Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թահա Հուսէյն` «Մշակոյթի Ապագան Եգիպտոսի Մէջ» (Ընտրանիներ)

Նոյեմբեր 30, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ինչո՞ւ այս յօդուածը (կամ` յօդուածներու շարքը, ինչպէս որ Տէրը կամենայ):

Գաղտնիք մը չէ, որ մեր` հայերուս, այսօրուան իրավիճակը (իբրեւ ազգ) լաւագոյնը չէ, այլ աւելի՛ն,  օրհասական է: Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութենէն մնացած նշխարհին մէջ ապրողները եւ մնացեալ հայերս, որ թէեւ զոյգ հանրապետութեանց սահմաններէն դուրս կ՛ապրինք, բայց Հայաստանը մեզի համար սոսկ զբօսավայր մը չէ, այլ` հայրենիք մը, որ մեր սրտերուն մէջ կ՛ապրի:

Այսպիսի ժամանակներու իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է ջանք չխնայել իր հայրենիքին փրկութեան համար, ամէն ինչ ընել հայ ազգը այս վիճակէն դուրս բերելու համար:

Իրականութեան մէջ պէտք էր գոնէ երեսուն տարի առաջ սկսէինք զբաղիլ այս գործունէութեամբ (դեռ չեմ ըսեր` հարիւր երեք-հարիւր չորս տարի առաջ,  1918-էն ի վեր), որպէսզի չտապալէինք ու չիյնայինք այս ճահիճին մէջ, ուր կը գտնուինք այսօր:

Չկայ մէկը (կամ այս պարագային` ազգ (1) մը), որ առաւօտուն արթնցաւ ու ինքնիրեն յառաջդիմած ու յաղթանակած գտաւ, ոչ մէկը (ազգ մը) զերոյէն ու ոչինչէն սկսած է իր արշաւը`  որպէս մէկ ամբողջականութիւն իրականացնելու իր նպատակները ու հասնելու իր բաղձալի կացութեան:

Հարկ է խելք աշխատցնել ու ճգնիլ` գիտութեամբ պատաղելով (զբաղելով), որպէսզի ձերբազատինք այն արատներէն ու աղտերէն, որոնք մեզ տապալեցին եւ տարին դէպի անդունդ:

Օրինակ բերեմ հին Յունաստանը, որուն քաղաքակրթութիւնը իր բարձր դիրքերուն հասաւ միայն Հին Եգիպտոսի փորձառութենէն օգտուելով ու անկէ քաղաքակրթութիւն կառուցելու հիմունքները սորվելով:

Կամ` արաբա-իսլամական քաղաքակրթութիւնը, որ իր ոսկեդարը կ՛ապրէր, երբ Եւրոպան միջնադարուն մթագոյն ճահիճներուն մէջ խորասուզուած էր. անիկա բարձունքները նուաճեց յունական քաղաքակրթութեան արտադրած գրականութիւնը արաբերէնի թարգմանելով (յունարէնէն ու արամերէնէն (2):

Եւ վերջապէս, Եւրոպան իր Լուսաւորումը, ապա Վերածնունդը (Enlightenment and Renaissance / Lumières et Renaissance) ապրեցաւ լատիներէնի թարգմանելով արաբա-իսլամական գրականութիւնը, որ արդէն իր յունական նախատիպը մեծապէս ընդարձակած ու ծաւալած էր:

Իպն Ուլ Նաֆիսի, Ալ Պիրունիի, Իպն Սինայի եւ այլոց գործերը թարգմանուեցան ու դարձան այն կայծը, որմէ բոց պիտի առնէր եւրոպական միտքը ու ապրէր իր ծաղկումի օրերը:

Այստեղ նպատակ ունիմ ո՛չ քաղաքականութեան, ո՛չ ալ աշխարհաքաղաքականութեան մասին խօսելու, քանզի Թ. Հուսէյնի առաքելութիւնը շատ աւելի խորքային է ու արմատական:

Ճգնաժամներու եւ վատ կացութեանց ատեն ոչ պաշտօնական կրթութիւնը (իմ բառերովս` «Հանրային մտաւոր մշակումը») ամէնէն շտապ փոխանորդն է պաշտօնական/դպրոցական կրթութեան:

Այսօր Հայաստանի տագնապալի վիճակի մէջ գտնուիլը պարզ է բոլորիս, իսկ սփիւռք ըլլալը եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրիլը ինքնին տագնապալի վիճակ մըն է (անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են իրենց ազգային պատկանելիութեամբ, եւ զիրենք կը յուզեն ազգային խնդիրները):

