Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ-ի Արցախի Շարքերը Համալրուեցան
28 յունուարին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին ՀՅԴ շարքերը համալրուեցան 4 նոր անդամներով:
Անոնք երդում տուին միշտ հաւատարիմ մնալու ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:
Երդման արարողութեան կնքահայրն էր վաստակաւոր կուսակցական ընկեր Գէորգի Պետրոսեան:
Չափազանց Թանկ Գին Վճարած Ենք Մեր Ազատութեան Եւ Անկախութեան Համար, Մեր Պատմութիւնը Անարժան Կերպով Փակելու Բարոյական Իրաւունք Չունինք. Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի ղեկավար Արթուր Թովմասեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Մարտունի շրջանի Ճարտար եւ Խնուշինակ համայնքներ` բնակիչներուն ստեղծուած իրավիճակին եւ զայն յաղթահարելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ տալու նպատակով:
Արցախի Ազգային ժողովի տարածած հաղորդագրութեամբ տեղեկացուցին, որ Արթուր Թովմասեան Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանի, պատգամաւոր Արեգ Աւագեանի եւ Արցախի նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան նախագահ Արայիկ Լազարեանի ուղեկցութեամբ հանդիպումներ ունեցաւ Մարտունի շրջանի Ճարտար եւ Խնուշինակ համայնքներու բնակիչներուն հետ:
Հանդիպումին Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ Արցախի բռնակցումը Ազրպէյճանին պիտի յանգեցնէ Արցախի ոչնչացման եւ պիտի դառնայ պատմական, իրաւական, աշխարհական քաղաքական ու բարոյական ողբերգութիւն հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովուրդին համար:
«Մենք չափազանց թանկ գին վճարեցինք մեր ազատութեան ու անկախութեան համար եւ մեր պատմութիւնը անարժան կերպով փակելու բարոյական իրաւունք չունինք: Շրջափակումը արցախահայութիւնը կանգնեցուց աննախադէպ աղէտի առջեւ: Վտանգուած է Արցախի ժողովուրդի լիարժէք կեանքի եւ ապրելու իրաւունքը: Այս դժուարին օրերուն առաւել կարեւոր են համերաշխութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը իրարու նկատմամբ», հանդիպման ընթացքին ընդգծեց Ազգային ժողովի նախագահը:
Այնուհետեւ ան առանձնացուց շրջափակման ազդեցութիւնը մեղմելու առաջնահերթութիւնները.
«Իբրեւ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարի` ինծի համար առաջնային են.
1.- Քաղաքացիին տէր կանգնելու պետութեան պարտաւորութիւնները:
2.- Ընկերային նոր ծրագիրներու անյապաղ ձեռնարկումը, յատկապէս` խոցելի խաւերու, այդ թիւին մէջ շրջափակման պատճառով գործազուրկի կարգավիճակի մէջ յայտնուած մեր քաղաքացիներուն հանդէպ:
3.- Տեսակէտը, որ ընկերային ծրագիրները ծուլութեան կամ անգործութեան կը տանին մարդիկը, անընդունելի է այս իրավիճակին մէջ, որովհետեւ Արցախի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ կ՛իրականացնէ սուրբ առաքելութիւն` ազգային արժանապատուութեան պահպանում»:
Նշուած է, որ հանդիպումը ընթացած է փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ: Բնակիչներուն բարձրացուցած հարցերը քաղաքական, գիւղատնտեսութեան, ընկերային ապահովութեան, անվտանգութեան ոլորտներուն կ՛առնչուէին: Հարցերուն մէկ մասին տրուեցան սպառիչ պատասխաններ, միւսները փոխանցուեցան ստիպողական վիճակի խորհուրդին:
Ազգային ժողովի նախագահը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին համայնքներու բնակիչներուն ճգնաժամային իրավիճակը պատշաճ կերպով դիմակայելնուն համար:
Երեւանի Փողոցներէն Մէկը Անուանակոչուեցաւ Դանիացի Միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի Անունով
