Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, որուն կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Տէր Սարգիսեանը։
Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը, յետ երկրաշարժին իր կատարած զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այցելեց Սրբազան Հօր եւ իր զօրակցութիւնն ու եղբայրական սէրը յայտնեց անոր, Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին։
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Թեմէն ներս տարուող աշխատանքներուն եւ ներկայ իրավիճակին, բարեյաջող եւ օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդին։