Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանի Կենսագրութիւնը (*)

February 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան

Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան ծնած է 1895-ին, ապտիւլհամիտեան ջարդերու օրերուն, Եդեսիա-Ուրֆա: Ան զաւակն է Պետրոս եւ Եղիսաբէթ Ալահայտոյեաններուն: Յովսէփ ունեցած է երկու եղբայրներ` Մովսէս եւ Յարութիւն, եւ չորս քոյրեր` Ֆերիտէ, Հռիփսիմէ, Եղիսաբէթ, Մարի, որոնք բոլորն ալ ազատած են ջարդէն եւ հասած են Հալէպ:

Ալահայտոյեան գերդաստանին բուն մականունը եղած է Եկներեան, սակայն կենցաղային պատճառով մը փոխուած է եւ եղած է Ալահայտոյեան:

1895-ին, ապտիւլհամիտեան ջարդերու օրերուն, երբ Յովսէփ եօթը կամ ութ ամսու ծծկեր եղած է,  թուրքերը իրենց տունը խուժած եւ կողոպտած են իրենց ստացուածքները:

Յովսէփ յաճախած է ծննդավայրին Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը եւ շրջանաւարտ եղած է 1910-ին: 1910-1912 իբրեւ դեղագործի օգնական` աշխատած է Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Ֆիշըրի եւ Եագոպ Քիւնցլերի հետ:

1912-ին մեկնած է իր ընկերոջ` Յովհաննէս Նագգաշեանի հետ Դամասկոս եւ ուսանած է բժշկական դպրոցին մէջ: Յովհաննէս Նագգաշեան մուտքի քննութիւններու մէջ ձախողելով` վերադարձած է Ուրֆա: Հետագային Յովհաննէս   կը դառնայ Եդեսիոյ հերոսամարտի մասնակիցներէն մէկը: Դամասկոսի բժշկական դպրոցին փակումին պատճառով 1914-ին Յովսէփ վերադարձած է ծննդավայրը եւ վերսկսած է աշխատիլ Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցին մէջ:

1915-ի սեպտեմբերին թուրք զինուորներ հաւաքած են Եդեսիոյ անուանի հայերը: Յովսէփին հայրը` Պետրոս Ալահայտոյեան, ձերբակալուած է իր տան մէջ եւ եղբօրը հետ սպաննուած է տան բակին մէջ: Թուրքեր առեւանգած են Յովսէփին 9 տարեկան Յարութիւն եղբայրը: Յովսէփին մայրը եւ քոյրերը ապաստանած են Միլլեթ Խան, ուր անակնկալօրէն  հանդիպած են առեւանգուած Յարութիւնին:

Պետրոս Ալահայտոյան

Հազարաւոր գաղթականներ Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն,  Մելիտինէէն եւ Ատըեամանէն Եդեսիա կը հասնին եւ Միլլեթ Խան կ՛ապաստանին: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոցի հիւանդապահուհիներուն հետ Միլլէթ Խան կ՛երթայ, հայ վիրաւորները կը բուժէ եւ հարիւրաւոր հայ աղջիկներ կ՛ազատէ: Ան Միլլեթ Խանին մէջ կը գտնէ իր մայրը, քոյրերը եւ երկու եղբայրները: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոց կը տեղաւորէ մայրը, քոյրերը եւ եղբայրները` Եագոպ Քիւնցլերի կարգադրութեամբ: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոցին մէջ աշխատած միջոցին կը տեսնէ հայ գաղթականներուն չարչարանքը, թշուառութիւնը, անօթութիւնը եւ հոգեկան անկումը:

1915-ի Եդեսիոյ հերոսամարտի օրերուն Յովսէփ կը ձերբակալուի թուրքերուն կողմէ, զինուորական ատեան կը տարուի ու կը բանտարկուի բժիշկ Արմենակ Ապուհայթայեանի հետ: Տարի մը բանտարկուած մնալէ ետք, 1916-ին կը ղրկուի Այնթապի զօրանոցը եւ ապա` Հալէպի զօրանոցը, ծառայելու համար թրքական բանակին մէջ` իբրեւ դեղագործ զինուորական: Թուրք իշխանութեան արտօնութեամբ, Պէյրութ կը մեկնի շարունակելու համար իր բժշկական ուսումը: Կ՛ուսանի Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի դեղագործութեան դպրոցին մէջ եւ կը վկայուի 1916-ի վերջերուն:

Ան կը վերադառնայ Դամասկոս եւ կ՛աշխատի իբրեւ դեղագործ` թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ՛ Հոմսի օսմանեան բանակի զօրաբաժիններուն մէջ, մինչեւ 1918:

Կը մեկնի Պէյրութ եւ կը միանայ կամաւորական շարժումին:

Ֆրանսական ռազմանաւով կը փոխադրուի Մերսին եւ ապա` Ատանա, ուր կը ծառայէ ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Շուտով կը միանայ Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցի անձնակազմին` իբրեւ դեղագործ, եւ ականատես կը դառանայ Եդեսիա վերադարձած հայերու վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանին
դեղագործութեան վկայականը, 1916

Կիլիկիոյ պարպումի շրջանին Եդեսիոյ հայերը երկրորդ անգամ ըլլալով կը գաղթեն դէպի Հալէպ: Յովսէփ եւս կը լքէ Եդեսիան եւ երեք ընկերներով կը հասնի Հալէպ, հոնկէ` Պէյրութ, ուր կը հաստատէ իր սեփական դեղատունը: Յովսէփին մայրը, քոյրերը եւ եղբայրները,  որոնք մնացած էին Եդեսիա, Քիւնցլերի օգնութեամբ կը ղրկուին Հալէպ եւ ապա` Պէյրութ, ուր արդէն Յովսէփ սեփական դեղարանը հաստատած էր 1923-ին, «Դեղարան խաղաղութիւն» անունով: Յովսէփ իր դեղարանը բացած ատեն դրամ չէ ունեցած, իրեն նիւթապէս օգնած է ազնուական հայ մը պրն. Գալբաքեանը, որ բարի մարդ ըլլալուն` շրջանակին մէջ ծանօթ էր «խաղաղութիւն» մակդիրով,  ուստի, դեղարանն ալ կը կոչուի «Դեղարան խաղաղութիւն»:

«Դեղարան խաղաղութիւն»-ը եղած է պէյրութահայութեան հանրածանօթ դեղարանը: Հոն դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոեանին հետ գործած են որպէս վաճառողներ` Փիեր Արսլանեանը եւ Աբօ Ոսկերիչեանը, իսկ Ժորժ Խաչատուրեանը եւ Սմբատ Գույումճեանը որպէս օգնական դեղագործներ:

Դեղագործութեան շատ մը ուսանողներ իրենց փորձառական շրջանը  անցուցած են դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանի հսկողութեան տակ: Անոնք մեծապէս օգտուած են անոր գիտական ցուցմունքներէն:

Դեղարանը գործած է մինչեւ 1975-ի վերջերը, երբ ծագած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը: Դեղարանը կողոպտուած պատերազմի վատ օրերուն եւ դադրած է գործելէ:

Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան 34  տարեկանին Պէյրութի մէջ  կ՛ամուսնանայ կերմիրցի 17 տարեկան Բերկրուհի Սահակեանին հետ, 30 յուլիս 1931-ին:

Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Բերկրուհի Ալահայտոյեաններ

Յովսէփ եւ Բերկրուհի կը բախտաւորուին երեք աղջիկ եւ մէկ մանչ զաւակներով`

– Յասմիկ, ծնած է 3 օգոստոս 1932-ին, մահացած է 2,5 տարեկանին, բորբոքումային ծանր վարակէ մը:

– Պետրոս, ծնած է 29 նոյեմբեր 1934-ին:

– Յասմիկ-Սաթենիկ, ծնած է 13 հոկտեմբեր 1936-ին:

– Ռուբինա, ծնած է 28 ապրիլ 1943-ին: Ռուբինան Պէյրութի մէջ ամուսնացած է բժիշկ Պօղոս Արթինեանին հետ: Անոնց դուստրը` Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան 2016-ին գրած է «My grandparents’ Odyssey from Urfa and Germir to Beirut» գիրքը:

Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան եղած է Լիբանանի Ուրֆացիներու միութեան հիմնադիրներէն մէկը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի Համազգայինի վարչութեան անդամ եւ հաշուապահ-գանձապահը երկար տարիներ: Ան տիրապետած է եօթը լեզուներու արաբերէն, թրքերէն, քրտերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն: Ան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն` որպէս դեղագործ եւ որպէս հայ ազգային մարդ:

Ան պարգեւատրուած է լիբանանեան կառավարութեան կողմէ «Ոսկեայ մետալ»-ով 17 յունիս 1972-ին Լիբանանէն ներս 50 տարիներու իր դեղագործութեան ասպարէզին մէջ մարդասիրական ծառայութիւններուն համար:

Ան մահացած է 1982-ին: Իր մահէն առաջ ան սկսած է գրել իր յուշերը` հատորի մը հրատարակութեան համար: Բան մը, որ չէ իրականացած:

Մոնրէալ, 10 յունուար 2023

 

(*) Օգտագործած եմ Յովսէփ Ալահայտոյեանի թոռնիկին` Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի «My Grandparents’ Odyssey: From Urfa and Germir to Beirut» գիրքը:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 2 Փետրուար 2023)

Յաջորդը

Բացուի՛լ

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.