Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հա՞յ, Թէ՞ Սփիւռքահայ

Փետրուար 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Խորագիրը ընթերցողին առաջին պատասխանը հաւանաբար «Բնականաբար հա՛յ» ըլլայ: «Բնականաբա՛ր հայ» պատասխանելու են ոմանք` ազգային հաւաքական կեանքը պառակտումէ հեռու պահելու, հայաստանցի-սփիւռքահայ, արեւմտահայ-արեւելահայ, հայախօս-օտարախօս, սուրիահայ-լիբանանահայ, ֆրանսահայ-ռուսահայ բաժանարար գիծերը մերժելու եւ «Անկախ տարբերութիւններէն, բոլորը հայ են»-ի «Մենք մէ՛կ ազգ ենք»-ի ճշգրիտ պարունակին եւ հասկացողութեան մէջ մնալու համար: Սոյն յօդուածը այս մօտեցումին մասին չէ, այլ կը փորձէ սփիւռքեան պարունակին մէջ խորագիրին հարցադրումը քննարկման ենթարկել: Խորագիրին հարցադրումը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք մեր օրերու հայաշխարհի ֆիզիքական սահմաններէն դուրս կ՛ապրին, իսկ այսօրուան «հայաշխարհը» միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ, այլ` Արցախի Հանրապետութիւնը, Ջաւախքն ու բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը: Հարցումը այս սահմաններէն դուրս ապրող հայութեան մասին է:

Ուրեմն, հայ աշխարհի ֆիզիքական սահմաններէն դուրս հայ ըլլալու պայմաններն ու միջոցները բազմաթիւ են` ծինային ժառանգութիւն, անուն, արտաքին ֆիզիքական կերպար, հայ ըլլալու ինքնագիտակցութիւն, թերեւս` հայախօսութիւն, ոմանց համար Հայ եկեղեցւոյ պատկանելիութիւն, պատմութեան ու մշակոյթի իմացութիւն, ապրիլէ ապրիլ Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ այլն, եւ այլն: Ինչ կը վերաբերի «սփիւռքահայ» ըլլալուն, նախ պէտք է պարզել, թէ ըստ ընկերաբանական գիտական սահմանումի, որեւէ ազգի սփիւռքին պատկանելու, «սփիւռքցի» դառնալու եւ մնալու առաջին ու հիմնական նախապայմանը հայրենի հողին, հայրենիքի՛ն հետ ֆիզիքական, մտաւոր, հոգեւոր կապ ունենալն է: Այսինքն, սփիւռքահայ դառնալու եւ մնալու նախադրեալը հայրենիքով մտահոգուելու ու տագնապելու, հայրենիքին մէջ ապրող հայրենակիցներուն հետ հաղորդակցելու, անոնց աջակցելու, հայրենաշինութեան նպաստելու մէջ կը կայանայ եւ ոչ թէ պարզապէս հայրենի սահմաններէն դուրս ապրելու:

Վերոնշեալ յստակացումէն ետք, հիմա կ՛արժէ խորագիրին հարցադրումը ընդլայնուած ձեւով կրկնել` այսօր սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան քանի՞ տոկոսը (իր տարատեսակ ու բազմաթիւ շերտաւորումներով) պարզապէս «հայ» է ու քանի՞ տոկոսը` «սփիւռքահայ»: Փակագիծ մը բանալով` այստեղ պէտք է աւելցնել, որ հարցադրումին մէջ նկատի չէ առնուած այն զանգուածը, որ ծագումով հայ ըլլալով հանդերձ, չ՛ուզեր  հայու հրապարակային ինքնութիւն կրել: Վերադառնանք հարցադրումին` այսօր սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան քանի՞ տոկոսը ներգրաւուած է հայկական հաւաքական կեանքին մէջ ու մնայուն կապի մէջ է, իսկապէ՛ս կը տագնապի ու մանաւա՛նդ կը գործէ հայաշխարհին, հայրենիքին համար, ու քանի՞ տոկոսը հայաշխարհի կամ նոյնիսկ իր ապրած սփիւռքեան միջավայրի հայ կեանքին անցուդարձերէն գրեթէ անտեղեակ ու անտարբեր` իր բնականոն կեանքը կը շարունակէ:

Այս հարցադրումին ճշգրիտ պատասխանը լայնածաւալ հետազօտութիւններ եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ կը պահանջէ, ու այս յօդուածը յաւակնութիւն չի կրնար ունենալ քանակի ու ծաւալի գծով պատասխան առաջարկելու, սակայն յատկապէս արցախեան վերջին պատերազմէն ետք որոշ ցուցիչներ կան, որոնց համար կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել այս հարցադրումը` սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգով զբաղողները քննարկման հրաւիրելու:

2020-ի արցախեան պատերազմի աղէտալի ու խայտառակ պարտութենէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, սփիւռքի մէջ համատարած յուսալքութեան, յուսաբեկութեան, անտարբերութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Շատեր ցաւէ, զայրոյթէ, անճարութենէ ու անորոշութենէ առաջնորդուած` դադրեցան հայաշխարհի իրադարձութիւններուն հետեւելէ: Նկատի առած համազգային շոքի ու թրաումայի տարողութիւնը` այս հակազդեցութիւնը հասկնալի ու արդարացի կրնար ըլլալ, եթէ ժամանակաւոր մնար, ու կացութիւնը երկու տարի անց փոխուած ըլլար: Ըստ երեւոյթի, յուսալքութեան եւ անտարբերութեան փոթորիկը մինչեւ օրս կ՛ալեկոծէ մեր իրականութիւնը: Մարդիկ չեն ուզեր լսել կամ խօսիլ հայաշխարհի տագնապներուն մասին, ինչ որ խիստ մտահոգիչ է: Հասարակութիւններուն յոյսը սպաննելը ամէնէն վտանգաւոր ու կործանարար զէնքն է, որմէ պէտք է պաշտպանուիլ ամէն գնով:

Յուսահատութիւնը պէտք է արմատախիլ ընել ու առաձգականութեամբ (resilience), վճռակամութեամբ պայքարիլ: Յուսահատութիւնը բնաւ պէտք չէ պատճառ ըլլայ հայաշխարհի հետ կապերը խզելու կամ տկարացնելու, որովհետեւ Հայրենիքին հետ կապը պորտալարի նման է, երբ խզուի պորտալարը, պտուղը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Այսինքն, երբ հայաշխարհէն հեռու ապրող մարդն ու հասարակութիւնը խզեն իրենց կապը հայրենիքին հետ, երկար ժամանակի վրայ որպէս հայ մարդ ու հասարակութիւն գոյութիւն ունենալէ կը դադրին: սփիւռքի ու հայաշխարհի միջեւ ստեղծուած վիհը կը խորանայ, սփիւռքի հայութեան վստահութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ առաւել կը նուազի ու ՀՀ-ի ներկայ իշխանութիւնները փոխանակ կացութիւնը բարելաւելու` իրենց պետականակործան եւ ապազգային քաղաքականութեամբ ու գործունէութեամբ կը շարունակեն սփիւռքը ու սփիւռքի կայացած կառոյցներն ու հաստատութիւնները լուսանցքայնացնել ու անտեսել, ինչ որ անխուսափելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ սփիւռքի մէջ ապրող հայ մարդու ներաշխարհին վրայ:

Միւս կողմէ` պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ սփիւռքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, սփիւռքի շարք մը համայնքներ չկրցան հաւասարակշռութիւն պահել իրենց սփիւռքեան կառոյցներու եւ ՀՀ-ի կարիքներուն ու առաջնահերթութիւններուն միջեւ: Վերջինին հաշուոյն ու երբեմն ալ վերջինին պատրուակով նոր ձեւաւորուած սփիւռքի մէջ հայակերտումի նուիրուած ժամանակակից կառոյցներ ու կազմակերպուած համայնքներ չստեղծուեցան, իսկ աւանդականօրէն գոյութիւն ունեցող կառոյցները չթարմացան, չարդիականացան, անտեսուեցան, նօսրացան, ժամանակավրէպ դարձան ու տկարացան: Նկատի ունենալով, որ անուրանալի եւ գերկարեւոր դեր ունին սփիւռքեան կառոյցները (դպրոց-մամուլ-ընկերամշակութային կառոյցներ եւ այլն), այս յօդուածի տրամադրութեամբ հայաշխարհէն դուրս ապրող «հայ» մարդն ու հասարակութիւնները «սփիւռքահայ» դարձնելու համար հրատապ օրակարգ կը համարուի հաւասարակշռուած մօտեցումով առաջ տանիլ հայաշխարհին ու սփիւռքին կարիքներու բաւարարման գործը:

Անհրաժեշտ է բաւարար ժամանակ ու միջոցներ տրամադրել սփիւռքեան կառոյցները հզօրացնելու: Առանց հզօր սփիւռքեան կառոյցներու` սփիւռքի կապը հայրենիքին հետ դժուար թէ հզօր ու արդիւնաւէտ դառնայ, հետեւաբար դժուար թէ «սփիւռքահայեր» կերտուին:

Այս երեւոյթներու մատնանշումը պէտք չէ շուքի տակ պահէ, սակայն, հայաշխարհին ու սփիւռքեան կառոյցներուն նպաստելու բոլոր այն ճիգերն ու ջանքերը, որոնք կը գործադրուին սփիւռքի մէջ ապրող զանազան անհատներու, կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կողմէ: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` պէտք է տեսնել ու գնահատել այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք սփիւռքի մէջ ապրող հայը հայաշխարհին կը կապեն ու այդ կապը կ՛ամրապնդեն:

Բոլոր անոնք, որոնք գիտակցաբար մտադիր են հայաշխարհէն դուրս հայ մարդ մնալ եւ հայու ինքնութիւն կերտել, պէտք է հայաշխարհն ու նաեւ սփիւռքեան իրականութիւնը իրենց լաւով ու վատով, իրենց ցաւով ու ողբով, իրենց լոյսով ու յոյսով ընդունին եւ զանոնք բարելաւելու համար գործեն:

Պարզ է. հայաշխարհէն հեռու ապրող մարդը հայ պահելու ու ինքնութիւնը կերտելու լաւագոյն միջոցը հայրենադաձութիւնն է: Սակայն, այնքան ատեն որ համատարած հայրենադարձութիւնը իրատեսական ու իրականանալի չէ, հայրենադարձութեան կողքին, բայց անկէ նուազ ազդեցութեամբ, սփիւռքահա՛յ դառնալը անհրաժեշտ է:

Վերջապէս, ձեւաւորուող հաւաքական յուսահատութեան ու հայաշխարհէն հեռաւորութիւն պահելու տրամադրութիւններու լոյսին տակ, հայ քաղաքական մտքի ներկայացուցիչներուն հիմնական առաքելութիւնը սփիւռքեան ժամանակակից, ինքնաբաւ, բազմաբնոյթ առաքելութիւն ունեցող կառոյցներու ճամբով հայրենիքին հետ մնայուն կապ պահող, հայրենիքին նպաստող սփիւռքահայ անհատ ու հասարակութիւն ձեւաւորելը պէտք է ըլլայ:

Լիզպոն, 21 դեկտեմբեր 2022

Աղբիւր` «Գանձասար Բացառիկ-2023»

Նախորդը

Բացուի՛լ

Յաջորդը

Զանգուածներու Կեղծ Յիշողութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In