Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

March 3, 2023
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան ծնած է Պոլիս, 20 ապրիլ 1858-ին: Վկայուած է Փարիզի բժշկական համալսարանէն, 1884-ին: Վերադարձած է Պոլիս եւ գործած է իբրեւ բժիշկ: Նոյն տարին Կ. Պոլսոյ մէջ եղած  է Կայսերական բժշկական ընկերութեան փոխնախագահ: Երկար տարիներ եղած է Պոլսոյ Հայկական բժշկական միութեան նախագահը:

1886-էն սկսեալ զբաղած է ազգային հասարակական գործերով: Եղած է Պոլսոյ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ, Առողջապահութեան խորհուրդի անդամ եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ: Հրատարակած է բժշկական նիւթերով հարուստ դպրոցական գրքոյկներ, մամուլին մէջ գրած է բանասիրական յօդուածներ:

Երկար տարիներ նուիրուած է հայ բժշկութեան պատմութեան եւ 18-19 դարերու հայ բժիշկներու կենսագրութեան պատրաս-տութեան: Աշխուժօրէն մասնակցած է Պոլսոյ եւ Փարիզի հայ բժիշկներու, բժշկական պատմութեան ֆրանսական ընկերութիւններու գործունէութիւններուն եւ միջազգային համաժողովներու: Գրած է Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»-ին եւ Եւրոպայի տարբեր պարբերականներու մէջ` հայ բժշկութեան եւ հայ հին բժիշկներու մասին: Եղած է յարգելի անձնաւորութիւն հայկական, ինչպէս նաեւ թրքական պետական շրջանակներու մէջ:

Եղած է Ապտիւլ Մեճիտի անձնական բժիշկը` ամբողջ 20 տարի:

Գրիգոր Զօհրապի հետ տարած է մեծ աշխատանք` Ապտիւլ Մեճիտի մօտ, հայկական ջարդերը կանխարգիլելու միտումով:

24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած է մեծ թիւով հայ մտաւորականներու հետ եւ բանտարկուած` Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ: Անկէ փոխադրուած է բոլոր բանտարկեալներուն հետ նախ Այաշի, եւ ապա Չանղըրըի բանտը: Բարեբախտաբար ազատ արձակուած է մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ փաշային հրամանով, Ապտիւլ Մեճիտ իշխանի անձնական միջնորդութեամբ: 20 մայիս 1915-ին, ազատ արձակուելէ ետք, վերադարձած է Պոլիս:

2 ապրիլ 1916-ին դժուար պայմաններու մէջ տեղափոխուած է Տէր Զօր, ապա` Հալէպ: 1918-ին Հալէպի մէջ հիմնած է «Ազգային համախմբում»-ը` համախմբելու համար կոտորակուած հայերու բեկորները:

1918-20, իբրեւ Կարմիր խաչի հայկական բաժինի նախագահ, աջակցած է եւ նիւթական ու բարոյական ներդրում բերած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան:

1923-ին տեղափոխուած է Փարիզ եւ հիմնականին մէջ զբաղած է հայ բժշկութեան պատմութեամբ ու բանասիրութեամբ: Դարձած է Փարիզի Հայ բժիշկներու միութեան նախագահը: Հոն երեք տարի ուսումնասիրած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանի եւ Փարիզի Ազգային գրադարանի հայկական բժշկական ձեռագիրները: Ասոնց վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւնները հրատարակած է Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ»-ին մէջ:

Իր երկարամեայ բանասիրական գործունէութեան ընթացքին տպագրած է հասարակական մտքի պատմութեան վերաբերող շուրջ հարիւր աշխատասիրութիւններ:

Արժանացած է ֆրանսական «Փալմ ակադեմիք» պատուանշանին: Պարգեւատրուած է Բժշկութեան պատմութեան միջազգային քոնկրեսի մետալով եւ Ռումանական բժիշկ-պատմաբաններու ընկերութեան շքանշանով: Արժանացած է ֆրանսական կառավարութեան «Ակադեմիայի սպայ» պատուաւոր կոչման:

Մահացած է 84 տարեկանին, 11 օգոստոս 1942-ին:

Անոր անձնական հարուստ արխիւները պահուած են Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ աշխատասիրութիւնները` «Բժիշկ տոքթ. Վիչեն էֆենտին, «Դիցումն», «Յիսնամեակ բժիշկ տոքթ. Հ.Պ. Մաթէոսեան», «Ստեփան բժիշկ Շէհրիմանեան», «Տեղեկագիր հայ բժշկութեան»:

Իր այլ կարեւոր աշխատասիրութիւններն են.

Ա.- «Արդի հնդկահայ բժիշկները», Վիեննա, 1896,
Բ.- «Դպրոցներու առողջապահութիւնը», Վենետիկ, 1908:
Գ.- Երեմիա Չելեպիի 3 հատորնոց «Պատմութիւն Ստամպոլայ» չափածոյ երկը, Վիեննա, 1913,
Դ.- «Հարիւրամեակ Ռեստենի բժշկական հրատարակութեան», Վենետիկ, 1922,
Ե.- «Հայ բժշկական արձանագրութիւն», Վենետիկ, 1931,
Զ.- «Դպրոցական առողջապահութիւն»,
Է.- «Համալսարանական հին հայ 40 բժիշկներ»,
Ը.- «Հայ բժշկական ձեռագիրք»,
Թ.- «Հայուհիները հայ բժշկութեան պատմութեան մէջ»,
Ժ.- Ֆրանսական երկու աշխատասիրո+ւթիւններ` 1919-ին եւ 1925-ին:

Մոնրէալ,  31 յունուար 2023  

Աղբիւրներ`

1.- Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, Թորգոմեան Վահրամ, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018.
2.- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Օսմանեան կայսրութիւնում, Թուրքիայի Հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», համառօտ կենսագրական բառարան, Երեւան, 2014:
3.- «Ով ով է. Հայեր», կենս. հանրագիտ., հատոր Ա., Երեւան, 2005:
4.- Վիքիպեդիա` Վահրամ Թորգոմեան:

 

Նախորդը

Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդը

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Մեծ Սխալ Գործեց` Ալիեւի Հրամանով Պաշտօնանկ Ընելով Վարդանեանը

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

November 4, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

October 13, 2022
Տառադարձութիւն
Գրական

Հայոց Գիրերը

October 21, 2021
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.