Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքի Յետերկրաշարժեան Ծառայողական Աշխատանքներ

Մարտ 4, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար» Լաթաքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանէն տեղեկացաւ երկրաշարժէն ետք տարուող ծառայողական աշխատանքներու հետեւեալ մանրամասնութիւնները:

6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան, ժամը 4:17-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը` հոգալու կարիքները աղէտեալ այն ընտանիքներուն, որոնց բնակարանները վնասուեցան եւ ապաստանեցան իրենց հարազատներուն մօտ կամ եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահէն ներս:

Համայնքի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի գլխաւորութեամբ կազմուած յանձնախումբին մաս կազմեցին թաղականութեան երկու անդամներ` Մարօ Սողոմոնեան եւ Սարգիս Քէչէճեան: Ապա  յանձնախումբին միացան ՍՕԽ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի անդամուհիներ` Ալին Թոփալաքեան-Գաբրիէլեան,  Արաքսի Պալեան-Աքքարի, Տաթեւիկ Քէօշկէրեան-Մինասեան եւ Թամար Թամէրեան-Քէօրքիւնեան: Յանձնախումբը, ընդառաջելով Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան թելադրանքին, յատուկ յայտարարութեամբ իմաց տուաւ համայնքի հայ ընտանիքներուն, որ ներկայանան փաստացի տուեալներով` իրենց բնակարաններուն վնասուած բաժիններուն նորոգութեան համար յատուկ թղթածրարներ պատրաստելու: Սոյն յայտարարութեան ընդառաջեցին աւելի քան 53 ընտանիքներ:

Թղթածրարները ղրկուեցան Ազգային առաջնորդարան, միեւնոյն ժամանակ Լաթաքիոյ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը եւ հոգեւոր հովիւները գումարեցին ժողով մը,  որուն ընթացքին որոշում տրուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու կողմէ մէկական մասնագէտ երկրաչափի մը գլխաւորութեամբ միջհամայնքային յատուկ յանձնախումբ մը կազմել, որպէսզի սերտէ թղթածրարները եւ կանխէ համայնքներու մէջ աշխատանքի խաչաձեւումները: Իւրաքանչիւր  համայնք իր ծխայիններուն վնասուած բնակարաններուն ցուցակը պիտի պատրաստէ: Հայ համայնքին կողմէ յանձնախումբի ներկայացուցիչ անդամ նշանակուեցաւ երկրչփ. Աբրահամ Ճապպուր: Յանձնախումբին որոշումով իւրաքանչիւր եկեղեցի կազմեց ներքին յանձնախումբ, որպէսզի ան  մէկ առ մէկ այցելէ վնասուած բնակարանները` արժեւորելու վնասուած բաժինները: Յանձնախումբի անդամներն են` Աբրահամ Ճապպուր, Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան եւ Աւետիս Կարպուշեան: Աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

Աւարտին բոլոր եկեղեցիները խնդրագրեր պիտի ներկայացնեն A.C.N  հաստատութեան, որպէսզի նորոգութեանց ծախսերը հոգայ, իսկ SALT հաստատութիւնը հոգայ տուներու վարձքը այն ընտանիքներուն, որոնք առայժմ անտուն են իրենց բնակարաններուն վնասուածքներուն պատճառով: Միեւնոյն ժամանակ կարիքները հոգալու յանձնախումբը ստացաւ սննդակողովներ, հագուստներ, դեղորայք եւ մանուկներու կաթ ու տակաշոր` տարբեր հաստատութիւններէ եւ նուիրատու բարերարներէ, ինչպէս` SALT, Եւրոպայի Սուրիանի բարեսիրական համայնքներ, Հոմսի արեւելեան Տմէյնէյի յոյն կաթողիկէ Մար Ճաորճիոս Անթոնիոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Ապտալլա Քամազի եւ գիւղի բնակիչներ, Հոմսի  Մամուրա գիւղի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ հովիւ եւ բնակիչներ, Սուրիանի եկեղեցւոյ պատրիարքարան, Լաթաքիոյ ատամնաբուժներու միութեան գրասենեակ, Աւետարանական եկեղեցիներու ընդհանուր միութիւն:

Սննդակողովները եւ օգնութիւնները առաջին հերթին բաժնուեցան բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք հիւրընկալուած են իրենց հարազատներուն բնակարանները: Ապա բաժնուեցան կարիքաւոր ընտանիքներու եւ անհատներու: Սոյն աշխատանքը մինչեւ պահս կը շարունակուի յանձնախումբին կողմէ:

Նախորդը

Գրախօսութիւն. Աբէլ Քհն. Մանուկեան. «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները»

Յաջորդը

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 23, 2023
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Գաղութէ Գաղութ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Մարտ 22, 2023
Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ
Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In