Երեւանի մէջ կայացաւ դանիացի միսիոնարուհի, մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, հազարաւոր հայ որբերու երկրորդ կեանք պարգեւած Մարիա Ճէյքըպսընի անունով անուանակոչուած փողոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Երեւան քաղաքի աւագանիի 2022 թուականի նոյեմբեր 22-ի որոշումով Երեւան քաղաքի Արաբկիրի 51-րդ փողոցը անուանակոչուեցաւ Մարիա Ճէյքըպսընի անունով:
Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի խօսքով, շռայլութիւն է ունենալ անանուն փողոցներ, երբ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ ունի նուիրեալներ եւ բարեկամներ, որոնցմէ մէկն ալ Մարիա Ճէյքըպսընն է:
«Մենք կարեւոր կը նկատենք այն անձերը, որոնք ամէնէն ծանր պահերուն եղած են հայ ժողովուրդի կողքին: Մարիա Ճէյքըպսըն այն անձերէն է, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկած եւ կրթած է հազարաւոր հայ մանուկներ, եւ այս, կը կարծեմ, որ այն փոքր յիշատակի կարելիութիւնն է, որ քաղաքը կրնայ եւ պարտաւոր է տալ այդ մարդուն: Մենք պէտք է յիշենք եւ մեր պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրենք այսպիսի մարդիկը, որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռները եւս իմանան իրենց մասին», նշեց Աւինեան:
Հայաստանի մէջ Դանիոյ դեսպան Անն Թովթ Սորենսըն նշեց, որ այս առաջին ձեռնարկն է, որուն մասնակցած է` իբրեւ Հայաստանի մէջ Դանիոյ Թագաւորութեան դեսպան:
«Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ եւս նշած եմ, որ մեր յարաբերութիւնները պիտի կառուցենք պատմական կապերու, բարեկամութեան հիմերու վրայ: Մարիա Ճէյքըպսընը այդ բարեկամութեան խորհրդանիշն է: Հազարաւոր հայ մանուկներու Ցեղասպանութենէն փրկած միսիոնարուհին կը կոչէին Մամա Ճէյքըպսըն», ըսաւ դեսպանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ` Մարիա Ճէյքըպսընի ժառանգները, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի, «Մարիա Ճէյքըպսըն կեդրոն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ այլ պաշտօնական անձեր:
Մարիա Ճէյքըպսըն ծնած է 1882 թուականին, Դանիա: 1906 թուականին բուժքոյրական դասընթացքները աւարտելէ ետք կը դառնայ «Կանանց միսիոնարական աշխատողներ» կազմակերպութեան անդամ եւ իբրեւ միսիոնարուհի` մեկնած է Խարբերդ: 1907-1919 թուականներուն տեսածը Ճէյքըպսըն շարադրած է իր օրագրին մէջ, որպէսզի հետագային դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ականատեսի վկայութիւն: 600 էջերէ բաղկացած օրագրին մէջ նկարագրուած են Խարբերդի հայերու տեղահանութիւնն ու աքսորը: Մարիա Ճէյքըպսընի ջանքերով աւելի քան 3 հազար 600 հայ որբեր կ՛անցնին անոր խնամակալութեան տակ: Այդ ժամանակ ալ ան կը վարակուի հիւանդութեամբ: 1919 թուականին բուժման նպատակով որոշած է Դանիա երթալ, սակայն Միացեալ Նահանգներ երթալու հրաւէր կը ստանայ: 7 ամիսներու ընթացքին ան կը յաջողի հայ որբերու համար գումար հայթայթել, որմէ ետք կը փորձէ վերադառնալ Խարբերդ, սակայն թրքական իշխանութիւնները թոյլ չեն տար: Մարիա Ճէյքըպսընի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով 1922 թուականին Սայտայի մէջ կը բացուի որբանոց եւ 1928 թուականին կը տեղափոխուի Պէյրութի մերձակայքի մէջ գտնուող Ճիպէյլ աւան ու կը կոչուի «Թռչնոց բոյն»: Այստեղ ալ Ճէյքըպսըն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Հայ որբերը իրեն կը դիմէին «մամա» կոչումով: «Թռչնոց բոյնը» անոնց համար աւելի շատ դպրոց էր եւ տուն, քան` որբանոց: Այնտեղ երեխաները կը սորվէին նոյն այն առարկաները, որոնք կը դասաւանդուէին Լիբանանի հանրային դպրոցներու մէջ:
47-Օրեայ Բաժանումէ Ետք Արցախցի Մանուկները Տուն Վերադարձան
Ստեփանակերտի մէջ «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին վրայ 27 յունուարին դիմաւորուեցան Երեւանէն Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Արցախ վերադարձած 15 մանուկ-պատանիները եւ անոնց մանկավարժները, որոնք Արցախի շրջափակման պատճառով շուրջ 47 օր է ի վեր բաժնուած էին իրենց ընտանիքներէն:
