Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԺԹ.

November 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Քանիցս փաստուածին նոր հաստատում մը եւս աւելցաւ: «Գիտութիւն»` «Սայենս» ամսաթերթի օգոստոս 2022 համարին կողքը եւ հինգ յօդուածներ ծինային նոր ուսումնասիրութիւններու յատկացուած են, որոնք կը փաստեն, որ հնդեւրոպական ծինային եւ լեզուական տարածումը` ծագումը Հայաստանէն սկսած է թէ՛ դէպի հիւսիս` Եամնայա եւ թէ՛ ալ դէպի արեւմուտք` հարաւարեւելեան Եւրոպա` Պալքաններ եւ Յունաստան. ստորեւ` քարտէսը (1):

«Մերձաւոր Արեւելքի հնամենի ծիները կը յայտնաբերեն քաղաքակրթութեան օրրան մը» խորագիրով կը գրէ. «Հետազօտողներ տարիներ Եամնայայի պրոնզէ դարու (ՔԱ 3300-1200*) ծիներուն հետքերը փնտռեցին տափաստանէն դէպի արեւելք եւ արեւմուտք: Սակայն նոր ուսումնասիրութեան հեղինակները կը պնդեն, որ Սեւ ծովու (հիւսիսի*) տափաստանները չե՛ն հնդեւրոպականի ծննդավայրը, այլ պարզապէս երկար ճամբորդութեան կայան մը` կանգառ մը, որ սկսած էր շատ առաջ աւելի հարաւէն, հաւանաբար` արդի Հայաստանի շրջանէն (journey that began earlier and farther to the south, perhaps around modern-day Armenia.)»: Վերջապէս չե՛ն վախնար «Հայաստան» ըսելու եւ քարտէսին վրայ ալ գրելու:

1. «Սայենս» ամսաթերթի օգոստոս 2022-ի համարին կողքը. Նկարը ձախէն աջ կը ներկայացնէ վաղեմի միկոնեացին, մինոացին, խեթը, հայը (ցորենի հասկով) եւ ուրարտացին (Mycenean, Minoan, Hittite, Armenian and Urartian):  2. Հարաւային կամարին մարդկութեան տարածման ծինային  պատմութիւնը, որ ՔԱ 5000-ին (կապոյտ հատուած եւ գիծ 1) կը սկսի Հայաստանէն դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս (2):  

Կողքի նկարին բացատրութիւնը. «Այս նկարը ներշնչուած է պրոնզէ դարու  արուեստէն` ներկայացնելով տարբեր մշակոյթի մարդիկ, որոնց ծիները տարածուեցան արեւմտեան Ասիայէն հարաւարեւելեան Եւրոպա: Ձախէն աջ` միկոնեացին, մինոացին, խեթը, հայը (ցորենի հասկով*) եւ ուրարտացին (Mycenean, Minoan, Hittite, Armenian and Urartian): 10 հազար տարիներու վրայ տարածուած ամբողջ 1317 վաղեմի ծիներու քննութիւնը բացայայտեց բազմաթիւ կապերը այս շրջաններուն միջեւ, որ արդի ծիներուն մէջ նշմարելի չեն. տես` էջ 908, 922, 939, 940 եւ 982»:

«Հարաւային կամարին ծինային պատմութիւնը» խորագիրով քարտէսին բացատրութիւնը, էջ 939.

  1. Մօտաւորապէս 7000-5000 տարի առաջ Կովկասէն բնիկներ (կապոյտ*) դէպի արեւմուտք` Անատոլիա (Հայկական Լեռնաշխարհ – յունարէն` ανατολή (անաթոլի) արեւելք: Յոյները, որ Փոքր Ասիոյ արեւմուտքն ալ կ՛ապրէին` Լիտիա եւ այլն, իրենց արեւելքի դրացի Հայաստանը Անաթոլի կը կոչէին*) գաղթեցին եւ դէպի հիւսիսային տափաստանները: Անոնցմէ ոմանք Անատոլիոյ նախահայրերուն եւ հնդեւրոպական լեզուները կը խօսէին:

3. Ուկարիթի մէջ պեղուած ՔԱ 2000-ի հուրրիական կաւէ պնակիտը, որ վերծանելէ ետք յայտնաբերուեցաւ` իբրեւ կրօնական երգի մը բառերը եւ անոր ձայնագրութիւնը: 4. Արձանագրութիւնը` արդի ձայնագրութեան վերածուած (5):    

