Յօդուածներ

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Թատերական Կեանք

Համազգայինի 95-Ամեակ. Թատերական Կեանք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան աշխատանքներուն անդրադառնալով` կարելի չէ զանց առնել թատերական կեանքի ներդրումը` միութեան գործունէութեան ճամբով հայկական իրականութեան մէջ: Համազգայինը իր հիմնադիրներէն Գասպար Իփէկեանէն մինչեւ Ժորժ Սարգիսեան, Վարուժան Խտըշեանէն, մինչեւ Սօս Սարգսեան, անցնելով տոքթ. Բաբգէն Փափազեանէն, Զոհրապ Եագուպեանէն, Վիգէն Ստեփանեանէն, Դաւիթ Յակոբեանէն, Ռոպերթ Առաքելեանէն եւ հասնելով մինչեւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, սփիւռքի  թատերական կեանքին իր մեծ ներդրումը...

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

Նամակ Առ Խաչիկ Տէտէեան. «Երազէն Անդին»/Հտ. 3, Երեւան, 2023/ Ժողովածուի Առիթով

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Սիրելի՛ Խաչիկ, մեր «փոթորկոտ ժամանակներու» բանաստեղծական տարեգրութիւնը ստանձնած բարեկամս, քեզի արդէն յայտնի է կարծիքս «Երազէն անդին» նախորդ երկու հատորներուդ մասին, հիմա  բաւական ատեն անցած է, այս վերջին հինգ տարիներու ընթացքին դուն ալ որոշապէս կշռադատօրէն ճշդած ես մտածումներդ ու անոնց ծիրին մէջ` տակաւին անբացայայտ զգայնութիւններ յայտնաբերած, մինչ այդ` գուցէ եւ անծանօթ: Եւ իբրեւ բանաստեղծի զգօնութիւն ապրող մտաւորական մը`...

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Սերունդներու կազմաւորման մէջ էական դեր ունին հայ ուսուցիչները, որոնց նուիրական աշխատանքով կը կրթուին եւ կը դաստիարակուին պատանիները` ազգային շունչով եւ արժէքները պահպանելու գրաւականով: Համաշխարհային նորօրեայ պայմաններուն եւ Լիբանանի դիմագրաւած բազմատեսակ տագնապներուն դէմ յանդիման, առաւել եւս կը դժուարանայ հայ ուսուցիչին առաքելութեան գործնականացումը, որովհետեւ երկրի ընկերային-տնտեսական տագնապները ե՛ւ անհատական առումով ե՛ւ հաւաքական հասկացողութեամբ ստեղծեցին նոր մարտահրաւէրներ: Սակայն, այս բոլորին դիմաց, մեր ուսուցիչները...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.     Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -2-

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -2-

ՄԱՄԻԿՈՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու հիմնական նպատակն է դաստիարակել պատանիները, որպէսզի անոնք Դաշնակցութեան ճամբով ծառայեն ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Միութիւնները կը պատրաստեն ազգասէր, հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայող ապագայի երիտասարդները, որոնց առաջնահերթութիւնն է հայրենիքին ծառայութիւնը: Պատանեկան միութիւններու հիմքը վարիչն է, որմէ ալ կախեալ է մեր ապագայ սերունդի դաստիարակութիւնը: Իմ խորհուրդս է վարիչ ընկեր-ընկերուհիներուն ըլլալ աշխատանքի մէջ անկեղծ եւ սիրով կատարել ամէն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Հայոց Առաջին Ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին Եւ Մեր Օրերու Տառապող Հայ Դաստիարակին (Ուսուցչաց Տօն – 9 Մարտ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        Մեսրոպ Մաշտոց: Մտքի աշտարակ մը` Մասիսէն վեր հաւանաբար: Զանգակատուն մը` Հայոց յաւիտենական ցերեկին ու լոյսի յաւիտենական պատարագին հրաւէր-կանչը ղօղանջող: ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Թերեւս «ծիծաղելի» թուի այսքան դարեր ետք սիրոյ ու երախտագիտութեան խօսք արձանագրել սպիտակ էջի վրայ` փառաբանելով անկրկնելի եւ արտասովոր անձ մը, անհատականութիւն մը, որ յաջողեցաւ ժողովուրդի մը ինքնութիւնը կերտել, պատկանելիութեան զգացողութիւնը հրդեհել, ինքզինք լաւապէս ճանչնալու պատեհ առիթը ստեղծել,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ ՀՅԴ Երիտասարդները Փակեցին Ազրպէյճանի Դեսպանատան Փողոցը Ի յիշատակ 27-29 փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հայկական ջարդերուն, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան անդամները փակեցին Ազրպէյճանի դեսպանատան փողոցը, ուր տեղադրեցին յիշեալ ցեղասպանութիւնը իրազեկ դարձնող գովազդային վահանակներով փողոցներուն մէջ շրջող ինքնաշարժը: Ցուցարարները բարձրացուցած էին անգլերէն լեզուով պաստառներ` հետեւեալ գրութիւններով. «Նախագա՛հ Պայտըն, դադարեցո՛ւր Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին», «Արցախը...

Երկրաշարժի Ցնցումներն Ալ Պիտի Վերջանան

Երկրաշարժի Ցնցումներն Ալ Պիտի Վերջանան

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023: Առաւօտեան ժամը 4:17: Ցնցում մը... Հետզհետէ ցնցումը զօրացաւ: Ցնցումին ուժգնութիւնը արթնցուց բոլորը իրենց խոր քունէն: Ելեկտրականութիւնը անջատուած է, մութ-զնտան: Կարծես մէկը մեր բնակարաններուն ու շէնքերուն հիմերէն բռնած` զանոնք կը ցնցէ: Անոր հետ միասին ուժեղ ու սաստիկ, հող փորփրելու նման քարերու ձայներ: Այդ ձայներուն կը միանան տուներուն մէջ ապակիներուն եւ անօթներուն փշրուելուն ձայներն ու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Կայացաւ «Հայ Հասարակական-Քաղաքական Միտքը 19-րդ Դարու Վերջին Եւ 20-րդ Դարու Առաջին Կէսին, Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Խորագիրը Կրող Գիտաժողովը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ, մարտ 2-ին կայացաւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովը: Բացման...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը  Շամքորի Ճակատամարտը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Դիզակի Բնակչութեան Ջարդն Ու Տեղահանութիւնը Եւ Շուշիի Բերդին Պաշտպանութիւնը Շամքորի Ճակատամարտը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տումիի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին Ռուսական կայսրութեան սահմաններ ներխուժած պարսկական բանակը մէկ կողմէ յարձակման անցած էր Փամբակի եւ Շորագեալի ուղղութեամբ եւ միւս կողմէ մտած էր Արցախ եւ 25 յուլիս 1826¬ին հասած Շուշի ու պաշարման օղակ հաստատած էր բերդաքաղաքին շուրջ: Աբաս Միրզա կը փորձէր ռուսական բանակին հարկադրել պատերազմելու Արցախի եւ Շիրակի ուղղութիւններով` Վրաստանի մէջ կեդրոնացած զօրքը թուլցնելու եւ մեկուսացնելու նպատակով:...

«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»

«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»-ի 2023 տարուան երկրորդ թիւին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդէն երկու ամիս է, ինչ Արցախը շրջափակման մէջ է: Այս աննախադէպ իրավիճակում ի՞նչ մթնոլորտ է Արցախում եւ ինչպիսի՞ն է ժողովրդի տրամադրութիւնը: ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ.- Անցած երկու ամսուայ ընթացքում կուսակցական մարմինները եւ ԱՀ ԱԺ պատգամաւորները...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ոչ Միայն Դիտել, Այլ` Լսել Երեւանը Եւ Կեդրոնէն Դուրս Ապրող Երեւանցին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Քաջութիւնը ճշմարտութիւնը որոնել եւ զայն ըսել է»: ԺԱՆ ԺՈՐԵՍ, (1859-1914) Ֆրանսացի ընկերվարական քաղաքական գործիչ Երեւանի կեդրոնը իր պերճ հիւրանոցներով, ճաշարաններով, սրճարաններով, տարբեր աշխարհ է բնակիչներու Քաղաքէն, ուր մարդիկ կ՛աշխատին, ընտանիք կը պահեն, զաւակ կը մեծցնեն, ամԷնօրեայ ապրուստի հարց ունեցողներ: Անոնք ո՛չ զբօսաշրջիկ են, ո՛չ ալ զբօսաշրջիկի պէս ապրող քաղքենիներ: Կ՛ուզէ՞ք Երեւանի իրաւ բնակիչները տեսնել, Նորքէն կամ Աւանէն եկող...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Սուրիոյ 11-Ամեայ Տագնապի Փորձառութեան Դասերէն