Տուն վերադարձած մանուկները Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի երգչախումբի սաներն են, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումէն առաջ գացած էին Երեւան` «Մանկական եւրոտեսիլ-2022» երգի մրցումին ներկայ գտնուելու համար:
«Երեխաներուն վերադարձի լուրը առնելուս պէս իւրաքանչիւր վայրկեանը տարի թուեցաւ, իւրաքանչիւր վայրկեանը 47 օրէն աւելի երկար էր, ըսաւ վերադարձած մանուկներէն Մովսէսին մայրը` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան:
«Կը գիտակցէի, որ որդիս եւս պէտք է պայքարի մասնակից ըլլայ, եւ ես պէտք է զգացումներս շատ հեռու պահեմ», ըսաւ ան` նշելով, որ, այդուհանդերձ, 47 օրէ ի վեր կը սպասեն կարօտով: Ան կը պատմէ, որ որդին հաստատակամ էր` դիմանալու ամէն դժուարութեան, բայց միայն` ընտանիքին հետ եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Տուն վերադարձած մանուկներէն Արմինէ Գասպարեանին համար այս օրերու սպասումները եւ տունդարձը կրկնակի խորհուրդ ունին. ընտանիքը կը սպասէ անոր քրոջ ծնունդին: «Կը մտահոգուէի մայրիկիս համար, որ եթէ ծնի քոյրս, իսկ ես դեռ տունէս եւ ընտանիքէս հեռու ըլլամ: Հիւրանոցն էինք, երբ տղաները եկան եւ ըսին, որ վաղը առաւօտեան ճամբայ պիտի ելլենք դէպի տուն», ըսաւ Արմինէ:
Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները դիմաւորելու եկած էր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Յասմիկ Մինասեանը:
«Թումօ» Կեդրոնները Եւ «Թումօ Տուփերը» Հասանելի Պիտի Ըլլան Հայաստանի Ամբողջ Տարածքին
Կառավարութեան յունուար 26-ի նիստին անդրադարձ կատարուեցաւ «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամին իրականացուցած «Թումոն տուփի մէջ» կրթական ծրագրին:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Ժաննա Անդրէասեանը ներկայացուց ծրագրի մանրամասնութիւնները եւ յառաջիկայ ընելիքները:
«Այս ծրագիրը մէկ այլ` շատ կարեւոր եւ մեծ նախագիծի մը հատուածն է, որով կը փորձենք որակեալ կրթական ծառայութիւնները, ներառեալ` ոչ պաշտօնական կրթութիւնը, ինչպիսին իրականացնում է «Թումոն», դարձնել հասանելի Հայաստանի բոլոր բնակավայրերուն մէջ», հաղորդեց նախարարը:
Ըստ Ժաննա Անդրէասեանի, կը նախատեսուին 16 մեծ կեդրոններ, որոնց մէջ կարելի է սորվիլ «Թումօ»-ի ամբողջական կրթական ծրագրով եւ` 110 շարժական «Թումօ տուփեր», որոնք հիմնականօրէն կը տեղադրուին դպրոցներու կից:
«Թումօ տուփեր»-ու միջոցով երեխաները կ՛անցնին ուսումնառութեան առաջին հատուածը, որ առաւելապէս հիմնուած է ինքնուսուցման վրայ: Այնուհետեւ 2-րդ փուլի ուսուցումը կարելի է շարունակել մեծ կեդրոնի մէջ` օգտուելով երթեւեկութեան ծառայութենէն:
«Այս ձեւով կ՛աշխատի Դիլիջանի կեդրոնը: Գաւառին եւ Բերդին մէջ «Թումօ տուփ»-ի առաջին փուլի ուսումնառութենէն ետք երեխաները կրթութիւնը կը խորացնեն Դիլիջանի մեծ կեդրոնին մէջ: 16 կեդրոնները եւ 110 տուփերը պիտի ծածկեն Հայաստանի ամբողջ աշխարհագրութիւնը` հասանելի դարձնելով կրթական ծրագիրը բոլոր բնակավայրերուն մէջ», ըսաւ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը եւ աւելցուց, որ այս պահուն ընթացքի մէջ են նաեւ շարք մը տուփերու տեղադրման եւ Կապանի, Էջմիածինի ու Կողբի մէջ մեծ կեդրոններու կառուցման աշխատանքները:
Նախարարին գնահատումով,կարեւոր հանգամանք է «Թումօ տուփ»-ի` դպրոցներու կից տեղադրումը, որ կարելիութիւն պիտի ընծայէ դպրոցներու զարգացման, իսկ երեխաներուն եւ ուսուցիչներուն համար` նոր հմտութիւններու ձեռքբերման ու վերապատրաստման տեսանկիւնէ:
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ներկայացումով, «Թումօ» ծրագրի ընդլայնման նպատակով անհատոյց օգտագործման իրաւունքով տարածք յատկացուած է: Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին, նախագիծին հաստատումը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, որ 900 երեխաներ Ախուրեանի եւ 300-ը` Փանիկի մէջ, կարողանան օգտուիլ ծրագրէն: «Թումօ» ծրագիրը ունի 14 ուղղութիւն, այդ շարքին` գծանկարային եւ այլ ժապաւէններու ստեղծում, երաժշտութիւն եւ այլն:
Ըստ նախարար Ժաննա Անդրէասեանին, յատկանշական է, որ կեդրոնները կը բացուին պատմական մշակութային արժէք ունեցող շէնքերու մէջ, ինչը մշակութային ժառանգութեան նոր շունչ կը հաղորդէ եւ նոր միջավայր կը ստեղծէ: Գիւմրիի մէջ կեդրոնը կառուցուած է թատրոնի պատմական շէնքին մէջ, իսկ Կապանի մէջ կը նախատեսուի հին կայարանի շէնքին մէջ: 7 «Թումօ» կեդրոն կը գործէ նաեւ արտերկրի մէջ: Կեդրոններու ստեղծումով հետաքրքրուած են նաեւ Ճափոնի եւ Մեքսիքայի մէջ. «Թումօ» կեդրոնները կը դառնան նաեւ արտահանուող կրթական ծառայութիւն:
Մարտիրոս Սարեանի Մատենանկարչութեան Հարուստ Ժառանգութիւնը Ամփոփուեցաւ Եռալեզու Գրացուցակի Մէջ
«Մարտիրոս Սարեան. գիրք եւ արուեստ» եռալեզու գրացուցակին մէջ ընդգրկուած են շուրջ իննսուն գրքային նկարազարդումներ, անուանի գրողներու գեղանկարչական եւ կրաֆիքական դիմանկարներ, որոնք ուղեկցուած են հետաքրքրական տեղեկութիւններով եւ բնագրային մէջբերումներով:
Գրացուցակի լոյս ընծայման համար հիմք ծառայեց «Մարտիրոս Սարեան. գիրք եւ արուեստ» համանուն ցուցահանդէսը, որ ամիսներ առաջ բացուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ Սարեանի ձգած մատենանկարչութեան հարուստ ժառանգութիւնը:
Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ յունուար 25-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի գրադարանին մէջ, պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ որոշեր են աշխուժացնել հրատարակչական գործունէութիւնը, եւ յառաջիկայ բոլոր ցուցահանդէսներու հիման վրայ պատկերագիրքեր պիտի հրատարակուին:
«Սկսանք Սարեանէն, որովհետեւ ցուցահանդէսի նախապատրաստական փուլին շարք մը բացայայտումներ եղան: Գիտաշխատողները ահռելի գիտական հետազօտական աշխատանք կատարեցին: Տարեթիւերու, անուանումներու մասին բազմաթիւ ճշգրտումներ կատարուեցան: Ստացուեցաւ արխիւային նիւթ, որ պէտք էր յանձնել հանրութեան` գրացուցակի տեսքով», նշեց ան:
Յակոբեան կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է օտարալեզու գրականութեամբ տարածել հայ մշակոյթը, ուստի պատկերագիրքերը առնուազն երկու լեզուով պիտի ըլլան, իսկ Սարեանին նուիրուած գրացուցակը հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով է:
2023-ին պատկերասրահին մէջ տասը ցուցահանդէս պիտի իրականացուի, սակայն տարին մեկնարկեցին «Մերկի հանդերձները» ցուցահանդէսով, որուն ծիրին մէջ առաջին անգամ արուեստասէրներուն ներկայացուեցան մերկ կերպարի տեսակը` Ազգային պատկերասրահի հաւաքածուէն:
Մարտիրոս Սարեանի թոռնուհի, նկարիչի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեան յիշեցուց, որ առիթով մը Սարեան ըսաւ` եթէ ցուցահանդէսը գրացուցակ չունենայ, կը մոռցուի ու կ՛անցնի պատմութեան գիրկը: Ան պատկերասրահին նուիրեց Սարեանի տուն-թանգարանի հրատարակած «Չարենց-Սարեան» գրացուցակը, որուն շնորհահանդէսը դեռ չէ կազմակերպուած:
«Մարտիրոս Սարեան. գիրք եւ արուեստ» համանուն ցուցահանդէսը սկսաւ հայ դասականներ` Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Աւետիք Իսահակեանի գրական երկերու նկարազարդումներով: Ներկայացուած են գրքային կրաֆիքի ասպարէզին մէջ Սարեանին ստեղծած ինչպէս ամենավաղ պատկերազարդումները ռուս հեղինակներ` Միխայիլ Լերմոնտովի, Վլատիմիր Էլսների եւ Վալերի Բրիւսովի գիրքերու համար, այնպէս ալ Վահան Թոթովենցի, Գուրգէն Մահարիի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Մարիէթա Շահինեանի ստեղծագործութիւններու ձեւաւորումներով:
Նկարիչը անդրադարձած է դասագիրքերու եւ մանկական գրականութեան պատկերազարդման: Գրչածայրի կամ վրձինի մէկ հպումով կեանք առած հեքիաթային բներգը մեզ կը տեղափոխէ տակաւին մանկուց հարազատ եւ ծանօթ աշխարհներ:
Ցուցադրութիւնը կ՛ամփոփէ համաշխարհային բանաստեղծութեան գլուխ-գործոց «Շահնամէ»-ի «Ռոստամ եւ Սոհրաբ» պոէմի շքեղ նկարազարդումները, որոնք Սարեանի հզօր վրձինն ու վառ երեւակայութիւնը պարսկական մանրանկարներու ոգիով կենդանացուցին արեւելեան պատումները իրենց ամբողջ հմայքով եւ խորութեամբ:
Ցուցահանդէսի համադրողներն են Հայկուհի Սահակեանն ու Սեդա Խանճեանը:
Հրատարակուեցաւ «Հայաստանի Պատմական Մշակութային Ժառանգութիւնը» Անգլերէն Ժողովածուն
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գրահրատարակչութեան ոլորտի ծիրին մէջ 2022 թուականին մեկնարկած «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհային ծրագրի ծիրին մէջ հրատարակուեցաւ «Հայաստանի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը» անգլերէն ժողովածուն:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ գիտական հանրամատչելի այս ժողովածուն նախատեսուած է ընթերցողներու առաւել լայն լսարանի համար: Առանձին յօդուածներու տարբերակով փորձ կատարուած է ամփոփ, սակայն գիտական արդի ընկալումներու համահունչ ներկայացնել հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնատիպ նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութեան ընտրանին:
Անիկա ընթերցողական լայն շրջանակներու կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բացայայտելու եւ ճանչնալու հայոց պատմութեան ու մշակոյթի որոշակի շերտեր:
Հրատարակութեան հազար օրինակ տպաքանակէն 500-ը առաքուած է արտերկրի մէջ գործող 500 գրադարանի:
Ազգային Պատկերասրահի Հաւաքածոն Համալրուեցաւ Եւս Մէկ Կարեւոր Նմուշով
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի արուեստի հիանալի հաւաքածոն համալրուեցաւ հիմնականօրէն նուիրեալներու շնորհիւ: Վերջին տարիներուն վերականգնեցաւ նուիրատուութեան բարի աւանդոյթը: Այս մասին յայտնեցին Ազգային պատկերասրահէն:
«Այսօր Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոն համալրուեցաւ եւս մէկ կարեւոր նմուշով: Տաղանդաւոր արուեստագէտ Հռիփսիմէ Սիմոնեանի (1916-1998) թոռնուհին` Արեւիկ Գրիգորեան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին նուիրեց ընտանեկան հաւաքածոյէն «Սիրահարներ» (1970-ականներ) ստեղծագործութիւնը: Հ. Սիմոնեանի այս աշխատանքը բացառիկ է իբրեւ նիւթ:
Կարս ծնած հայ արուեստագէտը հանրութեան ծանօթ է իբրեւ քանդակագործ-խեցեգործ: Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Սիմոնեանի ընտանիքը հաստատուած է Թիֆլիս, Հռիփսիմէ 1945 թուականին աւարտած է Թիֆլիսի Գեղարուեստի ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժանմունքի խեցեգործութեան բաժինը: Հետագային, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան կից կազմակերպած է կերպարուեստի բաժին եւ ղեկավարած է զայն մինչեւ 1975 թուական: 1956-էն եղած է Երեւանի Գեղարուեստական թատերական հիմնարկի խեցեգործութեան բաժինի վարիչ (1977-էն` փրոֆեսէօր): Իսկ 1958 թուականին Ռ. Շահվերդեանի հետ Խորհրդային Հայաստանի ԳԱ Արուեստի հիմնարկի կից ստեղծած է խեցեգործութեան կեդրոն:
«Սիրահարներ» ստեղծագործութիւնը շուտով պիտի ներկայացուի «Մերկի հանդերձները. մերկութեան պատկերաւորումները հայկական կրաֆիքին մէջ» ցուցահանդէսին: Իսկ 2024 թուականի գարնան տեղի պիտի ունենայ Հռիփսիմէ Սիմոնեանի ստեղծագործութիւններու յետահայեաց ցուցադրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: