Յօդուածներ

«Տէր Աստուծոյ Մատուցանեցէ՛ք Ինչ Որ Ուխտով Խոստացաք. Եւ Դուք` Շրջակա՛յ Ազգեր, Ձեր Նուէրները Բերէ՛ք Ահաւորին» (Սղ 76.12)

«Մեռած Էր` Ողջնցաւ, Կորսուած Էր` Գտնուեցաւ» (Ղկ 16.32)

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ Սիրելի՛ հաւատացեալներ, Կը գտնուինք Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանին մէջ: Սկիզբէն ի վեր պահքը եղած է մարդկային կեանքին տեւական սկզբունքներուն ամէնէն առողջ ու ազնիւ հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն մը, որ կը հակակշռէ եւ կը չափաւորէ մարդկային կեանքը. անհաւատալի ու վսեմ ուժ մըն է, ո՛չ նիւթական կամ մարմնական ուժ, այլ` հոգեւոր, որ մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան:...

Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Անառակի Կիրակի

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Անառակի Կիրակի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծ Պահքի երրորդ` Անառակի կիրակին կը մատնանշէ Յիսուս Քրիստոսի պատմած Անառակ որդիի առակը: Այդ օր ընթերցուող Ճաշու Աւետարանին մէջ կը պատմուի Անառակ որդիի առակը: Անառակ որդիի առակը զետեղուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ: Մարդ մը երկու որդի ունէր: Հայրը երկու որդիներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցուածքը: Կրտսեր որդին առաւ ամբողջ հարստութիւնը, գնաց հեռու երկիր եւ անառակ կեանք վարելով` մսխեց ամբողջ...

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

Քեսապի պատերազմի տարիներուն Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինին մաս կազմած, ներկայիս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան «Գանձասար»-ին զեկուցեց երկրաշարժի յաջորդող օրերուն Քեսապի իրավիճակին եւ նիւթական վնասներուն շուրջ: Ան դիտել տուաւ, որ երկրաշարժի առաջին օրէն ի վեր ժողովուրդը, յատկապէս` Քեսապ աւանի բնակչութիւնը, մեծ մասամբ, յատկապէս` բարձրայարկ շէնքերու մէջ բնակողներ, վախի ազդեցութեան տակ, իրենց բնակարաններէն դուրս ելան, որովհետեւ այսպիսի շարժ իրենց համար...

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքի Յետերկրաշարժեան Ծառայողական Աշխատանքներ

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքի Յետերկրաշարժեան Ծառայողական Աշխատանքներ

«Գանձասար» Լաթաքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանէն տեղեկացաւ երկրաշարժէն ետք տարուող ծառայողական աշխատանքներու հետեւեալ մանրամասնութիւնները: 6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան, ժամը 4:17-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը` հոգալու կարիքները աղէտեալ այն ընտանիքներուն, որոնց բնակարանները վնասուեցան եւ ապաստանեցան իրենց հարազատներուն մօտ կամ եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահէն ներս: Համայնքի հոգեւոր հովիւ Վազգէն...

Յայտարարութիւններ (14 Յուլիս 2022)

Գրախօսութիւն. Աբէլ Քհն. Մանուկեան. «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները»

ԱՐԵՒԻԿ ԱՐԱԲԵԱՆ (Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի կրտսեր գիտաշխատող) Հայ եկեղեցու դարաւոր պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կանանց սարկաւագութեան աւանդութիւնը խորապէս ուսումնասիրուած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր Աբէլ քհն. Մանուկեանի «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» գրքում (Պէյրութ, 2022 թ.): Եկեղեցում կնոջ ծառայական առաքելութիւնն արժեւորող այս աշխատութիւնը ուսումնասիրողների եւ ընթերցողների լայն շրջանակներին հասանելի դարձնելու համար հեղինակը նախաձեռնեց գրքի արեւելահայերէն փոխադրութիւնը, որը լոյս ընծայուեց սոյն թուականի...

