Արցախի շրջափակման 51-րդ օրն է, եւ հայութեան համաշխարհային զօրաշարժը մտած է իր տարերքին մէջ: ՀՅԴ համաժողովրդական համակարգը ամէն կողմ է: Նոյնպիսի թափով կը գործեն սփիւռքի միւս քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները: Յանկարծ Արցախի պահանջատիրական խօսոյթը նոյն նշանաբանով կը թուի գործել հայ կեանքի բոլոր շերտերէն: Արցախը կը գտնուի իր կենաց-մահու մարտահրաւէրին առջեւ, եւ Արցախի փրկութիւնը ամբողջ հայութեան աւագ խնդիրն է այս պահուն:
Այս ընդհանուր համախոհութեան եկած է միանալու նաեւ Փաշինեանական իշխանութիւնը… որ ցարդ կը խօսէր կրաւորական դիրքերէ: Ան կ՛ըսէր, որ այս հարցը իրը չէր: Ան ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՆ Էր եւ, հետեւաբար, ան լուծում պէտք էր գտնէր Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններով: Ան նաեւ կ՛ըսէր, որ Լաչինի միջանցքի վերահսկողութիւնը կը պատկանէր Ռուսաստանի, հետեւաբար այս վերջինին միայն պէտք էր կապել մեր ակնկալութիւնները եւ ո՛չ Հայաստանի իշխանութեան: Նոյնիսկ հնչեց այն անհեթեթ միտքը, որ Հայաստան ի վիճակի չէր Արցախի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ուրեմն չունէր նաեւ որեւէ պարտաւորութիւն այդ ուղղութեամբ որեւէ նախաձեռնութեան դիմելու: Այս կրաւորականութիւնը յանկարծ վերջ գտած ըլլալ կը թուի, եւ մենք նոր ու, ըստ էութեան, ողջունելի փուլ մը մտած ըլլալ կը թուինք Արցախի շրջափակման ճգնաժամը հետապնդելու հարցով: Շրջադա՛րձ մը, որ կրնայ պատմական ըլլալ, եթէ ան բխի գաղափարական հարազատ ակունքներէ: Հետեւաբար պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, եւ թէ ո՞ւր կ՛երթայ պետական այս նոր քաղաքականութիւնը:
Փաշինեանական իշխանութիւնը մտած է համաշխարհային այս զօրաշարժին մէջ ծանր քննադատութեան ենթարկելով Ազրպէյճանը 2020 նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի համաձայնագրի պայմանները ոտնակոխած ըլլալուն համար: Ան նոյնիսկ կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի դիտաւորութիւնները ցեղասպանական բնոյթ ունին: Ազրպէյճան որոշած է հայաթափել Արցախը: Հետեւաբար երկրի ներկայ շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ այլ բան չէ, եթէ ոչ` բացայա՛յտ եղեռնագործութիւն: Այս բոլորը ըսելէ ետք, սակայն, փաշինեանական իշխանութիւնը էապէս կը մնայ իր դիրքերուն վրայ: Ան չէ փոխած իր հիմնական քաղաքականութիւնը արցախեան հիմնահարցի կապակցութեամբ: Այս առումով, մեծ խրամատ մը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ փաշինեանական իշխանութեան եւ Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին միջեւ` կապուած Արցախի կարգավիճակին: Արցախի ազգընտիր իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կը պնդեն, որ ԱՐՑԱԽԸ ՉԻ ԼԻՆԵԼՈՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒՄ, իսկ փաշինեանական իշխանութիւնը պատրաստ է Արցախը յանձնելու Ազրպէյճանի գերիշխանութեան` Արցախի հայութեան համար անվտանգութեան ենթադրեալ երաշխիքներ ապահովելու դիմաց:
Պարզ է, որ Արցախի ներկայ շրջափակումը օդին մէջ չէ, որ տեղի կ՛ունենայ: Արցախը շրջափակուած է իր վճռական յանձնառութեան համար: Արցախի ժողովուրդը կը պատժուի համարձակօրէն ՈՉ ըսած ըլլալուն համար Ազրպէյճանի յաւակնութիւններուն եւ փաշինեանական իշխանութեան դասալքութեան: Արցախ անգամ մը եւս յստակ ըրած է աշխարհին (առաջին հերթին` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի), որ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՀԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ ՉԷ: Արցախ մտած է այս պայքարին մէջ յստակ մտատեսիլով: Իր ինքնիշխանութեան տէր կանգնելու աներե՛ր մտատեսիլով: Եւ, անշուշտ, համայն հայութիւնը (Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ) իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կանգնած է Արցախի ժողովուրդի կողքին` ի խնդիր եւ ի յարգանս եւ ի պաշտպանութիւն Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին: Փաշինեանական իշխանութիւնը իրաւունք չունի Արցախի ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աղաւաղելու: Իրաւունք չունի միջազգային բեմերու վրայ «ողջամիտ» լոզունգներ առաջ քաշելու` ըսելով, որ ընդամէնը պէտք է վերցնել շրջափակումը` մնալով այն տեսակէտին վրայ, որ Արցախը կը պատկանի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան… Ընդամէնը պէտք է երաշխաւորել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Ո՛Չ: Այդ նահանջական թեզը վարկաբեկուած է նոյնիսկ փաշինեանական դաշտին մէջ:
Gallup-ի վերջին հարցախոյզը վերջնականօրէն կը հաստատէ, որ Հայաստանի մեր ժողովուրդին աւելի քան 94%-ը կը մերժէ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան գաղափարը: Հետեւաբար փաշինեանական իշխանութեան քաղաքականութիւնը հիմք չունի այն իսկ ընտրազանգուածին մէջ, որուն անունով կը սիրէ խօսիլ վարչապետ Փաշինեան: Հետեւաբար ժամանակն է, որ վարչապետ Փաշինեան հրապարակաւ ընդունի այս փաստը եւ միանգամընդմիշտ փակէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան այս ամօթալի էջը:
ՄԱԿ-ի Արդարութեան միջազգային դատարանին առջեւ հայկական թեզը ներկայացնող փաստաբաններէն մէկը շարունակաբար կը խօսէր այն մասին, որ Արցախի ժողովուրդը Ազրպէյճանի քաղաքացիներն են… Պարզ խօսքով, Հայաստան կը ներկայանար միջազգային իրաւունքի այս աւագ հաստատութեան Արցախը Ազրպէյճանին արդէն իսկ յանձնած ըլլալու ենթաթեքսթով: Ասիկա ոչ միայն կը հակասէ Արցախի ժողովուրդի դիրքորոշումներուն, այլեւ ինքնաբերաբար կը նախորոշէ ճակատագիրը Արցախի: Յանկարծ կը պարզուի, որ Արցախի ապաշրջափակման ճիգերը Հայաստանի կողմէ, ինքն ըստ ինքեան, կը միտին Արցախի կարգավիճակի հարցը ի նպաստ Ազրպէյճանի լուծելու գործողութեան մը, որ յղի է շատ ծանր հետեւանքներով: Արցախը այս բնոյթի օգնութեան պէտք չունի: Thanks but no thanks! Այս գնով «շահուած» ապաշրջափակումը (եթէ իսկ յաջողի) Արցախի հայաթափման ծրագրին մէկ այլ տարբերակն է, որ կը հայթայթէ թշնամիին:
Հետեւաբար կենսական է, որ Հայաստան պաշտօնապէս եւ անյապաղ յարի Արցախի ինքնիշխան պետութեան եւ ժողովուրդի դիրքորոշման եւ իւրացնէ արցախեան այս հարազատ վարդապետութիւնը որպէս միակ ճանապարհ: Կենսական է, թէ յայտարարէ, թէ ԱՐՑԱԽԸ ՉԷ ԵՒ ՉԻ ԼԻՆԵԼՈՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ: Առանց այս յստակ դիրքորոշման` փաշինեանական իշխանութիւնը կը սատարէ միայն թշնամիի քաղաքականութեան առաջադրութիւններուն:
1 փետրուար 2023