Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հորիզոն»-ի Խմբագրական. «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի Քարոզչութիւնը Սպառնալիք Է Հայաստանի Համար

Մարտ 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Զանգեզուրի մէկ մասը միայն միացած է Հայաստանին, անոր մօտ կէսը բաժնուած է Հայաստանէն ոչ այնքան ազգագրական պատճառներով, այլ` քաղաքական դիտումներով. Հայաստանը բաժնել Ղարաբաղէն, ճամբայ բանալ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւան-Թուրքիոյ միջեւ, կրճատելով Զանգեզուրը հարաւէն Արաքսի հովիտով դէպի Մեղրի: Այս բոլորը կը նշանակէ Զանգեզուրի մահը պատրաստել»:

ՌՈՒԲԷՆ
«Դրօշակ», 1925

2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ետք Պաքուն նպատակաուղղուած ձեւով քարոզչութիւն ծաւալած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային դարպասը հանդիսացող Սիւնիքը պատմականօրէն ազրպէյճանական տարածք հռչակելու: Հայաստանի դէմ սանձազերծուած տեղեկատուական այս սադրանքը լուրջ սպառնալիք է մեր պետականութեան, եւ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ մինչ օրս Հայաստանի ապիկար իշխանութիւնները նման հակահայ քարոզչութեան դէմ տեղեկատուական անվտանգութեան համակարգ չեն յառաջացուցած եւ չեն հակադարձած:

Արցախեան երրորդ պատերազմէն ետք ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարեցին «ազգային պայքարի նոր փուլ», որ կը թիրախաւորէր Հայաստանի պետական տարածքը: Սիւնիքը ազրպէյճանական տարածք ու օրրան հռչակած «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կազմակերպութեան միջոցով Պաքուի իշխանութիւններու կողմէ տեղեկատուական հարթակներու վրայ լայնածաւալ թափ առին Սիւնիքը Ազրպէյճանի տարածք նկատող յայտարարութիւնները, պատմութիւնը նենգափոխելու ճիգերն ու նորելուկ քարտէսները:

2022 դեկտեմբերի 24-ին «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Իլհամ Ալիեւ յանձնարարեց արեւմտեան Ազրպէյճան վերադարձի հայեցակարգի մշակելու անհրաժեշտութիւնը` յայտարարելով. «Արեւմտեան Ազրպէյճանը մեր պատմական հողն է, այդ կը հաստատեն բազմաթիւ պատմական փաստաթուղթեր, պատմական քարտէսներ եւ մեր պատմութիւնը»: 2023-ի յունուարին վերոնշեալ կազմակերպութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն, ուր ի միջի այլոց, կը շեշտուի. «Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջենք միջազգային գործընթացի շրջանակներուն մէջ պայմաններ ստեղծել իր տարածքը համարուող աշխարհագրական վայրերէն վտարուած ազրպէյճանցիներուն իրենց տուները անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի համար եւ ապահովել անոնց անհատական ու հաւաքական իրաւունքները այնտեղ վերադառնալէ ետք»:

1918-ին ստեղծուած արհեստածին Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը առաջին իսկ օրէն պետական քաղաքականութիւն դարձուց հայոց պատմական հողերու բռնագրաւումը եւ հայ բնակչութեան ու պատմական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:

100 տարի առաջ Սիւնիքի ռազմավարական նշանակութիւնը շատ լաւ ըմբռնած էին թուրքերն ու ազրպէյճանցիները: 1919-ին Պաքու նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէր` Ջրականը (Ճեպրայիլ), Գանձակի լեռնամասը, Շարուրն ու Նախիջեւանը, Մարտակերտը, Շահումեանը, Շուշին եւ Զանգեզուրը: Հայաստանի տարածքը այդ ժամանակահատուածին կը կազմէր 63.500 քառ քմ եւ վերոնշեալ տարածքներու համագումարով, Ազրպէյճանի պահանջին ի դիմաց, Հայաստանի կը մնար միայն 15.900 քառ. քլմ. տարածք` Երեւան, էջմիածին, Դիլիջան, Սեւան, Իջեւան եռանկիւնին մէջ:

Ռուբէն կը վկայէ. «Այս հսկայական ծրագիրը ո՛չ ցնորք էր եւ ո՛չ ալ զառանցանք, դա մատչելի եւ բնական ծրագիր էր համարւում թուրք թաթարների համար…»:

Սիւնիքը ոչ միայն Հայաստանի ռազմավարական ողնաշարն է, այլեւ` հանքարդիւնաբերութեան տնտեսական հանրապետութեան հարաւային Քաջարանի, Կապանի, Ագարակի եւ Լիճքի հանքավայրերը: Սիւնիքի տարածքին գտնուող 9 ջրամբարները, ներառեալ երկրի երկրորդ մեծագոյն ջրային պահեստը հանդիսացող Սպանդիարեանի ջրամաբարը կենսատու աղբիւր են գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի հայթաթման համար: Սիւնիքով կ՛անցնի 2007 թուականին կառուցուած Իրան-Հայաստան կազամուղը: Մէ՛կ խօսքով, առանց Սիւնիքի մայր Հայաստանը կը դառնայ շնչահեղձ պետութիւն: Հայաստանի հարաւային մատոյց Սիւնիքը` Արցախի հետ աշխարհագրականօրէն անմիջական հաղորդակցական կապն է, Գորիս-Բերձոր ճանապարհով, Լիսագորի լեռնանցքով ու Աղաւնոյի հովիտով: Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող գործօն է նաեւ Հարաւային Կովկաս-Պարսից ծոց տարածաշրջանի համաշխարհային քաղաքական զարգացումներու բովէն ներս:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան զուգահեռ, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգը պետական ու ռազմավարական ուղեցուցային փաստաթուղթ է, եւ այդ փաստաթուղթին մէջ տեղեկատուական անվտանգութիւնը կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է: Պաքուի ծաւալած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի քարոզարշաւը ծանրակշիռ հետեւանքներ կրնայ ունենալ հեռակայ քաղաքական զարգացումներու գծով: Նման քարոզչութեան դէմ հակազդելու ՀՀ իշխանութիւններու կամազուրկ ու անվճռական կեցուածքը ո՛չ միայն անթոյլատրելի է, այլեւ Սիւնիքի դէմ ուղղուած Ազրպէյճանական քարոզարշաւը դիմակայելու իշխանութեանց ձեռնթափութիւնը մեղսակցութեան համազօր է: Տեղեկատուական պատերազմի այս մարտահրաւէրի սեմին, երբ կը պակսի պետական քարոզչական համարժէք ու ծրագրաւորուած հակահարուածը, երբ տեղեկատուական համակարգը քայքայուած ու անզօր է, ամէն օր աւելի խոցելի կը դառնայ Սիւնիքը:

ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ յառաջ մղուող «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը ինքին սպառնալիք է Սիւնիքի եւ հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան համար, եւ նման ստրկամիտ դիւանագիտութեան ու անընդմէջ զիջումներու վախճանակէտը Հայաստանի ի սպառ անէացումն է:

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Մեծ Սխալ Գործեց` Ալիեւի Հրամանով Պաշտօնանկ Ընելով Վարդանեանը

Յաջորդը

Ասպարէզներ, Աշխատանքներ, Որոնք Այլեւս Գոյութիւն Չունին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?