Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Դեկտեմբեր 1, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՅԴ 132-Ամեակի Նշում Գամիշլիի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 22 նոյեմբերին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Օրուան հանդիսավարներ Սագօ Սիմոնեան եւ Վանայ Կիրակոսեան բացումը յայտարարելով` ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը 132-տարիներ շարունակ մարտնչած, նահատակուած նուիրեալներուն եւ Սուրիոյ, Հայաստանի ու Արցախի նահատակներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գործիչ Խաչիկ Մելքոնեան, որ ողջունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 132-ամեակը, ապա անդրադառնալով հայրենիք-սփիւռք անքակտելի կապին` նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութեան համար հայապահպանութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպումը բնաւ ինքնանպատակ չդարձան, քանի որ Դաշնակցութիւնը, նոյնիսկ 70 տարի հայրենիքէն տարագրուած ըլլալով, երբեք չդադրեցաւ հայրենակեդրոն ըլլալէ: Ան ըսաւ, որ իր հիմնադրութենէն ճիշդ մէկ դար ետք Դաշնակցութիւնը կրկին հայրենիքի մէջ էր մեր նոր պատմութեան կիզակէտին` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման ու նոր պետականութեան կերտման, Ջաւախքին նեցուկ հանդիսանալու, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործը պետական մակարդակով հետապնդելու ճակատներուն վրայ:

Եզրափակելով իր խօսքը, Մելքոնեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը գործեց յանուն հայ ժողովուրդին` հաւատալով անոր ուժին եւ կարողութեան, աւելցնելով, որ այսօր դարձեալ կուսակցութիւնը կ՛ապաւինի իր ժողովուրդին` բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու յոյսի եւ յաղթանակի ակնկալիքով:

Օրուան պատգամը յղեց յատուկ կերպով Գամիշլի այցելած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Անդրադառնալով Դաշնակցութեան 132-ամեայ գործունէութեան` ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն եղած է հայ ժողովուրդին պատմութեան ամենակարեւոր դրուագներուն ականատեսը, եղած է ոչ միայն մասնակիցը, այլ շատ անգամ եղած է նաեւ առաջնորդը, գաղափարական, մարտական, քաղաքական ճակատներու վրայ` առաջին դիրքերուն վրայ մարտնչողը:

Մանոյեան հաստատեց, որ անցնող երեսուներկու տարիներուն Դաշնակցութեան գործը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անցաւ շարք մը փուլերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նոր փորձառութիւն կուտակեց կուսակցութեան համար, շեշտելով, որ սկիզբը, հայրենադարձող Դաշնակցութեան միակ սեւեռակէտը Արցախի ազատագրումն էր: Ան շեշտեց, որ մենք ամենաշատը կը գիտակցինք խաղաղութեան կարեւորութեան, բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ խաղաղութիւն, որուն միակ գրաւականը մեր բանակի հզօրութիւնն է:

Ապա Մանոյեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ-ի վերջին 30-35 տարիներու նախաձեռնութիւնները, որոնց առաջնահերթ նպատակը պայքարի ճանապարհին նոր գաղափարներու եւ աշխատանքի սերմեր ցանելը եղած է: Ջաւախքի հայութեան հարցը, Հայոց ցեղասպանութեան համար հատուցումներու հարցը, Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն հայերու յաճախ նաեւ հայկականութեան որեւէ շառաւիղ ունեցողներու նկատմամբ հայ ժողովուրդի մօտ հետաքրքրութեան ստեղծումը: Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը հաստատեց, որ եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ հայութեան իղձերու իրականացման պայքարին, անպայման կը հասնինք մեր նպատակին: Անպայման կը հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին. մենք չտեսնենք, մեր յաջորդները կը տեսնեն:

Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը գովասանքի կարիք չունի, արդէն իսկ պատմութիւնը ինք կը վկայէ իր մասին: Եթէ ուզենք Հայ դատի մասին խօսիլ, առաջին դիրքի վրայ ընդմիշտ պայքարողը Դաշնակցութիւնը պիտի տեսնենք: Հայ դատի գրասենեակները օրն ի բուն կը գործեն մէկ նպատակի համար` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման: Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան` շեշտեց, որ այսօր ուխտի օր է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը անտարբեր պէտք չէ մնայ իր հայրենիքին հանդէպ: Դուք Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի հետեւորդներն էք վերջապէս:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ապա տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, որուն ընթացքին խօսք առին ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան Համազգայինի անունով ողջունեց ՀՅԴ 132-ամեակը` շեշտելով որ ուղեկից միութիւնները վերելք կ՛ապրին շնորհիւ Դաշնակցութեան աջակցութեան, աւելցնելով, որ մենք կայուն ենք մեր միասնական ուժերով եւ գործակցութեամբ:

Երեկոն շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով:

Միացեալ Նահանգներ

 Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 103-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը` Մեծ Տօնախմբութիւն

22 հոկտեմբերին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կազմակերպեց իր 103-րդ տարեժողովի «Հզօրացնել աւետարանչականի համաշխարհային առաքելութիւնը» բնաբանը կրող ճաշկերոյթը:

Աւետարանչականի երկարամեայ անդամներ Վահրամ եւ Լուսիէն Այնիլեաններ անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն:

Փարամուսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ երիցական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ճոզեֆ Կարապետեան մատուցեց բացման աղօթքը:

Կարդալով աւետարանչականի նախագահ Նազարէթ Տարագճեանի ուղերձը` աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան յիշեցուց ներկաներուն, որ իրենց վերջին հանդիպումը կայացած է Նիւ Ճըրզիի մէջ, հինգ տարի առաջ, համաճարակի եւ այլ դժուարութիւններու պատճառով, որով ազդուած էին աւետարանչականը, Հայաստանը, Արցախը, Լիբանանը եւ Սուրիան, աւելցնելով, որ այդ միջոցին աւետարանչականը օգնած է զոհուած եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն` հոգեւոր եւ մարդասիրական աջակցութեամբ: Խանճեան ներկաներուն տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին պիտի կառուցեն երկու նոր մանկապարտէզներ Արցախի մէջ, կէս տասնեակ նոր տուներ, արհեստագիտութեան կեդրոն` Երեւանի Աւետիսեան դպրոցին մէջ, նաեւ պիտի օժանդակեն Հանքաւանի ճամբարի լուրջ զարգացման, հիմը պիտի դնեն Թուրքիոյ Թուզլա քաղաքի յարութիւն առած «Արմէն» ճամբարին եւ պիտի նուիրագործեն Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի աւետարանչականի նոր կեդրոնը եւ կարիքաւորներու ճաշարանը:

Քանատայի աւետարանչականի նախկին նախագահ եւ ներկայ ատենապետ Միհրան Ճիզմէճեան խօսեցաւ Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ծնունդին մասին` նշելով, որ շրջանի շարունակական ծրագիրները կը ներառեն մանուկներու հովանաւորութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ, օգնութեան ծրագիրներ` Արցախի եւ Լիբանանի մէջ, Այնճարի Հայ աւետարանական դպրոցը` Լիբանանի մէջ, Ասկերանի մանկապարտէզը` Արցախի մէջ եւ Վանաձորի «Շող» կեդրոնը` Հայաստանի մէջ:

Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու անդամներ Ճոզեֆ եւ Ճոյս Սթայնները  յարգանքի տուրք մատուցեցին աւետարանչականի Աւստրալիայի նախագահ վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանի եւ խօսեցան 1990-ականներուն վեր. Եումշաճըգեանին հետ իրենց առաջին հանդիպումին մասին` Լիբանան եւ Սուրիա կատարած իրենց տարեկան այցելութիւններու ընթացքին, երախտագիտութեան խօսք  ուղղելով Եումշաճըգեան ամոլին` Աւստրալիայի հայ բնակչութեան եւ աւետարանական եկեղեցիի աճին հետ կապուած  իրենց ներդրումին համար: Աւստրալիոյ մասնաճիւղին ծրագիրները կը ներառեն ուսանողներու աջակցութեան ծրագիրներ` Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ, շտապ օգնութեան եւ դպրոցներու վերանորոգում` Սուրիայի, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, «Շող» կեդրոններ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ամառնային ճամբարներ, մարդասիրական եւ բժշկական նախաձեռնութիւններ, կրթաթոշակներու օգնութիւն եւ հոգեւոր գրականութիւն, ինչպէս նաեւ ստորերկրեայ կացարան` Հայաստանի սահմանամերձ գիւղի մը մէջ եւ աջակցութիւն Աւստրալիոյ` բնական աղէտներու համար:

Աւետարանչականի Հայաստանի նախկին ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան եւ «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան նախագահ Սերժ Քիւրքճեան բացատրեցին, որ Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցիները հիմնադրած են «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութիւնը` անոր միութեան նախագահ, հանգուցեալ վեր. Դանիէլ Սահակեանի նախաձեռնութեամբ` հոգեւոր եւ նիւթական օգնութիւն տրամադրելու Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն` 1988-ին:

Սերժ Քիւրքճեան 26 տարիներ համագործակցած է «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ` անխոնջ կազմակերպելով ուղեւորութիւններ դէպի Հայաստան եւ մանրակրկիտ կազմակերպելով բազմաթիւ ստեղծագործական նախագիծներ, որոնց շարքին ճամբարներ` մանուկներու, ինչպէս նաեւ տարեցներու համար:

Աւետարանչականի հետ «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան վերջին ծրագիրները կ՛ընդգրկեն մանուկներու ցերեկային կրթական կեդրոնի մը բացումը Ստեփանակերտի մէջ, Արցախ: Կեդրոնը աւետարանչականի կողմէ տրամադրուած տարածքով կը բացուի 2023-ի սեպտեմբերին` քրիստոնէական կրթութեան եւ ֆրանսերէնի ուսուցողութեամբ:

Աւետարանչականի կողմէ քանատացի, աւստրալիացի եւ ֆրանսացի գործընկերներու ներկայացուցիչներուն նուիրուեցան արուեստի գեղեցիկ նուէրներ Հայաստանէն` Վազգէն Բրուտեանի ձեռամբ պատրաստուած:

Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները աւետարանչականի գործադիր տնօրէնին նուիրեցին Հայաստանի որբերու կողմէ գրուած «Հայր Մեր»-ը` գեղեցիկ շրջանակով:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի պաշտօնակատար եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի օրհնութեան աղօթքով:

Քանատա

Ժողովրդային Հանդիսութիւն` Նուիրուած Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկին Վախճանման 115-րդ Տարելիցին

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Քեպրիճի Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Ս. Նշան եկեղեցւոյ, 11 նոյեմբերին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի «Փոսթաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն` նուիրուած Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկին վախճանման 115-րդ տարելիցին:

Օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու մեր բոլոր անմահ հերոսներու յիշատակին:

Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ  Վիգէն Գէորգեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայրիկի տիպարէն այսօր եւս մեր ժողովուրդի ներկայի ու ապագայի համար կարիքը ունինք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ դաստիարակութեամբ օժտուած գործիչներու` աշխարհական թէ հոգեւորական:

Օրուան պատգամաբեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին միաբան Վարուժան արք. Հերկելեան լուսարձակի տակ առաւ Խրիմեանի կեանքը` որպէս մեծ հայու, ուսուցիչի, կղերականի, յեղափոխականի, անդրադարձաւ նաեւ «Վասպուրականի Արծիւ»-ին:

Այս առիթով գնահատանքի իր խօսքը արտասանեց նաեւ առաջնորդ սրբազանը, որ կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը` յարատեւ բեղուն գործունէութիւն մաղթելով Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի կառոյցին: Սրբազանը նաեւ ցանկութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ շուտով յաղթահարուի հայրենիքի ու յատկապէս հայ ժողովուրդի դէմ ծառացած այս դժուարին կացութիւնը:

Աւարտին ձեռնարկին կազմակերպիչները յուշանուէրներ յանձնեցին` Բաբգէն արք. Չարեանի, օրուան պատգամաբեր Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարօ Փոսթաճեանին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Շարժա

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան 24-Ամեակ

13 նոյեմբերին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման 24-ամեակին առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագ:

Պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը յղեց Ա. Մ. Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, որ օրուան տօնին առիթով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան ու անոր առաքելութեան` շեշտելով, որ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը տարբերի քրիստոնեայ այլ համայնքներէն, առաջնահերթ առաքելութիւնն է Քրիստոսի կենարար խօսքի քարոզութիւնն ու պատգամը հասցնել հաւատացեալներուն` պահպանելու ու ամրապնդելու համար անոնց հաւատքը, սակայն նաեւ պատմութեան ստեղծած պայմաններու լոյսին տակ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասնիկը դարձած է ազգապահպանութիւն ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել յատկապէս յետցեղասպանութեան ստեղծուած հայկական գաղթօճախներուն: Ան դիտել տուաւ, որ այս նպատակով 24 տարիներ առաջ բացումը կատարուեցաւ Շարժայի եկեղեցւոյ եւ համալիրին, անցնող տարիներու ընթացքին այս կեդրոնը ծառայեց մեր համայնքի զաւակներուն` պահելով հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը:

Պատգամի աւարտին սրբազան հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց համալիրէն ու համայնքի կեանքէն ներս իրենց նուիրական ծառայութիւնը ցուցաբերող ազգայիններուն, որոնք տարբեր պաշտօններով մասնակից դարձած են վերելքի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յատուկ գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բարերարներուն, որոնք նիւթական աջակցութեամբ տարիներ շարունակ օժանդակեցին համալիրի աշխատանքներուն, գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Արամ Ա. քհնյ. Տէյիրմենճեանի, որ անցնող 24 տարիներու ընթացքին իր ծառայութիւնը մատուցած է գաղութին:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի օրհնութիւնը:

Ամսթերտամ

Սուրբ Հոգի Պատմական Եկեղեցւոյ Վերաբացման 33-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Արարողութիւններ

19-20 նոյեմբերին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցին  հիւրընկալեց արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանը, որ ժամանած էր նախագահելու  համայնքի հիմնադրման 33-րդ տարեդարձին նուիրուած արարողութիւններուն:

19 նոյեմբերին սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին հետ: Եկեղեցւոյ հովիւ Տարօն քհնյ. ներկայացուց նորանշանակ ծխական խորհուրդի անդամները, որմէ ետք սրբազան հայրը խօսեցաւ ներկաներուն ծխական խորհուրդի կարեւորութեան եւ առաքելութեան մասին:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ հանդիպում երիտասարդներու հետ: Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ «ԱՅՈ» երիտասարդաց միութիւնը կազմակերպած էր դասախօսութիւն մը` պսակի խորհուրդի եւ յարաբերութիւններու մասին թեմայով: Սրբազան հայրը տարբեր օրինակներով ներկայացուց երիտասարդներուն ընտանիքի յարատեւ ու երջանիկ միութեան պահպանման գրաւականները:

20 նոյեմբերին եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը մատուցեց սուրբ պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` եկեղեցին կառուցողներուն եւ պատմութեան ընթացքին իրենց ծառայութիւնը հայ համայնքին ու եկեղեցւոյ պահպանման համար բերած ննջեցեալներուն  համար: Ապա կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, որուն յաջորդեց սիրոյ սեղան:

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Օծանելիքի Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Միջեկեղեցական Պատասխանատուներ

RelatedPosts

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Յունուար 26, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Յունուար 26, 2023
Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ

Յունուար 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In