Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 2, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քանատա

Հոգեհանգիստ Եւ Դրամահաւաք. «Ձեռք Երկարենք Սուրիահայ Մեր Հայրենակիցներուն»

19 փետրուար 2023-ին, հովանաւորութեամբ Հայ օգնութեան միութեան համագաղութային կառոյցին, նախաձեռնութեամբ Քեմպրիճի «Հայ կեդրոնի»-ն, յաւարտ ս. պատարագի եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ժողովրդային դրամահաւաքի ձեռնարկ: Ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պատմական Կիլիկիոյ տարածքին երկրաշարժի պատճառով զոհուած հայորդիներուն:

Օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ համայն հայութիւնը այսօր կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի մը հրամայականին առջեւ,  աւելցնելով, որ սուրիահայութեան հայահոծ շրջաններ երկրաշարժի աղէտի դէմ յանդիման գտնուեցան: Մեր ազգային պատմութեան ընթացքին ապրած ենք ծանրակշիռ իրավիճակներ, որոնք գօտեպնդած են մեզ` յաղթահարելու կացութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Քեմպրիճի «Հայ կեդրոն»-ին մաս կազմող հայորդիները եւս անմասն չէին կրնար մնալ համահայկական այս կոչին ընդառաջ եւ կը հաւատան, որ իրենց ներդրումով պիտի կարենան մասամբ մեղմացնել սուրիահայութեան տագնապը:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ ամփոփ տեսերիզ մը երկրաշարժի անցնող ժամանակահատուածին արձանագրուած կորուստներուն եւ կործանումներուն մասին, որմէ ետք հեռավար կապի միջոցով զեկոյց փոխանցուեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեանի կողմէ, եւ ներկաները հաղորդակից դարձան տիրող իրավիճակին եւ ընթացող աշխատանքներուն: Դարձեալ հեռավար կապի միջոցով ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Հոթոյեան Ժոլի, որ ներկայացուց ընթացող դրամահաւաքներու եղանակը եւ յատկապէս,  այս պարագային, սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած աշխատանքները: Ապա Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Արա Պալքճեան ուղղեց իր սրտի խօսքը, իսկ  օրուան պատգամը յղեց Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեան:

Աւարտին հայորդիները խիտ շարքերով կատարեցին իրենց խղճի պարտքը` նիւթական ներդրումով հասնելու աղէտահար սուրիահայերու:

Միացեալ Նահանգներ

Փետրուարեան Ապստամբութեան Նշում, Նաեւ Նուիրահաւաք` Արցախի Հայութեան Օգնութեան Ծրագիրներուն

Կազմակերպութեամբ  «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին, 17 փետրուարին Օրենճ Քաունթիի «Պարսամեան» Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան 102-րդ տարեդարձը:

Ձեռնարկը ունէր երկու նպատակ, առաջին` շեշտել Փետրուարեան ապստամբութեան կարեւորութիւնը մեր պատմութեան մէջ եւ ընդգծել մեզի փոխանցուած անոր վեհ խորհուրդի այժմէականութիւնը: Երկրորդ` գումար մը ապահովել, որպէսզի Արցախի հայրենակիցներու կենսական պէտքերը ապահովուին Բերձորի միջանցքի բացումէն ետք:

Ելոյթ ունեցան` Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի անունով Յակոբ Պատոլեան, Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակի անունով Արամ Համբարեան եւ Գէորգ Մատէնլեան, որ ներկայացուց ՀԵԴ-ն եւ երիտասարդութիւնը նիւթը: Ուղիղ կապով ձեռնարկին միացաւ նաեւ Արցախի Հայ դատի գրասենեակէն Կէվ Իզքաճեան որ զեկուցեց Արցախի ներկայ իրավիճակի մասին եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Աղբիւր Սերոբ» միութեան պատանիները:

Կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 12 հազար ամերիկեան տոլար գումար մը, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Արցախի հայութեան օգնելու ծրագիրներուն:

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Ընդարձակում, Նաեւ  Հայ Առաքելական Նոր Եկեղեցի–Քրեսենթա Հովիտի Մէջ

 21 փետրուարին Ազգային առաջնորդարանի գործունէութեան ծիրէն ներս արձանագրուեցաւ կարեւոր նոր իրագործում, երբ նոյն վայրին մէջ, հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ  եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի ընդարձակման առնչուող յատուկ հանդիպում:

Առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ տարուած քանի մը ամսուան հետապնդում ու աշխատանք իրենց բարերար արդիւնքը տուին եւ ահա՛ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի ընդարձակման անյետաձգելի հրամայականը դարձուցին իրականութիւն` վարժարանի մեծ ընտանիքի ու բարերար նուիրատուներու նիւթական աջակցութեամբ գնելով դպրոցին հանդիպակաց 2,3 հեկտար հողատարածքը, որուն վրայ կայ նաեւ եկեղեցի մը, որ որոշ բարեփոխումներէ ետք, մօտիկ ապագային պիտի դառնայ Քրեսենթա Հովիտի եւ շրջակայ քաղաքներու հայ բնակչութեան հոգեւոր կարիքներու բաւարարման կեդրոն:

Արտայայտուած միտքերէն վերաշեշտուեցաւ, որ հողատարածքին ընձեռած կարելիութիւնները անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենան Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի ընդարձակման եւ վարժարանի մեծ ընտանիքի զարգացման ու բարգաւաճման համար. նոր հողին վրայ շուտով իր դռները պիտի բանայ արդիական նոր մանկամսուր, գործել պիտի սկսի հայկական նոր եկեղեցի, որոնք պիտի ծառայեն Քրեսենթայի բարձունքներուն, այլեւ Թահանկա, Սանլանտ եւ Շատօ Հիլզ քաղաքներու մէջ հետզհետէ աւելի բազմացող ու ընդարձակուող հայ գաղութի հոգեւոր, ազգային ու կրթական կեանքի լաւագոյնս կազմակերպման ու աշխուժացման, նկատի առած, որ Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը վերջին տարիներուն յարատեւ աճ արձանագրած է: Հետեւաբար վարժարանը ընդարձակելը անհրաժեշտութիւն մըն էր:

Պաղտասարեան Ընտանիքը 1.500.000 Տոլար Կը Նուիրէ Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Նոր Մանկամսուրին

22 փետրուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանի մէջ ընդունեց ամբողջ հայութեան, Հայաստան-Արցախ հայրենեաց աշխարհի եւ մասնաւորաբար Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն մի՛շտ նեցուկ կանգնած գաղութի բարերարներէն Հիլտա Պաղտասարեանը եւ  իր երկու զաւակներն ու հարսերը` Ազգային վարչութեան անդամ` Գեւիկ Պաղտասարեանը եւ կինը` Փօլա, Փիթըր Պաղտասարեանը եւ կինը` Ռուպին:

Պաղտասարեան ընտանիքը եկած էր առաջնորդ սրբազանին յանձնելու մէկուկէս միլիոն ամերիկեան տոլարի վճարագիր`  առ ի զօրակցութիւն Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի նոր մանկամսուրին, այսպիսով հանդիսանալով գլխաւոր բարերարը ազգային կրթական նոր կառոյցին:

Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց հիւրերը եւ բարձր գնահատեց Պաղտասարեան եղբայրներու իշխանական այս նոր նուիրատուութիւնը ի յիշատակ իրենց հօր` հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր` Հիլտա Պաղտասարեանի:

Այս առիթով սրբազան հայրը շնորհակալական խօսք արտասանեց եւ օրհնեց բարերար ընտանիքի հանգուցեալ հօր` «Կիլիկիան իշխան» եւ ազգային մեծ հայասէր Յակոբ Պաղտասարեանի յիշատակը, երկար կեանք մաղթեց Հիլտա Պաղտասարեանին եւ մեծարանքով դրուատեց յատկապէս երիտասարդ Պաղտասարեաններուն ցուցաբերած անսակարկ ծառայական հոգին ու բարի կամեցողութիւնը` համայնքային կեանքէն ներս ու մանաւանդ Ազգ. առաջնորդարանի հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային ու կրթական բոլոր տեսակի նախաձեռնութեանց յաջողութեան ի խնդիր:

Նոր Ջուղա

Արցախի Զօրակցութեան Հանրահաւաք

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի կոչին համաձայն, 24 փետրուարին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախին զօրակցութեան հանրահաւաք` մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի հայ համայնքներուն: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան, ապա ելոյթ ունեցաւ թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանի ատենապետ Նոէլ Մինասեան, որ ընդգծեց, թէ Արցախը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ որպէս պետութիւն գոյատեւելու, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան անվտանգութեան իմաստներով, սուտ եւ կեղծիք համարելով այն բոլոր խօսքերը, որոնք կը փոխանցուին ժողովուրդին, թէ Արցախէն ազատուելով կարելի է Հայաստանի մէջ հանգիստ ապրիլ:

ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ պարտութիւնը հայ ժողովրդի համար ոչ թէ դատավճիռ է, այլ դաս` վերականգնելու համար, շեշտելով, որ երեք պատերազմ տեսած եւ հազարաւոր զոհեր ունեցող Արցախը շուրջ 70 օրէ կը դիմագրաւէ թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւնները եւ չի յանձնուիր, որովհետեւ գիտէ, որ Արցախը պաշտպանելով` կը պաշտպանէ նաեւ Հայաստանն ու սփիւռքը, հետեւաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը իրաւունք չունի յանձնուելու, պէտք է կանգնի Արցախի կողքին եւ զօրակցի արցախահայութեան:

Բերիոյ Կրթ. միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Զարենուշ Աղուրեան եւ Շահինշահրի Հայ համայնքի վարչութեան եւ Կանանց եկեղեցասէր միութեան վարչութեան անդամ Վալենթին Թորոսեան ընդգծեցին, որ մեր ազգային պարտքն է այս ծանրագոյն պայմաններուն, ի բոլոր դժուարութիւններուն, սատար հանդիսանալ ամրակուռ կամքի տէր արցախահայութեան եւ անոր արդար պայքարին` կանխելու անոնց գլխուն վրայ ճօճուող ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման սպառնալիքները, անգամ մը եւս ցոյց տալով հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամիին հայու աննկուն եւ աննահանջ կամքը:

Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Թաթուլ Օհանեան, անդրադառնալով Արցախի պատմական անցեալին, կոչ ուղղեց պայքարելու մինչեւ վերջ` յանուն ազգի եւ յանուն միասնական Հայաստանի:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Արցախը հայրենիք է, եւ հայրենիքը միայն կարելի է փրկել միասնութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին կազմած բանաձեւը պարսկերէն լեզուով կարդաց Արիս Դաւթեան: Բանաձեւին մէջ պահանջուած էր մարդկային իրաւունքներու պաշտպան երկիրներէն բոլոր միջոցներով Ազրպէյճանին ստիպելու` վերջ տալու անմարդկային արգելափակման, Հայաստանի իշխանութիւնը առաջնահերթութիւն համարելով Հայաստանի ազգային շահերը եւ իր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանումը` յստակ դիրքորոշումներ ունենայ շրջանին մէջ տեղական եւ արտաքին ուժերու նկատմամբ, նաեւ պահանջուած էր ոչ միայն պաշտպան հանդիսանալ Արցախի անմեղ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, այլ նաեւ` հայեւիրանցի ժողովուրդներու ընդհանուր շահերուն:

Կիպրոս

Լիմասոլի Ս. Գէորգ Նորակառոյց Սրահի Օրհնութիւն Եւ Բացում

19 փետրուարին, Բուն Բարեկենդանի առիթով Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ  մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ ապա նորակառոյց սրահի պաշտօնական օրհնութիւն ու բացում: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան:

Պատարագէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ նորակառոյց սրահը, ուր տեղի ունեցաւ սրահի պաշտօնական օրհնութիւնը եւ բացման արարողութիւնը` ձեռամբ սրբազան հօր:

Բացման արարողութենէն ետք խօսք առին սրբազան հայրը եւ Լիմասոլի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարտիրոս Մինասեան: Գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ: Աւարտին ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Մեր հայրենիք»-ը:

Մշակութային Երեկոյ` Նուիրուած Քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի 95-Ամեակին

24 փետրուարին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղին հերթական մշակութային երեկոն` նուիրուած հայրենի քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի 95-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին` կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Լիմասոլի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Մարտիրոս Մինասեան:

Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ հաճելի զուգադիպութեամբ կը նշենք մեծ քանդակագործին 95-ամեակը, ինչպէս նաեւ  Համազգայինի  95-ամեակը:

Այնուհետեւ Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեան անդրադարձաւ Արա Յարութիւնեանի կեանքին ու գործին, որմէ ետք Սիւզաննա Յարութիւնեան ներկայացուց իր հօր` Արա Յարութիւնեանի կեանքէն դրուագներ եւ տեսանիւթի ընկերակցութեամբ ներկաներուն ծանօթացուց քանդակագործին կարեւորագոյն գործերը` «Մայր Հայաստան», Սարդարապատի յուշահամալիր, «Էրեբունի» թանգարանի եւ «Սունդուկեան» թատրոնի որմնաքանդակները, «Մուսա Լեռ» յուշահամալիրը, եւ այլն: Սիւզաննա Յարութիւնեան կեդրոնացաւ յատկապէս «Մայր Հայաստան» յուշարձանի յղացումի եւ կառուցումի ոդիսականին վրայ` մանրամասնօրէն բացատրելով այդ հզօր քանդակին վրայ իր արուեստագէտ հօր տարած յոգնատանջ աշխատանքը: Աւարտին ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որուն մէջ լսուեցաւ նաեւ մեծ հայուն ձայնը:

 

Նախորդը

Քանի Մը Տողով

Յաջորդը

Չեմ Գիտեր, Բայց…

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 23, 2023
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Գաղութէ Գաղութ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը

Մարտ 22, 2023
Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ
Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Եւ Ազգ. Մանկապարտէզ

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In