Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Անառակի Կիրակի

Մարտ 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծ Պահքի երրորդ` Անառակի կիրակին կը մատնանշէ Յիսուս Քրիստոսի պատմած Անառակ որդիի առակը:

Այդ օր ընթերցուող Ճաշու Աւետարանին մէջ կը պատմուի Անառակ որդիի առակը:

Անառակ որդիի առակը զետեղուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ:

Մարդ մը երկու որդի ունէր: Հայրը երկու որդիներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցուածքը: Կրտսեր որդին առաւ ամբողջ հարստութիւնը, գնաց հեռու երկիր եւ անառակ կեանք վարելով` մսխեց ամբողջ ունեցուածքը: Այդ երկրին մէջ սով տիրեց, եւ կրտսեր որդին սկսաւ աղքատանալ: Այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն մօտ ծառայութեան մտաւ եւ ուղարկուեցաւ ագարակ` խոզեր արածեցնելու: Ան պատրաստ էր նոյնիսկ խոզերուն կերած եղջիւրենիի պտուղով իր որովայնը լեցնելու, բայց ոչ ոք իրեն կու տար: Ան խելքի եկաւ եւ ըսաւ. «Քանի՜ աշխատաւորներ կան իմ հօր տունը, որոնք առատ հաց ունին, եւ ես հոս սովամահ կը կորչիմ: Երթամ հօրս մօտ եւ անոր ըսեմ. հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ եւ քու առջեւ, եւ այլեւս արժանի չեմ քու որդին կոչուելու: Զիս համարէ քու ծառաներէն մէկը»:

Անառակ որդին, խորապէս զղջացած, վերադարձաւ իր հօր մօտ: Տունէն դեռ հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զայն եւ ընդառաջ վազելով գրկեց եւ համբուրեց: Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ եւ քու առջեւ, եւ այլեւս արժանի չեմ քու որդին կոչուելու»: Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք անոր, մատանի անցուցէք անոր մատը եւ կօշիկներ տուէք անոր, բերէք պարարտ եզը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք, որովհետեւ այս որդին մեռած էր եւ կենդանացաւ, կորած էր եւ գտնուեցաւ»:

Աւագ որդին ագարակին մէջն էր. եւ մինչ կու գար եւ տան մօտեցաւ, լսեց երգերու ու պարերու ձայնը եւ իր մօտ կանչելով ծառաներէն մէկը` հարցուց, թէ այդ ի՞նչ ձայն է: Եւ ծառան ըսաւ անոր. «Քու Եղբայրը եկած է, եւ քու հայրը պարարտ եզը մորթեց, որովհետեւ ողջ առողջ ընդունեց զայն»: Ան բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել, իսկ հայրը դուրս ելլելով` աղաչեց անոր: Որդին պատասխանեց հօրը. «Այս քանի՜ տարի է, որ ծառայած եմ քեզի եւ երբեք քու հրամանները զանց չեմ ըրած. ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ բարեկամներուս հետ ուրախանայի: Երբ եկաւ քու այս որդին, որ քու ունեցուածքը կերաւ պոռնիկներու հետ, պարարտ եզը անոր համար մորթեցիր»: Հայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, եւ ամէն ինչ, որ իմս է, քուկդ է. բայց պէտք էր ուրախ ըլլալ եւ ցնծալ, որովհետեւ քու այս եղբայրը մեռած էր եւ կենդանացաւ, կորած էր եւ գտնուեցաւ»:

Շարական Անառակի կիրակիի

«Լոյս ի Լուսոյ. Ծնունդ եւ Ծագում,
Որ եկիր ի խնդիր մոլորեալ ոչխարի բնութեանս,
Զոր ընդ խաչին բարձեր ի վերայ ուսոյ,
Մաքրեա զմեզ ի մեղաց մերոց:
Սուրբդ սրբոց էից մաքրութիւն,
Որ ածեր տան Քո աւել` ի մեղաց զաշխարհս մաքրելով,
Ի նմա գտեալ զպատկեր Քո նորոգեցեր,
Նորոգեա՛ զմեզ  ի հնութենէ մեղաց:
Ընդ անառակին որդւոյ գոչեմք առ Հայր գթած.
Մեղաք յերկինս եւ առաջի Քո, քաւի՛չ յանցանաց.
Ե՛լ ընդ առաջ սիրով, գրկեա՛ համբուրիւ`
Մաքրել զմեզ ի մեղաց մերոց:
Աղբիւր կենաց` բղխեալ յեդեմայ, Սուրբ Աստուածածին,
Որով արբեցաւ երկիր ծարաւուտ Հոգւոյն իմաստիւք.
Տալ մեզ մաղթեա աղբիւրս արտասուաց`
Մաքրել զմեզ ի մեղաց մերոց»:

(Լոյսէ լոյս, Ծնունդ եւ Ծագում (Յիսուս Քրիստոս), որ եկար ու ոչխարի նման մոլորուած բնութիւնս փնտռելու, զոր խաչիդ հետ ուսիդ վրայ կրեցիր, մաքրէ՛ մեզ մեր մեղքերէն: Արարածները մաքրող սուրբերու Սուրբ, դուն որ տունդ աւլեցիր աշխարհը մեղքերէն մաքրելով եւ անոր մէջ Քու պատկերդ գտնելով նորոգեցիր, նորոգէ՛ մեզ մեղքերու հնութենէն: Անառակ որդիին հետ գթած Հօրդ կը գոչենք. մեղք գործեցինք երկինքի դէմ եւ Քու առջեւ, յանցանքներու քաւիչ, սիրով ընդառաջ ելիր, համբոյրով գրկէ եւ մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն: Եդեմէն բխած կեանքի աղբիւր` Սուրբ Աստուածածին, որով ծարաւ երկիրը յագեցաւ Հոգիի իմաստութեամբ, աղօթէ որ արցունքի աղբիւրներ տրուին մեզի, մեզ մեր մեղքերէն մաքրելու համար):

Անառակ որդիի առակին մէջ հայրը կը խորհրդանշէ Աստուած, անառակը` մեղուցեալ մարդկութիւնը, հայրական տունը` եկեղեցին, օտար աշխարհ երթալը` Աստուծմէ հեռանալը, ունեցուածքը մսխելը` մեղքով աստուածային շնորհէն զրկուիլը, սովը` հոգիի սովը: «Բերէք պարարտ եզը մորթեցէք» խօսքը կը խորհրդանշէ Հայր Աստուծոյ` Իր Միածին Որդին իբրեւ բանական զոհ երկիր ուղարկելը:

Մարդ կամայ թէ ակամայ մեղքեր կը գործէ: Երանելի է այն մարդը, որ քաջութիւն կ՛ունենայ զղջալ իր գործած մեղքերուն համար եւ Աստուծմէ ներողութիւն խնդրել` ըսելով. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ եւ քու առջեւ»: Հայրը պատրաստ է ներելու զղջացողին:

Հայրը Իր Միածին Որդին աշխարհ առաքեց` գտնելու Իր կորուսեալ պատկերը` մարդկային բնութիւնը: Եւ Աստուծոյ Որդին գտաւ մոլորուած մարդը: Ճշմարիտ զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կրնանք ընդունուիլ Աստուծոյ արքայութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

Յաջորդը

«Մեռած Էր` Ողջնցաւ, Կորսուած Էր` Գտնուեցաւ» (Ղկ 16.32)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?