Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Արխիւային
Այս սիւնակով պիտի հրատարակուին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով լոյս տեսած տարբեր պարբերականներու անցեալի թիւերէն յօդուածներ, որոնք չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, յօդուածներ, որոնք լոյս կրնան արձակել անցեալին վրայ` գաղափար տալու համար, թէ այդ ժամանակ կեանքը ինչպէ՛ս կ՛ընթանար եւ յօդուածներ, որոնք շահեկան տեղեկութիւններ կրնան տրամադրել ընթերցողին:
Սոյն երկու յօդուածներով լուսարձակի տակ կ՛առնուին մեր ժամանակներուն նաեւ տակաւին առկայ ընկերային-առողջապահական երկու խնդիրներ:
Զանոնք կարդալով փորձենք համեմատել ու տեսնել, թէ գիտութիւնը որքանո՞վ յառաջ գացած է. անոր հետ մարդն ալ կրցա՞ծ է քայլ պահել: Այսօր որքանո՞վ լուծումներ գտած ենք մեզմէ 60-70 տարիներ առաջ արդէն գոյացած խնդիրներուն:
Արդեօ՞ք յօդուածագիրներու այստեղի սահմանումները ընդունելի ու կիրարկելի են մերօրեայ կեանքին ու շրջապատին մէջ: Այսօր որքանո՞վ հայ բժիշկներ մերօրեայ խնդիրները արծարծելով` լոյս կը սփռեն հայ հանրութեան մէջ պարզ ու յստակ հայերէն յօդուածներու միջոցով:
Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը:
Ախորժակ Չունեցող Փոքրիկը
«Տոքթո՛ր, մեր պզտիկը բնաւ ախորժակ չունի»:
Ահաւասիկ` գանգատ մը, զոր բժիշկներ յաճախ կը լսեն ծնողներէն:
Ախորժակի պակասը կրնայ ախտանշան մը համարուիլ, քանի որ շարք մը հիւանդութիւններ ախորժակի նուազումով կը յայտնուին: Սակայն պարագան կը տարբերի, երբ բոլորովին քաջառողջ եւ իր տարիքին համապատասխան մարմնի ծանրութիւն ունեցող փոքրիկի մը մասին է գանգատը:
Շատ մը ընտանիքներու մէջ ամէն օր վիճաբանութիւն, կռիւ եւ իրարանցում տեղի կ՛ունենայ ճաշի պահերուն: Փոքրիկին մայրը, հայրը, մեծ մայրը, երբեմն ալ դրացիին կինը պատմութիւն պատմելով, յանդիմանելով, երգելով, պաղատելով եւ նոյնիսկ յաճախ ըմբոստ փոքրիկին քիթը բռնելով` կը ջանան անոր կոկորդն ի վար իրենց ուզած, սակայն փոքրիկին մերժած կերակուրը թխմել:
Ախորժակի պակասը ընդհանրապէս կը յայտնուի 1-3 տարեկան մանուկներու մօտ: Անկէ առաջ նորածինը մօտ տարի մը իր ծծելու բնազդով փակած կը մնայ իր մօրը, եւ կամ` կաթի շիշին: Սակայն խնդիրը կը փոխուի, երբ մանուկը այլեւս կը սկսի քալել, կը հետաքրքրուի իր շրջապատով եւ կ՛ուզէ ամէն բան հասկնալ:
Այս միջոցին է, որ կը սկսի փոքրիկին անձնաւորութիւնը կազմուիլ: Հոգեբանները այս շրջանը (1-4 տարիք) կը կոչեն ժխտական կամ բացասական շրջան: Փոքրիկը կը սիրէ հակառակիլ իր շուրջիններու կամքին: Օրինակ, եթէ ծնողը ուզէ պտոյտի տանիլ զայն, ընդդիմութեան կը բախի, եւ կամ երբ դուրսը կ՛անձրեւէ, ան կը փափաքի պտոյտի երթալ:
Այս ժխտական գիծը առաւել կամ նուազ չափով կը դրսեւորեն գրեթէ բոլոր փոքրիկները եւ կ՛արժանանան «յամառ» կոչուելու նախատինքին:
Ուտելու դժուարութիւնները կը սկսին, երբ մանուկը, բացի իր մօր կաթէն, կը վարժուի նաեւ ուրիշ ուտելիքներու: Ծծելու փոխարէն` ան այլեւս դգալը կը տեսնէ իր շրթներուն դիմաց: Պարզ է, որ փոքրիկը իր առջեւ գտնուող դգալն ու ամանը իբրեւ խաղալիք ընդունելով` բուռն փափաքը ունենայ ուտելու գործողութիւնը իր ձեռքով գլուխ բերել ու ահա կը հանդիպի իր մօր եւ շուրջիններուն ընդդիմութեան: Ինչպէ՛ս կարելի է փոքրիկը ձգել իր գլխուն, երբ ան պիտի աղտոտէ վրան գլուխը, սեղանին ծածկոցը եւ գետինը: Ու ահա կը սկսի աղմուկը. փոքրիկը սենեակէ սենեակ կ՛անցնի, իսկ մայրն ալ ամանը ձեռքը` կը վազէ անոր ետեւէն:
Այս «պայքար»-ը փոքրիկին եւ իր շուրջիններուն միջեւ կը վերջանայ առաջինին յաղթանակով, անշուշտ` տարիքի յառաջացման հետ: Մինչդեռ կանուխէն պէտք է հասկնալ, որ փոքրիկին երբեք ըմբռնելի պիտի չըլլայ, թէ ինչո՛ւ իրեն թոյլ չեն տար դգալը ուզածին պէս գործածել, իսկ ծնողներն ալ չեն մտածեր, որ իրենց սրտահատորին չուտելը անպայման ախորժակի պակաս չէ, որ կը մատնէ:
Նոյնպէս պէտք է ծնողները անդրադառնան, որ ճաշերու միջեւ տղոց տրուած անուշեղէնները, շոքոլան, քոքա-քոլան եւ այլն, անոնց ախորժակը կը գոցեն: Մինչդեռ, ոմանց կարծիքով, այդ շաքարեղէնները անհրաժեշտ են, որպէսզի փոքրիկը չտկարանայ: Սխալ է այս մտածումը. անժամանակ կերպով տրուած որեւէ ուտելիք պատճառ կ՛ըլլայ, որ փոքրիկը «ախորժակ չունենայ» ճաշի պահերուն:
Նկատառելի սխալ մըն է նաեւ ճաշի ժամանակ փոքրիկին «շուրջը դառնալ» ու զայն ողոքել: Մանուկը ընդհանրապէս անձնասէր է. երբ կը տեսնէ, որ ամբողջ ընտանիքը իրմով կը զբաղի, անմիջապէս կը շփանայ:
Ճաշի ժամանակ կերակուրը պէտք է դնել փոքրիկին առջեւ, ու եթէ ան չ՛ուտեր, ո՛չ միայն պէտք չէ ստիպել, այլ պէտք է ամանը վերցնել անոր առջեւէն: Ծնողները թող ապահով ըլլան, որ «ախորժակի պակաս» ունեցող իրենց փոքրիկը յաջորդ ճաշին պիտի լափէ իր առջեւ դրուածը:
Դաժան ծնողներ կան, որոնք ուտելիքը մերժող փոքրիկին քիթէն կը բռնեն եւ դգալը կը կոխեն անոր բերանը, ճիշդ այնպէս, ինչ որ կ՛ընեն Լիբանանի գիւղացիները իրենց ոչխարներուն` զանոնք պարարտացնելու նպատակով: Ասոր հետեւանքը այն կ՛ըլլայ, որ փոքրիկը բերանին մէջ կը պահէ թխմուած կերակուրը, լաւ չի ծամեր, ու մինչեւ յաջորդ դգալին հասնիլը` պատառները կ՛իջնեն կոկորդէն վար, խեղդուկ եւ փսխուկ կը պատճառեն եւ ահ ու սարսափ կը տարածեն իրենց շուրջը:
Լաւ կ՛ըլլայ, որ ծնողները ի մտի ունենան ժողովրդական հետեւեալ առածը, որ կ՛ըսէ. «Մէկ մարդ կրնայ ձի մը աղբիւր տանիլ, սակայն քսան մարդ չեն կրնար անոր ստիպել, որ աղբիւրէն ջուր խմէ»:
Շատ մը փոքրիկներու համար իսկական մղձաւանջ մըն է կաթ խմելը: Մինչդեռ ծնողները կը կարծեն, որ օրական երկու կամ երեք գաւաթ կաթ խմելը անհրաժեշտ է փոքրիկին համար: Սխալ է այս կարծիքը. երբ փոքրիկ մը կը մերժէ կաթը, անոր կարելի է տալ մածուն, հաւկիթ, պանիր: Կարեւորը անհրաժեշտ սննդեղէնները հաճելի եւ ընդունելի ձեւով մատուցելն է:
Այս վերջին պարագան օգտակար կրնայ ըլլալ իսկապէս ախորժակի պակաս ունեցող փոքրիկներուն: Ճաշերը պէտք է լեցնել փայլուն եւ գրաւիչ ամաններու մէջ: Հետաքրքրական դարձնել նաեւ ուտելիքներուն տեսքը եւ ընթացք տալ փոքրիկին նախասիրութիւններուն:
Վստահ ենք, որ ծնողները դադրին անպայման «ախորժակի պակաս»-ով բացատրելու իրենց փոքրիկին չուտելը եւ այլ պատճառներ փնտռեն, այլ միջոցներ ի գործ դնեն, մեծ մասամբ վերջ կը գտնեն ընտանիքներու սեղաններուն շուրջ պարզուած անախորժ տեսարանները:
ՏՈՔԹ. Ս. Ե. ԳԱՐԱՅԵԱՆ
Աղբիւր – «Բժիշկ», Ա. տարի, դեկտեմբեր 1955, թիւ 6
Յղի Կոյսեր
Այս գրութեան վերնագիրը կարդալով` ընթերցողը թող չգայթակղի եւ ոչ ալ զարմանայ:
Քսան եւ վեց տարուան բժշկական ասպարէզիս ընթացքին ինծի դիմած են տարբեր ազգութեան ու տարբեր կրօնի պատկանող 14 կոյս` բայց յղի աղջիկներ, իմանալու համար պատճառը զիրենք անհանգստացնող այն «ուռեցք»-ին, որ հետզհետէ կը մեծնար իրենց փորին մէջ եւ պատճառ կ՛ըլլար սիրտխառնուքի, փսխելու եւ կամ դաշտանի ջնջուելուն:
Այս 14 կոյս, անփորձ աղջիկներէն միայն երկուքը տարտամ կասկած մը ունէին իրենց յղութեան մասին, այդ կասկածն ալ կ՛ուզէին վանել` իրենց կուսութիւնը ապացոյց բերելով. մնացեալ 12 զոհերը միամտօրէն կը գանգատէին, որ քանի մը ամիսէ ի վեր դաշտանէ կտրուած էին, եւ կամ կ՛ուզէին իմանալ պատճառը` իրենց փորին մէջ գոյացած շարժուն այն ուռին, որ սիրտխառնուք կը պատճառէր:
Այս աղջիկներէն չորսը դպրոցական էին, 16-17 տարեկան, մնացեալները վարժարանի ո՛չ քովէն եւ ո՛չ ալ սեմէն անցած էին:
Յանցաւոր Եւայի այդ միամիտ թոռնուհիները ո՛չ միայն զուրկ էին ուսումէ ու բնախօսական տարրական ծանօթութենէ, այլ զուրկ էին մանաւա՛նդ ուժեղ կամքէ. անոնք չէին կրցած սանձել իրենց նորազարթ սեռային բնազդը ու ատոր համար ալ վայրկեանի մը մէջ անձնատուր եղած էին զիրենք դարպասող արուներուն:
Բայց ինչպէ՞ս յղի մնացեր էին այդ միամիտ կոյսերը, երբ իրենց կուսաթաղանթը կը մնար անեղծ:
Ծանօթ է, որ ամէն աղջիկ երբ արբունքի հասնի, կ՛ունենայ դաշտան, այսինքն` արիւնախառն հեղուկ մը, որ դուրս կ՛ելլէ ծննդական գործարանի փոքրիկ մէկ անցքէն: Քանի որ այդ փոքրիկ անցքը կրնայ ճամբայ տալ ներսէն եկող հեղուկին, կրնայ նաեւ ճամբայ տալ դուրսէն դէպի ներս ձգտող արուի սերմին:
Արդ, խնդրոյ առարկայ յղի այս աղջիկներու խոստովանութենէն յայտնի կ՛ըլլայ, որ զիրենք դարպասող արուները ուղղակի սեռային յարաբերութիւն չէին ունեցած իրենց հետ` անոնք` այդ անպարկեշտ ու բարոյազուրկ արուները, իրենց անասնական կիրքը յագեցնելու համար, իրենց ծննդական գործարանը շփման մէջ դրած էին աղջիկներու ծննդական գործարանին հետ, առանց պատռելու կուսաթաղանթը: Բնական է, որ էգի ծննդական գործարանի կուսաթաղանթին առջեւ թափուած արուի սերմը անգործ ու անշարժ չի մնար: Եթէ սերմին տէրը` մարդ անասունը, անդիմադրելի բնազդէ մը մղուելով, ուզեց անբնական կերպով յագեցում տալ իր սեռային բնազդին, սերմն ալ, ապրող նիւթ, մանրանկարն է մարդուն, ան ալ իր պահանջն ունի, կը ձգտի միանալ էգի ձուին ու բեղմնաւորել զայն ու ատոր համար ալ կը շարժի, կը վազէ ամէն ուղղութեամբ, ճամբայ մը կը փնտռէ իր նպատակին, իր սրտի սիրածին հասնելու համար, ու եթէ յաջողեցաւ ներս թափանցել այն փոքրիկ անցքէն, որ ամիսը անգամ մը ճամբայ կու տայ աղջկան դաշտանին, ներս մտնելէ ետք եթէ յաջողեցաւ էգի հասունցած ձուիկին հետ միանալ ու մէկ սիրտ, մէկ մարմին կազմել, պատճառ կ՛ըլլայ միամիտ ու դժբախտ աղջկան մը յղութեան:
Ի տես այս խաբուած, այս դժբախտ աղջիկներու յուզումին, մեծ սարսափին, թափուած յորդահոս արտասուքին ու ոմանց ալ նուաղումին, պէտք էր որ օգնութեան հասնէի, պէտք էր զիրենք փրկէի իրենց ամօթալի ու անել կացութենէն: Դժբախտաբար օրէնքը անողոք ու խիստ է, բժիշկը շղթայուած է այդ օրէնքով, ո՛չ կրնայ գալիք փոթորիկին առաջքը առնել եւ ոչ ալ կրնայ համոզել աղջկան ծնողքը, որ յղութիւնը կամօքն Աստուծոյ է:
Եւրոպայի մէջ բժիշկը ողբերգութեան մը հանդիսատեսը չէ, մեզի նման անել կացութեան մը առջեւ չի գտնուիր: Հիւանդանոցները պատրաստ են հիւրընկալելու յղի աղջիկը, մինչեւ որ ծննդաբերութիւնը տեղի ունենայ:
Արեւելքի մէջ, եթէ բժիշկը ուզէ հիւանդանոց ղրկել, աղջկան ծնողքը պիտի իմանայ պատճառը` ուզելով գիտնալ, թէ ի՛նչ է հիւանդութիւնը եւ որքա՛ն ատեն պիտի մնայ հիւանդանոց:
Բժիշկը խոստովանահայր մըն է, հետեւաբար չի կրնար իրեն վստահուած գաղտնիքը ուրիշին յայտնել: Եթէ յղի աղջիկը քրիստոնեայ է, բժիշկը ընդհանրապէս կրնայ համարձակիլ եւ ծնողքին յայտնել իրենց աղջկան գլխուն եկած փորձանքը:
Նկատած եմ, որ քրիստոնեայ ծնողքը երբեմն կրնայ ակռան սեղմել ու ներել իրենց խաբուած աղջիկը:
Հարցը խի՛ստ կը դժուարանայ, երբ ծնողքը քրիստոնեայ չէ, եւ որուն անգիր օրէնքը կը պահանջէ, որ շնացող էգը իր արեամբ մաքրէ ընտանիքին հասած անպատուութիւնը: Բնական է, որ այսպիսի ծնողքի մը աղջիկը, եթէ մինչեւ իսկ կարելի ըլլայ հիւանդանոց դնել, այդ հիւանդանոցը կը վերածուի սպանդանոցի, անխուսափելիօրէն հայրը, եղբայրը կամ ոեւէ մերձաւոր ազգական պիտի սպաննէ զայն:
Իմացած եմ, որ ինծի դիմող այդ 14 խաբուած աղջիկներէն երկուքը ոչխարի պէս մորթուած են իրենց հօր կամ եղբօր ձեռքով. մէկն ալ ինքզինքը վար նետած է տանիքէ մը` յուսալով, որ կա՛մ վիժում տեղի կ՛ունենայ, եւ կամ ինքը կը մեռնի: Լուր չունիմ, թէ ի՛նչ ճակատագիր ունեցան մնացեալները:
Նորութիւն մը չէ, ինչ որ գրեցի:
Դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են յղի կոյսեր ու պիտի ըլլան նաեւ ասկէ ետք, այնքան ատեն որ մեռած չէ մարդուն մէջ նստած անասունը:
Գիտեմ, որ բոլոր մարդոց խառնուածքն ու կազմը, կրօնաբարոյական ըմբռնումը նոյնը չէ. ատոր համար ալ չենք կրնար ակնկալել, որ բոլոր ադամներն ու եւաները հաւասարապէս բարոյական բարձր սկզբունքներու տէր ըլլան եւ իրենց ուժեղ կամքով սանձեն իրենց սեռային բնազդները:
Փափաքելի է սակայն, որ մեր հայ աղջիկներն ու պատանիները ըլլան միշտ զգաստ եւ տէր կանգնին դարերէ ի վեր մեզի փոխանցուած հայ ընտանիքի մաքուր բարոյականին:
Բժ. ԳՈՒՐԳԷՆ Ն. ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Աղբիւր- «Բժիշկ», Ա. տարի, դեկտեմբեր 1955, թիւ 5