Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Ժողովուրդը Կը Ջանայ Աստիճանաբար Յաղթահարել Երկրաշարժին Հետեւանքները

Մարտ 4, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քեսապի պատերազմի տարիներուն Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինին մաս կազմած, ներկայիս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան «Գանձասար»-ին զեկուցեց երկրաշարժի յաջորդող օրերուն Քեսապի իրավիճակին եւ նիւթական վնասներուն շուրջ:

Ան դիտել տուաւ, որ երկրաշարժի առաջին օրէն ի վեր ժողովուրդը, յատկապէս` Քեսապ աւանի բնակչութիւնը, մեծ մասամբ, յատկապէս` բարձրայարկ շէնքերու մէջ բնակողներ, վախի ազդեցութեան տակ, իրենց բնակարաններէն դուրս ելան, որովհետեւ այսպիսի շարժ իրենց համար նորութիւն էր ու վախազդու, յատկապէս` պատերազմական դժուար պայմաններու եւ անապահովութեան լոյսին տակ ապրելէ տարիներ ետք:

Ապա շարունակելով` ըսաւ.

«Առաջին ժամերը տեղեկութեան եւ ապատեղեկատուութեան համացանցի հոսքը աւելի բարդացուց մարդոց հոգեվիճակը: Կրկնուող յետցնցումներու հաւանականութիւնները մեծ էին:

Յետցնցումներու ընթացքին ալ իրարանցում կը ստեղծուէր: Առաջին քանի մը գիշերները շատեր գիշերեցին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ: Առաջին օրերուն մարդիկ սպասողական վիճակի մէջ էին եւ համարեա՛ գործի չմեկնեցան, իրենց արտերը չգացին, մինչեւ որ այս նոր կացութիւնը վերջնականապէս յստականար:

Առաջին իսկ ցնցումին արդէն տասնեակ մը տուներ վտանգուած էին, մանաւանդ` այն տուները, որոնք հին, լայնանիստ պատերով կառուցուած էին` առանց պեթոն-երկաթեայ հիմերու, սակայն վնասուած տուներուն թիւը,  քաղաքապետարանի տուեալներով, մէկուկէս տասնեակը չ՛անցնիր: Այդ բնակարաններուն ցանկը արձանագրուեցաւ քաղաքապետութեան մօտ:

Ամէնէն ծանր վնասը հասած էր Քեսապի հայ առաքելական համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ համարեա՛ 200 տարուան կեանք ունի: Անոր արեւելեան խորանը, զանգակատունը բաւական վնասներ կրած էին, պատին վրայ տասը սմ բացուածք մը ստեղծուած էր, որովհետեւ եկեղեցւոյ ծանր տանիքը յենած է չորս կողմի քարաշէն լայն պատերուն վրայ եւ զուրկ է պեթոն-երկաթեայ հիմերէ: Նոյնպէս վնասուած են արեւմտեան խորանին հանդիպակաց պատը, դէպի վերնատուն բարձրացող աստիճանը եւ հարաւարեւմտեան անկիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ, սալայատակին վրայ կարելի է տեսնել երկու հորիզոնական, երկայնքին բացուած ճեղքեր` կէսէն մէկ սմ տարողութեամբ, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ եկեղեցւոյ հիմերը լրջօրէն վնասուած են: Թէեւ անմիջական փլուզումի վտանգ չկայ, բայց կառոյցը տկարացած է եւ` լուրջ վնասներ կրած: Եկեղեցւոյ մօտ «Սահակեան» սրահը նկատառելի վնասներ չէ կրած: Հսկումի արարողութիւնները այնտեղ կը կատարուին: Երկրաշարժէն ետք եկեղեցւոյ մէջ պատարագ չմատուցուեցաւ, փոխարէնը` Քարատուրանի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ փետրուարի վերջին պատարագը:

Երբ երկրորդ գլխաւոր երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, մեր ազգային, յարանուանական մարմինները անմիջապէս որոշեցին Հայ աւետարանական Նահատակաց դպրոցին փակը տեղադրել երկու մեծ վրան, ուր վառարաններ ալ զետեղուեցան, որպէսզի անօթեւան  մարդիկ այնտեղ ապաստանին ժամանակաւորապէս:

Ներկայիս յետցնցումները մեղմացած են համեմատաբար, սակայն մարդիկ տակաւին վախի ազդեցութեան տակ են ու իրենց բնակարաններէն դուրս կը մնան:

Քաղաքապետարանը Լաթաքիայէն ժամանած երկրաչափներու միջոցով վնասուած բնակարաններու ապահովութիւնը գնահատելու աշխատանքին լծուած է: Սակաւ շէնքեր, որոնք ի սկզբանէ կառուցուածքային թերութիւններ ունէին, վտանգաւոր են, բարեբախտաբար անոնք անբնակ շէնքեր են, զբօսաշրջութեան համար նախատեսուած:

Տնտեսական կեանքը առժամաբար կանգ առած է, սակայն կամաց-կամաց կը վերականգնի: Ներկայիս սննդեղէնի անմիջական կարիք չկայ:

Քաղաքապետարանը աշխատանք կը տանի համայն քեսապահայութեան համար մարդասիրական կողմերէ զանազան օժանդակութիւններ ապահովելու:

Բնականաբար քեսապահայութիւնը եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին յառաջիկային ինչպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Ազգ. իշխանութեան, այնպէս ալ համայն հայութեան ուշադրութեան առարկան պիտի ըլլան, ինչպէս եղած էին Սուրիոյ պատերազմի ողջ տարիներուն, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ թօթափել այս սարսափը եւ իր հոգեւոր կեանքը շարունակել ու միախմբուիլ եկեղեցւոյ շուրջ:

Ներկայիս առաջնահերթութիւնը մարդոց ապահովութեան եւ կենցաղային յարմարութիւններու ապահովման կը տրուի:

Նախորդը

Լաթաքիոյ Հայ Համայնքի Յետերկրաշարժեան Ծառայողական Աշխատանքներ

Յաջորդը

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Անառակի Կիրակի

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?