Տպաւորութիւններ` «Կոմիտաս» Թատերախաղէն
ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ե՜ս ալ գացի վերջապէս Գումգաբուի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ սրահը` հետեւելու համար «Եոլճու թիաթրօ» խումբին անունով, երկար ամիսներէ ի վեր ներկայացուած եւ թատերական հեղինակաւոր կեդրոններու կողմէ բազում մրցանակներու արժանացած թատերախաղին, որ կը կրէր «Կոմիտաս» խորագիրը, եւ որ նուիրուած էր հայ երգարուեստի անմահանուն ռահվիրայ Կոմիտաս վարդապետին: Կոմիտաս վարդապետին, որ ծնած էր 1869-ին, օսմանեան շրջանին, Կուտինայի մէջ, եւ որ ամէնուր...




















