Յօդուածներ

Վերածնունդ

Վերածնունդ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ Ապրիլ ամիս է դարձեալ, հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած անմոռանալի ամիս մը, որուն յիշատակը վառ կը մնայ ամէն տարի: Կարելի չէ խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` առանց անդրադառնալու Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, ուր բազմաթիւ որբեր ճողոպրած Ցեղասպանութենէն` ապաստան գտան ու խնամուեցան միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէ: 1928-ին, երբ Ժիպէյլի մէջ փակուած է տղոց որբանոցը, «Թռչնոց բոյնը» տեղափոխուած է...

Մուսա Լերան 40 Օրերը

Մուսա Լերան 40 Օրերը

ԼՈՌԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Խօսիլ Այնճարի ու այնճարցիի մասին կը նշանակէ յիշել Մուսա Լեռն ու մուսալեռցին: Իսկ ո՞ւր է Մուսա Լեռը: Մուսա Լեռը կը գտնուի պատմական Կիլիկեան Հայաստանի հարաւ-արեւելքը, Միջերկրական ծովի ափին: Մուսա Լերան հայկական գիւղերը (օրինակ` Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ (Իտտէր), Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի (Հապլաք), Վագըֆ, Քէպուսիէ, եւ խումբ մը գիւղակներ, ինչպէս Վերի Ազզէր, Չաւլիք, Մաղարաճըք, Սուլթումու, Դրժընիկ, Ամաճ...) 11-րդ դարու...

Կօշկակար Որբուկները

Կօշկակար Որբուկները

ՍՕՍԷ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ 8 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդով այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, որ կը գտնուի Ժիպէյլի մէջ: Թանգարանին մէջ շրջելու ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց կօշիկի հետ կապ ունեցող պատմութիւն մը եւ կօշկակարութեան լուսանկարներ: Յաւելեալ զննելէ ետք այդ լուսանկարները եւ հարցնելէ ետք այդ մասին, իմացայ, որ կօշկակարութիւնը եղած է հայ որբերու սորված արհեստներէն մէկը: Որբերուն համար կօշիկը...

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան Այցելութենէն Տպաւորութիւններ

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան Այցելութենէն Տպաւորութիւններ

ԳԱՐԻՆ ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ 24 Ապրիլ 1915-ին իր դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատճառով հայ ազգը կրեց մեծ թիւով դժուարութիւններ. անոնցմէ մէկն էր հայ պատանի որբերուն ստեղծուած իրականութիւնը եւ անոնց տառապանքը: Անոնք ստիպուած էին դժուար պարագաներու մէջ նոր ձեւեր գտնել` իրենց կեանքը ապահովելու համար: Ուրեմն շատ մը ընտանիքներ եւ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութիւններ փորձեցին հոգատարութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ: Այդ որբանոցներէն մէկն էր Ժիպէյլի...

Վերապրած Արաքսին Եւ Պերճուհին

Վերապրած Արաքսին Եւ Պերճուհին

ԲԱԼԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Յովակիմ Գալստեան ծնած է 1881-ին,  Օրտու: Ան տարբեր առիթներու ընթացքին ջութակ կը նուագէր: 24 դեկտեմբեր 1909-ին Յ. Գալստեան ամուսնացած է Տիգրանուհի Վարդեանին հետ, եւ անոնք ունեցած են երկու դուստրեր` Արաքսի եւ Պերճուհի: Յունիս 1915-ին, աշխատանքի ընթացքին թուրքերը մուտք գործեցին Օրտու եւ ձերբակալեցին մեծ թիւով հայեր, որոնց մէջ էր նաեւ Յ. Գալստեանը: Տիգրանուհի Գալստեան իր զոյգ դուստրերը ձգեց թուրք...

Թիթեղեայ Թեւը

Թիթեղեայ Թեւը

ՄԱՐԻԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Երբ կը մտնես «Թռչնոց բոյն»-ի որբանոց, ուր կայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, անոր մուտքին կը հանդիպիս կամարի մը, որ բազմաթիւ արժէքներու խորհրդանիշն է: Կամարը կառուցուած եւ ներկայացուած է իրարու կցուած թիթեղեայ կտորներով: Այստեղ կարելի է տեսնել որբերու կարկտաններ, որոնք կը ծածկեն անոնց հագուստներուն պատռուած բաժինը: Թիթեղեայ այդ կառուցուածքին մէջ նաեւ կարելի է տեսնել թեւը անոնց...

