Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգելոյս Եփրեմ Արք. Թապագեան

Փետրուար 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Անձիս համար անակնկալ մը չեղաւ մահուան գոյժը, որ հաղորդուեցաւ  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու միաբանութեան, որուն երիցագոյն անդամներէն էր  հոգելոյս սրբազանը: Գոյժէն քանի մը օր առաջ պարբերական մեր հեռախօսային զրոյցներէն վերջինին ըսած էր.  «Ուժաքամ եմ, Միհրա՛ն, անկողինէս ելլելու ի վիճակի չեմ, յատկապէս վերջին օրերուն սուր ցաւերու մէջ կը տառապիմ, այլեւս ցաւազերծող դեղերն ալ ոչ մէկ օգուտ ունին: Լեարդի քանսեր, որմէ տառապեցան (անուններ տալով) ուրիշ միաբաններ ալ…»: Եւ թեթեւ խնդուք մը, կատակ ընելու փորձով աւելցուց. «Գիտեմ, որ այսօր, վաղը կամ միւս օր իրիկուն մը պիտի քնանամ (եթէ կարենամ) ու առտուն չարթննամ: Գիտես դուն, ասկէ առաջ ալ, առողջ եղած օրերուս  ըսած եմ քեզի, պատրաստ եմ. հիմա՛ մէկ աւելի…»:

Բողոքի նուազագոյն նշոյլն իսկ չկար անոր ձայնին մէջ:  Համակերպած կը թուէր իր ճակատագրին եւ հոգեպէս պատրաստ` մահուան անխուսափելի կանչին: Այդպէս համակերպող  եղած է իր պատանեկութեան ալ: Կը պատահէր, որ  իրեն դասակիցներս  բողոքէինք մանր խնդիրներու համար, այս կամ  այն դասատուի վարուելակերպին, տեսուչի կարգ մը որոշումներուն, դպրեվանքի խստապահանջ ժամանակացոյցին, առտու կանուխ արթննալու եւ այլնի դէմ, իսկ ինք այն քիչերէն էր, որոնք անբողոք կը համակերպէին կացութեան: Սակայն դասակիցներու հաւաքական պահաջին մէջ ան ոչ միայն մասնակից, այլ նաեւ  անզիջող էր ու անտեղիտալի, որքան ալ հետեւանքները ծանր  թուէին…

Ժառանգաւորացէն վկայուելէ ետք մեր ճանապարհները բաժնուեցան: Ինք ընտրեց կուսակրօնութիւնը` հաւատքով ու ներքին կոչումով, իսկ համակերպելու նկարագրային գիծը մնաց նոյնը` եկեղեցական աստիճանակարգի բոլոր սանդղամատերուն` աբեղայութենէն արքեպիսկոպոսութիւն, հոգեւոր հովիւի ծառայութեան մէջ թէ առաջնորդական պաշտօնի վրայ: Համակերպեցաւ իրեն համար կատարուած բոլոր կարգադրութիւններուն եւ անբողոք պատրաստ եղաւ ընդառաջելու ամէն տեսակ պարտականութեանց կանչին, ուրկէ որ լսուեցաւ այդ կանչը` Պէյրութ, Իրան, Ֆրանսա, Արաբական ծոցի անապատային երկիրներ, Ամերիկա, ապա` կրկին Պէյրութ ու Ամերիկա եւ այլն:

Հոգելոյս սրբազանին կեանքի ելեւէջներուն եւ ծառայութեան փուլերուն  չեմ տիրապետեր, որպէսզի  ըստ պատշաճի կարենամ  անդրադառնալ անոր վաստակին: Կ՛ենթադրեմ, թէ պիտի գտնուին աւելի իրազեկ անձեր ու միաբաններ, որոնք   երախտաւոր երէց միաբանին ծառայութեանց ցուցակը, եկեղեցականի կենցաղն ու վարքը արժանաւորապէս պիտի ներկայացնեն:

Իմ այս կարճ անդրադարձս փորձ մըն է քանի մը վկայութիւններով ուրուագծելու դիմաստուերը հոգելոյս սրբազանին, որ իր անվիճելի դրոշմը դրաւ Քալիֆորնիոյ Կիլիկեան թեմի կազմութեան, հաստատման  ու եկեղեցաշինութեան արշաւին մէջ:

Քալիֆորնիան շուրջ 70-ական  թուականներուն էր, որ դադրեցաւ Նիւ Եորքի անթիլիասական առաջնորդարանին ենթակայ ըլլալէ եւ վերածուեցաւ անջատ ու ինքուրոյն թեմի, որուն առաջին առաջնորդը  եղած է Սմբատ Լափաճեան սրբազանը, եւ ուր իբրեւ հոգեւոր հովիւ` կը ծառայէր Եփրեմ վարդապետը: Առաջնորդի աթոռին վրայ երիտասարդ ու աշխուժ եկեղեցական մը ունենալու համար նոր ընտրութեամբ մը առաջին առաջնորդին յաջորդեց հոգելոյսը` Եփրեմ սրբազանը: (Կարծեմ այն ատեն տակաւին վարդապետ) : Հասկնալի է, որ նորակազմ թեմը եւ առաջնորդարանը կը կարօտէին մեծ ջանքերու` նստավայր հաստատելու, թեմը կազմակերպելու եւ զայն եկեղեցիներով օժտելու համար: Նկատի առնենք նաեւ, որ այդ տարիներուն Քալիֆորնիոյ հայագաղութը տնտեսական տեսակէտէ շատ հեռու էր  այսօրուան լայն հնարաւորութիւններէն, ինչ որ ենթադրել կու տայ բազմապատկուած ճիգ` ձեռնարկուած աշխատանքները արդիւնաւոր հունի մէջ դնելու համար:

Եփրեմ սրբազանի առաջնորդութեան շրջանը զուգադիպեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ու Հայ դատի դէմ բարձրացուած լռութեան պատը քանդելու ի խնդիր շղթայազերծուած ընդյատակեայ ուժական պայքարին: Հոգելոյսը եղաւ առաջի՛նը, որ առաջնորդի հանգամանքով եւ ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը` իր նեցուկը բարձրաձայնելով այդ պայքարին: Օրին մամուլին տրուած գրութեամբ մը գովաբանած էի անոր այդ  կեցուածքը` ակնկալելով,  որ միւսներն ալ իբրեւ քաջ հովիւներ, հետեւին Եփրեմ առաջնորդի օրինակին:

Բնաւորութեամբ շէն էր ու մթնոլորտը շէնցնող, հաճելի զրուցակից մը, զուարթախօս, պարզակեաց ու հաղորդական: Կեանքի փորձով օժտուած եւ շրջապատի համակրանքին արժանացած բարձրաստիճան եկեղեցական մը:

Աւելի ուշ, Արամ Ա. կաթողիկոսին կոչին ընդառաջելով, վերադարձաւ Անթիլիասի մայրավանք եւ ստանձնեց թանգարանի տնօրէնութիւնը: Որքան գիտեմ, գէթ մինչ այդ, ովկիանոսէն անդին գացող բարձրաստիճան եկեղեցականներուն մէջ միա՛կն է, որ յօժարակամ վերադարձաւ մայրավանք եւ եօթը տարի մնաց վանքին մէջ, ջանասիրութեամբ վարեց իրեն վստահուած պաշտօնը, թանգարանը ճոխացուց, բարեզարդեց եւ զայն հասցուց պատուաբեր մակարդակի: Սիսի աթոռէն փրկուած թանգարանային այդ մասունքները` իբրեւ անխօս վկաներ, մեծ խնամքով փոխադրուեցան Գերմանիա, ապա նաեւ Աթէնք եւ վեհափառին հովանաւորութեամբ ու երկրի քաղաքական, ակադեմական, եկեղեցական ու գործարար անձնաւորութեանց, ինչպէս նաեւ հայ եւ տեղացի բազմութեան մը ներկայութեան բացման պաշտօնական արարողութիւններէն ետք   շաբաթներով ցուցադրուեցան տեղի հանրածանօթ թանգարաններու մէջ:

Եօթը տարուան այդ ժամանակաշրջանին զուգահեռ նուիրուածութեամբ մը ձեռնամուխ եղաւ  հսկայ աշխատանքի մը` գրաբարէն աշխարհաբարի վերածելով շարակնոցը: Եզակի աշխատասիրութիւն մը,մեծածաւալ գիրքի տեսքով հրատարակութիւն` «ՇԱՐԱԿԱՆ» անունով, որուն Ա. տպագրութիւնը կաթողիկոսարանի տպարանէն, իսկ Բ. տպագրութիւնը` Ամերիկա:

Հոգելոյս սրբազանին հետ վերջին հանդիպումս չորս տարի առաջ էր, Պէյրութ, ուր եկած էր ան Պօղոս Շահմելիքեանի գիրքին շնորհահանդէսին ներկայ ըլլալու: Արդէն իր թելադրանքով ու քաջալերանքովն էր, որ հեղինակը մամուլի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածները հատորի մը մէջ մէկտեղեց: Իր  բարեխօսութեամբն էր նաեւ, որ վեհափառը արտօնեց գիրքին անվճար տպագրութիւնը` մայրավանքի տպարանին մէջ:

Պէյրութի այդ օրերուն, երկուքով դէմ-դիմաց, դպրեվանեան հին յուշեր կը պեղէինք: Հոգելոյս սրբազանը պահ մը լրջանալով`  ըսաւ. «Գիտես` այսքան տարիներ ետքն ալ, ամէն  անգամ որ Պէյրութ կու գամ ու ոտքս մայրավանքի դարպասէն ներս կը դնեմ, կը վերանորոգուիմ, նոր կեանք կու գայ վրաս, հարազատ տունս վերագտած ըլլալու հոգեբանութեամբ կ՛ոգեւորուիմ,  մանաւանդ երբ կը շրջապատուիմ յարգալիր, խոստմնալից ու երիտասարդ աբեղայ-վարդապետներով, որոնք սքանչելի տղաք են եւ յոյս կը ներշնչեն: Կ՛ուզեմ հոս մնալ, վանքիս մէջ, չվերադառնալ Ամերիկա, ուր, հակառակ ունեցած բազմաթիւ բարեկամներուս եւ հոգատար լայն շրջանակիս,  մինակ կը զգամ, մինակ: Սակայն կան պարագաներ, որոնք կը ստիպեն, որ վերադառնամ»: Ապա, զգալով, որ պահը կը լրջանայ, կատակով աւելցուց. «Երբեմն կը կարծենք, թէ դեռ պատանի ենք, բայց իրականութիւնը ըսենք,  տարիքնիս  հասած է տեղ մը, որ բժշկական խնամք կը պահանջէ…»:

Ամերիկայի բժիշկներն ալ անզօր են եղեր անիծեալ հիւանդութիւնդ բուժելու, սիրելի՛ սրբազան:  Սուրբ գրոց մէջ կարդացած եմ  տող մը, որուն իմաստը կը պատշաճի պահուն եւ կը յատկանշէ  կեանքդ ու վաստակդ: Որքան կը յիշեմ այդ տողը կ՛ըսէր.

«Կեանքի պատերազմը արդարութեամբ պատերազմեցայ, արդ, ինծի իրաւունք է յաւիտենական հանգիստը…»:

Հանգչէ՛ խաղաղ` յաւիտենական նինջիդ մէջ, սիրելի՛ սրբազան: Անցաւոր կեանքիդ ընթացքին ինչպէս սովոր էիր, հոն, վերն ալ, գիտեմ, պիտի բարեխօսես, որ պահպանուին եւ իրենց պայքարունակութիւնը չկորսնցնեն  Հայաստանն ու  հայ ազգը, որոնք  ջերմեռանդ հաւատքով կը փառաբանեն զԱստուած աւելի քան 1700 տարիներէ ի վեր եւ յաճախ մարտիրոսներ կու տան  Անոր փառքին համար:  Հոս` բարեխօսութիւններդ միշտ տեղ կը բռնէին, վերն ալ, ո՛վ գիտէ , թերեւս…

Պարագաները այնպէս են, որ վերջին օծումիդ պիտի չկարենամ ներկայ ըլլալ: Ընդունէ այս տողերը իբրեւ վերջին «երթաս բարով» մը, սիրելի՛ սրբազան:

Քու մեկնումովդ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կորսնցուց հաւատարիմ,  ծառայասէր ու շէն միաբան մը, իսկ ես` անուշ ընկեր մը:

Յիշատակդ անթառամ…

Աթէնք
29 յունուար 2023  

Նախորդը

ՀՕՄ-ը 10 Թոն Պարենամթերք Ուղարկած Է Արցախ

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակ Ճեմարան

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?