ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր, թէ գալիք օրերուն ի՛նչ պիտի պատահի, բայց գիտեմ, որ Աստուած Զինք վստահողներուն է հովանի:
Չեմ գիտեր, թէ օրերը ի՛նչ վերապահած են մեզի, բայց գիտեմ, որ Տէր Աստուած անփոփոխ է, եւ Անոր կամքն է բարի:
Չեմ գիտեմ, թէ աշխարհին վիճակը ո՛ւր պիտի հասնի, բայց Տիրոջ խոստումն է աղբիւր յոյսի:
Գիտենք, թէ աջէն ու ձախէն լուրեր կը ցնցեն մեզ, բայց Աւետարանի լուրն է ազդու միջոց մխիթարանքի:
Չեմ գիտեր, թէ մարդոց կարծիքը որքանո՛վ է իրաւացի, բայց նեղութիւնը հրաւէր է աղօթքի եւ դարձի:
Չեմ գիտեր, թէ երկրի յատակը ինչե՛ր կան գաղտնի, բայց յիշենք, որ երկնային զօրքերու Տիրոջ զօրութիւն սահման չունի:
Չեմ գիտեր… միտքս սահմանափակ է, տեսողութիւնս` պղտոր, վերլուծումս` անհիմն, հորիզոնս` ամպամած, ուղղութիւնս` անորոշ, ներաշխարհս` ալեկոծ, սիրտս` կոտրած, հոգիս` տրտմած, ներկաս` վիճակ ափսոսալի, ապագաս` հանելուկ անլուծելի…
Չեմ գիտեր` «Մահկանացուներուս դատումները խախուտ են եւ մեր միտքը կը մոլորի յաճախ, որովհետեւ կորստական այս մարմինը կը ծանրացնէ հոգին, հողեղէն այս յարկը բազմաթիւ հոգերով կը ծանրաբեռնէ միտքը. այնքան, որ հազիւ մեզ շրջապատող իրերուն մասին գաղափար մը կը կազմենք, դժուարաւ կը գտնենք նոյնիսկ այն, ինչ որ մեր հասողութեան մէջ է…»(Աղօթք, Իմաստութիւն Սողոմոնէն 9)
Չեմ գիտեր` միայն Քու սէրդ մտաբերելով, Քու ողորմութեանդ յուսալով, Քու միջամտութիւնդ ակնկալելով եւ Քու Յարութեանդ զօրութիւնը դաւանելով կը քալենք:
Չեմ գիտեր, բայց, հակառակ տիրող ցաւալի կացութեան, մեծ նեղութեան, անորոշութեան, կասկածամտութեան եւ մահաշուք իրականութեան` տակաւին Ամենագէտիդ կը դիմենք եւ Քեզմէ փրկութիւն կը սպասենք, քանզի մարդասէր Տէր ես:
Չեմ գիտեր, միայն, ո՜վ Քրիստոս, խաղաղութիւնդ կը խնդրենք, որպէսզի առաքեալին հետ ըսենք.«Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք, տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք» (Բ”Կր 4.8):
Չեմ գիտեր` արդեօք տագնապը պիտի ըլլա՞յ շարունակելի, բայց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հզօր իշխանութիւնն է հրաշալի եւ անպարտելի:
Չեմ գիտեր… «Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր` որ մեզ սիրեց» (Հռ 8.37)
: