Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Երկուքս ալ մեր անցեալին բանտարկեալներն էինք, հալածուած` նոյն դէմքին կողմէ»…
Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին գլխաւոր հերոսուհի` օփերայի երիտասարդ երգչուհի Սոֆիա Մարտիի (35 տարեկան, աշխարհահռչակ ջութակահար Վլատիմիր Սփիվաքովի եւ հայ դերասանուհի Սաթի Սփիվաքովայի դուստրը` Թաթիանա Սփիվաքովա) այս խօսքը, որ շեշտակի կերպով փորագրուած է ժապաւէնին մէջ անոր ունեցած մտորումներուն ընթացքին, շատ խօսուն ու բովանդակալից է: Երկուքը` մէկը ինքն է, իսկ միւսը ժապաւէնի միւս հիմնական հերոսը` գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Ստերնվալը (50 տարեկան, Ռիխարտ Զամել), որ արցախեան առաջին պատերազմը լուսանկարելու ընթացքին հանդիպած է Սոֆիայի հօր` կրկին նկարիչ-լրագրող Էտկար Մարտիրոսեանի, եւ որմէ բաժնուած է Թալիշի անկման օրը, երբ գիւղը գերեվարութեան մէջ յայտնուած է:
Երկուքն ալ տարբեր ձեւերով կը հալածուին ուրուականի մը կողմէ` Էտկարին. արդարեւ, ան Սոֆիային համար անհետ կորսուած է, եւ դուստրը մնայուն յոյս ունի անոր մասին տեղեկութիւն ունենալու, իսկ Ռոպերթ, որուն յանձնած է Էտկար պատերազմի դաշտին վրայ նկարած իր լուսանկարները, սակայն Ռոպերթ իւրացուցած է զանոնք անազնիւ քայլով մը, ամբողջ կեանք մը տառապած է այս ծանր յանցանքէն:
Աշխարհագրականօրէն թէ մասնագիտական առումով, տարիքային տարբերութեամբ իրարմէ բաւական հեռու եղող այս երկու անձնաւորութիւններուն հանդիպման վայրը կ՛ըլլայ հրաշագեղ Արցախը` 2016 թուականին, քառօրեայ պատերազմին: Մէկը կը վերադառնայ կրկին լուսանկարելու, Արցախի տագնապին մասին հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու, միւսը` իր երգին ճամբով նեցուկ կանգնելու արցախցիներուն:
Անոնց միջեւ եղած տարբեր հեռաւորութիւնները կ՛անհետանան Արցախի մէջ, անոնք կը հանդիպին, Ռոպերթի լուսանկարչական ոսպնեակին տակ աւելի կը շեշտուին Սոֆիային գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը, իսկ Սոֆիա Ռոպերթին մէջ կը գտնէ հարազատութիւն մը` հայրակա՞ն, թէ՞ սիրահարի, դժուար կ՛ըլլայ տարբերել, երկուքը միաձուլուած թերեւս… Անոնց յաճախակի հանդիպումները կայծը կու տան սիրոյ ու համակրանքի զգացումներու, սակայն երբ Ռոպերթ դէմ յանդիման կը գտնուի այն ցնցիչ իրականութեան, թէ Սոֆիա 1992-ին իրեն հետ եղած, սակայն դաժան ձեւով իրարմէ բաժնուած լրագրող Էտկար Մարտիրոսեանին աղջիկն է, ամէն բան այլ ուղղութիւն կը ստանայ… Ժապաւէնին մէջ տիրական ներկայութիւն է նաեւ արցախցի լրագրող Միքայէլ Մովսիսեանը (Սօս Ջանիբեկեան), որ քառօրեայ պատերազմին ընկերակցելով օտար լուսանկարիչին` անոր վարուելակերպէն ու արտայայտութիւններէն կը զգայ, որ լաւատեղեակ է Արցախին, անոր աշխարհագրութեան, ուստի կը լծուի անոր ինքնութեան բացայայտման:
Արցախեան հրաշալի բնութեան, փողոցներուն, պատերազմական դաժան դաշտերուն մէջ տեղի ունեցող բոլոր դէպքերու, անոնց առթած հակասական բայց անկեղծ զգացումներուն, մարդկային ու ազգային երեւոյթներու կողք կողքի ընթանալու իրականութեան իրազեկ դարձաւ լիբանանահայութիւնը շաբաթ, 26 նոյեմբերի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, որ մէկուկէս ժամուան համար վերածուեցաւ արցախեան տարածքի մը` շնորհիւ Ջիւան Աւետիսեանի հմուտ բեմադրական կարողութիւններուն եւ դերասաններուն իւրայատուկ ձիրքերուն: Թէեւ Պուրճ Համուտի մէջ էինք, սակայն հոգիով ու էութեամբ փոխադրուած էինք արցախեան լեռներ, Շուշի, Ստեփանակերտ, ուր հայուն ապրած հարազատութիւնը այնքա՜ն տարբեր է, Արցախի հողին տիրութիւն ընելու համար նոյնիսկ կեանքեր զոհած հերոսներուն կողքին էին, որոնք մէկ կողմէ կրակ կ՛արձակէին, միւս կողմէ` կը ստանային, իյնալով սրբազան հողին գիրկը…
