Յօդուածներ

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի` բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն Ազրպէյճան պիտի չխուսափի մարդկային իրաւունքներու կապուած լուրջ խախտումներէն` առանց բարձր գին վճարելու: Ազրպէյճան ծաղրի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին առջեւ: Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրտողանի բռնապետութենէն,...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Եռամիասնութի՜ւն…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հաստատում (խտացուած) Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու,  բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է: Իր անչափելի կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի հսկայ աղբիւր` կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը` գործնապէս նպաստելու ինքզինքին, Հայաստանին,  ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրացման պայքարին... Սակայն մտքերու մէջ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ

Վերջին շրջանում փաշինեանական վարչակարգը իրականացնում է շեշտուած ու բացայայտ հակառուսական քաղաքականութիւն: Յիշենք այդ քաղաքականութեան մի շարք դրսեւորումներ. Նիկոլ Փաշինեանը մերժեց ստորագրել Երեւանում գումարուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովի հռչակագիրը, հայկական կողմը հրաժարուեց մասնակցել Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Մոսկուայում կայանալիք Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտգործնախարարների բանակցութիւններին, չեղարկեց 2023 թ. Հայաստանում ՀԱՊԿ միացեալ ուժերի զօրավարժութիւնների անցկացումը, մինչ այդ պաշտօնական Երեւանը անցանկալի անձ էր յայտարարել...

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Առաջին Թիւը

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Առաջին Թիւը

ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023 թուականի առաջին թիւը արդէն համացանցի վրայ է: Նկատի ունենալով օրուան հրատապ հարցերը` «Դրօշակ»-ի այս թիւի նիւթերը հիմնականին մէջ առնչուած են Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած փորձութիւններուն եւ յատկապէս Արցախի շրջափակման: Թիւին առաջնորդող յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի արտաքին ազդեցութիւններու տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած անհեռանկար ու վտանգաւոր քաղաքականութեան, յատկապէս` իր դաշնակիցներուն նկատմամբ եւ նոյնքան վտանգաւոր սիրաբանութեան Հայաստանն ու...

Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը

Բնակա՞նը, Թէ՞ Բնութիւնը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու յաջորդող օրերուն այս հարցումը կը յոգնեցնէ ուղեղս, երբ իւրաքանչիւր քայլափոխիս, աղբի կեդրոններու կողքին, կը հանդիպիմ նետուած տօնածառերու, երեւոյթ մը, որ ընդհանրապէս տարածուած է  աշխարհասփիւռ երկիրներու բարեկեցիկ թաղերուն մէջ: Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը սկսին երեւնալ բնական տօնածառերը եւ անոնց լոյսերն ու  զարդերը: Շուկաներու մէջ առատօրէն կը ցուցադրուին նուէրներ ու խաղալիքներ, խմիչք ու քաղցրաւենիք, ...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Նիկոլ Փաշինեան Երեւոյթը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը Եւ…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեւոյթը... ֆենոմենը... Ոչ թէ անձը, այլ` հայ քաղաքական կեանքի եւ բեմի վրայ ստեղծուած եւ շարունակուող  անօրինակ կացութիւնը: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ նման նախընթաց կա՞յ, թէ՞ ոչ, որ պարտուած, հազարաւոր զոհերու, հայրենիքի անվտանգութեան եւ տարածքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ձախողած պատասխանատուն, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս, որուն քաղաքականութիւնը յատկանշուած ըլլայ կորուստներով, որուն կը պարտադրուին զիջումներ, զորս ան գլխահակ կ՛ընդունի, եւ որոնք...

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու փետրուար 2004 թուականին, երբ Թուրքիոյ օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդականն էր, ստեղծեց «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքական ուղեգիծը, որ դարձաւ թրքական պետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքը, սակայն ի վերջոյ ձախողեցաւ: Փոխան զերօ խնդիրներու` Անգարան իր բոլոր դրացիներուն հետ ստեղծեց խնդիրներ: Այսօր` 14 մայիս 2023-ին նախատեսուած նախագահական ու խորհրդարանական...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Իմ պաշտելի կազմակերպութիւնը հայոց բանակն է»: ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Հաւանաբար ճի՛շդ պիտի ըլլար արձանագրել խայտառակութիւն գոյականը, փոխան ինքնախաբէութեան, ցոյց տալու համար հայութեան կրած վիրաւորանքին  տարողութիւնը` ինչ կը վերաբերի հայոց բանակին ունեցած վերջին տարիներու խոր վէրքին, պարտութեան, անկազմակերպ վիճակին, հաւաքական խեղճութեան, մտքի խարխափումին, հոգիի դալկութեան, կամքի շիջումին, զինուորական ունակութեան նուազումին, արհեստավարժի տեղատուութեան, սթափ ու տեղին հարուածելու կարողութեան ոչ նախանձելի...

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Չորեքշաբթի օր, լիբանանահայ քաղաքացին մէկ կողմ դրած իր սեփական տագնապներն ու երկրի դիմագրաւած զանազան դժուարութիւնները, ընդառաջեց հայկական կուսակցութեանց կոչին եւ Պեքաայէն Պուրճ Համուտ, ու հայահոծ շրջաններ իր միացեալ խօսքը ուղղեց մերժելով ազրպէյճանաթրքական հայաթափման եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը եւ զօրակցելով առանձինն պայքարող Արցախին: Փակուեցան ազգային, միութենական հասարակական կրթական հաստատութիւնները խորհրդանշական կերպով երկու ժամ: Հայ մարդիկ փակեցին իրենց հաստատութիւնները, իսկ...

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Յոյժ նշանակալից տարի է համասփիւռքեան թատերարուեստի համար 2023 թուականը. նշանակալից եւ անշուշտ` յատկացուցիչ, վասնզի   կը լրանայ ազգային մեծանուն երախտաւոր, գործարար, բեմադրիչ, բեմագիր, դերասան Գասպար Իփէկեանի (Կ. Պոլիս, 19 յունուար 1883 Պէյրութ,  30 դեկտեմբեր, 1952) ծննդեան 140-ամեակը: Վստահ ենք, որ տարին յոբելենական ըլլալէ զատ`  համասփիւռքեան թատերարուեստի ազգապահ գործունէութեան` ցայժմ իր ծիրին մէջ վերընթաց շարժումի կը վերածուի: Տակաւին շուրջ...

Նորօրեայ Առասպե՞լ, Թէ՞ Մարդիկ Խաբելու Արուեստը

Նորօրեայ Առասպե՞լ, Թէ՞ Մարդիկ Խաբելու Արուեստը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ տարածուած երեւոյթ եղած է առեղծուածային պատմութիւններու հրապարակումը, տարածումը թերթերու, պատկերասփիւռի, շարժապատկերներու եւ այժմ համացանցի միջոցով: Կարգ մը խմբակներ օգտագործելով շատերու սնահաւատութիւնը եւ  միամտութիւնը` կը հիւսեն առասպելներ, որոնք որպէս իրականութիւն «կը վաճառեն»: Անշուշտ նոյնպէս կան մութ ուժեր, որոնք չես գիտեր` ի՛նչ շահեր կը հետապնդեն: Ամերիկեան քանի մը կայքերէ քաղելով` կը ներկայացնենք Մոնթանայի Լանկվիյ աւանի...

Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի հետ ամբողջ հայութիւնը անգամ մը եւս խոր ցնցում եւ յուզում ապրեցաւ` իմանալով, որ 19 յունուարի կանուխ ժամերուն, Գեղարքունիքի մարզի  սահմանամերձ Ազատ գիւղի զինուորական մէկ կացարանին մէջ աղէտալի հրդեհ մը պատահած է եւ խլած` 15 մատղաշ զինուորներու կեանքը: Ահաւոր ողբերգութիւնը ստեղծեց տարբեր արձագանգներ, դուռ բացաւ հազար ու մէկ քննադատութիւններու, քննարկումներու, մեկնաբանութեան: Այդ բոլորէն անդին` դաժան իրականութիւնը այն է,...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբուժներու Եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Եւ Անկէ Ետք

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 2018-ին հրատարակեցինք «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը: Իբրեւ վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդը, նաեւ իբրեւ բժիշկ` պարտք զգացինք անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին` արթնութեան հրաւիրելու համար ներկայ դարուն ապրող բժշկական դասի բոլոր անդամները, յուշելու, որ մեր ճիտին պարտքն է չմոռնալ մեր նահատակ գործընկերները, հետապնդել մեր արդար...

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

«Արցախը մե՛րն է», «Մե՛նք ենք Արցախը», «Կեցցէ՛ արցախահայութիւնը» եւ նման կարգախօսներով լիբանանահայութեան բոլոր շերտերը երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի դիմացէն իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնեցին արդէն իսկ 45 օրերէ ի վեր շրջափակման մէջ եղող, կենցաղային, մարդկային, առողջական, ջեռուցման, սնունդի, դեղորայքի եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնած, սակայն պայքարող եւ իր...

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Շաբաթ, 21 յունուար 2023-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան: Հանդիսութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ` Քանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան բեմավարներ Յակոբ Հատիտեան եւ Եսենիա Քելլէեան, որոնք դիտել տուին, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Եւ Ընթերցում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամին Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 15 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, մեկնեցաւ Հասիչէ` հովուական այցելութեամբ յիշատակելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Հայր սուրբը իր քարոզէն առաջ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա....

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Որքանո՞վ կախուածութիւն կը յառաջացնեն սայլոսայպինի սունկերը Կը թուի, թէ սայլոսայպինի սունկերը մարդոց մօտ կախուածութիւն յառաջացնելու շատ տկար ներուժ ունին: Չեն պատահած զգալի դէպքեր, երբ մարդիկ սունկի վնասակար կախուածութիւն ունեցած են: Սայլոսայպինի մասնիկները չեն ազդեր որեւէ ներածին ջղային հաղորդիչի (endogenous neurotransmitter) քանակի վրայ, ոչ ալ ուղեղի ջղային հաղորդիչներու առկայ պաշարները օգտագործելով` կ՛ազդեն ջղային ընկալիչներու աշխուժացման վրայ (ինչպէս` քոքայինը կամ...

Մինչեւ Ե՞րբ

«Սփիւռքի Տարի»

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Երկրորդ տարին ըլլալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հռչակէ «Սփիւռքի տարի»` կոչ ուղղելով սփիւռքի բազմաշերտ գաղութներուն` միասնական ճիգով, թափով ու կորովով վերակազմակերպուելու, վերաշխուժանալու եւ Հայաստանի ու Արցախի կողքին մնալու: Փաստօրէն անցնող շաբաթներուն 120 հազար արցախահայերու շրջափակման եւ այդ պատճառով յառաջացած կենցաղային, մարդկային, առողջական եւ այլ ճգնաժամին պէտք եղած ուժգնութեամբ չարձագանգեց սփիւռքահայութիւնը: Սփիւռքը լուռ է, եւ այս մէկը նոր...

Մեր Կորուստները.   Մահացաւ Նշանաւոր Երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան

Փունջ Մը Լուսաւորող Ժպիտ Մասիս Արարատեանի Յիշատակին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կորսնցուցինք Մասիս Արարատեանը. հայ ժողովուրդին` հայրենի եւ սփիւռքի հայութեան համար հաւասարապէս մեծ կորուստ է Մասիս Արարատեանի վերջին հրաժեշտը: Ու թէեւ ծերունազարդ, բայց մի՛շտ երիտասարդ արուեստագէտին կեանքի մոմը մարեցաւ, սակայն անոր անմար կրակը պիտի շարունակէ լուսաւորել մեր մութ ու լոյս օրերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրած էր իր իմացական կեանքի ողջ տեւողութեան, պիտի շարունակէ բաշխել իր երգիծանկարներէն տարածուող ժպիտը, որովհետեւ,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Բազմաթիւ Գիրքերու Հեղինակ Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան` Հայաստանի Գրողներու Միութեան Անդամ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է, յունուար 18-ին դարձաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան պատուաւոր անդամ եւ գրական վաստակին համար արժանացաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետալին: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ծանօթացած եմ հեղինակին «Դանիէլ Վարուժան` հոգեբանութեան ծիրէն ներս» գիրքին, որուն մէջ բազմաթիւ հարցումներու...

Page 286 of 1111 1 … 285 286 287 … 1,111

Արխիւներ