Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հենրի Յակոբ Սիսլեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Նոյեմբեր 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Կեանքի մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպիս մարդոց, որոնք, հակառակ իրենց ունեցած գիտութեան, պաշարին, կարողութիւններուն եւ նուաճած բարձր դիրքերուն, կը մնան այնքան համեստ, այնքան խոնարհ ու ազնիւ, ինչպէս դուն էիր, սիրելի՛ քեռիս:

Ազնուական էիր ամէ՛ն պարագայի մէջ, ամէ՛ն մարդու հետ: Աշխատեցար լուռ, միշտ քուլիսներու ետին: Զոհուեցար ընտանիքիդ, ազգիդ եւ բարեկամներուդ համար` առանց որեւէ ակնկալութեան: ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր»-ի շրջանին մէջ եղար պատանի, եղար վարիչ: Եղար մարզիկ, դարձար ախոյեան: Մեծ սէր ունեցար շարժապատկերներու հանդէպ եւ, հակառակ անոր, որ չէիր մասնագիտացած այդ մարզին մէջ, նկարահանումներ կ՛ընէիր:

Տուպայի քարիւղի ամերիկեան ընկերութեան մէջ եղար տնօրէն: Ո՛չ մէկ ճիգ խնայեցիր յիշեալ երկրի հայկական գաղութին բարօրութեան ի խնդիր: Եղար ամերիկեան դպրոցի խնամակալ, կառուցեցիր ուսումնարաններ: Ստացար շքանշաններ:

Տարիներ ետք երբ վերադարձար քու ծննդավայրդ` Պէյրութ, հոս ալ, լուռ ծառայեցիր ազգիդ: Անձնուիրաբար եւ կատարեալ բծախնդրութեամբ հսկեցիր Ազգ. առաջնորդարանի, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» եւ «Փիւնիկ» սրահներու ճարտարապետական եւ այլ աշխատանքներուն: Կը յիշեմ, այդ օրերուն գրեթէ քեզ չէինք տեսներ. հոն էիր միշտ, կամաւոր աշխատանքիդ մէջ: Առաւօտեան ժամը վեցին, կազմ ու պատրաստ, լծուած էիր գործի: Տուն կը դառնայիր ո՛ւշ, երբ ապահովէիր, որ այդ օր ալ ամէն բան կատարուեցաւ անթերի կերպով: Եւ ինչպէս ամէն աշխատանք, զոր ստանձնեցիր եւ իրագործեցիր` այս մէկն ալ պիտի ամբողջացնէիր գերագոյն կատարելութեամբ:

Եւ այդ երկար տարիներու բեղուն աշխատանքներուն ընթացքին ո՛չ մէկ ծափահարութիւն, ո՛չ մէկ գովասանք կամ պարգեւատրում ակնկալեցիր: Հեռու էիր այդ տեսակ հանդիսութիւններէն: Չէիր սիրեր այդ բոլորը: Կը գործէիր` որովհետեւ այդ մէկը քու մարդկային եւ ազգային պարտականութիւնդ կը նկատէիր:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի քեռիս:

Բոլոր քեզ ճանչցողները սիրեցին ու յարգեցին քեզ` մեծ թէ պզտիկ: Յարգեցին քու վեհանձնութիւնդ, լայնախոհութիւնդ: Յարգեցին քեզ, որովհետեւ դո՛ւն ալ միշտ յարգեցիր զիրենք, ըլլան անոնք բարձրաստիճան դէմքեր, թէ համեստ մարդիկ: Սիրեցին քեզ, որովհետեւ միշտ եղար անոնց կողքին: Անոնք այս բոլորը վկայեցին քու բացակայութենէդ ետք ալ:

Իմ յիշողութեանս մէջ չկայ պահ մը, երբ տեսած ըլլամ դէմքիդ խոժոռութիւնը կամ լսած ըլլամ որեւէ գանգատ քու բերնէդ: Ամէնէն դժուար ու ծանր վիճակիդ մէջ անգամ` խաղաղութիւն մը կը ցոլար դէմքիդ վրայ: Եւ այդպէս անվրդով, այդպէս անշշուկ` բաժնուեցար մեզմէ:

Հիմա, այս աշխարհէն յաւէտ մեկնումէդ մօտ քառասուն օր ետք, տակաւին կը տեսնեմ քու բարի, անուշիկ դէմքդ: Կը լսեմ մեղմ ու քաղցր ձայնդ: Կը յիշեմ տուած խրատներդ` ինծի, զաւակներուս եւ ընտանիքի միւս անդամներուն:

Դժուար է ընդունիլ, որ դուն ա՛լ չկաս մեր մէջ, սակայն գիտենք, որ հիմա այս աշխարհէն շատ աւելի լաւ ու ապահով տեղի մը մէջ ես: Աստուծոյ քովն ես: Այս է մեր միակ մխիթարութիւնը սիրելի քեռի՛ս:

 

 

 

Նախորդը

Շողիկ Ակոբեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Մոնտիալ 2022

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?