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Նոր արհեստագիտութիւնը շատ արագ սկսած է փոխել աշխարհը եւ մարդիկ: Բազմաթիւ ասպարէզներ, արհեստներ, մասնագիտութիւններ գրեթէ անհետացած են` նորերու յայտնուելով: Ուսանողներ եւ համալսարանաւարտներ միշտ կը մտածեն նոր ասպարէզներու մասին, իսկ արհեստավարժներ, որոնք տասնամեակէ մը աւելի նոյն ճարտարարուեստին մէջն են, սկսած են մտածել նոր աշխատանքի մասին: CareerAddict կայքը հրապարակած է ցանկ մը ասպարէզներու, արհեստներու, որոնք այսօր անհետացած են: Ն. Ամբողջ...

Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի Քարոզչութիւնը Սպառնալիք Է Հայաստանի Համար

Հորիզոն»-ի Խմբագրական. «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի Քարոզչութիւնը Սպառնալիք Է Հայաստանի Համար

«Զանգեզուրի մէկ մասը միայն միացած է Հայաստանին, անոր մօտ կէսը բաժնուած է Հայաստանէն ոչ այնքան ազգագրական պատճառներով, այլ` քաղաքական դիտումներով. Հայաստանը բաժնել Ղարաբաղէն, ճամբայ բանալ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւան-Թուրքիոյ միջեւ, կրճատելով Զանգեզուրը հարաւէն Արաքսի հովիտով դէպի Մեղրի: Այս բոլորը կը նշանակէ Զանգեզուրի մահը պատրաստել»: ՌՈՒԲԷՆ «Դրօշակ», 1925 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք Պաքուն նպատակաուղղուած ձեւով քարոզչութիւն ծաւալած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային...

Արցախի Նախագահը Մեծ Սխալ Գործեց` Ալիեւի Հրամանով Պաշտօնանկ Ընելով Վարդանեանը

Արցախի Նախագահը Մեծ Սխալ Գործեց` Ալիեւի Հրամանով Պաշտօնանկ Ընելով Վարդանեանը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անցեալ հինգշաբթի, 23 փետրուարին մեծ սխալ գործեց, երբ ենթարկուելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճնշումին` պաշտօնանկ ըրաւ պետական նախարար, միլիառատէր գործարար Ռուբէն Վարդանեանը, որ իր հարստութիւնը ստեղծած էր Մոսկուայի մէջ: Անցեալ սեպտեմբերին Վարդանեան հրաժարեցաւ Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն եւ հաստատուեցաւ Արցախ` յայտարարելով, որ կը փափաքի իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ անոր ամէնէն դժուար պահուն:...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Համադրեց` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան ծնած է Պոլիս, 20 ապրիլ 1858-ին: Վկայուած է Փարիզի բժշկական համալսարանէն, 1884-ին: Վերադարձած է Պոլիս եւ գործած է իբրեւ բժիշկ: Նոյն տարին Կ. Պոլսոյ մէջ եղած  է Կայսերական բժշկական ընկերութեան փոխնախագահ: Երկար տարիներ եղած է Պոլսոյ Հայկական բժշկական միութեան նախագահը: 1886-էն սկսեալ զբաղած է ազգային հասարակական գործերով: Եղած է Պոլսոյ...

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը

Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, որուն կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Տէր Սարգիսեանը։ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը, յետ երկրաշարժին իր կատարած զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այցելեց Սրբազան Հօր եւ իր զօրակցութիւնն ու եղբայրական...

Դուք Մինակ Չէ՛ք

Դուք Մինակ Չէ՛ք

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այսօր ակամայ հայու մտքի ժապաւէնը ահաւոր փայլատակումով մը տեղափոխուեցաւ 35 տարիներ առաջ 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ի աւերիչ երկրաշարժի թուական՝ Սպիտակի ու շրջակայ քաղաքներու սարսափազդու երկրաշարժի գօտին։ Ցաւագին տեսարաններ, որոնք թաքնուած էին մտքիս ու յիշողութեանս խորը, այսօր կը տողանցեն աչքերուս առջեւ։ Մահասարսուռ փլատակներէն ճողոպրած անտուն-անօթեւան քոյրեր ու եղբայրներ, հայու բեկորներ անգամ մը եւս վերակենդանացան այսօր մէջս, այո՛, կը ցնցեն ու...

Համազգայինի 95-Ամեակ

Համազգայինի 95-Ամեակ

Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) Եւ Երիտասարդական Նախաձեռնութիւններ ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի յաջորդական պատգամաւորական ժողովները յատուկ օրակարգի նիւթ ունեցած են մշակոյթ-երիտասարդութիւն կապի հզօրացման ու նոր նախաձեռնութիւններով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ Համազգայինի շարքերը հարստացնելու մտահոգութիւնները: 95-ամեակի այս յօդուածաշարքին մէջ կարելի չէ յատուկ բաժին մը չտրամադրել երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն, մանաւանդ` յատուկ կերպով չմատնանշել Ուսանողական հաւաքի (ֆորումի) հետեւողական աշխատանքը: Համազգայինի Ուսանողական-մշակութային հաւաքը (ֆորում) ծնունդ առաւ 1994-ին, Համազգայինի Բ....

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.    Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -1-

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -1-

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան փուլին պէտք է նկատի ունենալ Լիբանանի իրավիճակը` գաղթականութիւն, որբեր, թշուառութիւն, առաջին քայլերը առած կրթական դժուարութիւններ... Այդ օրերուն ու պայմաններուն մէջ մարտ 1923-ին խումբ մը երիտասարդներ մտածեցին եւ հիմնեցին Լիբանանի պատանեկան միութիւնները: 100 տարի ետք կրնանք հաստատել, որ եթէ գոյութիւն չունենար պատանեկան միութիւն հիմնելու գաղափարը, այսօր որքան հսկայական բաց մը ստեղծուած պիտի ըլլար ոչ միայն Լիբանանի...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Միացում. Ուրկէ՞ Սկսիլ Վերականգնումը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս օրերուն շատ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ ՄԱՅՐԵՆԻ-ի մասին: Աւանդութիւն  է. կը նշենք ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐ-ը, կարծէք` կ՛ուզենք յիշեցնել եւ յիշել, որ ան հետզհետէ կը դադրի, դադրած է այդպէս ըլլալէ, ազգի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը մայրենի է: Ներկայի մեր քաղաքական բարդ կացութեան մէջ միացումը ըմբռնուեցաւ եւ կ՛ըմբռնուի ընդhանուր բնութագրումով` որպէս քաղաքական, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ քարտէսով, չի խօսուիր բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի եւ...

Միտք, Խիղճ Եւ Հաւատք

Չեմ Գիտեր, Բայց…

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ Չեմ գիտեր, թէ գալիք օրերուն ի՛նչ պիտի պատահի, բայց գիտեմ, որ Աստուած Զինք վստահողներուն է հովանի: Չեմ գիտեր, թէ օրերը ի՛նչ վերապահած են մեզի, բայց գիտեմ, որ Տէր Աստուած անփոփոխ է, եւ Անոր կամքն է բարի: Չեմ գիտեմ, թէ աշխարհին վիճակը ո՛ւր պիտի հասնի, բայց Տիրոջ խոստումն է աղբիւր յոյսի: Գիտենք, թէ աջէն ու ձախէն լուրեր կը...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Հոգեհանգիստ Եւ Դրամահաւաք. «Ձեռք Երկարենք Սուրիահայ Մեր Հայրենակիցներուն» 19 փետրուար 2023-ին, հովանաւորութեամբ Հայ օգնութեան միութեան համագաղութային կառոյցին, նախաձեռնութեամբ Քեմպրիճի «Հայ կեդրոնի»-ն, յաւարտ ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ժողովրդային դրամահաւաքի ձեռնարկ: Ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պատմական Կիլիկիոյ տարածքին երկրաշարժի պատճառով զոհուած հայորդիներուն: Օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան իր բացման խօսքին մէջ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.   Տնտեսական Շրջափակման Վերացման Հրամայական

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տնտեսական Շրջափակման Վերացման Հրամայական

Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումը ազդեց առաւելաբար Սուրիոյ ժողովուրդին ու աշխատուժին վրայ: Շրջափակման պատճառով առողջապահութեան, տնտեսութեան ոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրի գործարարներուն հասած ուղղակի հարուածը, սննդամթերքի եւ այլ արտադրութիւններու արտածման ու ներածման առումով եղած սահմանափակումները վնաս հասցուցին առաւելաբար Սուրիոյ ժողովուրդին: Պատերազմի պատճառով արդէն իսկ բազում դժուարութիւններ ապրած, քարիւղի երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանի ուժերուն վերահսկողութեան տակ եղած ըլլալուն բերումով վառելանիւթի տագնապ դիմագրաւած...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան  35-Ամեակին Առիթով.  Ժողովրդային Ոգեկոչում – Հաւաք`  Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Պատմական Յիշողութեան Անժամանցելիութիւնը Եւ Մեր Պայքարը*

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ 35 տարիներ առաջ Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ կիրարկուեցաւ ցեղային զտման, հաշուեհարդարի, ջարդերու ու խոշտանգումներու, փոկրոմի եւ հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանութեան կազմակերպուած եւ ցեղային ատելութեան հրահրումով հայերու հալածանքն ու բնաջնջումը, ընդհուպ գաղթը` դէպի Խորհրդային Հայաստան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան երիտթուրքերու իշխանութիւնը ծրագրեց ու գործադրեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջումն ու պատմական Հայաստանի հողէն հայ...

Օտարէն Հարազատ, Անտունէն Տնեցի…

Օտարէն Հարազատ, Անտունէն Տնեցի…

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Անառակ որդիին առակը մեր ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր քրիստոնեաներուն «սիրտերուն խօսող» աստուածաշնչական պատմութիւններէն մէկն է: Ան յատուկ տեղ գրաւած է նաեւ Աստուածաշունչ մատեանի մեկնիչներուն մօտ, որոնք զայն կոչած են «Աւետարան մը` աւետարաններուն մէջ» եւ «Փոքրիկ Աւետարան»: Աշխարհի երեսին ապրող իւրաքանչիւր անհատ «հեռուէն թէ մօտէն» ապրած է կամ կ՛ապրի անառակ որդիին հոգեվիճակը: Երբ ոեւէ անձ կարդայ...

Լա Հէյ. Փոխան 3-0-ի, 1-0 Յաղթանակ Հայաստանին

Լա Հէյ. Փոխան 3-0-ի, 1-0 Յաղթանակ Հայաստանին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Լա Հէյի միջազգային ատեանը 22 փետրուարին պատասխանեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դիմումներուն եւ փոխան 3-0-ի` 1-0 հաշիւով յաղթանակ մը տուաւ հայկական կողմին: Միջազգային դատարանը արդար գտաւ հայկական կողմին ներկայացուցած երեք բողոքներէն մէկը եւ պահանջեց Ազրպէյճանէն, որ վերջ տայ Բերձորի միջանցքին փակման, ազատ երթեւեկի կարելիութիւնը վերահաստատուի: Ատկէ անդի` ատեանը «բաւարար ապացոյց» չտեսաւ, որ ճամբան փակող «բնապահպաններ»-ը կը շարժին Ազրպէյճանի մատներուն...

Page 279 of 1111 1 … 278 279 280 … 1,111

Արխիւներ