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրիական մեր հայրենիքի 11-ամեայ տագնապը ծանր ու ահաւոր, մեծ փորձութիւն ու փորձառութիւն դարձաւ մեզի` այդ տագնապին թաքուն ծալքերուն մէջ թափանցելով, անկէ դասեր քաղելով: Լաւապէս հասկնալու համար սուրիական տագնապին դրդապատճառները կամ անոր տուն տուող պատճառներն ու դերակատարները, անհրաժեշտ է լոյս սփռել նաեւ այս տագնապը կանխող տասնամեակին վրայ` բացայայտելու նաեւ ձեռք առնուած միջոցներն ու քայլերը, ճշգրտօրէն հասկնալու յաջորդիւ պատահած ու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կոչի Կարգով

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համահայկական Սփիւռք

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Ներածական Պատմականօրէն հայկական սփիւռքը գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ քանի մը դարեր առաջ: Այս հայկական սփիւռքը, ժամանակներու պատմական փոփոխութիւններու ազդեցութեան տակ, որոշ շրջաններու մէջ ամրապնդուած համայնքներ դարձած է, իսկ այլ շրջաններ անհետացած եւ կամ տկարացած հանգամանք ստացած է յարափոփոխ յաճախականութեամբ: Ընդհանուր առմամբ, գաղթականութեան տուեալներով, գաղութներ կազմած են եւ կեցութիւն հաստատած` ազգային, կրթական, կրօնական եւ այլ կենցաղային ու համայնքային պատկանելիութիւն...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Մեր Եւ Նրանց Գերխնդիրը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Մեր Եւ Նրանց Գերխնդիրը

Ռուս-ուքրանական հակամարտութեան հարցում համաշխարհային լրատուամիջոցների զգալի մասը դեռեւս գտնւում է ամբողջական վերահսկողութեան ներքոյ: Արտաքին աշխարհաքաղաքական, ինչպէս եւ ներքին պատճառներով հասարակութիւններին ներշնչում են, որ Ռուսաստանը պարտւում է պատերազմում, ինչն այս պետութեան  համար ունենալու է խիստ բացասական հետեւանքներ: Այս քարոզչութիւնն  առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի նախ եւ առաջ ուքրանացիների համար (յիշենք 44-oրեայ պատերազմի օրերին մէկ աղբիւրից հայ հանրութեանը մատուցուող տեղեկատուութիւնը), այնուհետեւ նախկին խորհրդային միւս...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-րդ Երկրորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-րդ Երկրորդ Թիւը

Լոյս տեսաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ  «Դրօշակ»-ի փետրուարեան թիւը, որուն առանցքը Հայաստանի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան եւ Արցախի շրջափակման վերաբերող նիւթերն են: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, պատասխանելով «Դրօշակ»-ի հարցումներուն, կը խօսի շրջափակման պայմաններուն մէջ Արցախի ներքին վիճակին, հասարակական մթնոլորտին, Արցախի հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան եւ այլ հարցերու մասին: Իրանագէտ Կարինէ Մկրտչեան կ՛անդրադառնայ Արցախի շրջափակումէն առաջ եւ այդ ընթացքին տուեալ գործողութեան...

Սթափելու Ժամանակը

Չմոռնալ Ժամանակի Եւ Միջավայրի Հրամայականները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ...

