Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մտաւորականութիւնը Պիտի Ըլլա՞յ Ազգի Իրաւութեան Գաղափարախօս

Նոյեմբեր 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով կազմաւորուած ազգային մտաւորականութիւնը գաղափարախօսը պէտք է ըլլայ հայոց իրաւունքին, լիիրաւ վերականգնումին եւ անսեթեւեթ ինքնութեան պաշտպանութեան պայքարին: Խօսքը վերջին պահակագունդին կը վերաբերի: Այսինքն մտաւորականութիւնը, ինչ ալ ըլլան ընկերաքաղաքական բացասական պայմանները, էականէն պէտք չէ հեռանայ, վասն պատշաճեցումներու` կիսամիջոցները չչատագովէ, անոնցմով տուրք չտայ նահանջական գործնապաշտութեան առաջնորդներուն, անոնք ըլլան պետական-քաղաքական, թէ մոլորակի վրայ տարտղնուած եւ մանրուող համայնքներու հարազատութեան կոճղէն հեռացած փառատենչիկներ: Դեռ չօտարուած զանգուածները, նոյնիսկ եթէ եզրը դադրած է այդպիսին ըլլալէ, պէտք չէ հրաժարի ազգային հարազատութիւն պահելու իր ողջախոհութենէն, որուն համար ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ռընէ Տեքարթ ըսած էր, որ ան աշխարհի մէջ հաւասարապէս բաժնուած էր: Այսինքն կը հաւատար, որ բնական ողջախոհութեամբ օժտուած էր մարդ արարածը: Մարդ արարածը, հետեւաբար նաեւ` հայը, միշտ պէտք  է գիտնայ, պահանջէ գիտնալ, թէ ո՞ւր կը տանին զինք: Անոնք, որոնք իրենց լեզուով եւ մշակոյթով երկու կաթիլ ջուրի պէս ներգրաւուած են շրջապատէն կամայ-ակամայ ստացուած մշակոյթով եւ ինքնութեամբ, ամէն օր քիչ մը աւելի տարբեր ինքնութիւններ կ՛որդեգրեն, նոյնիսկ եթէ մետասաներորդ ժամուն կը յիշեն իրենց ծագումը եւ այդ ալ կը ծառայեցնեն իրենց հայութեան չառնչուող  տեղական փառասիրութիւններուն, ժամանակ մըն ալ կրկնելով, որ զգացումով հայ են:

Տեքարթի ողջմիտները պէտք է մերժեն հետեւիլ կոճղէն հեռացողներուն: Հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի հարազատ մտաւորականութիւնը ամբոխային տրամաբանութեան կողմէ կը ստորադասուի անոնց, որոնք ազգային խորք չունին, օտար լեզուներով կը խօսին եւ կը գրեն, պատեհապաշտութեամբ, կամ որպէս զոհ` գութ հայցելու համար երբեմն ի միջի այլոց կը խօսին հայերու եւ հայկական հարցերու մասին, ցուցադրութեան եւ ինքնատպութեան համար լատինատառ գրուած հայերէն ճառ կը կարդան վարկ շահելու եւ քրետիթ ապահովելու համար: Կը հետեւին ներսի ու դուրսի հոգեպէս եւ միտքով  միամտացած գաղթականի ու ստորադասի բարդոյթով ապրող տարտղնուած եւ տարտղնուող համայնքները, իրենցմէ դուրս ճանաչում եւ բաւարարութիւն կամ ինքնահաստատում գտնելու համար պատիւներ կ՛ընծայեն, ընդունելութիւններ եւ շքանշաններ:

Համայնքներ, միութիւններ, ակումբներ, առանց խորք եւ արժէք նկատի առնելու, օտարանուն, օտարաբարբառ եւ օտարագիր հեղինակ, արուեստագէտ եւ «անուանի»-ներ ու անոնց գործերը որպէս հրաշք կը դիմաւորեն: Հարազատ լեզուով գրողը, ազգային խորքով գիրք եւ հրատարակութիւն կ՛անգիտացուին, կամ… հեղինակը ինք կը կազմակերպէ գինեձօն:

Շատեր լսած եւ կրկնած են հիացական ու բարդոյթ վկայող այն խօսքը, որ այսինչը կամ այնինչը տեղացիէն աւելի լաւ կը խօսի տեղական լեզուն, այդ ըլլայ անգլերէն, ֆրանսերէն թէ արաբերէն, կամ… հայերէնը լաւ խօսիլ յետամնացութիւն է, ժամանակավրէպ եւ ժամանակի վատնում: Հայերէնը խարանել օտար բառերով` կը համարուի յառաջդիմութիւն, դասակարգ փոխելու փաստ: Հայոց պատմութիւնը երէցներու հեքիաթ է, ան կ՛օգտագործուի կարգախօսներով օտարաբարբառ ճառ զարդարելու, անուններով, տեղանուններով: Իսկ ինչ որ կոչած ենք Հայկական հարց, կը ներկայացուի տեղական կամ միջազգային պատկերացումներու  հետեւութեամբ: Եւ կը մնանք տեղայնական բաւարարութիւններու գաղջ ջուրերուն մէջ: Հայութիւնը` որպէս այդպիսին, մանրուած է եւ դարձած տարտղնուած համայնքներ` իրենք իրենցմով ապրող եւ բաւարարուող երեւելիներով: Համահայկականի իրաւ ըմբռնումը կորսնցուցած ենք` տեւաբար նահանջելով, ՀԱՅԱՍՏԱՆը սեղմելով եւ աղքատացնելով` որպէս սոսկ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ` իր բնակչութեամբ եւ տարածքով: Կարծէք հաշտուած ենք Վանի, Մուշի,  Սասունի, Անիի, Կարսի, Նախիջեւանի եւ դեռ հայ ժողովուրդի բնակավայր այլ աշխարհներու կորուստին հետ, մեր աչքերը յառելով այլ երկինքներու, ուր պիտի գտնենք, կամ գտած ենք լաւ եւ ապահով ապրելու նոր հայրենիքներ: Մեր քաղաքական կոչուած ճառերուն, բանակցային օրակարգերուն եւ քարոզչական արշաւներուն մէջ ե՞րբ կը խօսուի եւ ե՞րբ կը խօսինք բռնագրաւուած Հայաստանի մասին, ե՞րբ իրապէս կը ներկայանանք որպէս պահանջատէր: Տարին քանի՞ անգամ նիզակ ճօճողներ, բեմերու աստղեր եւ թերթեր կը յիշեն ու կը յիշեցնեն Անի եւ Վան, Սասուն եւ Մուշ, Կարս, բայց կը նկարենք Արարատ, որ Աղրը տաղ դարձած է, պահելով յուզուելու իրաւունք:

Եթէ օդանաւերէ վար իջնէինք, դադրէինք երջանկանալէ բեմական լոյսերու շլացումով եւ բարձրախօսներու աղմուկի առթած գոհունակութեամբ, պիտի հաստատէինք, որ հոգեպէս ալ պարտուած ենք, որ` հայրենատիրութիւնը վերածուած է իր նուազագոյն արտայայտութեան, հերիսայի, տարելից-տարեդարձներու, եւ հայրենիք ու ազգ կը դիտուին եւ կ՛ըմբռնուին որպէս հայրենակցական միութեան յիշատակ, քաղաք,  որ չկայ, հեքիաթ` գիւղ:

Հարցումներ.