Ժապաւէնը պատրաստուած եւ բեմադրուած է այնպէս, որ հետաքրքրէ յատկապէս օտար հանդիսատեսը, որովհետեւ, ինչպէս մնայուն կերպով, նաեւ նախորդ ժապաւէններուն պարագային շեշտած է ու կը շեշտէ Ջիւան Աւետիսեան, իր հիմնական նպատակն է արցախեան տագնապին, մարդկային կացութիւններուն, իրաւունքներուն իրազեկ դարձնել օտար հանրութիւնը:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած ժապաւէնի ցուցադրութեան բացման խօսքը արտասանեց Ծովիկ Գալեմքերեան, որ ըսաւ, թէ «Դրախտի դարպասը» կարելի եղած է Լիբանանի հանրութեան եւ աշակերտութեան ներկայացնել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Ան նշեց, որ այս նոր ժապաւէնը Ջիւան Աւետիսեանի` արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնն է («Թեւանիկը» եւ «Վերջին բնակիչը»-էն ետք), որ միեւնոյն ժամանակ 8 երկիրներու արտադրութիւնն է, աւելցնելով, որ ժապաւէնը ցուցադրուած է Լոս Անճելըսի, Ուաշինկթընի, Սաքրամենթոյի, Տիթրոյթի, Նիու Ճըրզիի, Պոսթընի, Թորոնթոյի, Մոնրէալի եւ Պելճիքայի մէջ:
Ծովիկ Գալեմքերեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ ժապաւէնին անցած փառատօնային ուղին, նաեւ անոր նուաճած մրցանակները:
Այս առիթով խօսք առաւ ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ Զաքար Քէշիշեան, որ դիտել տուաւ, թէ իւրաքանչիւրը կը կռուի ի՛ր զէնքով, իսկ Ջիւան Աւետիսեանին զէնքը լուսանկարչական գործիքն է, արուեստն է, ֆիլմարուեստը, որուն ճամբով վերջին քանի մը օրերուն աւելի քան 1000 աշակերտներ դիտեցին «Դրախտի դարպասը»: Ան աւելցուց, որ բեմադրիչին երեք ժապաւէններուն առանցքն ալ արցախեան տագնապն է, արցախցի ժողովուրդն ու անոր ապրած կեանքն ու դժուարութիւնները: Զ. Քէշիշեան բարձր գնահատեց Ջ. Աւետիսեանի տարած աշխատանքը` հայկականը միջազգային մակարդակի բարձրացնելու անոր մնայուն ճիգն ու արձանագրած յաջողութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Ջիւան Աւետիսեան, որ ըսաւ, թէ գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատին, յատկապէս` վերջին երկու տարիներուն, որպէսզի պատերազմը արուեստի ճամբով հասանելի դարձնեն հանրութեան: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ ժապաւէնը քաղաքական որոշումներ տալու առումով կրնայ ազդեցիկ ու դերակատար չըլլալ, սակայն անիկա 150 հազար հաշուող ժողովուրդին ու համայն հայութեան անունով պատգամ է համայն աշխարհին, ամբողջ մարդկութեան` անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելու հայութեան դատին, արցախցիին իրաւունքներուն:
Գիւմրի ծնած, Ստեփանակերտ ապրած բեմադրիչը վճռական է շարունակելու երթը եւ հանրութեան դատին յանձնելու Արցախի տագնապին նուիրուած նոր ժապաւէններ. «Պիտի շարունակենք խօսիլ ու տագնապիլ, նկարել, բեմադրել եւ օտար հանդիսատեսին համար արցախցիին մղձաւանջին ու գոյապայքարին հայելին ըլլալ», հաստատեց Ջիւան Աւետիսեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ը լեցուցած լիբանանահայ հանդիսատեսներուն` աւելցնելով, որ յաջորդ ժապաւէնին մէջ պիտի ցոլայ արցախեան վերջին` 44-օրեայ պատերազմը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան յայտնեց, որ պատերազմը երբեք չէ աւարտած, այդ իրականութիւնն ալ իւրաքանչիւր հայու ուսերուն պարտք կը դնէ չյուսահատելու, զգաստ ըլլալու, արձանագրուած սխալներէն դասեր քաղելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ ուղին գտնել ու անկէ քալել` ի սէր արցախեան հողին համար նահատակուած հազարաւոր տղոց ու նուիրեալ հերոսներուն:
Ձեռնարկի աւարտին ՋԱՀ-ի անունով Նարէ Գալեմքերեան յուշանուէր մը յանձնեց Ջիւան Աւետիսեանին:
Ժապաւէն մը` մէկուկէս ժամ, սակայն ամբողջ պատմութիւն մը, կեանքեր, դէպքեր, դէմքեր, բայց հաստատ մէկ հիմնական նպատակ` Արցախի հայկական ըլլալու իրողութեան հաստատում եւ զայն իբրեւ հայկական պահելու իրաւունքի շեշտադրում:
Ողջունելի են Ջիւան Աւետիսեանին վճռակամութիւնն ու հաւատքը, որոնք փոխանցիկ են եւ ամրապնդող: