ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Արթնցած եմ կէս գիշերէն ետք` առանց պատճառի, բոլորովին շուարած եւ ինքզինքս կորսնցուցած վիճակի մէջ:
Լռութիւնը տիրական է: Կարծես աշխարհը պահ մը կանգ առած է իր խոլ վազքէն (յայտնի ալ չէ, թէ դէպի ո՛ւր կը վազէ): Կը թուի ինծի, թէ առանձին եմ, եւ ամէն բան խանգարուած է հիմա:
Բերձորի ճամբան փակ է, կազամատակարարումը` ընդհատուած, եւ հարիւր հազարաւոր մեր հայրենակիցները պաշարուած են:
Ո՞ւր են մարդկային իրաւանց պատասխանատուները, աշխարհի կարգ ու սարքին հսկող մեծ պետութիւնները: Ինչի՞ մասին կը խօսինք, միջազգային հանրային կարծիքի՞ն, որուն համար տասնամեակներ աշխատանք տարինք հայանպաստ կարծիք ստեղծելու համար:
Մենք մոռացկոտ ազգ ենք: Մոռցանք, որ հարիւր տարի առաջ մեր ազգային մեծ բանաստեղծը ի լուր աշխարհին յայտարարեց. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին»:
Հիմա ուղեղս քաչըրուած (խանգարուած) է, ի վիճակի չէ հարցերը հանդարտօրէն քննելու եւ վճռական որոշումներ կայացնելու:
Մութ է շրջապատս, ամբողջութեամբ խաւար: Կանգնած են նաեւ ելեկտրածին շարժակները, որոնք ուշ գիշերէն ետք հանգիստ կ՛ընեն քանի մը ժամ: Ի՞նչ թող ընեն, երբ պետութիւնը միշտ հանգիստի մէջ է:
Այս խաւարին մէջ ազգին խաւար իրավիճակը կը գերակշռէ մէջս:
Ո՞վ եմ ես: Ի՞նչ կ՛ընեմ այստեղ:
Հայաստանի տարբեր գաւառներէն Անտիոքի ծովափին վրայ, աւելի քան հազարամեակ մը առաջ, կայք հասատատած մուսալեռցի նախահայրերս, որոնք ճգնաժամային պահու մը վճռական որոշում տուին լեռ բարձրանալու եւ թշնամիին դէմ կռուելու, կ՛երեւին ինծի մութին մէջ ուրուականներու նման: Ի՞նչ կ՛ուզեն` չեմ հասկնար: Ինչո՞ւ խռոված են այս հոգիները: Ինչո՞ւ իջած ենք լեռնէն` չեմ գիտեր:
Հոս հիմա կան ընտանիքներ, որոնք ասեղի ծակէն կ՛անցնին: Սարսափելի վիճակ է: Տունը տաքցնելու համար մազութ չկայ: Ուտելիքը եւ դեղերը աւելի առաջնահերթ են:
Տոլարը այսօր 44.000 լո է: Ասոր վերջը ի՞նչ է:
Կա՞յ մտածող այս երկրին եւ ժողովուրդին մասին:
Արցախը պաշարուած է: Մեր քոյր-եղբայրները վտանգուած են: Ի՞նչ կ՛ընենք մենք: Շուարած, բաժան-բաժան հայութիւն մը, անողնայար պետական գործիչներու «խնամքին» ենթակայ:
Ի՞նչ պատահեցաւ մեր ազգին: Կրնա՞յ ըլլալ, որ դադրեցանք Արամ Մանուկեանի, Գարեգին Նժդեհի, Սողոմոն Թեհլիրեանի ժառանգորդները ըլլալէ: Ի՞նչ ղեկավարութիւն ունինք այսօր: Զարմանալի է, որ յոյս ունինք այս ղեկավարութեամբ մեր ազգին նաւը յառաջ մղելու փոթորկոտ ովկիանոսին մէջ:
Մենք քրիստոնեա՞յ ենք. եթէ այո՛, պէտք է պատասխան տանք, թէ այդ ո՛ր հաւատքին վրայ հիմնուելով չարին, սխալին, ապազգայինին հաւանութիւն տուինք: Չտեսնել ձեւացուցինք: «Մեղայ իմ բարձրիկ սար» պիտի ըսէր ձորի Միրոն: Մեղայ
Արարատին, պիտի ըսէր տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը:
Հիմա կը յիշեմ այն փոքրիկ առակը, երբ մայրը իրենց ոչխարներու կաթին մէջ ամէն օր քիչ մը ջուր կը խառնէր, հակառակ տղուն խնդրանքին, որ վախ ունէր, թէ այդ խարդախութիւնը կրնար փորձանք բերել ընտանիքին: Բայց մայրը չլսելու տուաւ, մինչեւ որ օր մը ոչխարները զոհ գացին հեղեղին: Դիպուկ է տղուն պատասխանը մօրը. ամէն օրուան կաթին մէջ խառնած ջուրդ` մայրի՛կ, վերածուեցաւ հեղեղի եւ ոչխարները (հայերը) հետը տարաւ: Ճիշդ այդպէս,փոքրիկ սխալներով,անուշադրութեամբ եւ չտեսնելու տալով` ազգը տկարացուցինք եւ հասանք այս օրին: Փոլը կ՛ըսէ. «Այս եկեղեցիին այս խունկը կը վայելէ»:
Ճիշդ էր լուսահոգի ընկեր Խաչիկ Պագալեանը.
«Իս կէուրթում, խէյլքս ու մէյտքս Հայաստանէն ու Այնճարէն իրվոյ ի. կու վա՜խիմ ֆա՜լա՜քէթ մը չըբիրին գլըխվընէս» (ես կ՛երթամ, խելքս ու միտքս Հայաստանին ու Այնճարին վրայ է. կը վախնամ, որ փորձանք մը բերեն գլուխնիս):
Հէ՜յ կիտի Ճէպէլ Մուսա, դուն ալ առանձին մնացիր. յուշարձանդ եւ հերոսներու գերեզմաններդ քանդուած են հիմա:
Ստախօսութիւնը համատարած է, նոյնիսկ` պետական բարձր մակարդակով: Ականջ քաշող չկայ դժբախտաբար, թէեւ կան հարիւրաւոր ակադեմիաներ, որոնք ճշմարիտին եւ փաստուածին պաշտպան կը փորձեն կանգնիլ:
Երէկ լուրերէն յայտնեցին ազերի պատմաբաններու նոր «գիւտը»` հայերը Հնդկաստանէն եկած են 200 տարի առաջ այս շրջանները ապրելու: Տեսէք` ո՞վ ի՛նչ կ՛ըսէ: Բերաննին զարնող չկայ:
Ուրեմն, ամէն մարդ ազատ կարծիք յայտնելու իրաւունք ունի եւ կրնայ սուտը որպէս իրականութիւն ներկայացնել` առանց կարիք զգալու փաստեր բերելու: Զարմանալի կրնայ չըլլալ այն, որ օր մը յայտարարեն, թէ հայերը ուրիշ մոլորակէ մը աշխարհ եկած են:
Ժամը քանի՞ է արդեօք, ձայն չկայ երբեք: Նոյնիսկ շան հաջոց չկայ: Ի՞նչ եղաւ այս աշխարհը:
Ո՞ւր են մարդիկ, մարդ չմնաց կ՛երեւի:
Յունուար 2023, Այնճար