«Թանգարանները Ունին Անցեալ, Անոնց Ներկան Մեզմով Է, Իսկ Ուղղած Պատգամը` Ապագային»  Հաստատեց Գրիգոր Ալոզեան

«Թանգարանները Ունին Անցեալ, Անոնց Ներկան Մեզմով Է, Իսկ Ուղղած Պատգամը` Ապագային» Հաստատեց Գրիգոր Ալոզեան

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՒԵԱՆ Իբրեւ «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդ, շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Այցելութեան ընթացքին մտերմիկ հարցազրոյց մը վարեցի թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանին հետ: Հ.- Ի՞նչ է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին դերակատարութիւնը Հայ դատի պահանջատիրութեան շրջագիծին մէջ: Գ. Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը շարունակութիւնն է «Թռչնոց բոյն» պատմական որբանոցին:...

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Այցելութիւն` Լուսանկարներու Ընդմէջէն

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Այցելութիւն` Լուսանկարներու Ընդմէջէն

ԱՐԱԶ ԽՏԸՐԵԱՆ 8 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպութեամբ «Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Թանգարանին մէջ անոնք ընդունուեցան թանգարանի ընդհանուր վարիչ եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի ղեկավար Գրիգոր Ալոզեանի կողմէ: Գ. Ալոզեան ներկայացուց թանգարանը, «Թռչնոց բոյն»-ը եւ թանգարանին հիմնադրութեան ու բովանդակութեան մանրամասնութիւնները: Մեր այցելութիւնը կը սկսի Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմ այցելութեամբ (6 նոյեմբեր 1882 - 6 ապրիլ...

Երեւանի Օղակաձեւ Զբօսայգիին Մէջ Տեղադրուեցաւ «Նեմեսիս» Գործողութեան Հերոսներու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթող

Երեւանի Օղակաձեւ Զբօսայգիին Մէջ Տեղադրուեցաւ «Նեմեսիս» Գործողութեան Հերոսներու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթող

Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ 25 ապրիլին մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ 1919-ին «Նեմեսիս» գործողութիւնը կազմակերպած եւ զայն իրականացուցած հերոսներուն նուիրուած «Նեմեսիս» յուշաղբիւր-կոթողը: Յուշարձանին վրայ կան` Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի, Յակոբ Մելքումովի, Երուանդ Ֆունդուկեանի, Արմէն Գարոյի, Գրիգոր Մերջանովի, Աւետիք Իսահակեանի, Արշակ Եզդանեանի, Արա Սարգսեանի, Հրաչ Փափազեանի եւ Շահան Նաթալիի անունները: Անոնք ...

«Համազգային Համախմբում. Այլընտրանք Չկայ»

«Համազգային Համախմբում. Այլընտրանք Չկայ»

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը` Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով. Ճակատագրական է ներկայ հանգրուանը մեր ազգի պատմութեան: Մութ ամպերով է ծածկուած երկնակամարը հայ կեանքին: Անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը: Կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը: Գիտե՛նք` իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել: Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս ազգ, կոչուած ենք...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից.  Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

Մեր Պայքարը Իրաւունքի Եւ Արդարութեան Պայքար Է (Վիգէն Աւագեանի Արտասանած Խօսքը` Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչման Միացեալ Հանդիսութեան, Անթիլիասի Մայրավանք)

23 ապրիլ է այսօր աշխարհի բովանդակ տարածքին ապրող հայութեան համար: 23 ապրիլ է նաեւ լիբանանցիին, ֆրանսացիին, ամերիկացիին եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար: Վաղը անոնց համար 24 ապրիլ 2023¬ն է, իսկ մեզի՞ համար… Մեզի համար 108 տարիէ ի վեր 24 ապրիլը 1915 թուականն է: Այդ օր ժամանակը կարծէք կանգ առած է, որովհետեւ մենք տակաւին չենք յաղթահարած Ցեղասպանութիւնը: Քանի ան մեզի համար...

