Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

February 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ` յունուար 18-էն փետրուար 23, Առաջաւորաց Պահքին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակը:

Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ յոյն էր, Կեսարիոյ Գամիրք գաւառէն: Ան հռոմէական բանակի զօրավար էր եւ արիութեան համար Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր կողմէ Կապադովկիոյ կայսերական զօրքի հրամանատար նշանակուած էր:

Սուրբ Սարգիս, զինուորական իր պարտականութիւններուն կողքին, եւ օգտուելով կայսեր թոյլտուութենէն, Աւետարանը կը քարոզէր, մեհեանները կը քանդէր եւ եկեղեցիներ կը կառուցէր, աղքատներուն կ՛օգնէր, տկարները կը պաշտպանէր եւ քրիստոնէութիւնը կը տարածէր: Ան գթասրտութեամբ կը վարուէր իր զինուորներուն  եւ նոյնիսկ թշնամիներուն հետ:

Յուլիանոս Ուրացող կայսեր գահակալութենէն ետք, 361-ին, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու պայմաններուն տակ Սուրբ Սարգիս իր որդի Մարտիրոսի հետ հեռացաւ Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն եւ Հայաստան ապաստան գտաւ:

Հայոց Արշակ Բ. թագաւոր, տեղեկանալով Յուլիանոս Ուրացողի Պարսկաստանի դէմ արշաւանքի մասին, եւ իր երկիրը զերծ պահելու համար յարձակման վտանգէն, Սուրբ Սարգիսին թելադրեց հեռանալ Հայաստանէն եւ երթալ Պարսկաստան ու ծառայութեան անցնիլ Շապուհ Բ. արքայից արքային մօտ:

Շապուհ թագաւոր, տեղեակ ըլլալով Սուրբ Սարգիսի քաջագործութիւններու մասին, պատիւներով ընդունեց զայն եւ առաջին զօրագունդերու հրամանատար նշանակեց:

Սուրբ Սարգիս պարսկական բանակին մէջ ալ համբաւաւոր դարձաւ իբրեւ քաջ զօրավար: Բազմաթիւ պատերազմներու մէջ ան փայլուն յաղթանակներ նուաճեց: Մեծ էր անոր ազդեցութիւնը պարսիկ զօրքին վրայ: Զինուորներէն շատեր Սուրբի քարոզչութեան շնորհիւ քրիստոնէութիւն ընդունեցին:

Չարախօսներ Շապուհ արքային առջեւ ամբաստանեցին Սուրբ Սարգիսը եւ յայտնեցին, որ ան քրիստոնեայ է:

Շապուհ արքայ աստուածներու տօնին Սուրբ Սարգիսի, անոր զաւկին` Մարտիրոսի եւ բազմութեան հրամայեց հաւաքուիլ ատրուշաններուն մօտ, կրակ վառել եւ զոհ մատուցել: Սուրբ Սարգիս մերժեց` ըսելով, թէ ինք կը պաշտէ կրակի ու արեւու Արարիչը եւ կ՛երկրպագէ Անոր, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը, որ կենդանի է եւ յաւիտենական:

Զայրացած մոգերը եւ ամբոխը յարձակեցան Սուրբ Սարգիսին ու Մարտիրոսին վրայ եւ սկսան ծեծել ու չարչարել զանոնք: Ամբոխին զոհ դարձաւ Մարտիրոս եւ ընդունեց մարտիրոսութեան պսակը:

Շապուհ թագաւոր Սուրբ Սարգիսը բանտ նետել տուաւ` այն յոյսով, որ ան կրնայ զղջալ ու կրակապաշտ դառնալ:

Տեսնելով Սուրբ Սարգիսի հաստատուն հաւատքը` թագաւորը գլխատման վճիռ արձակեց:

Մահապատիժի գործադրութենէն առաջ Սուրբը աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք իմ անունը կը յիշեն նեղութեան մէջ եւ իմ նահատակութեան յիշատակը ուխտով եւ պատարագով կը կատարեն, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ՛ եւ շնորհէ՛ անոնց խնդրանքը»:

Սուրբ Սարգիս «Յայսմաւուրք»-ին համաձայն, գլխատուեցաւ 31 յունուար 363-ին, Մազանտարան նահանգի Տաղման քաղաքին մօտ:

Գլխատման պահուն երկնային լոյս մը ծագեցաւ  եւ իր ցոլքերով շրջապատեց անոր մարմինը: Սուրբ Սարգիս նահատակուեցաւ, բայց չմեռաւ: Տիրոջ ձայնը ըսաւ. «Զօրացի՛ր, քաջ նահատակ Քրիստոսի, մի՛ վախնար անոնցմէ, որ մարմինդ կը սպաննեն, որովհետեւ քեզի համար բացուեցաւ երկինքի արքայութեան դուռը: Ինչ որ խնդրեցիր Աստուծմէ, տրուեցաւ քեզի: Եւ հաւատացեալներու կողմէ կատարուած խնդրանքները պիտի  կատարուին Աստուծոյ կողմէ»:

Պարսիկ տասնչորս զինուորներ, որոնք հաւատարիմ էին Սուրբ Սարգիսի, վերցուցին անոր մարմինը եւ մաքուր զգեստներով պատեցին` թաղելու համար: Բայց Շապուհ թագաւորին հրամանով անոնք եւս գլխատուեցան: Անոնց մարմինները գազաններու առջեւ նետեցին: Ի զարմանս ներկաներուն` ոչ մէկ գազան դպաւ նահատակներու մարմիններէն ոեւէ մէկուն:

Հաւատացեալներ թաքուն վերցուցին Սուրբ Սարգիսի, Մարտիրոսի ու տասնչորս զինուորներու սուրբ մարմինները եւ Համիան քաղաքին մօտ թաղեցին:

Հետագային Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ Սուրբ Սարգիսի մարմինը Հայաստան տեղափոխեց եւ Արագած լերան հարաւ¬արեւելեան փէշերուն, Կարբի աւանին մօտակայ Ուշի գիւղին մէջ ամփոփեց: Սուրբ Սարգիսի մասունքներուն վրայ կառուցուեցաւ Ուշիի Սուրբ Սարգիս վանքը:

Սուրբին ակռաներէն մէկը Մեսրոպ Մաշտոց խաչափայտի մէջ տեղադրեց եւ օծեց: Հետագային խաչափայտը Գագ լերան բարձունքին ամրացուեցաւ եւ Գագայ Սուրբ Սարգիս վանքը կառուցուեցաւ:

* * *

Սուրբ Սարգիս ընտանիքներու եւ սիրահարներու պահապանն է, արագահաս եւ ամենահաս օգնական ու ապաւէն: Եւս առաւել ան նկատուած է հայութեան պահապանն ու հսկողը, որ իր հրեղէն ձիով իր տօնին նախորդող ուրբաթ գիշերը կը սլանայ Հայկական լեռնաշխարհի վրայէն:

Մուրազատու Սուրբ Սարգիս շնորհաբաշխ է յատկապէս Առաջաւորաց շաբաթապահքը պահողներուն նկատմամբ:

Առաջաւորաց շաբաթապահքը, Մեծ Պահքէն երեք շաբաթ առաջ` երկուշաբթիէն ուրբաթ, հաստատուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք, իբրեւ նշանակ Հայաստանի հոգեւոր լուսաւորութեան: Առաջաւորաց կոչուած է իբրեւ ազդարար Մեծ Պահքին, իբրեւ հայոց առաջին ազգային պահք:

Աւանդութեան համաձայն, Առաջաւորաց Պահքի ընթացքին օրական մէկ անգամ` երեկոյեան, աղ ու հաց եւ բանջարեղէն կ՛ուտեն, իսկ  շատեր լման ծոմ կը պահեն, առանց ուտելու եւ առանց խմելու: Լման ծոմ պահողները չորեքշաբթի օր դրացիներով ու ազգականներով կը հաւաքուին եւ միասին ջուր կը խմեն ու կը ճաշեն, որմէ ետք կրկին ծոմը կը շարունակուի: Աղջիկներ ծոմին վերջին օրը, ուրբաթ երեկոյեան աղի բլիթ կը ճաշակեն, հաւատալով որ իրենց ապագայ կողակիցէն երազին մէջ ջուր կը ստանան: Աղջիկներ գիշերը բակը կամ տանիքը ամաններու մէջ լեցուած փոխինդ կը դնեն որպէսզի Սուրբ Սարգիս անոր վրայ իր ձիու պայտին հետքերը ձգէ:

Պահքն ու ծոմը կը լուծուին շաբաթ օր` Սուրբ Սարգիսի տօնին մատուցուած Սուրբ Պատարագով եւ Հաղորդութեամբ:

Ծոմ պահած կիներ եւ աղջիկներ եկեղեցւոյ մէջ ծոմը լուծելէն` ծոմբացէն ետք փոխինդի կամ ոչխարի մատաղ կը բաշխեն եւ զիրար կը շնորհաւորեն, մաղթելով որ Սուրբին բարեխօսութեամբ Աստուած ընդունի իւրաքանչիւրին խնդրանքը:

 

 

Նախորդը

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.