  1. Շուրջ 5000 տարի առաջ անոնք Եամնայայէն (կարմիր) տարածուեցան դէպի արեւմուտք` ներմուծուելով արեւելեան Եւրոպայի նախահայրերուն ծիներուն մէջ, պալքանեան շրջանին եւ Յունաստանի մէջ, նաեւ հարաւ` Կովկաս եւ Հայաստան, սակայն որեւէ նկատելի ազդեցութիւն չունեցան Անատոլիոյ (Հայկական Լեռնաշխարհ*) մէջ»: Այսինքն, ինչպէս նախապէս նշած ենք, հայ ժողովուրդին ծիները մնացած են 7-8000 տարի անփոփոխ` կապոյտ:

Հայկական ծինային պատմութեան մասին անդրադարձած էինք այս յօդուածաշարքին Զ., Ը., ԺԵ., ԺԶ. մասերուն մէջ (3), նաեւ` «Քաղաքակրթութեան թեքումներուն եւ լաբիւրինթոսին մէջ – Ա.- Հայկական ինքնութեան մասին վկայութիւններ» (4) յօդուածին մէջ, ուր կը կարդանք. «Ամէն պարագաներուն, ըստ ծինային ժամանակակից հետազօտութիւններուն, գիտնականները կը հաստատեն, որ հայերը իրենց լեռնաշխարհին մէջ ապրած են աւելի քան 7-8 հազար տարի»:

Այժմ կը վերադառնանք ցարդ ծանօթ մեր առաջին նախահայրերէն հուրրիներուն: Պէտք է նշել, որ ժամանակագրական կարգով հայերուն նախահայրերը հուրրիները եղած են, ապա` միտաննիները եւ վերջինը` ուրարտացիները:

5. Իտալացի հնագէտ Ճորճիօ Պուչելաթի եւ կինը` Մարիլին Քելլի, հուրրիական Ուքրէշ քաղաքի պեղումներու ընթացքին:  6. Ուրքէշի մէջ պեղուած հուրրիական մարդկային կերպարանքով կաւարձանիկ մը, ՔԱ 2100:

Նախորդ` ԺԸ. մասը աւարտեցինք. «Այս հուրրիական շուրջ 4000 տարուան կրօնական երաժշտութիւնը ցարդ պեղուած աշխարհի ամենահին ձայնագրութիւնն է, որ պեղուեցաւ Ուկարիթի մէջ, այժմու Լաթաքիոյ մօտ, Սուրիա» (5): Եթէ ցարդ չունկնդրեցիք այս հնամենի շարականը, այստեղ զատելով` մտիկ ըրէք, քանի որ հայկական շարական կը յիշեցնէ եւ հուրրիները մեր նախնիները ըլլալը կ՛երկրորդէ: Ցարդ յայտնաբերուած պատմութեան ամենահին երաժշտութիւնն է այդ: Այս յայտնաբերումին մասին որեւէ հայկական աղբիւրի մէջ եթէ նշում կայ, կարելի չեղաւ գտնել: Իսկ այս երաժշտութեան վերծանումին բացատրութիւնը հետեւեալ կայքէջին մէջ է (6):

Իտալացի հնագէտ Ճորճիօ Պուչելաթի պեղեց այժմու Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Թել Մոզանի մէջ հուրրիներու Ուքրէշ հնամենի քաղաքը (քարտէսը եւ լուսանկարը նախորդ` ԺԸ. մասին մէջ (7): «Ուքրէշը Մերձաւոր Արեւելքի քիչ ծանօթ հուրրիներու հիմնական քաղաքական եւ կրօնական կեդրոն մըն էր: Մեր պեղումները յայտնաբերեցին հզօր քաղաքային քաղաքակրթութիւն մը, պատմութեան վաղորդայնին` 5000 տարիէ աւելի առաջ» կ՛ըսէ Պուչելաթի, որ Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի պատուակալ դասախօս է: Իր այս աշխատանքը արժանացաւ Ամերիկայի հնագիտական հիմնարկութեան` AIA նորաստեղծ «Լաւագոյն հնավայրի պահպանում» դասակարգի 2011-ի մրցանակին, որ առաջին անգամ կը տրուէր (8):

Ուքրէշի թագաւորական պալատը կառուցուած էր ՔԱ շուրջ 2250-ին հուրրի թագաւոր Թուփքիշի կողմէ: Պուչելաթի պեղումները սկսաւ 1984-ին: Ուրքէշ քաղաքի պեղումներուն մէկ ժամնոց ժապաւէնը դիտել այստեղ (9):

7. Փաթթոցով արձանիկ, ՔԱ 1800-1600, Ուքրէշ: 8. Հուրրի Քիքքուլիի մարտակառքի յատուկ ձիավարժութեան համար ցարդ յայտնաբերուած ամենահին ուղեցոյցի չորս կաւէ պնակիտներէն մէկը` ՔԱ 1345-ին գրուած, Փերկամոն թանգարան, Պերլին:

Անշուշտ այստեղ հուրրիներու պատմութիւնը չէ, որ պիտի քննենք, այլ` անոնց տարածումը եւ ձիեր բուծանելու եւ գործածելու մասնագիտութեան մասին: Սակայն, քանի որ մենք մեր պատմութեան տէր չե՛նք կանգնիր, օտար «պատմաբաններ»-էն շատեր հուրրիները «անծանօթ» ժողովուրդ մը, կամ ինչպէս Պուչելաթի աւելի ճիշդ կերպով կը բնութագրէ` «քիչ ծանօթ»: Հուրրի-միտաննի-ուրարտացի ժողովուրդներու շարունակուող եղափոխութեան` ընդելուզումին արդիւնքն է հայ ազգը:

Հուրրիերէն լեզուի մասին Ուիքիփետիայի ընդարձակ յօդուածը կը գրէ (10). «Հուրրիերէնը շիջած լեզու մըն է, որ կը խօսուէր հուրրիներու կողմէ, որոնք (հիւսիսէն գալով*) հիւսիսային Միջագետք մտան ՔԱ շուրջ 2300-ին եւ անհետացան ՔԱ շուրջ 1000 թուականին: Հուրրիերէնը հիւսիսային Միջագետքի միտաննի թագաւորութեան լեզուն էր եւ հաւանաբար` այժմու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ խօսուած լեզուն: Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ այս լեզուն խօսողները Հայկական Լեռնաշխարհէն եկած են եւ տարածուած` հարաւարեւելեան Անատոլիա եւ հիւսիսային Միջագետք ՔԱ երկրորդ հազարամեակին սկիզբը»…: Հուրրիներն ալ խնձոր եւ այլ այժմու հայերէն բառեր ունէին: «Այժմու հայերը հնդեւրոպական հուրրիներու եւ ուրարտացիներու խառնուրդ մըն են», կ՛ըսէ Ուիքիփետիան, որ սակայն ծինային վերեւ նշուած կրկնուող փաստերով հնդեւրոպականին աղբիւրն են եւ ոչ թէ պատկանողները:

Ցարդ յայտնաբերուած ամենահին մարտակառքի յատուկ ձիավարժութեան ուղեցոյցը գրած է հուրրի Քիքքուլին հուրրիերէն լեզուով, ՔԱ 1345-ին: Այս ուղեցոյցէն հատուածներ պիտի ներկայացնեմ` իբրեւ մեր նիւթին մասնագիտական արժէք, մասնաւորապէս գաղափար կազմելու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարտական ձի խնամել:

«Քիքքուլին հուրրի «վարպետ ձի մարզող մըն էր [assussanni] Միտաննի երկրէն» եւ հեղինակը` մարտակառքի ձի մարզելու խեթերէն (խեթ եւ հուրրի) սեպագիր 1080 տող ուղեցոյցին, որ լաւ պահպանուած էր չորս կաւէ պնակիտներու վրայ արձանագրած, որոնք յայտնաբերուեցան 1906 եւ 1907-ին Պողազգալէի մէջ»: Կը գրէ Ուիքիփետիա (11):

             9. Հայկական Լեռնաշխարհի ձիեր:                                                                        10. Հայկական ձիեր բնութեան մէջ:

«Ձիերու միջազգային թանգարան»-ի կայքէջը կը գրէ. «ՔԱ շուրջ 1345-ին խեթերու թագաւոր Սուփփիլիլումիայի ձիերու վարպետը` Քիքքուլին, զարգացուց առաջին գրաւոր ուղեցոյցը` մարզելու եւ խնամելու համար մարտակառքի ձիերը: Քիքքուլիի շատ մը մարզումի ձեւերը այժմ յարմար կը նկատուին, որուն միջոցով խեթերը հզօր ուժ դարձան (մարտակառքեր*), մրցակցելով Եգիպտոսի հետ (12):

«Քիքքուլի օգտագործեց «ժամանակամիջոց» մարզումի կերպը եւ շեշտեց մարտակառքով ձիերը նախ սկսիլ մարզել` ընդոստ, կողմնագնաց, ապա քառասմբակ (trot, canter and gallop)` առանց ձիավարին եւ անոր ծանրութեան` բեռին: Գրութիւնը եօթը ամիսներու վրայ երկարող մանրամասն ուղեցոյց-յայտագիր մըն է: Հանգիստի օրերը նախատեսուած էին, եւ երբեմն օրական երեք վարժութիւն տեղի կ՛ունենար:

«Քիքքուլիի մարզումը երեք փուլերէ կը բաղկանար. առաջին երկուքը զօրաւոր ոտքեր ու սիրտ-մկանային դրութիւն, իսկ երրորդը ջղամկանային կազմաւորումն էր: Իր մարզանքները կը ներառեն կարճ դադարներ` սրտի զարկը դանդաղեցնելու համար: Նաեւ լողալ` երեքէն հինգ ժամանակամիջոցներով եւ հանգիստ` իւրաքանչիւրէն ետք:

«Մարտակառքի ձիուն խնամքը եւ կերակրելը: Ստորեւ` Քիքքուլիի ուժեղ ձիու մարզանքներէն եւ ճաշացուցակէն հատուածներ, չափերը` այժմէականացուած:

Օր 2.- Քալել 4,8 քմ, վազել 400 մեթր: Երկու ձեռք խոտ կերցնել, մէկ ձեռք առուոյտ եւ չորս ձեռք գարի: Ամբողջ գիշերը թող արածի:

Օր 3.- Քալել 12 քմ, վազել 400 մեթր (դէպի*) դուրս: 600 մեթր վազելով, ապա` 2,4 քմ քալելով վերադառնալ: Կէսօրին կանանչ խոտ, ապա` ջուր տալ: Երեկոյեան քալել 4,8 քմ: Գիշերը խոտ եւ յարդ կերցնել:

Օր 4.- Քալել 9,6 քմ առաւօտուն եւ 4,8 քմ` երեկոյեան: Ամբողջ օրը ջուր չտալ: Խոտ տալ գիշերը:

Օր 5.- Քալել 9,6 քմ, վազել 4 քմ դէպի դուրս եւ 6 քմ` վերադարձ: Գորգերով  ծածկել ձին: Քրտնելէն ետք մէկ թոյլ աղի ջուր տալ եւ մէկ թոյլ կասկաջուր: Գետ տանիլ եւ լուալ ու լողացնել ձիերը: Ախոռ վերադառնալ եւ կրկին մէկ թոյլ աղի ջուր տալ եւ մէկ թոյլ կասկաջուր: Լուալ եւ կրկին լողացնել: Գիշերը 36 լիթր խաշած յարդի ջուր տալ:

Օր 6.¬ Առաւօտուն 5 անգամ լուալ, կէսօրէ ետք արածել եւ մէկ անգամ լուալ: Այս նոյնը կրկնել 4 օր:

Օր 12.¬ Ամբողջ օրը ախոռին մէջ պահել: Միայն հունտեր տալ եւ` հնձուած խոտ: Այս նոյնը կրկնել 10 օր:

Օր 23.¬ Գաղջ ջուրով լուալ: Կրկնել 7 օր:

Օր 34.¬ Ախոռէն դուրս կապուած պահել` առանց կերի եւ ջուրի: Երեկոյեան 600 մեթր արշաւ (վազք*), գիշերը` արածիլ: Կրկնել 3 օր: …Եւ այլն:

Վերոնշեալը` խաղաղութեան ժամանակ, իսկ պատերազմի ժամանա՞կ:

28 սեպտեմբեր 2022
Շար 19/20

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

  1. https://www.science.org/toc/science/377/6609
  2. https://www.science.org/doi/10.1126/science.abm4247
  3. https://haroutchekijian.wordpress.com/category/պատմութիւն`-հայաստանի-ձիերը/
  4. https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/08/18/քաղաքակրթութեան-թեքումներուն-եւ-լաբ-2/
  5. http://urkesh.org/music/Hurrian_music_chorus.mp3
  6. https://urkesh.org/main/main3a.htm
  7. https://www.aztagdaily.com/archives/557124
  8. https://www.archaeological.org/archaeological-institute-of-america-names-best-practices-in-site-preservation-award-winner/
  9. https://urkesh.org/mz/a/vc/unwrapping/unwrapping.htm
  10. https://en.wikipedia.org/wiki/Hurrian_language
  11. https://en.wikipedia.org/wiki/Kikkuli
  12. https://imh.org/exhibits/past/legacy-of-the-horse/kikkuli-1345-bce/
Նախորդը

Եթէ Տեղ Մը Տագնապ Կայ Եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը Յայտարարութիւն Կը Հրապարակէ, Զօրակոչ Կ’ուղղէ Իր Անդամներուն, Մեր Ընկերուհիները Առաջին Նուիրատուները Կ’ըլլան

Յաջորդը

Առցանց Մանկապատանեկան Գրականութիւն. Յաւելուածներ Եւ Կայքեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.