«Մեր Պա՛րտքն Ու Իրաւո՛ւնքն Է Տէր Դառնալ Հայրենական, Արցախական, Ազգային, Եկեղեցական Ու Մշակութային Արժէքներուն», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը

«Մեր Պա՛րտքն Ու Իրաւո՛ւնքն Է Տէր Դառնալ Հայրենական, Արցախական, Ազգային, Եկեղեցական Ու Մշակութային Արժէքներուն», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը

«Կոմիտասեան Ղօղանջներ»-ը Հրավառեցին Նահատակ Ցեղի Զաւակաց Սրտերը Անմահութեան Խորհուրդով Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2023, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական աննախընթաց համերգ՝ նուիրուած անմահանուն երաժիշտ եւ խմբավար Կոմիտաս Վարդապետի եւ անոր արուեստին ընդմէջէն՝ հայ նահատակ ցեղի բոլոր զոհերու...

ՀՅ Դաշնակցութիւնն Ու Բերիոյ Հայոց Թեմը Նեցուկ Կը Կանգնին Հալէպի Բոլոր Հայ Համալսարանականներուն

ՀՅ Դաշնակցութիւնն Ու Բերիոյ Հայոց Թեմը Նեցուկ Կը Կանգնին Հալէպի Բոլոր Հայ Համալսարանականներուն

Մակար Սրբազան. «Ուսանողութեան Հարցերը Մեր Օրակարգին Վրայ Են Միշտ» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Կը Մեռնի Այն Ժողովուրդը, Որ Ուշադրութիւն Չի Դարձներ Իր Երիտասարդութեան։ Կը Մահանայ Այն Շարժումը, Որ Արժէք Չի Տար Իր Ուսանողութեան» Երէկ, Հալէպի բոլոր հայ  համալսարանականները հրաւիրուած էին «Գ. Եսայեան» սրահ՝ հանդիպելու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին...

Հայաստան Խարիսխ` Հայ Դատի Պահանջատիրութեան

Հայաստան Խարիսխ` Հայ Դատի Պահանջատիրութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը` 1965-ին, կարեւոր դարձակէտ մը եղաւ հայութեան վիճակուած մեծ աղէտին քաղաքականացման տեսակէտէն: Այդ օրերուն տակաւին Մեծ եղեռն կը կոչէինք ջարդն ու տարագրութիւնը, իսկ անոր ոգեկոչումները, ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին, արտակարգ ողբերգութեան մը վկայութիւն կը դառնային: Շատեր իրենց մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն կենդանի վկաները դարձած էին եղելութեան, ազգականներ ու բարեկամներ կորսնցուցած էին, տեղէ այլ տեղ փոխադրուած էին:...

Հայուն Տապարահար Ծառը Պիտի Վերածաղկեցնենք

Հայուն Տապարահար Ծառը Պիտի Վերածաղկեցնենք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ճիշդ այն օրերուն, երբ քանի մը խմբագիր ընկերներ յիշեցուցին, որ Ապրիլը կը մօտենայ եւ կը ծրագրեն յատուկ կամ բացառիկ համարներ հրատարակել, բարեկամէ մը հասաւ խորհրդաւոր լուսանկար մը, զոր ահաւասիկ կը բաժնեկցիմ ընթերցողիս հետ: Արմատախիլ եղած ու տապալած ծառ մըն է, որ, ինչպէս կը նշէ ընկերակցող բացատրութիւնը, մերժած է մեռնիլ, աւելի՛ն, ծնունդ տուած է նոր ծառերու: Առաջին ակնարկով մարդս...

Միասնականութեամբ Տապալենք Ցեղասպանական Արարքները *

Միասնականութեամբ Տապալենք Ցեղասպանական Արարքները *

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումն է այսօր: 108-ամեակը սակայն մեր ականջներուն խորթ կը հնչէ, որովհետեւ ցեղասպանութեան նպատակն ու միտումը մեր կեանքէն անպակաս են եւ կը թուին ըլլալ այնքան մօտ ու այժմէական: Այդպէս է իրականութիւնը, որովհետեւ հայութեան կեանքէն անմասն չի մնար թուրքը իր թրքութեամբ, վայրագութեամբ, փանթուրանական երազը յաջողցնելու ճամբուն վրայ ամէն ինչ կատարելու` կազմ ու պատրաստ իր վիճակով: Երբ մտածենք...