Արդ, սոյն յօդուածը գրելու դրդապատճառը կը խտացնեմ ութ հարիւր տարի առաջ հայոց մեծ պատմաբանին` Կիրակոս Գանձակեցիի խօսքերով.  «Զի հարկանեն զմեզ միտք մեր, ոչ տալ լռութեան զայսպիսի աղէտ տարակուսանաց, զոր լուաք ականջօք մերովք եւ տեսաք աչօք»:

Ինչո՞ւ Թահա Հուսէյնը

Թահա Հուսէյնն ու անոր ներկայացուցածը կը մնայ այժմէական եւ մեր օրերուն համար հրատապ, բայց եւ այնպէս` ոչ միայն այս տագնապալի օրերուն, այլ անոնցմէ առաջ ալ կենսական էր ու ապագային ալ, եթէ յառնինք այս անդունդէն, որուն մէջ ինկած ենք ու շարունակենք գոյութիւն ունենալ (իբրեւ ազգ), պիտի շարունակէ էական ըլլալ:

Թահա Հուսէյն կը ներկայացնէ` հանրային գիտակցութիւնը, մտածելու եղանակները եւ ներկայ իրավիճակի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն հետ վարուելու կերպն ու ոճը:

Անոր արծարծած միտքերն ու յղած ուղերձները դեղագիրն են բոլոր մեր այսօրուան ախտերուն եւ թուլութիւններուն:

Ի վերջոյ նախաբանը ամփոփեմ անգամ մը եւս Կ.  Գանձակեցիի խօսքերէն մէջբերելով. «Իւծիլ եւ մաշիլ տաժանմամբ եւ յոյժ վաստակօք, զի թերեւս գտցէ ինչ պիտանացու, որ կարողն իցէ լնուլ զփափաքս ըղձից խնդրողին»:

Ծանօթագրութիւնք`

Ա.- Սոյն յօդուածին յաջորդ տողերուն մէջ պիտի թարգմանեմ (ազատ թարգմանութիւն), երբեմն խտացնեմ վերնագիրիս մէջ ընդգրկուած «Մշակոյթի ապագան Եգիպտոսի մէջ» վերնագիրը կրող գիրքին առաջին յօդուածը (գիրքին հատուածը) եւ յաջորդիւ պիտի փորձեմ մնացեալ յօդուածները թարգմանել կամ համառօտել (համաձայն նիւթին կարեւորութիւնը), գուցէ օգտուինք այս մեծ գրողին միտքերէն:

Բ.- Միտումնաւոր է, որ անոր կենսագրականը չեմ ներկայացներ, աւելի առաջնահերթ է անոր գիրքին մասին խօսիլ, ապագային կը փորձեմ խօսիլ կեանքին ու այլ ձեռնարկութիւններուն մասին, ինչպիսին է «Նախաիսլամական (3) բանաստեղծութեան մասին» գիրքը, ուր ան գործածած է Ռընէ Տեքարթին բնապաշտական (4) եղանակն (Rational Method) ու մօտեցումը նախաիսլամական բանաստեղծութիւնը ուսումնասիրելու համար, ինչ որ անոր մեծ գլխացաւ պատճառեց մանաւանդ կրօնամոլներուն կողմէ, որոնք զայն ամբաստանեցին Քուրանը (մահմետականներուն սուրբ գիրքը) ու այլ «սրբութիւններ» կասկածի տակ դնելու յանցանքով:

Գ.- Խնդրոյ առարկայ գիրքը Թ. Հուսէյնը գրած է նախորդ դարու երրորդ տասնամեակին, Եգիպտոսի` Միացեալ Թագաւորութենէն անկախանալէ ու նոր սահմանադրութիւն ընդունելէ ետք:

 

***

Մշակոյթն ու գիտութիւնը` քաղաքակրթութեան
եւ անկախութեան հիմք

Այն նիւթը, որուն մասին կ՛ուզեմ խօսիլ` «Մշակոյթի ապագան Եգիպտոսի մէջ», որուն (Եգիպտոսին) վերադարձուեցաւ ազատութիւնը սահմանադրութեան վերակենդանացմամբ ու ետ տրուեցաւ իր արժանապատուութիւնը` անկախութիւնը իրականացնելով:

