Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լա Հէյ. Փոխան 3-0-ի, 1-0 Յաղթանակ Հայաստանին

March 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Լա Հէյի միջազգային ատեանը 22 փետրուարին պատասխանեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դիմումներուն եւ փոխան 3-0-ի` 1-0 հաշիւով յաղթանակ մը տուաւ հայկական կողմին:

Միջազգային դատարանը արդար գտաւ հայկական կողմին ներկայացուցած երեք բողոքներէն մէկը եւ պահանջեց Ազրպէյճանէն, որ վերջ տայ Բերձորի միջանցքին փակման, ազատ երթեւեկի կարելիութիւնը վերահաստատուի: Ատկէ անդի` ատեանը «բաւարար ապացոյց» չտեսաւ, որ ճամբան փակող «բնապահպաններ»-ը կը շարժին Ազրպէյճանի մատներուն շարժումին համընթաց, ո՛չ ալ բաւարար ապացոյց գտաւ, որ նոյն շրջանէն անցնող կազատար խողովակը բաց ու խուփ կ’ըլլայ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն քմայքներուն համաձայն, գերիներու տագնապին զուգահեռ` զայն ճնշումի այլ լծակի մը վերածելով:

Այսպիսով, Հայաստան «երթի մրցումին» մէկ կէտ նշանակեց Ազրպէյճանի դէմ, որուն ներկայացուցած գանգատներէն ո՛չ մէկը ընդունելի նկատուեցաւ. Պաքու նշանակեց զերօ կէտ: (Չանտեսենք, որ օր մը առաջ եւրոպական խորհրդարանական դաշտին վրայ ալ Հայաստան կէտ շահած էր, եւ ականատես եղանք իշխանական եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու` Ազրպէյճանին ուղղուած համահունչ ամբաստանութիւններուն):

Ատեանին տուած վճիռը բնականաբար ողջունելի է, պայմանաւ որ անիկա վաղը չվերածուի մուկ ծնած լերան վիճակի, այսինքն միջազգային ընտանիքը չբաւականանայ միայն խօսքերով, այլ գործնական ձեւեր գտնէ ազերիական ոճիրներուն դադարեցման եւ արդարութեան ճամբուն բացման նպատակով: Այդ ընելու համար սպասելի է Ազրպէյճանի հանդէպ միակողմանի եւ զուտ շահադիտական մօտեցման հիմնական վերանայումը: Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարը Երեւանի մէջ նոյն օրը յայտարարեց, որ կարելի չէ հոգին ծախել շահի համար: Պրաւօ մըն ալ անոր:

***

Գոհունակութեան այս գիծին դիմաց կայ անշուշտ հիասթափութեան երես մը` ի տես եւ ի լուր Լա Հէյի ատեանին միականի կեցուածքին: Եթէ ատեանին աթոռները գրաւող դատաւորները` իրաւագէտները, քիչ մը աչք, քիչ մըն ալ ականջ ու հաւասարակշռուած (ըսել կ’ուզենք` իրականութիւնները ճիշդ) ձեւով դատելու ատակ են, ինչպէ՞ս կրնան չտեսնել, որ աւելի քան 70 օրէ ի վեր Բերձորի ճամբան փակողները պարզ բնապահպաններ չեն, այլ` Ազրպէյճանի (եւ անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ծառայողներ: Եթէ այդպէս չըլլային, ո՛չ ռուս խաղաղապահներուն, ո՛չ ալ տկար ինկած արցախցիններուն համար դժուար պիտի ըլլար ճամբուն` քանի մը վայրկեանի մէջ վերաբացումը: Յստակ է սակայն, որ Լա Հէյի ատեանը կը փորձէ խուսափիլ այն իրականութենէն, որ Բերձորի անցքին թելերը կ’երկարին մինչեւ… Ուքրանիա եւ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան բաւիղները, ու եթէ ճամբան բանալու գործնական քայլ առնուի, Ուքրանիան արձագանգ պիտի գտնէ Կովկասի մէջ: Այլ խօսքով, բնապահպան կոչուածները կը ծառայեն Պաքուէ՛ն ալ հեռուները տարածուող նպատակներու, ուրեմն ճամբուն բացումը կը կարօտի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱՄԻՏ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵՆԷ ՄԸ բխող որոշումի, որուն լիազօրութիւնը ունէր (եւ ունի) այս ատեանը:

Ինչ կը վերաբերի կազատարի բացխփումներուն, ատեանին միականիութիւնը աւելի՛ աղաղակող կը դառնայ եւ յայտնապէս զոհը կը դառնայ շիլ հաշիւներու: Ի՞նչ տեսակ փաստ կ’ուզեն դատաւորները (եւ արցախցիք պէտք չունին ինքնապաշտպանութեան դիմելու, որ անոր բանալիին գտնուած վայրը ազերիներուն ձեռքն է ու հասանելի չէ իրենց, որպէսզի փաստ բերեն), երբ գիտեն, որ հոն նստողները միայն ու միայն Պաքուի ձեռքերն են: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ճամբուն փակման պատասխանատուն կը տեսնուի յստակօրէն, սակայն չի տեսնուիր, որ անկէ անցնող խողովակին բանալին որո՛ւ ձեռքն է: Աւելի քան ծիծաղելի է հարց տալ, թէ արդեօք ռուսական ուժե՞րն են փակողը, երբ անոնց խաղաղապահի առաքելութիւնը ամէն օր խաղալիք կը դառնայ ազերիներուն կողմէ (երբեմն ալ` հայկական որոշ կողմերէ): Արդեօք իրանցիներո՞ւն ձեռքը երկարած է մինչեւ հոն, կամ արցախցի՞ք է, որ կը փակեն իրենց մէկ շնչափողը: Արդեօք այս անմարդկային խաղին ետին չինացի՞ք, քորէացի՞ք, հարաւ-ամերիկացինե՞ր կամ ափրիկեցինե՞ր կը կանգնին, թերեւս… արտերկրայիննե՞ր:

Ատեանը որքա՜ն վարկ ու արդարամտութեան վաստակ պիտի շահէր, եթէ ինքզինք խայտառակ չընէր կէս-կատար արդարութիւն կիրարկելով: Կրկնենք. հայկական կողմին առաջին պահանջին նկատմամբ արդար որոշումը ողջունելի է, սակայն պէտք էր պահուէր անաղարտ, գինիին ջուր պէտք չէր խառնուէր այսքան արագ կերպով:

Գործնական արդարութեան մեր սպասումը բոլոր շրջագիծներուն մէջ օրակարգի վրայ կը մնայ յաջորդ «մրցում»-ներուն:

22 փետրուար 2023

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Օտարէն Հարազատ, Անտունէն Տնեցի…

RelatedPosts

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Եթէ Երէկ Ցեղասպանութիւնն Ու Հատուցումն Էին Հայ Դատի Հետապնդման Առանցքային Նպատակները, Այսօր Նաեւ Արցախն Է, Որ Մեզի Համար Պէտք Է Մնայ Էական Ու Այժմէական*

September 28, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Անդրադարձ

Այսօր Կանգնած Ենք Ճակատագրական Ջրբաժանի Առջեւ

September 28, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Անդրադարձ

Մեր Առաքելութիւնը Սոսկ Քաղաքական Չէ. Սա Պատմական Պատասխանատուութիւն Է Սերունդների Առջեւ*

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.