Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեռած Էր` Ողջնցաւ, Կորսուած Էր` Գտնուեցաւ» (Ղկ 16.32)

Մարտ 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Կը գտնուինք Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանին մէջ: Սկիզբէն ի վեր պահքը եղած է մարդկային կեանքին տեւական սկզբունքներուն ամէնէն առողջ ու ազնիւ հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն մը, որ կը հակակշռէ եւ կը չափաւորէ մարդկային կեանքը. անհաւատալի ու վսեմ ուժ մըն է, ո՛չ նիւթական կամ մարմնական ուժ, այլ` հոգեւոր, որ մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան: Քրիստոնէական եկեղեցին ինքնիրեն չստեղծեց պահքը, այլ զայն հիմնեց Աստուածաշունչին սկզբունքներուն հիման վրայ: Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները, Յովհաննէս Մկրտիչ եւ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, նախքան իրենց երկրաւոր փրկչական վսեմ առաքելութեան սկսիլը, անապատ գացին, անմարդաբնակ վայրեր եւ «պահօք ու աղօթիւք», մտամփոփ, նախ եւ առաջ ազնուացուցին իրենց հոգիները, գօտեպնդեցին իրենց հաւատքը, ապա աստուածային իմաստութեամբ ու յոյսի նշոյլներով իրենք զիրենք աշխարհի գիրկը նետեցին:

Պահեցողութեան ընթացքին, իբրեւ հոգեւոր եղանակ, ամէն քրիստոնեայ անհատ պարտաւոր է իր անձը խստագոյն քննութեան մը բովէն անցընել, որպէսզի ճանչնայ իր բարեմասնութիւններն ու արժանիքները, թերութիւններն ու մոլութիւնները: Բոլորս ալ թերութիւններ ունինք, ոչ ոք կատարեալ է` բացի մեր Երկնաւոր Հօրմէն: Սակայն մեծագոյն թերութիւնը կը կայանայ այն ատեն, երբ գիտնալով մեր թերութիւնները` զանոնք չենք սրբագրեր, այլ աւելի վատին կ՛երթանք:

Այսօր, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Անառակի կիրակին է: Բոլորիս համար քաջածանօթ է անառակ որդիին առակը: Մարդ մը երկու որդի ունէր, որոնցմէ կրտսերը հրաժարելով իր հօրը գուրգուրանքէն` կը խնդրէ իրեն բաժին ինկած ժառանգը առնել, որպէսզի օտար աշխարհ երթայ իր կեանքը ապրելու միտումով: Հայրը` իբրեւ սիրող ու գթառատ մարդ, իր զաւակին խնդրանքին ընդառաջելով, անոր վիճակուած բաժինը կու տայ: Որդին, երթալով օտար աշխարհ, կը մսխէ իր ամբողջ ունեցուածքը` լկտի եւ վատաբարոյ արարքներով: Մինչեւ իսկ չքաւորութեան կը մատնուի եւ կը ստիպուի իր բարձրութենէն խոնարհիլ ու իր ապրուստը ճարել զանազան ձեւերով: Բազում դժուարութիւններու հանդիպելէ եւ իր գործած սխալին անդրադառնալէ ետք կ՛որոշէ իր հօրը տունը վերադառնալ: Ճամբայ կ՛ելլէ, նախքան հասնիլը, բանուորներ, տեսնելով, որ տիրոջ որդին կու գայ, անմիջապէս իմաց կու տան անոր: Հայրը տեսնելով իր որդւոյն վիճակը` կը վազէ անոր մօտ, թեւատարած, արցունքոտ աչքերով, անբիծ սիրտով ու անկեղծ հոգիով իր թեւերուն մէջ կ՛առնէ զայն, կը գգուէ եւ իր պատմուճանն ու մատանին կը յանձնէ անոր` իբրեւ խորհրդանիշ դարձեալ իր ժառանգորդը վերակոչուելու: Որդին` ամօթահար, մոլորած ու տարտամ, հօրը ոտքերը համբուրելով, անոր ներողամտութիւնը կը խնդրէ եւ ինքզինք արժանի չի համարեր դարձեալ որդին կոչուելու եւ կ՛ըսէ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ, այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու, զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ՛» (Ղկ 15.18-19): Սակայն հայրը` իբրեւ գթառատ հայր եւ սիրոյ մարմնացում, կը ներէ զայն:

Սիրելինե՛ր, մեկնելով այսօրուան առակէն, եկէ՛ք, միասին խորհրդածենք եւ քաղենք այն բարոյական ու հոգեւոր դասերը, որոնք պիտի սատարեն մեր կեանքին վերափոխման ու վերալինելութեան գործընթացին մէջ:

