Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ութ Միլիառէն Անդին

Նոյեմբեր 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ լուրերը յայտարարեցին, որ մարդկութիւնը անցած է ութ միլիառի թուաքանակը, իսկ եօթը միլիառէն ութ անցումը կատարուած է տասներկու տարուան ընթացքին: Դեռ այս աճը տեղի ունեցած է եւ կ’ունենայ անկախ Սոմալի, Եմէնի կամ Ափրիկէի մէկ այլ պետութեան մէջ տեղի ունեցող պատերազմէն կամ կրկնուող սովէն, կլիմայական փոփոխութիւններու, երաշտի ու հեղեղներու ստեղծած պայմաններէն:

Համարեա՛ նոյն օրերուն Եգիպտոսի մէջ (Շարմ Էլ Շէյխ, 6-18 նոյեմբեր) կլիմայական փոփոխութիւններուն կամ աղէտին վերաբերեալ միջազգային համագումարն է, ուր յաճախ որոշումներ կը տրուին եւ կիսով կամ երբեք չեն յարգուիր, փաստ` Քիոթոյի, Քոփենհակընի կամ Փարիզի համագումարները: Կը բաւէ Թրամփին նման մէկը Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուի, որպէսզի ամբողջովին անտեսէ նման ժողովները, իսկ Պրազիլի նախագահ Պոլսոնարոն շարունակէ քաջալերել Ամազոնի անտառներուն արմատախլումը` ի նպաստ հանքերու եւ երկրագործական տարածքներու (բարեբախտաբար Լուլայի վերընտրութիւնը, իր նախագահութեան օրերու կիրարկումներէն եւ խոստումներէն մեկնած, կրնայ լայն չափով կասեցնել այս գործընթացը): Հետաքրքրականօրէն այս համագումարին վեց հարիւր հոգիով ամէնէն մեծ պատուիրակութիւնը կը կազմեն քարիւղի ընկերութիւններու լոպիիստները, որոնք տարբեր պետութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելով կամ խոստումներ տալով` ազդեցութիւն կը գործեն… Դժբախտաբար, որքան ալ թափանցիկութեան եւ որոշումներ յարգելու խոստումներ տրուին, առեւտրական մրցակցութեան առնչուած հարցեր տարակարծութիւններ կը ստեղծեն կամ կը խանգարեն նման կենսական որոշումներու կիրարկումը: Անշուշտ  գերպետութիւններու կողմէ կեղծիքի մեծ բաժին մը կայ նաեւ այս բոլորին մէջ, օրինակ` Պայտընի կառավարութիւնը, որ այնքան կը շեշտէ մաքուր, կանաչ ուժանիւթի գործածութիւնը, ինչո՞ւ այնքան կարեւորութիւն կու տայ իրեն յարմար քարիւղի ու բնական կազի արտահանման ճամբաներուն  եւ նոյնիսկ պատերազմներ կը մղէ զանոնք պահպանելու կամ այլ պետութիւններուն ուղիները փակելու համար…

Տարօրինակ ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք. մինչ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով յառաջացած անգործութեան առթիւ իրենց ժողովուրդին տրուելիք օժանդակութեան համար Միացեալ Նահանգներու երկու կուսակցութեանց անդամները տնտեսական մտահոգութիւններով այդքան սուր տարակարծութեան մէջ էին, Ուքրանիոյ պատերազմի բռնկումէն ետք անոր աւելի քան տասնապատիկը ռազմական թէ մարդկային օժանդակութեան ձեւին տակ համաձայնաբար կը յատկացնեն այդ երկրին…

Անշուշտ այս պատերազմը տարբեր հարթակ է, իշխող տնտեսական թէ քաղաքական ընտրանիին համար, որուն համար կարեւոր չեն անօթութենէ մեռնող երեխաները, կլիմայական աղէտէն հարուածուող աղքատ երկիրներու կացութիւնը, նոյնիսկ Իրաքէն կամ Աֆղանիստանէն վերադարձող բանակայիններու առողջական վիճակը կամ հոգեկան խանգարումները… Աւելի՜ մեծ ռազմավարական նպատակներ կան: Մեծ ծրագիրները եւ քարիւղէն կամ զէնքի առեւտուրէն գոյացած գումարներն ու փոխադարձ շահերը կը խօսին, վկայ` արցախեան վերջին պատերազմին ստեղծած կացութիւնը: Աւելի լայն մակարդակի վրայ` Ուքրանիոյ պատերազմը. վերջերս «Նիւզուիք» կը հաղորդէր, որ  Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական հրամանատարութեան ղեկավար, ծովակալ Չարլզ Ռիչըրտ նախազգուշացուցած էր, որ ուքրանական ճգնաժամը նախնական պատրաստութիւն է, եւ որ Միացեալ Նահանգները պէտք է պատրաստ ըլլան Չինաստանի մասնակցութեամբ համաշխարհային հակամարտութեան: Ամէն պարագայի, Միացեալ Նահանգները տարբեր միջոցներով միշտ ալ հասկցուցին, որ այս պատերազմին հիմնական նպատակը Ռուսիոյ տկարացումը եղած է: Որքան ալ նախատեսելի ըլլար, չեմ արդարացներ Ռուսիոյ բիրտ հակազդեցութիւնը, սակայն այս հակամարտութեան հիմնական զոհերը Ուքրանիան եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդն են: Բոլոր գերպետութիւններու պայքարներուն ընթացքին տեսանք. կը բաւէ խամաճիկ մը կամ սահմանափակ կարողութիւններով մէկը բերել իշխանութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ գերպետութեան ծրագիրները մասնակի կամ ամբողջական ձեւով իրականացնել:

Այս տարբեր ազդակները ո՞ւր պիտի առաջնորդեն մեզ: Մէկ կողմէ չենք գիտեր, թէ մարդկութեան այս թուային աճը ո՞ւր կրնայ հասնիլ, միւս կողմէ` տնտեսական եւ արհեստագիտական միջոցներու լայն տարբերութիւնը տարբեր երկիրներու միջեւ, որ կենսամակարդակի անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ: Զարմանալի՞ է, որ Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն կամ այլ երկիրներէ գաղթականներ նոյնիսկ ծովը խեղդուելու վտանգը կ՛անտեսեն արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ հասնելու համար, իսկ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն տասնեակ հազարաւորներ Միացեալ Նահանգներու սահմանը կը փորձեն հատել` հակառակ բարձրացուած պատերուն, ընտանիքներու բաժանումին, արգելափակումին եւ այլն:

Դժբախտաբար այս հարցերը Արեւմուտքի եւ գերպետութիւններու հիմնական օրակարգին վրայ չեն, այլ անոնց միջեւ տնտեսական ու ռազմական սուր մրցակցութիւն մը առաջնահերթութիւն կը կազմէ: Հակառակ համագումարներու եւ գիտաժողովներու` մթնոլորտի ջերմացումը պիտի շարունակէ բարձրանալ, անոր հետեւող աղէտները աւելի սուր ու զգալի պիտի դառնան, աղքատ երկիրներ միջոցներ չունենալով` աւելի ծանր կերպով պիտի զգան անոր հետեւանքները, եւ երկրագունդի բնակչութիւնը շարունակելով աճիլ` նուազ միջոցներ պիտի գտնէ արժանապատիւ կենսամակարդակ մը ապահովելու իր բոլոր զաւակներուն համար:

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Դժուարութի՞ւն Կը Գտնէք Կեդրոնանալու. Տեսախաղերը Փորձեցէք

Յաջորդը

Հայ Մտաւորականութիւնը Պիտի Ըլլա՞յ Ազգի Իրաւութեան Գաղափարախօս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?