Պէտք Չէ Ներքաշուիլ Համաթուրանական Թելադրանքներու Ծուղակին Մէջ

Պէտք Չէ Ներքաշուիլ Համաթուրանական Թելադրանքներու Ծուղակին Մէջ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Փետրուար 6-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն պատմական Կիլիկիոյ շրջանները, պատմական Հայոց Միջագետքը եւ ներկայիս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները պատուհասած իրերայաջորդ երկրաշարժերը եւ անոնց յաջորդած յետցնցումները անկասկած պիտի յիշուին իբրեւ ժամանակակից Թուրքիոյ եւ ժամանակակից Սուրիոյ պատմութեան վերջին աւելի քան հարիւրամեակի ամէնէն աղէտալի բնական աղէտները, որոնց ազդեցութիւնը չսահմանափակուեցաւ այս երկու երկիրներով, այլ ընդգրկեց նաեւ շրջակայ երկիրները: Այս բնական աղէտին հետեւանքները տակաւին երկար...

Շրջափակման Օրերին ՀՕՄ-ը Շարունակում Է Հաւատարիմ Մնալ Իր Առաքելութեանը

Շրջափակման Օրերին ՀՕՄ-ը Շարունակում Է Հաւատարիմ Մնալ Իր Առաքելութեանը

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ Աշխարհի տարբեր ծագերում ապրող մեր հայրենակիցների հայեացքն այժմ ուղղուած է երկրաշարժի պատճառով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սիրիայի հայկական համայնքին: Միանալով ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներին եւ ողջ հայութեանն ուղղուած «Ձեռք ձեռքի մեր հայրենակիցների կողքին» կոչին` Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորն իր զօրակցութիւնն է յայտնում Սիրիայում ապրող մեր քոյրերին ու եղբայրներին եւ միանում համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներին: Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցում...

Ստացուած Գիրքեր.  «Ազատ Օր, Բացառիկ 2022.  100 Տարի Փոքր Ասիոյ Աղէտին»

Ստացուած Գիրքեր. «Ազատ Օր, Բացառիկ 2022. 100 Տարի Փոքր Ասիոյ Աղէտին»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ «Ազատ օր»-ի խմբագրութիւնը 2022-ին հրատարակեց բացառիկ թիւ` նուիրուած Փոքր Ասիոյ աղէտի հարիւրամեակի տարելիցին: Խմբագրականին մէջ կ՛ըսուի, որ Զմիւռնիոյ եւ մերձակայ շրջաններու կեանքն ու ստեղծած նախանձելի կենցաղը մէկ առ մէկ կը տողանցեն այս էջերէն, տալով կորսուած քաղաքակրթութեան մը հարազատ պատկերը եւ մեր նախնիներու ստեղծած յառաջդիմութիւնը: Ներկայացուած են պատմական արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուած են թերթի աշխատակիցներուն մտորումները եւ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

«Ես Հաւատացած Եմ Մեր Ժողովուրդին Յատկութիւններուն` Մեր Ինքնութեան, Մե՛Նք Ենք Մեր Միակ Հարստութիւնը», Ըսաւ Սաֆրաստեան

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 53-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. Նիւթը` «Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Քեմալական Պայքարի Գաղափարաբանական Հէնքը» ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Մեծ գոհունակութեամբ կ՛ունկնդրենք «Ազդակ»-ի կազմակերպած լսարանները, մանաւանդ` պատմական նիւթերը, որոնք կը ներկայացնեն հայրենի մասնագէտներ, ուղղակի կամ առցանց, ինչպիսիք են` փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, Աշոտ Մելքոնեանը, Արմէն Մարուքեանը, Խաչատուր Ստեփանեանը, Ամատունի Վիրապեանը եւ ուրիշներ, որոնց ունկնդրելու հաճոյքը ունեցած ենք: 23 փետրուար 2023-ի այս լսարանին ընթացքին փրոֆ....

Page 278 of 1111 1 … 277 278 279 … 1,111

Արխիւներ