Երեսուն տարիէ ի վեր անկախացած հանրապետութեան տարածքի ո՞ր տոկոսը բնակեցուեցաւ հայրենահանուածներու ո՞ր տոկոսով:

Բազմանուն հայկական ներսի եւ դուրսի կազմակերպութիւններու ո՞ր տոկոսին համար հայրենահանուածներու վերադարձը եւ ընդհանրապէս հայրենադարձութիւնը  հոգեբարոյական եւ քաղաքական գործ եղաւ, որպէսզի պահանջատիրութիւնը, որ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութիւնն է, անոր վերադարձը հայ ժողովուրդին, ըլլան քաղաքական կամք: Աւելի դիւրին է հեռաւոր չեղածի մասին յանձնառութիւն եւ հաշուետուութիւն չպահանջող  յուզիչ խօսքեր ըսել, երբ ողջախոհութիւնը կ՛ըսէ, որ նախ պէտք է պահել եւ պաշտպանել այն, ինչ որ ունինք, ինչ որ փրկուած է:

Իսկ պահել եւ փրկել` մարդոցմով կ՛ըլլայ, ո՛չ արտագաղթելով ո՛չ տուրիզմով:

Հայ հարազատ մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնը տեւաբար պէտք է աշխատին հայրենիքի եւ հոգեկան հայրենիք մշակոյթի մէջ  խարսխուելու ուղղութեամբ: Այդ ընելու համար իրենց ընթացքը օրինակելի եղա՞ծ է եւ է՞: Ո՛չ Շուէտ, ո՛չ Նիս նստած ոգեկոչումներ կազմակերպելով, եւ ո՛չ ալ Լոս կամ Նիւ Եորք երգիչներ հրաւիրելով ու փող աշխատելով`  Արցախ, Գետաշէն եւ, դեռ, Սեւան չեն պահուիր… երբ ղեկավարներ, նիզակ ճօճողներ եւ բանգէտներ բացասական օրինակ են` Թորոնթօ, Լոս կամ Նիս բնակարան գնելով…

Հայրենատէր կրնա՞նք ըլլալ, երբ հոգեւոր հայրենիքը, մայրենին կը զոհենք ազգին չառնչուող յաջողութիւններու եւ ինքնահիացման համար:

Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան մը, Սիտնի, անդրադարձած էի այս խնդիրներուն եւ յիշած էի ԺԷ. դարու ֆրանսացի ծիրանաւոր (կարդինալ) Փոլինեաքը, որ երկար դիտելէ ետք վանդակի մը ետին գտնուող կապիկը, ըսած է. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ»: Առանց քաղաքական ինքնարդարացման պչրանքներու` մտածել այս մասին եւ ազգային-քաղաքական իրատեսութեամբ եզրակացնել:

Իրապէս ի՞նչ կը մնայ հայածնունդ անհատէն, երբ ան չունի ոչ միայն հայրենիք, այլ նաեւ իր անհատական տեղատուութեամբ կորսնցուցած է եւ կը կորսնցնէ հոգեւոր հայրենիքը:

Այդ հանդիսութեան ներկայ եղած տիկին մը, յաջորդ օրը, հանդիպման մը ընթացքին, պատմեց, որ իրեն հետ եկած իր պարմանուհի աղջիկը իրեն ըսած է. «He said that we are monkeys» (ան ըսաւ, որ կապիկ ենք): Եթէ կարենայինք մտածել եւ առաջնորդուիլ հաւատքի իշխանի իրաւութեամբ, ճամբայ կը հարթէինք մեր իրա՛ւ հպարտութեան, միացման եւ իրաւունքի նուաճման համար:

Եթէ չվերականգնենք մեր հոգեւոր հայրենիքը, շարունակենք պատշաճիլ եւ ձեւ փոխենք` ըստ մեզ պարունակող ամանին, պարզ պէտք է ըլլայ, որ քաղաքական վերականգնումը ծափ խլող փուճ երազ կ՛ըլլայ, հայրենիքի պաշտպանութեան, ազգային ինքնուրոյնութեան, միացումներու` հողի եւ համրանքի, անկախութեան եւ շարունակութիւն ըլլալու յուզումը, կը զբաղեցնենք վերջին հաւատաւորները, որոնք չեն ուզեր յանձնուիլ պատմութեան դառն վճիռին:

 ***

Ո՛չ լաւատեսի անհանգստացնող դառն եզրակացութիւն. եթէ օդանաւերէ իջնեն մեծեր, տուրիստներ, շոփինկ ընող Ձմեռ պապին սպասողներ եւ լսեն որպէս անուն յիշուող, բայց չլսուող տեսիլքի մտաւորականները, կը վերականգնինք: Բայց կ՛ուզե՞նք վերականգնիլ, թէ՞ պիտի շարունակենք հետապնդումը լաւ ապրելու իրաւունքի, յուզումներու տուրիզմի, դիրքապաշտութիւններու, ի՛նչ ալ ըլլայ այդ բոլորին համար ազգին վճարած եւ վճարելիք գինը:

Ձմեռնամուտ է: Դուռ եւ պատուհան գոց են:  Այցելութեան եկաւ… Եղիշէ Չարենց: Մոռցուած էջ մը դրաւ սեղանիս վրայ: Ըսաւ. «Չարեր կը փակեն ձեր բոյն-դարձի երկինքը: Բայց Յարդգող Վահագնը հոն է, վերը, պիտի բանայ կապոյտի  մէջ սպիտակ ճանապարհ… Այդպէս կը խօսին հայ հողին կառչած Աշտարակի արագիլնեը:

Քանի մը անգամ կարդացի Չարենցի անդրշիրիմեան տողերը, զորս հայրենազրկուած հայը պէտք է Տէրունական աղօթքի պէս կրկնէ ամէն օր եւ ամէն ժամ` չսպասելով Վահագնի կառքը… որպէսզի  բոյն եւ հող անհայ չմնան: Այսինքն հրաշքը երկինքէն պիտի չգայ: Հարազատ մտաւորականութիւնը այդ հրաշքը պիտի գործէ հեռուի եւ մօտի, հեռացած եւ գիտակից հայերը, մանկացած չափահասները եւ դեռ հաւատք ունեցողները խմբել` չըլլալու համար ուրիշներու դրան կանգնած եւ պնակ բռնած քաղաքական, մշակութային եւ լեզուական տնանկ: Խորհրդածել` լսելով Արագիլի հաւատարմութեամբ բաբախած Չարենցի խոր եւ անպաճոյճ իմաստութիւնը:

Այդ ընելու ողջախոհութիւնը կ՛ունենա՞նք:

ԱՐԱԳԻԼԸ

Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Ես Գարունի օրագիրն եմ,
Առաջին Գ նրա գիրն եմ,
Որ գրում եմ ինքս ինձնով,
Երբ կանգնում եմ իմ մի ոտիս
Ու մի թեւով բռնում գօտիս:
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Ես սպիտակ-սպիտակ եմ,
Բայց Գարունի սեւագիրն եմ:
Երբ ձեզ մօտ եմ` մի թռչուն եմ,
Որ գարուն է միշտ ձեզ բերում:
Երբ ձեզ մօտ չեմ` թեւեր չունեմ
Ու չեմ թռչում ես ամպերում:
Երբ ձեզ մօտ չեմ` ճիշդ ձեզ պէս էլ
Երկու ձեռքով մարդ եմ ես էլ:
Աշխատում եմ ամբողջ աշուն,
Ձեզնից էլ շատ, ձեզնից էլ շուտ:
Աշխատում եմ ամբողջ ձմեռ…
Ձեր գործից շատ է գործը մեր
Ու մեր բեռը` այնքա՛ն ծանըր,
Որ թուում է ձերը մանըր:
Երբ հասնում է գարունը տաք,
Արեգակն է վերից շողում,
Ու բացուում է սառոյցը փակ,
Քիչ է մնում փափկած հողում
Խրուենք գնանք մինչեւ յատակ:
Դրա համար առնում թեւեր,
Հողից պոկուում, թռչում ենք վեր,
Ու գալիս ենք աշխարհը ձեր,
Ուր ձեր բեռը թեթեւ է դեռ,
Եւ ձեր բեռան ծանրութեան տակ
Դեռ չենք գնում դէպի յատակ:
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Ձեր փրկութեան հեռագիրն եմ:
Դուք մի՛ հարցրէք սրան-նրան,
Թէ ինչո՞ւ եմ ես միշտ կանգնում
Ոչ թէ երկու ոտի վրայ,
Այլ` մի ոտի:
Ով չգիտի
Թող հիմա նա լաւ իմանայ.
Ես կանգնում եմ միշտ մի ոտի,
Որ դրանով թեթեւանայ
Ձեր աշխարհի ծանըր բեռը,
Որ ձեր հողն էլ, ինչպէս մերը,
Շատ չփափկի ձեր բեռան տակ,
Ու չխրուէք մինչեւ յատակ
Կամ ստիպուած առնէք թեւեր,
Ձեր հին բոյնը թողնէք աւեր…
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Իմ աշխարհի տարագիրն եմ…
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Ես Գարունի օրագիրն եմ,
Առաջին Գ նրա գիրն եմ,
Որ գրում եմ ինքս ինձնով,
Երբ կանգնում եմ իմ մի ոտիս
Ու մի թեւով բռնում գօտիս:
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Ես սպիտակ-սպիտակ եմ,
Բայց Գարունի սեւագիրն եմ:
Երբ ձեզ մօտ եմ` մի թռչուն եմ,
Որ գարուն է միշտ ձեզ բերում:
Երբ ձեզ մօտ չեմ` թեւեր չունեմ
Ու չեմ թռչում ես ամպերում:
Երբ ձեզ մօտ չեմ` ճիշդ ձեզ պէս էլ
Երկու ձեռքով մարդ եմ ես էլ:
Աշխատում եմ ամբողջ աշուն,
Ձեզնից էլ շատ, ձեզնից էլ շուտ:
Աշխատում եմ ամբողջ ձմեռ…
Ձեր գործից շատ է գործը մեր
Ու մեր բեռը` այնքա՛ն ծանըր,
Որ թուում է ձերը մանըր:
Երբ հասնում է գարունը տաք,
Արեգակն է վերից շողում,
Ու բացուում է սառոյցը փակ,
Քիչ է մնում փափկած հողում
Խրուենք գնանք մինչեւ յատակ:
Դրա համար առնում թեւեր,
Հողից պոկուում, թռչում ենք վեր,
Ու գալիս ենք աշխարհը ձեր,
Ուր ձեր բեռը թեթեւ է դեռ,
Եւ ձեր բեռան ծանրութեան տակ
Դեռ չենք գնում դէպի յատակ:
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Ձեր փրկութեան հեռագիրն եմ:
Դուք մի՛ հարցրէք սրան-նրան,
Թէ ինչո՞ւ եմ ես միշտ կանգնում
Ոչ թէ երկու ոտի վրայ,
Այլ` մի ոտի:
Ով չգիտի
Թող հիմա նա
Լաւ իմանայ.
Ես կանգնում եմ միշտ մի ոտի,
Որ դրանով թեթեւանայ
Ձեր աշխարհի ծանըր բեռը,
Որ ձեր հողն էլ, ինչպէս մերը,
Շատ չփափկի ձեր բեռան տակ,
Ու չխրուէք մինչեւ յատակ
Կամ ստիպուած առնէք թեւեր,
Ձեր հին բոյնը թողնենք աւեր…
Արագիլն եմ,
Արագիլն եմ,
Իմ աշխարհի տարագիրն եմ…

Նոյնիսկ անոնք, որոնք դեռ կը շարունակեն մնալ «մի ոտի վրայ»… պիտի անսան  անդրշիրիմեան պատգամին, որ կ՛արձագանգէ… «Չխրուէք մինչեւ յատակ /Կամ ստիպուած առնէք թեւեր/ Ձեր հին բոյնը(չ) թողնէք աւեր…

 

 

Նախորդը

Ութ Միլիառէն Անդին

Յաջորդը

Ջիւան Աւետիսեան Արցախեան Շունչն Ու Հարազատութիւնը Լիբանան Բերաւ

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In