Յօդուածներ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ` յունուար 18-էն փետրուար 23, Առաջաւորաց Պահքին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակը: Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ յոյն էր, Կեսարիոյ Գամիրք գաւառէն: Ան հռոմէական բանակի զօրավար էր եւ արիութեան համար Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր կողմէ Կապադովկիոյ կայսերական զօրքի հրամանատար նշանակուած էր: Սուրբ Սարգիս, զինուորական իր պարտականութիւններուն կողքին, եւ օգտուելով կայսեր թոյլտուութենէն,...

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Փոթորիկ է մէջս: Արթնցած եմ կէս գիշերէն ետք` առանց պատճառի, բոլորովին շուարած եւ ինքզինքս կորսնցուցած վիճակի մէջ: Լռութիւնը տիրական է: Կարծես աշխարհը պահ մը կանգ առած է իր խոլ վազքէն (յայտնի ալ չէ, թէ դէպի ո՛ւր կը վազէ): Կը թուի ինծի, թէ առանձին եմ, եւ ամէն բան խանգարուած է հիմա: Բերձորի ճամբան փակ է, կազամատակարարումը` ընդհատուած, եւ հարիւր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Անձի Պաշտամունքի Եւ Թուրքը Ճանչնալու Մասին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը օր առաջ գրադարանիս մէջ գիրք մը կը փնտռէի, երբ ձեռքս անցաւ բարակուկ, հազիւ 20 էջնոց երգարան-պրակ մը, որ լոյս տեսած է 1945-ին, Հալէպ: Ընթերցողս քիչ ետք կրնայ հետեւցնել, թէ հրատարակողը ի՜նչ որակի հայրենասէր մըն էր): Անոր մէջ կար երգ մը, որուն պատճէնը կ՛ընկերանայ տողերուս: Խորագիրը` «Ջա՜ն, Ստալի՛ն»: Յիշողութեանս մէջ արթնցան հեռո՜ւ յիշատակներ: Մանկութեանս, Հալէպի մէջ, կարգ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչի՞ Մասին Է Խօսքը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Արցախի շրջափակման 51-րդ օրն է, եւ հայութեան համաշխարհային զօրաշարժը մտած է իր տարերքին մէջ: ՀՅԴ համաժողովրդական համակարգը ամէն կողմ է: Նոյնպիսի թափով կը գործեն սփիւռքի միւս քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները: Յանկարծ Արցախի պահանջատիրական խօսոյթը նոյն նշանաբանով կը թուի գործել հայ կեանքի բոլոր շերտերէն: Արցախը կը գտնուի իր կենաց-մահու մարտահրաւէրին առջեւ, եւ Արցախի փրկութիւնը ամբողջ հայութեան աւագ խնդիրն է...

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Շուրջ 50 օր պիտի ընէ, որ Ազրպէյճան, այսպէս կոչուած, «բնապահպան»-ներու ձեռամբ փակ պահած է Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը: Այս պատճառով ալ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամային կացութիւն ստեղծուած է, հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ սնունդի տագնապը, դեղատուներուն մէջ կը տեսնուի մանուկներու սննդեղէնի եւ ընդհանրապէս դեղերու պակաս, նաեւ զգալի է վառելանիւթի պաշարներու նուազում:...

Զանգուածներու Կեղծ  Յիշողութիւնը

Զանգուածներու Կեղծ Յիշողութիւնը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Ինչպէ՞ս մարդկային զանգուածները կրնան նոյն կեղծ յիշողութիւնը ունենալ: Տարօրինակ այս երեւոյթը, որ անուանուած է «Մանտելայի տպաւորութիւն», այժմ կ՛ուսումնասիրուի մասնագէտներու կողմէ: «verywellmind» կայքը այս առնչութեամբ հրապարակած է յօդուած մը: Ն. «Մանտելայի տպաւորութիւն»-ը «Մանտելայի տպաւորութիւն»-ը կը վերաբերի իրավիճակի մը, երբ մարդոց  մեծ զանգուած մը կը կարծէ, թէ իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է, երբ ատիկա տեղի չէ ունեցած: Եզրը ստեղծուած է 2009...

Մի՛ Շեղէք Սլաքները

Հա՞յ, Թէ՞ Սփիւռքահայ

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Խորագիրը ընթերցողին առաջին պատասխանը հաւանաբար «Բնականաբար հա՛յ» ըլլայ: «Բնականաբա՛ր հայ» պատասխանելու են ոմանք` ազգային հաւաքական կեանքը պառակտումէ հեռու պահելու, հայաստանցի-սփիւռքահայ, արեւմտահայ-արեւելահայ, հայախօս-օտարախօս, սուրիահայ-լիբանանահայ, ֆրանսահայ-ռուսահայ բաժանարար գիծերը մերժելու եւ «Անկախ տարբերութիւններէն, բոլորը հայ են»-ի «Մենք մէ՛կ ազգ ենք»-ի ճշգրիտ պարունակին եւ հասկացողութեան մէջ մնալու համար: Սոյն յօդուածը այս մօտեցումին մասին չէ, այլ կը փորձէ սփիւռքեան պարունակին մէջ խորագիրին...

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Բացուի՛լ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Երբ կը խօսուի բացուելու մասին, հարցը ինծի համար կը ներկայանայ զոյգ երեսներով` ճանչնալ եւ ճանչցուիլ: Այս ընկերական զրոյցը բնականաբար նկատի պիտի առնէ ճանչնալու եւ  ճանչցուելու հաւաքական ոլորտը, ինչ որ, սակայն, զանց չ՛առներ նաեւ անհատական ոլորտը, որ, ուզենք կամ չուզենք, իր դերը կը խաղայ հաւաքական ճիգին մէջ ալ: Բայց այդ արդէն կրնայ ուրիշ մտորումներու նիւթ դառնալ: Նաեւ, բնականաբար, պիտի խօսուի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանի Կենսագրութիւնը (*)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան ծնած է 1895-ին, ապտիւլհամիտեան ջարդերու օրերուն, Եդեսիա-Ուրֆա: Ան զաւակն է Պետրոս եւ Եղիսաբէթ Ալահայտոյեաններուն: Յովսէփ ունեցած է երկու եղբայրներ` Մովսէս եւ Յարութիւն, եւ չորս քոյրեր` Ֆերիտէ, Հռիփսիմէ, Եղիսաբէթ, Մարի, որոնք բոլորն ալ ազատած են ջարդէն եւ հասած են Հալէպ: Ալահայտոյեան գերդաստանին բուն մականունը եղած է Եկներեան, սակայն կենցաղային պատճառով մը փոխուած...

1930 – 2020.  90 Տարեկան Ճեմարանը

Համազգայինի 95-Ամեակ Ճեմարան

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Զոքաք Էլ Պլաթ - Նշան Փալանճեանի շէնքը Ընդհանրապէս յոբելեանականները 15-50-75-100 տարիներու ծառայութեամբ կը յատկանշուին: Համազգային մշակութային միութեան 95-ամեակի նշումը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ իբրեւ միութիւն` անոր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ մեծ իմաստ ու տարողութիւն ունի: 95-ամեակի յօդուածաշարքովս պիտի փորձեմ իւրաքանչիւր մարզի մէջ Համազգայինի ներդրումը մատնանշել, որպէսզի աւելի եւս շեշտուի կատարուածին կարեւորութիւնը ու լուսարձակի տակ բերուի յառաջիկայ...

Հոգելոյս Եփրեմ Արք. Թապագեան

Հոգելոյս Եփրեմ Արք. Թապագեան

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Անձիս համար անակնկալ մը չեղաւ մահուան գոյժը, որ հաղորդուեցաւ  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու միաբանութեան, որուն երիցագոյն անդամներէն էր  հոգելոյս սրբազանը: Գոյժէն քանի մը օր առաջ պարբերական մեր հեռախօսային զրոյցներէն վերջինին ըսած էր.  «Ուժաքամ եմ, Միհրա՛ն, անկողինէս ելլելու ի վիճակի չեմ, յատկապէս վերջին օրերուն սուր ցաւերու մէջ կը տառապիմ, այլեւս ցաւազերծող դեղերն ալ ոչ մէկ օգուտ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայ Երեք Համայնքապետներուն Նախագահութեամբ Աղօթք` Եկեղեցիներու Միութեան Համար Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը աւանդաբար կը յիշատակուի յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը: Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, 22 յունուարին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցիներու միութեան օրուան նշում, բնաբանն էր Եսայի մարգարէութեան հետեւեալ համարը. «Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք...» (Ես 1.17): Ողջոյնի խօսք արտասանեց Զարեհ քհնյ. Շաքարեան խնդրելով Աստուծմէ, որ Իր...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Թրքական «Խաղաղասիրութիւն»

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սիրելի ընթերցողը քաջատեղեակ է, որ մեր դարաւոր թշնամին հարեւանն է մեր հայրենիքներուն` Հայաստանին եւ Սուրիոյ: Քեսապ հայաւանը` ծննդավայրս ու բնակավայրս, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան ծայրամասին, Միջերկրական ծովուն ափերուն կը գտնուի, կպած է Թուրքիոյ սահմանագիծին: Այդ սահմանագիծը իր երեք կողմերով աքցանի մը մէջ առած է կարծես Քեսապը: Սահմանագիծը, Թուրքիոյ բռնագրաւած (1937-ին) Ալեքսանտրեթ նահանգին (այժմ` Հաթայ) սահմանագիծն է: Ալեքսանտրեթ նահանգին...

«Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնագիր Ստորագրեն»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Պաքուի Ուզած Համաձայնութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անգամ մը եւս կրկնեց Արցախի հարցը արդէն լուծուած ըլլալու մասին իր յայտնի յանկերգը: «Հայ-ազրպէյճանական ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է, այդ հակամարտութիւնը արդէն լուծուած է: Ղարաբաղը կը մնայ Ազրպէյճանի անբաժանելի մասը եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ», պնդած է Ալիեւ` աւելցնելով. «Սակայն խաղաղութիւնը տակաւին ձեռք չէ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ-ի Արցախի Շարքերը Համալրուեցան 28 յունուարին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին ՀՅԴ շարքերը համալրուեցան 4 նոր անդամներով: Անոնք երդում տուին միշտ հաւատարիմ մնալու ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին: Երդման արարողութեան կնքահայրն էր վաստակաւոր կուսակցական...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ղարաբաղի Խանութեան Ջնջումը Եւ Ռազմական Շրջանի Կազմաւորումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ղարաբաղի Խանութեան Ջնջումը Եւ Ռազմական Շրջանի Կազմաւորումը

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի` Հրաժարեալ Կաթողիկոս ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Թիֆլիսի հայոց առաջնորդանիստ Վանքի եկեղեցին (այժմ աւերուած) Էջմիածնի պարտքերուն լուծում գտնելու եւ պարսկական բռնութիւններէն խոյս տալու նպատակով Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոս Շուշի ապաստան գտած էր: Ռուսական կառավարութիւնը կաթողիկոսէն կը պահանջէր որ ռուսական հողերէն հեռանայ եւ Էջմիածին վերադառնայ, պարսիկներուն հետ բախումի առիթ չտալու համար: Եթէ կաթողիկոսը տրամադիր չէ ենթարկուելու, պէտք է հրաժարի գահէն: Եփրեմ...

Ակնարկ.  Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ

Ակնարկ. Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հնչող ամէնէն տարածուն երգերէն մէկն է «Joy to the world»-ը (հայերէնով` «Ծա՛փ զարկ, աշխա՛րհ, ցնծա՛ այսօր»): Չորեքշաբթի, 25 յունուարին այս երգը` այսինքն ցնծութեան հրաւէրը հնչեց ուրիշ բովանդակութեամբ եւ աշխարահատարած երգչախումբի մը կողմէ:  Ծափ զարնող-ցնծացողները եղան... զէնքի ճարտարարուեստի տիտանները: Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Գերմանիոյ վարչապետը եղան գլխաւոր մեներգողները, իսկ երգչախումբին մաս կազմեցին...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Ի.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախորդ` ԺԹ. մասը աւարտեցինք մեր առաջին նախահայրերէն հուրրի` ձիերու մասնագէտ Քիքքուլիի, որ ճանչցուած է իբրեւ «Միտաննիներու երկրէն վարպետ ձի մարզող», այսինքն` Հայաստանէն, մարտակառքի ձիեր մարզելու եւ խնամելու ՔԱ շուրջ 1345-ին գրած ուղեցոյցէն, օրերու վրայ երկարող մարզումի եւ սնունդի մանրամասն վարժութիւնը մինչեւ 34-րդ օրը (1): Ստորեւ` ուսուցման մինչեւ 75-րդ օր շարունակութիւնը: «Օր 38. Առաւօտուն ձին լողացնել, ապա` 10 քմ...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Արխիւային Այս սիւնակով պիտի հրատարակուին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով լոյս տեսած տարբեր պարբերականներու անցեալի թիւերէն յօդուածներ, որոնք չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, յօդուածներ, որոնք լոյս կրնան արձակել անցեալին վրայ` գաղափար տալու համար, թէ այդ ժամանակ կեանքը ինչպէ՛ս կ՛ընթանար եւ յօդուածներ, որոնք շահեկան տեղեկութիւններ կրնան տրամադրել ընթերցողին: Սոյն երկու յօդուածներով լուսարձակի տակ կ՛առնուին մեր ժամանակներուն նաեւ տակաւին առկայ ընկերային-առողջապահական երկու...

Սթափելու Ժամանակը

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանանի մէջ ապրող ամէն մարդ, երկրին քաղաքացի կամ ոչ, իրաւամբ կրնայ հարց տալ, թէ տակաւին գոյութիւն ունի՞ լիբանանեան պետութիւն: Կառավարող իշխանութեան ձեւականութեան մասին չէ խօսքը, այլ` Լիբանանի Հանրապետութիւն կոչուած պետութեան մասին է, այն կազմակերպ ու օրինակարգ համակարգին, որ կոչուած է պաշտպանելու երկրին ամբողջականութիւնը, կարգն ու կանոնը, քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, ապահովելու անոնց կենսական կարիքները` սնունդ, առողջութիւն, ջուր եւ ուժանիւթ, վերջապէս`...

Page 285 of 1111 1 … 284 285 286 … 1,111

Արխիւներ