Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Կէօզիւգարայեանի Գիրքերու Հաւաքածոն Կը Նուիրուի «Ազդակ»-ին

Նոյեմբեր 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ-ի խմբագրութիւնը շնորհակալութեամբ ստացաւ Գրիգոր Կէօզիւգարայեանի (Գրիգոր Սեւակ) գիրքերու հաւաքածոն: Հալէպէն մինչեւ  Թրիփոլի Գրիգոր Սեւակ մնաց կառչած հայ գիրին ու գրականութեան եւ իր կեանքի իւրաքանչիւր փուլին կարդաց, հաւաքեց եւ իր անհատական գրադարանը մնայունօրէն համալրեց հայ գիրքերով:

Հայ գրականութեան, բանասիրութեան եւ պատմագիտական նիւթերու նոր հաւաքածոյով կը հարստանայ «Ազդակ»-ի գրադարանը Գրիգոր Սեւակի ընտանեկան պարագաներուն կատարած գիրքերու այս նուիրատուութեամբ:

Ստորեւ կը հրատարակենք  իր հարազատներուն կողմէ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան յղուած գրութիւնը, ուր կը ցոլայ Գրիգոր Սեւակի հետեւողական հոգատարաութիւնը հայ գիրքին հանդէպ:

Գրիգոր Կէօզիւգարայեան ծնած է Հալէպ, 1941-ին: Նախ յաճախած է Հայկազեան վարժարան, ապա, Քարէն Եփփէ ճեմարանը աւարտելէ ետք, տարի մը պաշտօնավարած է Ազգային Սահակեան վարժարանին մէջ: Փոխադրուելով Լիբանան` պաշտօնավարած է Էշրեֆիէի Ազգային Չաթալպաշեան վարժարանին մէջ եւ շրջան մըն ալ` Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Ամուսնացած եւ հաստատուած է Թրիփոլի, ուր տարի մը տնօրէնի պաշտօն ստանձնած է Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանին մէջ:

Ունեցած է միութենական բազմավաստակ գործունէութիւն: Հալէպի մէջ եղած է գայլիկ, սկաուտ, խմբապետ, մարզիկ (պասքեթպոլ եւ վազք), իսկ Պէյրութի մէջ` պասքեթպոլի աղջկանց խումբի մարզիչ:

Թրիփոլիի մէջ ձեռագիր թուղթեր պատրաստած է ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր դէմքերու մասին, գրած է յուշեր, նաեւ ստորագրած է յօդուածներ ու յուշագրութիւններ:

Հալէպի մէջ 18 տարեկանին մտած է ՀՅԴ շարքերը եւ շուտով ստանձնած` պատանեկան միութեան վարիչի պաշտօնը: Լիբանանի մէջ եւս շարունակած է իր այս աշխատանքը` ըլլալով Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի պատանեկան միութեան վարիչ, իսկ յետոյ` Թրիփոլիի «Կարօ Սասունի» կորիզի վարիչ:

Ունի ուսումնասիրութիւններ, յուշագրութիւններ, որոնք մնացած են անաւարտ:

Մահացած է փետրուար 2022-ին:

Գրիգոր Կէօզիւգարայեան` բոլորիս ծանօթ Գօգօ Սեւակը, հայ գիրի եւ գիրքի մեծ սիրահար էր, տարիներու ընթացքին հաւաքած եւ կազմած է կոկիկ գրադարան մը, որուն հոգ կը տանէր աչքի լոյսին պէս: Սակայն միշտ ալ ունէր մեծ մտահոգութիւն մը, թէ իր մահէն ետք այդ գիրքերուն ճակատագիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ:

Այսօր այդ գիրքերը կորուստէ եւ փտելէ փրկուած են` շնորհիւ լիբանանահայութեան սիրելի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, եւ անոնք իրենց արժանի տեղը գտած են` մեծ մխիթարութիւն պատճառելով անդենականին մէջ հանգչող Գրիգոր Կէօզիւգարայեանին:

Երախտագիտութեան ջերմ զգացումներ` երեսփոխան Բագրատունիին, ինչպէս նաեւ այս գործին մասնակից տոքթ. Ֆիլիփ Բարկասեանին, Շահան Գանտահարեանին եւ Շողիկ Կոնճեանին:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը»

Յաջորդը

Շողիկ Ակոբեանի Յիշատակին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?