1.- Մսխում

Որդին իր հօրը կողմէ իրեն վիճակուած բաժինը ստնալով` կը հեռանայ ու կը մսխէ իր ամբողջ ունեցուածքը: Այսօր մենք ալ կեանքի այս խճողուած ու արագավազ հոսանքին մէջ բռնուած ենք եւ ելք մը կը փնտռենք, որպէսզի մեր հոգիները, սիրտերն ու միտքերը հանգստացնենք: Մարդ արարածին բնազդին մէջն է, որ նիւթականը աւելի գերիվեր է, քան` այլ առաքինութիւններ: Եւ որովհետեւ նիւթական աշխարհը իր քաղցրութիւնը տարածած է ամբողջ մարդկային միտքին մէջ, կարելի չէ ձերբազատիլ անկէ:

Այսօրուան աշխարհը այնքան խաբուսիկ դարձած է, որ մարդ իր գիտակցութիւնը չգործածելով, կ՛ընկղմի այդ հսկայ ովկիանոսին մէջ:

Անառակ որդիին նման, այսօր մենք եւս կը մսխենք մեր ժամանակն ու ինչքերը եւ կը տանջենք մեր միտքերը:

Եկէք` հարց տանք մենք մեզի եւ այդ հարցումին պատասխանենք. արդեօ՞ք այսօր մենք անառակներ չենք դարձած` մեր ունեցածը ի զուր մսխելով: Հարկաւ նիւթականը կարեւոր է, որովհետեւ ապրուստի միջոց մըն է, սակայն պէտք չէ զայն դասենք աւելի գերիվեր, քան` Աստուած: Յիսուս Ինք ըսաւ. «Ոչ ոք կրնայ ծառայել երկու տիրոջ, կա՛մ պիտի ծառայենք մեր Երկնաւոր Հօր եւ կա՛մ մամոնային»:

2.- Սէր

Հայրը` իբրեւ սիրոյ մարմնացում, իր սէրն ու գորգուրանքը անգամ մը եւս արտայայտեց իր զաւակին նկատմամբ: Չգոռաց, չբարկացաւ եւ չվտարեց զայն, այլ սիրով ընդունեց իր յարկէն ներս եւ իր լաւագոյն պատմուճանը  շնորհեց դարձի եկող իր որդիին, որ նշան է փրկութեան:

Սէրը, որ մայրն է բոլոր բարիքներուն, մարդկային կեանքի մէջ առհասարակ, նաեւ` հասարակական կեանքին մէջ: Յիսուս` իբրեւ սիրոյ թագաւոր, աշխարհ եկաւ մեր մեղքերը քաւելու համար, մեզի սիրել սորվեցնելու համար: Սէրը դարձաւ այն կամուրջը, որ մարդը Աստուծոյ կապեց եւ Աստուած ալ` մարդուն: Այս պարագային, հօրը սէրը իր ներաշխարհին մէջ ահազանգ մը հնչեցնելով` սիրով դիմաւորեց իր որդին եւ իր սիրոյ արտայայտութիւնը ցոյց տուաւ անոր:

Աստուած ալ` իբրեւ Հայր, Իր սէրը ցոյց տուաւ Իր միածին որդւոյն առաքումով, ինչպէս Յովհաննու աւետարանիչ կ՛ըսէ. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յվ 3.16):

Ոչ մէկ բան այնքան սուղ է, որքան` սէրը:
Ոչ մէկ բան այնքան նուիրական է, որքան` սէրը:
Ոչ մէկ բան այնքան յաւիտենական է, որքան` սէրը:

Որովհետեւ Աստուած Ինքը սէր է, մենք` քրիստոնեաներս, պէտք է ապրինք քրիստոնէութիւնը Քրիստոսի տուած սիրոյն ընդմէջէն:

Աստուած այնքան սիրեց, որ Իր սէրը գործնականացուց եւ տիեզերքը ստեղծեց:

Աստուած այնքան սիրեց, որ Իր սէրէն մղուած` մարդը ստեղծեց:

Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալներ,

– Պահքը այն առիթն է, այն պատեհ առիթը, որուն ընթացքին կրնանք մեր անձերը ինքնաճանաչումի ենթարկել, որովհետեւ ինքնաճանչումը նախապայման է ինքնալինելութեան:

– Պահքը անառակութենէ դէպի տուն դարձի առիթ է, այսինքն` Աստուծոյ:

– Պահքը նիւթական ձմեռուան մէջ բացուող հոգեւոր գարուն է: Նոր աւիշ կը հոսի մարդու գոյութեան, զգացական, մտածման մէջ:

Եկէ՛ք` բոլորս մեր աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած` խնդրելով, որ մեզի տայ այդ գերագոյն ուժը` կարենալ հեռու մնալու համար ամէն տեսակի չարութենէ եւ անպարկեշտ կենցաղէ, որպէսզի Իր փառքը կարենանք հիւսել ամբողջ աշխարհին մէջ: Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտենաս յաւիտենից: Ամէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Անառակի Կիրակի

Յաջորդը

Սերճիօ Պուսքեթց Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?