Մեր ապրած այս ժամանակներուն անկախութիւնն ու ազատութիւնը նպատակներ չեն, որոնց պէտք է բաղձան ազգերը, այլ նպատակներուն հասցնող միջոց մըն են` աւելի բարձր դասուող, աւելի շարունակական, աւելի ընդարձակ օգուտներ ընծայող:

Երկիր մոլորակի երեսին կան բազում ազգեր` տարբեր երկրամասերու մէջ բնակող, որոնք ազատութենէն ոչ մէկ օգուտ քաղեցին, ոչ ալ անկախութիւնը իրենց համար նշանակութիւն մը ունեցաւ, եւ անկախութիւնն ու ազատութիւնը չպաշտպանեցին անոնց վրայ ուրիշ «ազգերու» յարձակումներէն ու ոտնձգութիւններէն:

Յաջողաձեռն ազգերը ազատութիւնն ու անկախութիւնը կատարելութեան կը հասցնեն ու կը պսակադրեն մշակոյթի ու գիտութեան վրայ հիմնուած քաղաքակրթութեամբ եւ ազատութենէն ու անկախութենէն յառաջացած ուժով ու հարստութեամբ:

Եթէ Եգիպտոսը, կամայ թէ ակամայ, չթերանար մշակոյթի ու գիտութեան հետամուտ ըլլալուն, ո՛չ ազատութիւնը կը կորսնցնէր, ո՛չ ալ անկախութիւնը, ո՛չ ալ կարիքը կ՛ունենար այս կոշտ ու վեհանձն պայքարը մղելու ազատութիւնն ու անկախութիւնը վերադարձնելու համար:

Անցածի մասին աւաղելն ու ափսոսալը օգուտ չունի, անցեալը չենք կարող շտկել, ոչ ալ պատահածը յետս կոչել, սակայն պէտք է կամքը ամրացնել, յոյսը ոգեկոչել ու մտածել, թէ ի՛նչ ձեռք բերած ենք ու հրճուինք մեր դժնդակ երկարատեւ պայքարի արդիւնքով մեր նուաճած անկախութեամբ ու պարտադրենք քաղաքակիրթ աշխարհին, որ ճանչնայ զայն ու ընդունի մեզ «Ազգերու միութեան (5)» մէջ` իբրեւ ազատ եւ արժանապատիւ ազգ մը:

Այս բոլորով հրճուիլն ու ցնծալը բարի է, սակայն պէտք է հրճուանքով ու ցնծութեամբ չբաւարարուինք, պէտք է ուրախութիւնը մեզ չշեղէ կորովէն, յոյսը պէտք է մեզ չշեղէ աշխատելէն, եւ սխալ է մեր ձեռք բերած ազատութեամբ ու անկախութեամբ հաճոյացած` անհոգ ու հանդարտօրէն կանգնիլ, երբ պէտք է զանոնք բանեցնենք իբրեւ միջոց` կատարելագործութեան հասնելու եւ անոնց հետ վարուինք, ինչպէս ոեւէ մէկ յառաջադէմ ազգ մը պիտի վարուէր, զանոնք պէտք է ոչ թէ յոյսի վախճանը համարել, այլ` յոյսը ծնող ու ընդարձակող գործօն, եւ ոչ թէ աշխատանքի աւարտը, այլ պէտք է անոր ուժ տուող ազդակ մը դասել:

Ես ոչ մէկ բանէ կը վախնամ ու կը տագնապիմ,  որքան մեր շահած անկախութենէն ու նուաճած ազատութենէն: Կ՛երկիւղիմ, որ անոնց պատճառով ինքնախաբէութեան մատնուինք, ու մեզի թուի, թէ հասած ենք վերջակայանին, երբ դեռ սկզբնակէտին կը կանգնինք:

Ես կը վախնամ, որ անոնց հետ լրջօրէն չվարուելու եւ մեր թուլացման իբրեւ հետեւանք` ետ մնանք, երբ ստեղծուած ենք յառաջանալու, եւ ստորանանք, երբ գոյութիւն ստացած ենք վեհանալու: Այսպիսով, ազատութիւնն ու անկախութիւնը չարիք կ՛ըլլան մեզի համար, երբ անոնք կայացած են մեզի բարիք ըլլալու, յամենայն բարիք բերելու…

Այս ամէնէն կը վախնամ ու կ՛ուզեմ այն, ինչ որ ամէն գիտակից, մշակուած (6), իր հայրենիքը սիրող ու անոր արժանապատուութեանն հոգացող եգիպտացի մը կ՛ուզէ. կ՛ուզեմ, որ մեր հիմակուան կեանքը վայելուչ եւ համապատասխան ըլլայ մեր վաղեմի փառքին եւ անկախութիւնը վաստակած ժամանակ մեր մասին ունեցած մեր կարծիքին իրականացնող:

Այո՛, եւ կ՛ուզեմ, որ երբ մեզմէ մէկը եւրոպացիի մը հանդիպի, չզգայ, թէ այն աստիճանի ու այն տիպի տարբեր ենք իրարմէ, որ ինքնիրեն թոյլ տայ մեզի հետ գոռոզաբար վարուելու ու արժեզրկելու մեզ:

Ազնիւ մարդու մը համար չկայ աւելի գարշելի բան, քան` հպարտանալն ու պարծենալը, երբ դեռ անոնց չենք արժանացած… Թող ամէն եգիպտացի նախանձախնդիր ըլլայ ինքնիրեն ու իր ազգին այս ամօթանքը չպատճառելու, եւ յանուն ասոր այսօրուընէ լրջանանք, կորովով լեցուինք եւ անպտուղ խօսակցութիւնները փոխարինենք բարեբեր աշխատանքով. ի վերջոյ, մեր նոր կեանքը հաստատապէս կերտենք ազնիւ ու պտղաշատ գործին հիման վրայ:

***

Յարգարժան ընթերցողէն պիտի խնդրեմ պարզապէս Եգիպտոս բառը փոխարինէ Հայաստան բառով, գուցէ օգուտ մը քաղենք մեծն Թահա Հուսէյնի միտքերէն:

Յաջորդիւ պիտի փորձեմ սոյն գիրքէն այլ հատուածներ թարգմանել (ազատ թարգմանութիւն) կամ ամփոփել ու պատմել անոնց մասին, հիմա քանի մը վերնագիր յիշեմ, բայց յոյս ունիմ, որ պիտի կարենամ այս գիրքին մասին լիուլի խօսիլ, քանզի հոն կան շատ դասեր, զորս կրնանք քաղել իբրեւ ազգ:

«Եգիպտոսի կապը Յունաստանի հետ» (իբրեւ հին քաղաքակրթութիւններ եւ ոչ արդի պետութիւնները), «Թուրքական գործօնի գալուստը այս տարածաշրջան ու անոր հետեւանքները», «Եգիպտոսի թերացումը արդի քաղաքակրթութեան ճամբան բռնելու մէջ», «Ուսման տարբեր մակարդակներն ու անոնց կարեւորութիւնները», «Լեզուներ սորվելու կարեւորութիւնը` մայրենին (արաբերէնը), յունարէնն ու լատիներէնը», «Մտաւորականութեան սակաւաթիւ ըլլալն ու անոր պատճառները», «Քաղաքակրթութեան նիւթականութիւնը եւ Արեւելքի ոգեղէնութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը»:

————————

1.- Կը խնդրեմ կարդալ ազգ ու ժողովուրդ եզրոյթներուն տարբերութիւնը:

2.- Արամերէն. ապագային կը խօսինք քրիստոնեայ-արամէացիներուն ունեցած վաստակին մասին` արաբա-իսլամական մշակոյթին մէջ, եւ սոյն յօդուածին մէջ «արամէացի» ու ոչ «ասորի» եզրոյթը գործածելու պատճառի մասին:

3.- Այստեղ բուն բառը` «Ճահիլիիա», խուսափեցայ գործածելէ որպէսզի հայերէնով գրեմ, նաեւ խուսափեցայ թարգմանելէ, որովհետեւ կարծիքները հակասական են այս բառի իմաստին կապուած, թէ արդեօ՞ք կը նշանակէ տգիտութիւն, թէ՞ վայրենութիւն: Ուստի գործածեցի արաբական գրական այս դպրոցին ոչ թէ բնոյթը բնորոշող, այլ ժամանակաշրջանը սահմանող եզրոյթ մը:

4.- Փիլիսոփայական ուղղութիւն, որ իբբեւ ճանաչողութեան աղբիւր` կ՛ընդունի ոչ թէ փորձը, այլ տրամաբանօրէն հիմնաւորուած միտքը, բանականութիւնը:

5.- Ազգերու լիկա:

6.-  Մտաւորական, բայց ոչ թէ` այս դասին պատկանող:

Նախորդը

Հանդիպումը

Յաջորդը

132 Տարեկան Երիտասարդ Գաղափարը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?