ՎԵՐԸ կամ ՏԵՂ ՄԸ հանդիպեցան իրենք ու անոնք
Իրենք նոր հասան
Անոնք հոն էին
Երկու խումբերն ալ նոյն ճանապարհով անցան
Երկու խումբերն ալ նոյն վայրը հասան
Անոնք կը կարծէին թէ իրենք վերջին հասնողները պիտի ըլլան
Իրենք կոտրեցին անոնց օրէնքը
Անոնք ափսոսանքով սպասեցին իրենց
Իրենք գիտակցութեամբ կը հետեւէին ճամբային անոնց
Իրենք ու անոնք տեսնուեցան ի վերջոյ
Հաւաքուեցան
Միատեղուեցան
Հոն էին բոլորը
Աստիճանաւորը
Եւ համեստ զինուորը
Քարտէս մը բացին մեծ սեղանին վրայ
Յառեցին իրենց աչքերը անոր
Նայեցան այնտեղ` ուրկէ կու գային
Քարտէսը այլանդակուած էր
Նոր սահմանագիծներ դրուած
Անոնք` ութսունական-ինիսունական թուականներէն
Իրենք` քառօրեայէն ու 2020-էն
Բոլորը մէկ ու միահամուռ
ՎԵՐԷՆ կամ ՏԵՂԷ ՄԸ
Անէծք թափեցին:
21 նոյեմբեր 2020