Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Մեծ Սխալ Գործեց` Ալիեւի Հրամանով Պաշտօնանկ Ընելով Վարդանեանը

Մարտ 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անցեալ հինգշաբթի, 23 փետրուարին մեծ սխալ գործեց, երբ ենթարկուելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճնշումին` պաշտօնանկ ըրաւ պետական նախարար, միլիառատէր գործարար Ռուբէն Վարդանեանը, որ իր հարստութիւնը ստեղծած էր Մոսկուայի մէջ: Անցեալ սեպտեմբերին Վարդանեան հրաժարեցաւ Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն եւ հաստատուեցաւ Արցախ` յայտարարելով, որ կը փափաքի իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ անոր ամէնէն դժուար պահուն: Իր տեղափոխութենէն կարճ ժամանակ անց նախագահ Յարութիւնեան զայն նշանակեց Արցախի պետական նախարար:

Արցախի նախագահը պէտք չէր հեռացներ Վարդանեանը, կամ գոնէ քիչ մը եւս սպասեր, որպէսզի չկարծուէր, թէ ինք այդքան արագ կը կատարէ Ալիեւի հրամանները: Ցաւօք, Վարդանեան պաշտօնանկ եղաւ ճիշդ այն բանէն ետք, երբ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իր իսկ որոշումով սաստկացուց ճնշումը Ազրպէյճանի վրայ:

Ամօթալի է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեան այս տարուան փետրուարին խորհրդարանի մէջ դաւաճանական հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Պէտք չէ երեք միլիոն հայերը վտանգի ենթարկել յանուն Արցախի»: Երբեք լաւ գաղափար չէ, երբ դուն եւ քու թշնամիդ միեւնոյն կողմն էք…

Վերջերս քանի մը ազրպէյճանցի լրագրողներ եւ նոյնիսկ նախագահ Ալիեւ զրպարտեցին Վարդանեանը` զայն կոչելով «ռուս սակաւապետ (oligarch), յանցագործ եւ դրամներ լուացող»:

Հոկտեմբեր 2022-ին Ալիեւ Վարդանեանի մասին անձամբ բողոքած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Փութին ըսած է Ալիեւին, որ ինք ոչինչ գիտէ Արցախի մէջ Վարդանեանի ներկայութեան եւ գործունէութեան մասին:

17 նոյեմբեր 2022-ին Արեւելեան գործընկերութեան հարցերով Եւրոպական միութեան յատուկ բանագնաց Տիրք Շիւպելի հետ հանդիպման ժամանակ Ալիեւ ըսաւ, որ կը մերժէ բանակցիլ Վարդանեանի հետ, զոր ան կոչած է «Մոսկուայի լրտեսը» Ղարաբաղի մէջ: Ալիեւ շարունակած է. «Մենք պատրաստ ենք խօսելու… Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ, այլ ոչ թէ` անոնց հետ, որոնք ուղարկուած են Մոսկուայէն` իրենց գրպաններուն մէջ պահելով ռուս ժողովուրդէն գողցուած միլիառաւոր տոլարներու դրամները, ինչպէս` Վարդանեան անունով անձնաւորութիւնը, որ Մոսկուայէն տեղափոխուած է հոն շատ յստակ օրակարգով»:

18  փետրուար 2023-ին, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ վարչապետ Փաշինեանի հետ փանելային քննարկման ժամանակ Ալիեւ ըսաւ, որ պատրաստ է գործնական շփում ունենալու Ղարաբաղի շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ. «Բայց մենք կրնանք այդ ընել միայն այն ատեն, երբ Ռուսիոյ քաղաքացի, քրէական սակաւապետ, Եւրոպայի մէջ դրամներու լուացմամբ զբաղող Վարդանեան հեռանայ մեր տարածքէն»: Ալիեւ աւելցուցած է. «Վարդանեան արտահանուած է Ռուսիայէն` Ղարաբաղի մէջ յառաջատար դիրք գրաւելու համար: Թերեւս արտահանումը ճիշդ բառ չէ: Ես կը նախընտրէի մաքսանենգ ճանապարհով բառը»:

Ալիեւին չի վերաբերիր, թէ ո՛վ պէտք է ներկայացնէ Արցախը բանակցութիւններու մէջ: Ասիկա Արցախի կառավարութեան որոշումն է: Աւելի խելամիտ բան կ՛ըլլար, որ Արցախի նախագահը ընդհանրապէս չհեռացնէր Վարդանեանը, միայն անոր համար, որ Ալիեւին ցոյց տար, թէ ո՛վ է Արցախի մէջ որոշում կայացնողը:

Վարդանեանի կ՛առաջարկեմ զրպարտութեան համար հայցեր ներկայացնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան բոլոր անոնց դէմ, որոնք սուտեր տարածած են իր մասին` ստիպելով գայթակղեցուցիչ ազրպէյճանցի լրագրողներուն եւ նախագահ Ալիեւի` մեծ տուգանք վճարել  եւ հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել Վարդանեանէն:

Վերջապէս, լաւ գաղափար չէ յանձնուիլ ձեր թշնամիներու ճնշումներուն, որոնցմէ անոնք միայն կը խրախուսուին` ձեզմէ հետագայ զիջումներ պահանջելու համար: Անոնց պահանջներու ցանկը անվերջանալի է:

Ահա` Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի ներկայ եւ հնարաւոր պահանջներէն քանի մը հատը.

– Ազրպէյճան իր անցակէտերը կը տեղակայէ Լաչինի միջանցքին մէջ:

– Ապագայ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որ Ազրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին, կը ստանայ Լաչինի միջանցքին նման կարգավիճակ:

– Ազրպէյճանը, հետագայ զիջումներ փնտռելով, նոյնիսկ Լաչինի միջանցքի բացումէն ետք, հաւանաբար կրկին պիտի արգելափակէ զայն.

– Այն պահուն, երբ ազրպէյճանցի կեղծ բնապահպանները պահանջեցին ստուգել Արցախի մէջ գտնուող հանքերը, անոր ղեկավարները անխոհեմաբար փակեցին հանքերը` այդպիսով խրախուսելով ազրպէյճանցիները` յաւելեալ զիջումներ պահանջելու, անոնց ըսելու փոխարէն, թէ` «Ասիկա ձեր գործը չէ», ինչ որ յանգեցուց ազրպէյճանցիներու յաջորդ պահանջին, որ` հայերը դադրեցնեն մետաղներու  արդիւնահանումը Արցախի հանքերէն:

– Հետագայ հայկական զիջումներ որոնելով` ազրպէյճանական ուժերը հաւանաբար գրաւեն Հայաստանի Հանրապետութեան յաւելեալ տարածքներ:

Նմանապէս, Թուրքիա Հայաստանէն պիտի ուզէ զիջումներ` պահանջելով`

– Ջնջել Անկախութեան հռչակագրէն «Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ» Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը: Եթէ ոչ, ապա Թուրքիան կը սպառնայ փակել Հայաստանի հետ սահմանը, զայն բանալէն ետք:

– Դադրեցնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քարոզարշաւը,

– Ընդունիլ Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող սահմանները` հրաժարելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն կապուած ապագայ պահանջներէն,

– Արգիլել Թուրքիոյ դրօշակի հրկիզումը 24 ապրիլին,

– Հրաժարիլ Ցեղասպանութեան կորուստներու գծով Թուրքիայէն փոխհատուցման որեւէ պահանջէ:

Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները պէտք է հասկնան, որ ահաբեկիչին գոհացնելը ոչ թէ խաղաղութեան, այլ ահաբեկման կը յանգեցնէ:

Ցաւօք սրտի, հակառակ Ալիեւի պահանջով Վարդանեանի զոհաբերման` կ՛ակնկալէին, որ Ազրպէյճան ատոր դիմաց ապաշրջափակէ Լաչինի միջանցքը. այն միջանցքը, որ տակաւին արգելափակուած է 27 փետրուարին, ներկայ յօդուածի գրառման պահուն: Նոյնիսկ 25 փետրուարին, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք, միջանցքը ցարդ կը մնայ փակ:

Վարդանեան յայտարարեց, որ հակառակ գործէն արձակուելուն, պիտի շարունակէ ապրիլ Արցախի մէջ: Յայտնի չէ, թէ ան ի՞նչ դեր կրնայ կամ կ՛ուզէ խաղալ առանց պաշտօնական դիրքի:

Կը մնայ միայն մէկ  առեղծուած: Ի՞նչ կ՛ընէին նախագահ Յարութիւնեան եւ պետական նախարար Վարդանեան փետրուարի սկիզբը, երբ երկուքն ալ առանձին-առանձին մեկնած էին Մոսկուա եւ քանի մը օրուան ընթացքին վերադարձած` Արցախ: Ինչո՞ւ գացեր էին Մոսկուա, որո՞ւ հանդիպած էին հոն, ինչի՞ մասին խօսած էին: Ոչ ոք բառ մը ըսաւ այդ այցելութեան մասին: Այս հարցումներուն պատասխանները կրնային լրացուցիչ լոյս սփռել Վարդանեանի պաշտօնանկութեան վրայ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Յաջորդը

Հորիզոն»-ի Խմբագրական. «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի Քարոզչութիւնը Սպառնալիք Է Հայաստանի Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?