Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Ի.

Յունուար 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նախորդ` ԺԹ. մասը աւարտեցինք մեր առաջին նախահայրերէն հուրրի` ձիերու մասնագէտ Քիքքուլիի, որ ճանչցուած է իբրեւ «Միտաննիներու երկրէն վարպետ ձի մարզող», այսինքն` Հայաստանէն, մարտակառքի ձիեր մարզելու եւ խնամելու ՔԱ շուրջ 1345-ին գրած ուղեցոյցէն, օրերու վրայ երկարող մարզումի եւ սնունդի մանրամասն վարժութիւնը մինչեւ 34-րդ օրը (1): Ստորեւ` ուսուցման մինչեւ 75-րդ օր շարունակութիւնը:

«Օր 38. Առաւօտուն ձին լողացնել, ապա` 10 քմ քալեցնել: Ցերեկին ո՛չ ուտելիք, ո՛չ ալ ջուր տալ: Երեկոյեան 400 մեթր քալեցնել: Գիշերը խոտով եւ յարդով կերակրել: 9 օր կրկնել այս վարժութիւնը:

1. Ձիերու խնամքի եւ ջուր խմելու քանդակ, հիւսիսային Միջագետք, ՔԱ 883-859: 2. Խեթական քանդակ, ձիով մարտակառքի կազմածքի քննութիւն, կամ նորոգութիւն:

Ամբողջապէս մարզուած ձին.

Օր 48. Ամբողջ օրը ոտքի պահել, մէկ ձեռք խոտ տալ կէսօրին, երեկոյեան 2,5 քմ քալեցնել, գիշերը ջուր եւ խոտ տալ:
Օր 49. Քալեցնել 2,5 քմ, ապա` լողացնել:
Օր 50. Քալեցնել 15 քմ, վազեցնել 800 մեթր, գիշերը խոտ տալ:
Օր 60. Քալեցնել 1800 մեթր, վազեցնել (?) մեթր, գիշերը խոտ կերցնել: 9 օր կրկնել այս վարժութիւնը:
Օր 61. Առաւօտուն քալեցնել 3400 մեթր, երեկոյեան  քալեցնել 3400 մեթր, վազեցնել 400 մեթր:
Օր 62. Առաւօտուն քալեցնել 3400 մեթր, վազեցնել 400 մեթր: Լուալ, 3 անգամ լողացնել: 35 լիթր կեղեւով խաշած գարի կերակրել, գիշերը խոտ տալ:
Օր 63. Քալեցնել 16 քմ, վազեցնել 400 մեթր: 9 օր կրկնել: Հինգերորդ երեկոյեան տաք ջուրով լուալ ձին:
Օր 73. Առաւօտուն երկու ձեռք կեղեւով գարի տալ: Քալեցնել 2 քմ, երեկոյեան 400 մեթր վազեցնել:
Օր 75.  Առաւօտուն քալեցնել 3400 մեթր, ապա` վազեցնել 600 մեթր: Լուալ, լողացնել 5 անգամ եւ իւրաքանչիւր լողէն ետք խոտ կերցնել: Գիշերը կեղեւով խաշած ընդեղէն (գարի, վարսակ եւ այլն) կերցնել»:

Ինչպէս կը տեսնենք, ՔԱ երկրորդ հազարամեակին, 3400 տարի առաջ, մարտակառքի յատուկ ձիեր խնամելու ցարդ ամենահին, այսքան մանրամասն դասագիրք պատրաստելը հարիւրաւոր տարիներ մարտակառք ունեցած ըլլալու աւանդութիւն եւ փորձառութիւն կ՛ենթադրէ: Այս իրողութիւնը Հայկական Լեռնաշխարհը ձիերու եւ մարտակառքերու բնօրրանը ըլլալու քանիերորդ փաստը կը հաստատէ:

3. Երկձի մարտակառք: 4. Քառաձի մարտակառք:

«Հուրրիները իրենց լեզուն ունէին եւ միտաննիները պարզապէս հուրրի բարբառ մը կը խօսէին: Անոնք Հայաստանի մէջ կ՛ապրէին, խեթերու կայսրութեան արեւելքը, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջագետքի հիւսիսը, նաեւ անոնք խառնուեցան այլ ժողովուրդներու հետ` Ասորեստանի, Բաբելոնի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ»: Կը գրէ «Ասպետութեան գործերը» (The Works of Chivalry) գիրքի հեղինակ Ճիովաննի Պաթիստա Թոմասինի (Giovanni Battista Tomassini) (2), Քիքքուլիի մասին գրած գլուխին մէջ: Վերջապէս, համացանցին մէջ եւ գիտական գրականութեան մէջ բազմաթիւ են Քիքքուլիի մասին գրուած նիւթերը` իբրեւ ամենահին եւ առաջին այսպիսի ուղեցոյց պատրաստողի:

Ձիերու խնամքին մասին հայկական մատենագրութիւնը` գրաւոր գիտութիւնը շարունակուած է եւ փոխանցուած` դարէ դար: Յօդուածաշարքիս Ա. մասին մէջ անդրադարձած էինք ձիերու յատուկ միջնադարեան բժշկական, Սիսի մէջ 1295-1298-ին գրուած հայերէն ձեռագիր գիրքին մասին: «Ձիական գիտութիւն» (Equine science) գիրքին համար 2020-ին «Միջնադարեան ձիերու բժշկութիւն Հայաստանէն» (Medieval Equine Medicine from Armenia) խորագիրով ծաւալուն յօդուած մը գրած է աւստրիացի փրոֆ. դոկտ. Եասմին Տամ Թրակութ, որ հայագէտ, լեզուագէտ եւ ձիաբան է ու Սալզպուրկ համալսարանի Հայագիտական կաճառի տնօրէնը (Jasmine Dum-Tragut, Armenologist-Linguist-Hippologist, University of Salzburg; Head of the Department for Armenian Studies) (3), (4), որուն աշխատութեան պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ:

Հուրրիներուն դէպի հարաւ ազդեցութեան եւ տարածուելուն մասին 1983-ին Մարի-Լուիզ Մասելլ (Mary-Louise Mussell) «Պաղեստինի ուշ պրոնզէ դարու (ՔԱ 1500-1200) գլանաձեւ կնիքները ցոյց կու տան հուրրիներուն ազդեցութիւնը» (The Cylinder Seals of Late Bronze Age Palestine as Indicators of Hurrian Influence») խորագիրով 202 էջ աւարտաճառ ներկայացուցած է Ամերիկայի Ուիլֆրիտ Լորիէ (Wilfrid Laurier) համալսարանին մէջ (5): Վերջաւորութեան հուրրի ազդեցութեան 47 կնիքներու գծագրութիւններ ներկայացուցած է, որոնցմէ մէկուն վրայ երեք ձիեր կան, տես` նկար 5: Մասելլ կը նշէ, որ կարգ մը կնիքներ կրնան ՔԱ 16-րդ դարուն պատկանիլ:

Այս ուսումնասիրութեան մէջ, ստորեւ, այլ հետաքրքրական յայտնութիւն մը եւս կը գտնենք. Պաղեստինի Թել Կեզեր հնավայրին մէջ գտնուած 5 կնիքներէն երկուքին, երկրորդ օղակին` տողին սեպագիր հուրրիերէն գրութիւնը, հնագէտ Փեթրի (William Petrie, 1853-1942) այսպէս թարգմանած է. «Սեթին սիրեցեալ` ձիերու հոգատար Արան, շնորհուած է յաւիտենական կեանքով» («The keeper of the horses, beloved of Set, Ara, endowed with eternal life»): Աւելի տեղեկութիւն չկայ, սակայն կարելի է տեսնել հուրրի-հայ Արա եւ ձի կապերը:

5. Պաղեստինի մէջ պեղուած գլանաձեւ հուրրիական կնիք մը, ուր կ՛երեւին 3 ձիեր, ՔԱ 16-րդ դար: 6. Իբրեւ նմուշ` հօրմէս մնացած բաբելոնական գլանաձեւ կնիք մը` 1,7 սմ տրամագիծով եւ 2,5 սմ երկարութեամբ, նստած թագուհիին նուէրներ կը բերեն, հաւանաբար` ՔԱ շուրջ 1800:

Ալեքսանտր Վարպետեանը նաեւ, Կատնայի մասին (պաղեստինեան նախնադարեան քաղաք, այժմ` Սուրիոյ մէջ հնավայր) ծաւալուն յօդուածին մէջ կը նշէ հուրրիներուն ներկայութիւնը Պաղեստինի մէջ (6):

Յօդուածաշարքիս ԺԸ. (7) եւ ԺԹ. (1) մասերուն մէջ ներկայացուեցաւ ցարդ աշխարհի ամենահին վերծանուած երաժշտութիւնը` հուրրիներուն պատկանող, որ հայկական շարական կը յիշեցնէ (8) եւ հուրրի-հայ պորտակապը կը փաստէ: Գոհացուցիչ զուգադիպութիւն մըն էր, որ նոյն օրերուն «Ազդակ»-ի 23 սեպտեմբեր 2022-ի առցանց 52-րդ լսարանին նիւթն էր «Պետրոս Պիանքինի եւ Ս. Ղազար. իտալացի «կտրիճ երաժիշտը» եւ իր սիրած «վսեմ ու երկնային եղանակները»: Օրուան դասախօսն էր Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան, որուն մասնագիտութիւններէն են հայկական եկեղեցական շարականները:

Առիթը շատ յարմար նկատելով, հարցումներու յատկացուած բաժինին մէջ, լսարանին բոլոր մասնակիցներուն այս 4 հազար տարուան շարականին կապը (Link) ղրկեցի, որ մտիկ ընեն, եւ դասախօսին հարց տուի, թէ արդեօք լսած է այս շարականը եւ ի՞նչ է իր կարծիքը մեր շարականներուն հետ ատոր առնչութեան մասին (9): Ան ըսաւ, որ ատկէ տեղեակ չէ եւ այլ առիթով կ՛ուսումնասիրէ: Սակայն ուրախալի էր, որ մասնակիցներէն Արամ Մկրտչեանը, Գերմանիայէն, յայտնեց, որ ինք տեղեակ է եւ այդ երաժշտութիւնը թարգմանած է հայերէնի: Ան ըսաւ. «Հուրրիական երաժշտութեան հետ կապուած` ես ձեզ վստահեցնում եմ, որ դուք գործ ունէք հայկական արմատների հետ: Հուրրիական այդ երգին բառերը պատիւը ունեցած եմ հայերէնի թարգմանելու: Բացարձակապէս գործ ունենք հայկական տաղաչափութեան եւ հայկական մտածողութեան հետ»: Դժբախտաբար կարելի չեղաւ իրեն հետ կապ հաստատել (կապը կարելի է «Զում» առցանց ժողովին ընթացքին միայն) մանրամասնութիւններ իմանալու համար, թէ ի՛նչ էր եւ ո՛ւր կարելի էր գտնել իր թարգմանածը եւ աւելի մանրամասն կարծիքը ունենալ այս շարականին մասին ընդհանրապէս: Այս բաժինին` 57-րդ վայրկեանին տեսանիւթը այստեղ է (10):

Միջանկեալ, այլ յօդուածով մը, Արամ Մկրտչեան «Հայ արիներ» պարբերականի 20 մայիս 2011-ի թիւին մէջ կը գրէ. «Երբ Եգիպտոսից հիքսոսները` այսինքն հուրրիները հեռացան…» (11): Հիքսոսներուն Հայկական Լեռնաշխարհէն ծագումին մասին արդէն անդրադարձանք ԺԴ., ԺԵ., ԺԶ., ԺԷ. եւ ԺԸ. մասերուն մէջ:

7. Հայր Ջամուրլեան եւ Վիթթորիա Արմելլինա եւ ՔԱ 3000-ի զառիկ-պրոնզէ դաշոյնը: 8. Պաղեստինի Թել Կեզերի հնավայրերէն:

Կրկին շեղելով մեր նիւթէն` մէջբերում մը եւս: Հայկական Լեռնաշխարհը` իբրեւ ռազմական գիտութեան եւ արտադրութեան աղբիւր, ցարդ ներկայացուած փաստերուն կ՛աւելնայ հետեւեալը. 28 փետրուար 2020-ին Վենետիկի համալսարանի կայքէջը կը յայտնէր, որ Վենետիկի Մխիթարեան Ս. Ղազար համալիր այցելող հնագիտութեան դոկտորայի ուսանողուհի Վիթթորիա Տալ Արմելլինա (Vittoria Dall’Armellina), վերը` նկար 7, տեսնելով թանգարանին մէջ իբրեւ միջնադարեան` սխալ թուականով ցուցադրուած դաշոյնը, կը կասկածի դաշոյնը նշուած թուականին ճշգրտութեանը: Ուստի, սուրը տարրալուծարանային քննութեան ենթարկելէ ետք, կը փաստէ, որ ատիկա ՔԱ շուրջ 3000 թուականին զառիկ-պրոնզէ (Arsenical bronze) ձուլուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Եփրատ գետին եւ Սեւ ծովուն միջեւ վայր մը եւ ցարդ աշխարհի ամենահին դաշոյններէն է, հաւանաբար ցարդ յայտնաբերուած աշխարհի ամենահին դաշոյնն է այդ: Այս մասին աւելի մանրամասն յօդուածը` այստեղ (12):

9. Լեզուագէտ Հրաչիկ Յակոբջանեան` «Բացայայտում» հեռատեսիլի յայտագիրէն: 10. Հայկական Լեռնաշխարհի ձիերը:

Այս յօդուածաշարքիս նպատակներէն մէկն է տէր կանգնիլ մեր հայոց իսկական պատմութեան եւ բացայայտել խեղաթիւրողները` օտար եւ երբեմն նոյնիսկ հայ, արդի գիտական միջոցներով եւ հին ու նոր օտար աղբիւրներով: Այսպիսի նիւթով մը կ՛աւարտենք այս յօդուածը.

«Բացայայտում» հեռատեսիլի յայտագիրի 7 նոյեմբեր 2022-ի հիւրն էր  լեզուաբան, բանաւոր գիտութեան թեկնածու, Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի դասախօս Հրաչիկ Յակոբջանեանը: Հայերէնի, հայերէնագիտութեան, եւ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան` քաղաքական նպատակներով աշխարհի կարգ մը «գիտական» շրջանակներուն դաւադրութեան դէմ, հայերէնի խնդիրի լեզուաբանական ճիւղի, պատմական իրողութիւններուն մասին ըսաւ. «Գիտութեամբ պէտք է վերականգնենք մեր ժողովուրդին ստեղծած միտքը, փառքը եւ հմայքը», զրոյցը դիտել այստեղ (13):

14 դեկտեմբեր 2022
(Շար. 20/21)

haroutchekijian.wordpress.com

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/565457
  2. http://worksofchivalry.com/kikkuli/
  3. https://www.intechopen.com/online-first/medieval-equine-medicine-from-armenia
  4. https://www.intechopen.com/chapters/71241
  5. https://scholars.wlu.ca/etd/1598/
  6. http://www.eutyun.org/S/E/KATNA/Katna%201.htm
  7. https://www.aztagdaily.com/archives/557124
  8. https://soundcloud.com/alperense/hurrian-music-chorus
  9. https://youtu.be/HjVBxSp7Ydc?t=2875
  10. https://youtu.be/HjVBxSp7Ydc?t=3421
  11. http://www.hayary.org/wph/?p=2104
  12. https://www.unive.it/pag/16584/?tx_news_pi1%5Bnews%5D=8707&cHash=8aefaf0abbc21b8f74850ae791b09ad7
  13. https://www.youtube.com/watch?v=1nzo59yIBbA

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In