Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

Փետրուար 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Շուրջ 50 օր պիտի ընէ, որ Ազրպէյճան, այսպէս կոչուած, «բնապահպան»-ներու ձեռամբ փակ պահած է Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը: Այս պատճառով ալ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամային կացութիւն ստեղծուած է, հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ սնունդի տագնապը, դեղատուներուն մէջ կը տեսնուի մանուկներու սննդեղէնի եւ ընդհանրապէս դեղերու պակաս, նաեւ զգալի է վառելանիւթի պաշարներու նուազում: Առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, դեղերու եւ վառելանիւթի ոչ բաւարար չափերով գոյութեան եւ շատ յաճախ ալ չգոյութեան վրայ շրջափակման առաջին օրերէն աւելցան Հայաստանէն Արցախ մատակարարուող կազի խողովակի, ելեկտրական բարձր լարման գիծի եւ հաղորդակցութեան գիծերու դիտումնաւոր խանգարումները այն շրջաններուն մէջ, որոնք ներկայիս կը գտնուին ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ: Եւ երբ կը խօսինք ձմրան ներկայ խստաշունչ եղանակին կազի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի մատակարարման խափանման մասին, մեր առջեւ կ՛ուրուագծուի աղէտին ամբողջ տարողութիւնը…

Այո՛, Արցախ կը գտնուի մարդասիրական աղէտի յորձանուտին մէջ, եւ Պաքուի բռնատիրական վարչակարգը «բնապահպանական» շինծու պատրուակ մէջտեղ նետած է ծունկի բերելու համար Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները, առջեւ քշելու համար ցեղային զտում կատարելու իր տասնամեակներու քաղաքականութիւնը: Պաքուի վարչակարգին հայատեաց քաղաքականութիւնը չափ ու սահման չունի: Անիկա պատրաստ է ամէն միջոցի դիմելու` կապտելու համար 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի Հանրապետութեան մնացորդացի գերիշխանութեան նշոյլն անգամ: Ալիեւներու բռնատիրութեան ախորժակին յագուրդ չկայ: Այս իրականութիւնը պէտք է լաւապէս հասկնալ, նաեւ պէտք է հասկնալ ու միջազգային ընկերութեան համար ալ ընկալելի դարձնել, որ Պաքուի վարչակարգը պարզ, սոսկական բռնատիրութիւն չէ, այլ ամէնէն անկանխատեսելի եւ ահաւոր բռնատիրութիւններէն մէկն է աշխարհի տարածքին: Անիկա միջնադարեան խանութիւնն է` պաճուճուած արդի ժամանակներու հագուստ-կապուստով…

Այսօր քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը գիտէ Բերձորի միջանցքի փակման «բնապահպանական» պատճառին շինծու պատրուակ ըլլալը, իսկ իրականութեան մէջ զուտ քաղաքական պատճառներով Ազրպէյճանի` այս քայլին դիմելը: Քաղաքակիրթ աշխարհը քաղաքական ամէնէն բարձր ամպիոններէն ձայն կը բարձրացնէ մարդասիրական նախատեսելի աղէտին դէմ, կը դատապարտէ ամբողջ շրջան մը իր 120.000 բնակիչներով շրջափակման մէջ պահելը, կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ Բերձորի միջանցքին մէջ անխափան երթեւեկը վերահաստատելու: Բայց քաղաքակիրթ կոչերը, յորդորները, յայտարարութիւնները, դատապարտումները ոչինչ կ՛ըսեն բռնատիրական վարչակարգին: Եւ այդ վարչակարգի պետը` Ալիեւներու քլանի ղեկավարը նոյնիսկ կը ժպրհի ժխտել, որ Ազրպէյճան փակած է Բերձորի միջանցքը, անմիջապէս սպառնալով սակայն, որ Արցախի մէջ ապրող հայերուն իրաւունքները պաշտպանուած պիտի ըլլան ինչպէս ազրպէյճանցի ոեւէ քաղաքացիի իրաւունքները, այլապէս ճամբան բաց է, կրնան հեռանալ: Ազրպէյճանցի քաղաքացիներու ի՞նչ

իրաւունքներու մասին է խօսքը, Ազրպէյճանը ինք իր քաղաքացիներուն համար բաց երկնքի տակ մեծ բանտի մը վերածուած է…

Բարեբախտաբար հայկական սփիւռքի տարածքին նշմարելի է որոշ զօրաշարժ մը մեր արցախցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին կանգնելու առումով: Հայկական դիւանագիտութիւնը որոշակի շարժումի մէջ է Բերձորի միջանցքին փակ մնալուն աղէտալի հետեւանքները միջազգային ընկերութեան բացատրելու համար, բայց այդքան ալ մեծ յոյսեր պէտք չէ կապել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք կը մնան գերիները իրենց յառաջ քշած «Խաղաղութեան դարաշրջան բանալու» կարգախօսներուն: Մեր կարծիքով, գրաւը պէտք է դնել հայկական սփիւռքի մէջ աւելի մեծ զօրաշարժ ապահովելու կարելիութեան վրայ: Այս մասին յունուար 16-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն եւ անոնց մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն զօրաշարժի կոչ ուղղեց` ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան:

Զօրաշարժի այս կոչին առաջին արձագանգողները եղան Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, որոնք, մանաւանդ նկատի ունենալով Բերձորի միջանցքի վերաբացման հրատապ առաջնահերթութիւնը մեր ազգային օրակարգին մէջ, միացեալ կեցուածքով հանդէս եկան առ ի զօրակցութիւն Արցախին եւ դատապարտելով Ազրպէյճանի կիրարկած հայաթափման քաղաքականութիւնները: Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները` ՍԴՀԿ-ը, ՀՅԴ-ն եւ ՌԱԿ, կոչ ուղղեցին լիբանանահայութեան յունուար 25-ին ժողովրդային հաւաքով արտայայտելու այդ զօրակցութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ, ինչպէս նաեւ` խորհրդանշական ձեւով այդ օր կէսօրին երկու ժամ փակելու Լիբանանի հայահոծ շրջաններու խանութները:

Աննախընթաց էր լիբանանահայերուն ընդառաջումը հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կոչին, հպարտութիւն առթող երեւոյթ մըն էր մեր բազմահազար աշակերտներուն, ուսանողներուն, բոլոր խաւերէն եկող լիբանանահայերուն զօրակցութիւնը իրենց արցախցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Կրնանք անվարան ըսել, որ լիբանանահայութեան կատարած զօրակցական այդ հաւաքը մօտ 50 օրերէ ի վեր սփիւռքի մէջ Բերձորի միջանցքի վերաբացման պահանջով կատարուած զօրակցական կամ բողոքի հաւաքներուն մէջ մեծագոյնն էր, եւ ասիկա` հակառակ անոր որ Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն աղէտալի ու դժուար լուծելի ելեւմտական-տնտեսական եւ քաղաքական տագնապները: Յունուար 25-ին լիբանանահայութեան ցոյց տուած զօրաշարժը պէտք է շարունակուի, անիկա լիցք պէտք է հաղորդէ համահայկական աւելի ընդարձակ զօրաշարժին, որ վստահաբար իր քաղաքական դրսեւորումներով պիտի արդիւնաւորուի Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն առաջնահերթ հարցերուն լուծումով եւ Ազրպէյճանի ախորժակները սանձելով:

 

 

Նախորդը

Եղիշէ Մանուկեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտները Կը Զօրակցին Արցախին Ու Արցախահայերուն

Յաջորդը

Նաւրաթիլովա Դարձեալ Բուժումի Կ՛ենթարկուի Քաղցկեղի Դէմ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In