MediTrain
Rhythmicity` երաժշտական խաղ մը, որ նախատեսուած է բարելաւելու տարեցներու կարճաժամկէտ յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛օգնէ անոնց դէմքեր յիշելու:
Rhythmicity
Կազէյլի կը ծրագրէ բացատրել ապագայ ուսումնասիրութեան մէջ, թէ ինչպէ՛ս նման տարբեր մեքանիզմներով եւ թեմփոյով խաղերը (խոչընդոտներէ խուսափելու վազքէն մինչեւ թմբկահարում ու դանդաղ մտախոհութիւն) կը յանգին ուշադրութեան նմանատիպ բարելաւումներու:
Կրկին, այդ մէկը նման է մարմնամարզութեան, երբ գրեթէ որեւէ մարզ ի վերջոյ կը յանգի սիրտի առողջութեան բարելաւման, որ իր կարգին կը նուազեցնէ որեւէ պատճառով վաղաժամ մահուան վտանգը:
«Այժմ, երբ մենք ունինք խաղերու շատ տեսակներ եւ տարբեր տեսակի բնակչութիւններ, աւելի հարուստ պատկերացում կը ստանանք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կրնանք քաշել, ձգել, հրել ու փոխակերպել այս համակարգերը` մեր փափաքած արդիւնքները ստանալու համար,- կ՛ըսէ Կազէյլի: – Եւ այդ է պատճառը ապագայով ոգեւորուած ըլլալուս»:
Խաղերը որպէս դեղ. կը թուի, թէ ուշադրութիւն դարձնելու արժանի է այս մէկը:
Աղբիւր` WebMD