ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՒԵԱՆ
Իբրեւ «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդ, շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:
Այցելութեան ընթացքին մտերմիկ հարցազրոյց մը վարեցի թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանին հետ:
Հ.- Ի՞նչ է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին դերակատարութիւնը Հայ դատի պահանջատիրութեան շրջագիծին մէջ:
Գ. Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը շարունակութիւնն է «Թռչնոց բոյն» պատմական որբանոցին:
Իբրեւ Հայ դատ` թանգարանին կարեւոր մէկ բաժինը առնչուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութենէն որբերը Հայ դատի եւ ցեղասպանագիտական այդ պարունակին մէջ կարեւոր մէկ բաժինը կը նկատուին, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը վկաներն են այդ ցեղասպանութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան որբերու ընդհանուր թիւը եղած է 150 հազար: Աշխարհով մէկ տարածուած այս հսկայ թիւը կարեւոր եւ հիմնական փաստ մըն է, որ 1915-ին պատահածը բնաջնջումի գործընթաց մը եղած է, եւ անոր պատճառով է, որ մենք այսօր կը խօսինք այս հազարաւոր թիւերուն մասին:
«Թռչնոց բոյն» որբանոցը, որ նախապէս ամերիկեան որբանոց էր, կարեւոր պատգամ մը կը փոխանցէ Ցեղասպանութեան որբերուն մասին:
Արամ Պէզիքեան կը խորհրդանշէ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու սերունդը, որոնք այդ օրերուն ուղղուած են Ատանայէն Հալէպ եւ հասած` Լիբանանի այս որբանոցը: Արամ Պէզիքեան եւ որբերը շարունակած են հայ մնալ, հայօրէն գոյատեւել, ապագային հայ ընտանիքներ կազմել եւ Լիբանանի հայ գաղութը ստեղծել:
Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու պատգամը փոխանցելու: Այդ պատգամը խորհրդանշական է եւ ուղղուած է ոչ այսօրուան, այլ` ապագային:
Ճիշդ է, որ կառոյցը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան որբերուն եւ անոնց անմահ յիշատակը, սակայն անիկա ընդհանուր գիծերուն մէջ կը խօսի Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Հ.- Ձեր կարծիքով, ի՞նչ վիճակ կը պարզեն այսօր թանգարանները: Տակաւին անոնք կրնա՞ն ազդու ձեւով ներկայացնել մշակոյթներն ու անոնց ժառանգականութիւնը:
Գ. Ա.- Այո, անշուշտ, որովհետեւ թանգարանները միշտ ալ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ անցեալին կը պատկանին: Շատ քիչ է ներկայիս թանգարաններու հետ առնչութիւնը, որովհետեւ անիկա իր մէջ ունի պատմական արժէքներ ներկայացնող բաժին մը: Բայց հետաքրքրական կերպով մենք թանգարանը պատմական արժէք կը նկատենք ու կը վայելենք:
Թանգարանը դէպի ապագայ ուղղուող պատգամ մը ունի եւ անիկա երեք ուղղութեամբ է, որ կը գործէ. թանգարանները ունին անցեալ, անոնց ներկան մեզմով է` թանգարան այցելութեամբ, եւ կայ երրորդ հանգամանքը, որ մեզմով անիկա կ՛անցնի դէպի ապագայ եւ ապագայի ուղղուած պատգամ մը կը փոխանցէ:
Թանգարանները իրենք զիրենք պէտք է պահեն ու պահպանեն` նկատի ունենալով ժամանակակից բոլոր պայմանները:
Ժամանակակիցին հետ քայլ պահելու առաքելութիւնը նկատի պէտք է առնուի:
Ճիշդ է, որ իբրեւ թանգարան` պատմական արժէք կը ներկայացնեն, սակայն երբ անիկա այսօրուան պայմաններով եւ միջոցներով չես ներկայացներ, կը սկսիս քու առաքելութեանդ մէջ նահանջ արձանագրել:
Հետեւաբար ընդհանուր առաջարկս է, որ թանգարանները իրենց առաքելութիւնը պահպանեն ժամանակակից պայմաններու մէջ, այսինքն այդ առաքելութիւնը այսօրուան մէջ պահեն, որպէսզի ան կարենայ ուղղուիլ դէպի ապագայ: Եթէ այդ առաքելութիւնը անցեալին մէջ պահուի, ապա անիկա դէպի ապագայ ուղղուող ոչ մէկ պատգամ մը կրնայ փոխանցել:
Հ.- Ձեր կարծիքով, երկար տարիներ ապրելով լիբանանցիներու հետ, ի՞նչ են անոնց մօտեցումները` Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան այցելութենէն ետք:
Գ. Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը կը գտնուի վայրի մը մէջ, որ հարազատօրէն լիբանանեան քաղաք մըն է: Պատմական Պիպլոսն է ան, որ մայրաքաղաք Պէյրութէն ետք, երկրորդ ամէնէն աւելի այցելութիւն վկայող քաղաքն է, որ կարեւոր վայր մըն է:
Հետեւաբար լիբանանցիները, որոնք կ՛այցելեն թանգարան ու ծանօթ չեն անոր, կ՛ունենան այն տպաւորութիւնը, որ այլեւս իրենք ոչ միայն ծանօթ են թանգարանին, այլ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայութեան հետ կապուածութիւն մը կը զգան:
Այցելուները թանգարան այցելութեան աւարտին հպարտ կը զգան հայ ժողովուրդով եւ Լիբանանի մէջ անոնց ներկայութեամբ ու լիբանանեան տարբեր բնագաւառներու բարգաւաճման մէջ անոնց ունեցած ներդրումով:
Անոնք կը սկսին աւելի լաւ հասկնալ հայ ժողովուրդը, որ կրցած է պահպանել իր դարաւոր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կրցած է պահել հայկական իր ինքնութիւնը: Փաքրամասնութիւն ըլլալով հանդերձ, հայ ժողովուրդը անցած է իր պատմութեան զանազան հանգրուաններէն եւ կրցած է գոյատեւել` իբրեւ ամէնէն հին ժողովուրդներէն մէկը:
Լիբանանցիները կ՛այցելեն թանգարան աւելի մօտէն գիտնալու մեր պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Թանգարան այցելութենէն ետք լիբանանցիները հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը ներառեն իրենց պատմութեան մէջ:
Հ.- Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի արխիւային աշխատանքը ինչպէ՞ս կատարուած է, եւ ընդհանրապէս, արխիւները ուրկէ՞ գտնուած են:
Գ. Ա.- Երեք պատմաբաններ են, որոնք աշխատած են այս թանգարանի արխիւները ապահովելու եւ թանգարանը ներկայացնելու համար: Անոնք են` Ռեմոն Գէորգեան, Վահէ Թաշճեան եւ Լեւոն Նորտիկեան:
Այս երեք պատմաբանները աշխատած են թանգարանի երեք բաժիններու վրայ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կատարած է իր ուսումնասիրութիւնները եւ զայն տրամադրած` թանգարանին:
Ինչպէս նկատեցիք, թանգարանը հարուստ է նաեւ լուսանկարներով:
Այս բոլորը` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, Ցեղասպանութեան որբերու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղութներու կազմութեան պատմութիւնը կրցած են հաւաքել վերոնշեալ երեք պատմաբանները, որոնք հարազատօրէն եւ պատմական փաստերու հիման վրայ կրցած են ներկայացնել զանոնք` հիմնուած լուսանկարներու եւ տեղեկութիւններու վրայ:
Պատմաբաններ Ռեմոն Գէորգեանի, Վահէ Թաշճեանի եւ Լեւոն Նորտիկեանի կողքին, աշխատանք տարած է նաեւ Կարօ Տէրունեանը:
Ապագայ աշխատանքը շարունակելու իմաստով արխիւներու պրպտումի աշխատանքը դադար չունի:
Անձամբ ես կը շարունակեմ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ թանգարանը ունի բարեկամներ, որոնք պրպտումները կը շարունակեն, յատկապէս` որբերու կամ Ցեղասպանութեան որբերու հետ կապուած արխիւները Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ հաւաքելու իմաստով: