Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

Յունուար 30, 2023
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լիբանանի մէջ ապրող ամէն մարդ, երկրին քաղաքացի կամ ոչ, իրաւամբ կրնայ հարց տալ, թէ տակաւին գոյութիւն ունի՞ լիբանանեան պետութիւն: Կառավարող իշխանութեան ձեւականութեան մասին չէ խօսքը, այլ` Լիբանանի Հանրապետութիւն կոչուած պետութեան մասին է, այն կազմակերպ ու օրինակարգ համակարգին, որ կոչուած է պաշտպանելու երկրին ամբողջականութիւնը, կարգն ու կանոնը, քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, ապահովելու անոնց կենսական կարիքները` սնունդ, առողջութիւն, ջուր եւ ուժանիւթ, վերջապէս` ամէն բան, որ անհրաժեշտ է արժանավայել կեանքին համար բոլոր քաղաքացիներուն:

Պէյրութի նաւահանգիստի ահեղ պայթումը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ, եղան քանդումներ: Բնականաբար, անկախ վնասներու հատուցումէն, որ իրականացաւ մասնակիօրէն ոչ պետական միջոցներէ, պէտք է սկսէր հետաքննութիւն, որպէսզի երեւան հանուէին պատասխանատուները եւ թերացողներն ու յանցաւորները պատժուէին: Իրողապէս, սկսաւ հետաքննութիւնը, սակայն շուտով նշանակուած հարցաքննիչ դատաւորը բախեցաւ լիբանանեան որակի անանցանելի պատնէշի մը` անկարելիութեան հարցաքննելու պետական պատասխանատուներ, պաշտօնեայ կամ իշխանաւոր (հին կամ նոր երեսփոխան, նախարար): Կատարուեցան, անփութութեան կասկածանքով, նաւահանգիստին մէջ գործող պաշտօնեաներ ու ձերբակալութիւններ: Բայց հետաքննութիւնը կանգ առաւ, հազիւ սկսած: Մէկ կողմէ զոհերու հարազատները արդարութեան պահանջով բողոքի ցոյցեր կատարեցին, միւս կողմէ արգելափակուած անձերու հարազատները օրէնքի նախատեսուած պայմաններով քննութեան շարունակումը եւ արդարացողներուն ազատ արձակումը պահանջեցին: Հետաքննութիւնը դադրելէն տասներեք ամիս ետք վերսկսաւ, սակայն իրաւասութիւններու հետ առնչուող հարցեր դատախազութիւնը եւ Արդարութեան բարձրագոյն մարմինը մէկ կողմէ, հարցաքննիչ դատաւորը միւս կողմէ դրին հակադիր դիրքերու վրայ, իւրաքանչիւրը պաշտպանուած բողոքող կողմերէն մէկուն եւ միւսին կողմէ: Հիմա կարելի է հարց տալ. Լիբանանի մէջ այդ կոչումին արժանի դատական համակարգ գոյութիւն ունի՞: Դատական համակարգը անկա՞խ է քաղաքականէն, ինչպէս պէտք է ըլլայ ինքզինք յարգել գիտցող որեւէ հանրութեան մէջ:

Լիբանանեան դրամանիշը մնայուն արժեզրկման ենթակայ է: Տոլարին դիմաց երկար տարիներ 1500 լիբանանեան ոսկի արժելէ ետք, այժմ արդէն թեւակոխած է 60.000-ը բաժանուած 40-ով): Ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենայ քաղաքացիին առօրեան քաոսի մատնող, գիները բարձրացնող, աղքատութիւնը համայնացնող այս խեղկատակութիւնը: Ո՞վ կամ որո՞նք են այս տարապայման անկումին պատասխանատուները, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ լիբանանցիներու թշուառացումը: Հարցումներ, որոնք տրամաբանական ու բանաւոր պատասխան չունին: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ երկու օրերու ընթացքին տոլարի փոխարժէքը կ՛աւելնայ տասը հազարով, ապա կը նուազի շուրջ ութ հազարով, յաջորդ օրը կրկին մագլցելու համար 60 հազարի սահմանները: Ինքզինք յարգել գիտցող պետութեան մը մէջ կարելի՞ է երեւակայել մարդկային բարօրութեան ու տարրական ապրուստին հիմերը խախտող նման անպատասխանատու կառավարում:

Մայիս 2022-ի խորհրդարանական ընտրութենէն ի վեր կառավարութիւնը հրաժարած կը համարուի: Նոր վարչապետի մը նշանակումը կատարելէ ետք, ամիսներով կարելի չեղաւ կառավարութիւն ձեւաւորել: Իսկ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարման աւարտէն ետք, անհրաժեշտ դարձաւ սպասել, մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւն: Գրեթէ տարի մըն է, որ վարչապետ ու նախարարներ պաշտօնակատարներ են ու կը վարեն պետութեան ընթացիկ գործերը: Վէճը անդադրում է. ընթացիկ գործերու կառավարումը կ՛ենթադրէ՞ արդեօք քաղաքացիներու ընթացիկ հոգերը բառնալու համար նիստերու գումարումը: Չմոռնալ, որ կառավարութիւնը իր լրիւ կազմով հանրապետութեան նախագահը փոխարինելու պարտականութիւնը ունի: Լիբանանը այժմ զուրկ է բանակցութիւններով համախոհութիւն գոյացնելու արժանիքէն, մինչդեռ կ՛ըսուէր, հպարտութեամբ, որ Լիբանանը օժտուած է համախոհական ժողովրդավարութեամբ: Պետական գործերը գէշ կամ աղէկ առաջ կը տարուին, նոյնիսկ համաձայնագիրներ կը կնքուին:

Ինչո՞ւ կարելի չ՛ըլլար հանրապետութեան նախագահ ընտրել: Խորհրդարանի ընտրական նիստերը կրկնուող խեղկատակութեան վերածուած են: Անցեալ մայիսի ընտրութիւնը մեզի շնորհած է, իբրեւ խորհրդարան, քառակուսի անիւ մը, անկարող որոշում կայացնելու, կառավարութիւն կազմելու ու հանրապետութեան նախագահ ընտրելու: Այս հարցին մէջ եւս, լիբանանցիները կը ցուցադրեն իրենց անկարողութիւնը փոխադարձ զիջումներով համախոհութիւն գոյացնելու ու երկիրը կառավարման քաոսէն դուրս բերելու: Կը հաղորդուի, որ Ֆրանսա կը պատրաստուի քանի մը երկիրներու մասնակցութեամբ եւ ի բացակայութեան Լիբանանի խորհրդակցութիւն կազմակերպել, լուծելու համար լիբանանեան կառավարական թնճուկը: Լիբանանցիները չունի՞ն պետական արժանապատուութիւն, երբ ուրիշներ կը միջամտեն իրենց գերիշխան իրաւունքը հանդիսացող հարցերու լուծման:

Այս բոլորէն ետք, կրկին հարց տանք. գոյութիւն ունի՞ Լիբանանի Հանրապետութիւն կոչումով պետութիւն մը: Լիբանանցիները ինչպէ՞ս կը հանդուրժեն իրենց քաղաքացիական ու մարդկային արժանապատուութիւնը խոցող երեւոյթները: Լքելով ու մեկնելով երկրէն դէպի այլ հորիզոններ, փոխանակ պահանջելու աւերին դադարումն ու նորին հրամայական պահանջը, լիբանանցին չի գիտակցիր, որ քաղաքացի ըլլալը երկրի մը հաւաքական պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, կ՛ենթադրէ հաւատարմութիւն սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն: Կ՛ենթադրէ իրաւունքներու ու պարտաւորութիւններու իրագործման համար պահանջատիրութիւն եւ քաղաքացիական արիութիւն:

Ե՞րբ պիտի ծագի արեւը անցեալին մեր վայելածին նման նոր Լիբանանի մը վրայ: Հակառակ բոլոր արգելքներուն, պարտինք լաւատես ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յաջորդը

Լեպրոն Ճէյմսի Մարզաշապիկը Ծախուեցաւ 3,7 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Comments 1

  1. միհրան Քիւրտօղլեան says:
    2 months ago

    Համախոհական ժողովրդավարութիւնը 1958-էն առաջ դադրած էր արդէն եւ անոր համար ալ այդ թուականներուն որդեգրուած՝ «ոչ յաղթական, ոչ պարտեալ» բանաձեւը: Անկէ ետք, երկիրը վերածուեցաւ հակամարտութիւններու հաւասարակշռութեամբ ինքզինք քարշ տուող խախուտ ժողովրդավարութեան, ինչ որ ձեւականօրէն տուաւ պետութեան մը պատկերի խաբկանքը, բայց իրականութեան մէջ յանգեցաւ ձախողած պետութեան (failed state)-ի: Որքան որ ձախորդութիւնները մակերես կ’ելլէին, այնքան աւելի կը սրէր կամ հրձիգութեամբ կը սրուէր քաղաքացիներու համայնքային կրքոտութիւնը,որ մեծապէս կը շահագործուէր իշխող քաղաքագէտներու կողմէ…: Հետաքննութիւններու դանդաղումը, յետաձգումը կամ չկատարումը մէկ երեւոյթն է ու փաստը՝ համայնքային շահագործումին: Թէ արեւը ե՞րբ պիտի ծագի, դժուար է կռահել ներկայ դրութեամբ…:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In