Գունաւոր Ցեղասպանութիւն

Գունաւոր Ցեղասպանութիւն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սիրելի ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ «Գունաւոր ցեղասպանութիւնը» ո՞ր մէկն է` հաստատ գիտնալով, որ այս անաստուած դարուս ոմանք ամէն բան կը գունաւորեն «Գունաւոր» ածականով: Այսպէս` գունաւոր կեանք, գունաւոր սեռային կեանք (ԼԳՏՊ-ներուն եօթնագոյն ժապաւէնը), գունաւոր յեղափոխութիւն, կարծես գոյները բնութենէն առնուած եւ ներմուծուած են մարդկութեան մերօրեայ անգոյն, տժգոյն ու գորշ կեանքին, մեր այս դարուն մէջ. ու հիմա` «Գունաւոր ցեղասպանութիւն»:...

Օհանես (Օննիկ) Ղազերեանի Վերապրման Պատմութիւնը

Օհանես (Օննիկ) Ղազերեանի Վերապրման Պատմութիւնը

ԹԵՀՄԻՆԷ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ Պատմական գիտութիւնների թեկնածու «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի ու վերապրողների փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժնի աւագ գիտական աշխատող Ընտանեկան լուսանկարՕննիկ Ղազերեան (առաջին շարքում աջից առաջինը)Ղազերեան ընտանիքի արխիւ Ականատես-վերապրողների յուշագրութիւններն առանձնակի հետաքրքրութեամբ են ընթերցւում: Յուշագրութիւնները յաճախ թէեւ վերաբերում են անհատի կեանքի դրուագին, սակայն դրանք նրա կեանքի պատմականօրէն վճռորոշ հատուածներն են: Վաւերագրողը գիտակցում է իր աչքով տեսածի ու իր...

Ես Սփիւռքահայ Եմ

Ես Սփիւռքահայ Եմ

ԹԱԳՈՒՀԻ ՍԻՍԼԵԱՆ Ժամանակակից Թուրքիոյ քաղաքացիներ, Ես Թագուհի Սիսլեանն եմ, եւ մականունս արդէն իսկ կը բացայայտէ իմ արմատներուս մասին: Ապրիլ 24... Գիտէ՞ք այս օրուան իմաստը հայ ժողովուրդին համար: Ես ձեր լռութիւնը պատասխան կը համարեմ: Ես ձեզ չեմ մեղադրեր ձեր գիտելիքներու բացակայութեան համար, տրուած ըլլալով, որ ձեր դպրոցներուն մէջ հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմաթիւ էջերը դասագիրքերուն մէջ չեն ընդգրկուած: Այս կը բացատրէ խլացնող...

Խաղաղութեան Դարաշրջա՞ն, Թէ՞ Ապրիլ 24-ի Մայրամուտ  (Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակ)

Խաղաղութեան Դարաշրջա՞ն, Թէ՞ Ապրիլ 24-ի Մայրամուտ (Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Պատմական յիշողութեան ջնջումը կենսագրութեան ջնջումն է: Մարդ չի կրնար կենսագրութիւնը թաղել»: ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ (Պատմաբան, պատմական ժողովրդագրութեան մասնագէտ)  Անտարակոյս, «մայրամուտ» գոյականը չի վերաբերիր հայոց սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման, ո՛չ ալ ապրիլեան խորհուրդը նսեմացնել կը միտի: Խօսքը էապէս կ՛առնչուի հայ ժողովուրդի թէ անոր պետական մտածողութեան մէջ առկայ այն քաղաքական մօտեցումին, թէ ժամանակը հասեր է լուծելու հայեւթրքական «կնճիռ»-ը,  ընդմիշտ փակելու փոխադարձ...

Page 268 of 1111 1 … 267 268 269 … 1,111

Արխիւներ