23 ապրիլ է այսօր աշխարհի բովանդակ տարածքին ապրող հայութեան համար: 23 ապրիլ է նաեւ լիբանանցիին, ֆրանսացիին, ամերիկացիին եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար: Վաղը անոնց համար 24 ապրիլ 2023¬ն է, իսկ մեզի՞ համար…
Մեզի համար 108 տարիէ ի վեր 24 ապրիլը 1915 թուականն է: Այդ օր ժամանակը կարծէք կանգ առած է, որովհետեւ մենք տակաւին չենք յաղթահարած Ցեղասպանութիւնը: Քանի ան մեզի համար պատմական անցեալ չէ, ներկա՛յ է, ամէնօրեայ ապրուող իրականութիւն է: Ապրիլ 24¬ին բոլորս կը նոյնանանք իրարու հետ, կը ժամադրուինք այս մատրան շուրջ: Կ’ուզենք կողք¬կողքի ըլլալ, առանձին չմնալ եւ հաւաքականութեան մը պատկանելու գօտեպնդող զգացումը ունենալ: Ցեղասպանութեան յատկանիշները եղան մեր ժողովուրդին բռնի տեղահանումը իր հայրենի բնօրրանէն, հայկական տնտեսութեան յափշտակումը եւ հայ մշակոյթին փոշիացումը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ունեցաւ ամբողջակա՛ն բնոյթ, որովհետեւ ան տարածուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Հայ ժողովուրդը բնաջնջուեցաւ իր հազարամեայ հողին վրայ: Սպաննուեցաւ ո՛չ միայն ցեղը, այլեւ` հողը:
Ցեղասպանութեան խորհրդանիշը դարձաւ ապրիլ 24-ը, որ անցնող 108 տարիներուն իր մէջ խտացուց մեր ժողովուրդի ձգտումներն ու նպատակները: Այսօր այդ խորհրդանիշը` ապրիլ 24-ը, դադրած է յիշատակի սոսկական օր մը ըլլալէ: Ապրիլ 24-ը օրն է իրաւազրկման եւ հայրենազրկման դէմ պայքարի: Օրն է արդարութեան եւ հատուցման ու պահանջի:
Ապրիլ 24-ը օրն է նաեւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդի զաւակները այլեւս քաջածանօթ են «Ուժը իրաւունքէն առաջ կ’ընթանայ» իմաստութեան: Անոնք գիտեն, որ ուժը յաճախ կը ճզմէ իրաւունքը: Իրաւունքի մը արդար ըլլալը բաւարար չէ, որպէսզի ան ինքնաբերաբար եւ իսկոյն հատուցուի: Ժողովուրդներ երկար, շա՜տ երկար, յաճախ տասնամեակներ ու դարեր կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն վերատիրացման համար: Իրաւունքները ո՛չ մէկ պարագայի կը տրուին իբրեւ շնորհ կամ նուէր, անոնք ձեռք կը բերուին յամառ ու յարատեւ պայքարով միայն: Իրաւունք խնդրող ժողովուրդներ կը նմանին մեծ ու փոքր պետութիւններու դռներուն առջեւ թափառող մուրացկաններու, որոնք ձեռք կ’երկարեն իրաւունքը իբրեւ ողորմութիւն խնդրելու համար: Իսկ մուրացկաններու երեսին, գիտենք, թէ ինչպէ՜ս կը փակուին դռները:
Հայ ժողովուրդը շատոնց դադրած է իր իրաւունքներուն խնդրարկուն ըլլալէ: Ան գիտէ բռունցքը սեղմել եւ Թուրքիայէն հաշի՛ւ պահանջել մեր կեանքի բոլոր կալուածներէն ներս, բոլոր մակարդակներու վրայ, արտաքին աշխարհի բոլոր ճակատներուն վրայ` իբրեւ ժառանգորդը 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու, իբրեւ տեւական պահանջատէրը իրաւունքի եւ արդարութեան:
Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական արարք էր, որուն քաղաքական հետեւանքները կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Թուրքիա մէկ կողմէ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել մեր հայրենիքը` Արեւմտահայաստանը, իսկ միւս կողմէ` շրջափակումի կ՛ենթարկէ մեր երկիրը` Հայաստանը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նախապայման նկատելով հայութեան կատարեալ անձնատուութիւնը:
Թուրքիա կը մնայ հայութեան գլխաւո՛ր թշնամին, այնքան ատեն որ պաշտօնապէս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր քաղաքական, դիւանագիտական ու պետական բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ նուազեցնելու համար հայ ժողովուրդի քաղաքական կշիռը տարածաշրջանին մէջ:
Թուրքիա կը մնայ հայութեան պատմակա՛ն թշնամին, այնքան ատեն որ չի հատուցեր Ցեղասպանութեամբ հայութենէն իր խլած ազգային-եկեղեցապատկան մեր բոլոր կալուածները, շարժուն թէ անշարժ ինչքերն ու հարստութիւնները, հայկական քաղաքակրթութեան կրած ամբո՛ղջ վնասը:
Թուրքիա կը մնայ հայութեան թիւ մէ՛կ թշնամին, այնքան ատեն որ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով իր բարձրաստիճան զօրավարները Պաքու կ’ուղարկէ հայութեան դէմ Ազրպէյճանի պատերազմը գլխաւորելու համար: Զէնք, զրահ եւ անօդաչու սարքեր կը մատակարարէ իր կրտսեր եղբօր: Ու իբրեւ միջազգային ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր` վարձկան-ահաբեկիչներ կը զինուորագրէ Արցախի հայկական ուժերուն դէմ:
Թշնամին ծանօթ է մեզի, բայց ամէն օր կը յիշեցնէ իր ո՛վ ըլլալը:
Թշնամիին շարունակուող քայլերուն դիմաց չկայ այլ ելք` բացի ընդհանուր ճակատումէ: Ով կ’ուզէ յաղթել, նախ պէտք չէ զիջի: Մենք որեւէ զիջում չունինք մեր պայքարին մէջ: Մեր պայքարը իրաւունքի եւ արդարութեան պայքար է: Մեր անցեալին, ներկային ու ապագային արժանի ըլլալու պայքար է: Մեր պայքարը կը մղուի պէ՛տք է մղուի, համահայկական ճիգով եւ կարելի բոլոր միջոցներով. տեղ մը ցուցական-քարոզչական աշխատանքով, այլ տեղ Հայ դատի ի նպաստ կարծիք ձեւաւորելով: Այլուր Թուրքիոյ վրայ դիւանագիտական ճնշում բանեցնելով, մէկ այլ տեղ թրքական տնտեսութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը պոյքոթի ենթարկելով, իսկ ամէնուր թրքական ապատեղեկատուութեան եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ դնելով:
Մեր պայքարը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը դադար չեն կրնար ունենալ, մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտէ Մեծ Ոճիրը եւ ստանձնէ անոր հետեւանքներուն սրբագրումը, եւ կամ… շարունակէ ժխտել Ցեղասպանութեան փաստը եւ հանդէս գայ միջազգային յանցագործութեան մը իրաւական յաջորդի եւ շարունակողի դերով: Ընտրութիւնը չափազանց դժուար է եւ սակայն միակ միջոցն է հարցին մօտեցման, ինչ որ խիզախութիւն եւ նոր մտածողութիւն կը պահանջէ Թուրքիոյ վարիչներէն:
Այլապէս, ապարդիւն են կոկորդիլոսի արցունքներով իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցութեան խօսքերը: Թուրքիա կրնայ յաւելեալ եկեղեցիներ վերանորոգել: Թուրքիա կրնայ ապրիլեան նոր ոգեկոչումներ արտօնել: Ան կրնայ նոյնիսկ հպատակութիւն «շնորհել» նախկին օսմանցի հայերու եւ արտօնել անոնց վերադարձը իրենց բնակարանները: Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, հայկական հարցը չի դադրիր հա՛րց ըլլալէ, այնքան ատեն որ պատմական արդարութիւնը լրիւ չէ վերականգնած եւ մեր ազգային տենչերը չեն իրականացած:
Հայկական հարցի որեւէ լուծում, հայ-թրքական հաշտեցման որեւէ առաջարկ մեզի համար պայմանաւորուած է պատմական արդարութեան վերականգնումով: Այս իսկ պատճառով վտանգաւոր է թրքական ամէն ծուղակ, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման քողին տակ կը փորձէ պատմաքաղաքական զգայուն հարցերու շուրջ Հայաստանէն զիջումներ կորզել եւ Երեւանին հաշտութիւն պարտադրել: Անգարա արդէն չի վարանիր յայտարարելու, որ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն կարգաւորումը կը համակարգէ Պաքուի հետ: Անգարա չի ծածկեր նաեւ իր մտադրութիւնը` հայկական կողմին հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու միայն այն պարագային, երբ Ազրպէյճան վերջնական հսկողութիւն կը հաստատէ Արցախի վրայ եւ յստակ նախադրեալներ կ’ունենայ մեր հայրենիքի պատմական այդ հատուածին հայաթափման համար:
Յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ հաշտեցում տարբեր բաներ են, եւ անկախ այն իրողութենէն, թէ կարգաւորման ընթացքը ի՛նչ հունով կը զարգանայ, Թուրքիոյ հետ հաշտեցումը, պատմական արդարութեան վերականգնումի հարցը առնչուած են ո՛չ միայն հայկական պետութեան, այլեւ` համայն հայութեան եւ, հետեւաբար, այս ուղղութեամբ առնուելիք որեւէ քայլ հայրենի վարիչներ պարտին համադրել ու համակարգել սփիւռքի հետ գործակցաբար, դերերու եւ պարտականութիւններու յստակ բաժանումով:
Յարգելինե՛ր,
Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման այս օրը մեզի կը թուի, թէ հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ համայն հայութիւնը պահ մը կանգ առնէ, լռութեան մատնէ իր ներքին զգացումները եւ մտքի պաղարիւնութեամբ ու հանդարտ վերլուծումով քննէ մեր ժողովուրդին կացութիւնը եւ ճշդէ իր հետեւելիք ուղին:
Իսկ ի՞նչ կրնայ քննել ժողովուրդ մը, որ վերջին եօթը տարին մղած է երկու մեծ պատերազմ եւ ահագին սահմանային բախումներ: Ժողովուրդ մը, որ կորսնցուցած է իր պատմական հայրենիքին` Արցախի չորս հինգերորդը եւ իր երկրի հարաւարեւելեան սահմաններուն տասնեակ մը բարձունքները: Ի՞նչ կրնայ քննել ժողովուրդ մը, որուն ընտիրներէն հինգ հազարը այսօր կը հանգչին Եռաբլուրի եւ նահատակաց այլ պանթէոններուն մէջ: Ժողովուրդ մը, որուն զաւակներուն եւ գալիք սերունդներուն ապագան վտանգուած է մէկ կողմէ համաթրքական ահեղ վտանգով, իսկ միւս կողմէ` մեծապետական շահերու զոհը դառնալու լուրջ սպառնալիքով:
Եւ դեռ, ի՞նչ կրնայ քննել ժողովուրդ մը, որուն քաղաքական վարիչները կատարեալ ձեռնթափութեամբ մը մէկ կողմէ` «Որեւէ երկրի նկատմամբ քաղաքական պահանջ չունինք» կը յայտարարեն, իսկ միւս կողմէ իրենց անկախութեան հռչակագիրի նուիրագործած «ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-էն կը հրաժարին:
Պարզ է, որ հայ կեանքը կը գտնուի նոր ու դառն իրականութիւններու դէմ յանդիման: Իրականութիւններ, որոնց հետ հաշտուելու որեւէ պատճառ եւ իրաւունք չունինք, ընդհակառակն, զանոնք մերժելու եւ փոխելու պարտքն ու պարտաւորութիւնը ունինք, որովհետեւ պարտուածի հոգեբանութեամբ ապրիլը մեռնելէն աւելի վատ է:
Հարցը պարտութիւնը չէ: Աշխարհի վրայ չկայ ժողովուրդ մը, որուն պատմութիւնը միայն յաղթանակներէ բաղկացած ըլլայ: Հարցը պարտութեան զգացողութիւնը կորսնցնելն է, կրաւորական եւ անտարբեր դառնալն է: Հայրենասիրութեան բացակայութենէ աւելի` տարրական տրամաբանութեան կորուստն է: «Ո՛չ» ըսելու անկարողութիւնն է Արցախի յանձնուողական համաձայնագիրը ստորագրած, Հայ դատ, հողերու պահանջ, միացեալ Հայաստան եւ այլ սրբութիւններ արհամարհած քաղաքական առաջնորդներու:
Հարցը, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան դարաշրջանի» ցնորքն է, այն պատրանքը, իբր թէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալով Անգարա եւ Պաքու թոյլ կու տան, որ 29.800 քառ. քմ տարածութեամբ Հայաստանը հանգիստ ու ապահով կեանք ունենայ: Կարծէք` հանգիստ կեանքը կը պայմանաւորուի առանց Արցախի: Կարծէք` Արցախի հարցը կը վերաբերի արցախցիներուն միայն:
Իսկ կարելի՞ է նման մտածողութեան տէր մարդոց հարց տալ, թէ ուրեմն ի՞նչ գործ ունինք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ 108 տարի առաջ զոհուած հայերու հետ: Ինչո՞ւ ամէն տարի ապրիլ 24 կը նշենք: Ինչո՞ւ Սումկայիթի եւ Պաքուի խոշտանգուած հայերուն յիշատակը կ’ոգեկոչենք, եթէ հարցը միայն 29.800 քառ. քմ տարածութեան կը վերաբերի: Ինչո՞ւ ուրեմն այդ բոլորը:
Եւ դեռ, կարելի՞ է պատկերացնել, որ 1988 թուականին նման մտածում կրնար ոեւէ մէկուն մտքէն անցնիլ: Բոլորը, անխտի՛ր բոլորը, կը գիտակցէին, որ Արցախը մեր հայրենիքին, մեր կեանքին մէկ մասն է, եւ մենք պատասխանատու ենք այնտեղ ապրող մեր հայրենակիցներուն կեանքին ու ապահովութեան, կանխելու համար անոնց ցեղային մաքրազտումը եւ նոր ցեղասպանութեան մը ենթարկուելու վտանգը:
Ո՛չ, չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Հայաստանի սիրոյն Արցախի զիջումը կրնայ խաղաղութեան բանալին ապահովել հայութեան: Արցախը զիջիլ` կը նշանակէ թշնամին հրաւիրել Հայաստանի վրայ յարձակելու: 120 հազար հայու կորուստը կը նշանակէ երեք միլիոն հայու կործանումը: Եւ ուրեմն, Արցախի հայկական մնալու պայքարը պայքա՛ր է Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահելու եւ պահպանելու:
Դժուար պայքար է այս, շա՜տ դժուար: Բայց ե՞րբ հայրենիքի պահպանումը դիւրին գործ եղած է: Այսօր չպայքարողը վաղը գոյութիւն չ’ունենար: Քանի կա՛նք, պիտի չյուսահատինք, պիտի համախմբուինք, պիտի կազմակերպուինք, պիտի դիմադրենք ու եթէ հարկ ըլլայ… պիտի զոհեր մատուցենք, հաւատարիմ` մեր ճակատագիրը մեր սեփական ուժով կերտելու պատմական մեր իմաստութեան, փորձառութեան եւ վճռականութեան:
Յարգելինե՛ր,
Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը կը պարտաւորեցնէ մեզ քննել նաեւ սփիւռքի եւ յատկապէս անոր միջինարեւելեան հատուածին` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի հայութեան կացութիւնը: Հայ դատի աշխատանքներու գլխաւոր կռուանը հանդիսացող կեդրոնական այս գաղութները այսօր, կը գալարին քաղաքական, ապահովական եւ ընկերա-տնտեսական սուր տագնապներու մէջ: Արտագաղթը, մարդուժի եւ նիւթականի հսկայական կարիքները, ազգային կառոյցները պահպանելու գերմարդկային ճիգերը հայութեան այս հատուածը դրած են դէմ յանդիման մեծ մարտահրաւէրներու, որոնց կարեւորագոյնը եւ առաջնահե՛րթը մեր նոր սերունդի, երիտասարդութեան պահպանումն է հայատրոփ այս ոստաններուն մէջ` տասնամեակներու ազգային-պահանջատիրական աւանդի մը տէրը կանգնելու եւ այդ աւանդը շարունակելու համար:
Հակառակ իրենց դիմագրաւած տեսակաւոր դժուարութիւններուն` հայրենամերձ այս գաղութները հայութեան արիւնատար երակները եղած են ու կը մնա՛ն, այնքան ատեն որ անոնք կը յատկանշուին ազգային կազմակերպ կեանքով եւ նպատակասլաց գործունէութեամբ: Միջին Արեւելքի հայկական այս գաղութներուն վերաշխուժացումը եւ հզօրացումը գրաւականն են ամբողջ Սփիւռքի ազգային դիմագիծին առողջ պահպանման եւ ամուր Հայաստանի մը կերտման, եւ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կ’ընդգծէ «Սփիւռքի տարուան» առիթով իր հրապարակած առաջին կոնդակին մէջ, իրենց իւրայատուկ շեշտաւորումներով եւ հարուստ փորձառութեամբ, սփիւռքի այս գաղութները կրնան իրենց կարեւոր նպաստը բերել համահայկական մտածողութեան մշակման` համահայկական օրակարգի մը ենթահողին վրայ:
Յարգելինե՛ր,
Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը ոգեկոչելով` վերջապէս քննութեան մեր պրիսմակը կը կեդրոնացնենք լիբանանահայութեան վրայ, որ մնայուն յառաջամարտիկը եղաւ Հայ դատի քաղաքականացման, յեղափոխականացման, հայրենացման եւ համահայկականացման յաջորդական փուլերու խիզախումներուն:
Անո՛ր, որ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն իր անսակարկ եւ անսահման մասնակցութեամբ, ազգային միասնականութեան իր օրինակելի կեցուածքով համայն հայութեան տուաւ լաւագոյն պատգամը:
Անո՛ր, որ տարուէ տարի կատարած իր ոգեկոչումներով առաւելագոյն աշխուժութեամբ յաջողեցաւ Հայկական հարցը լիբանանեան օրակարգի եւ հետաքրքրութեան վերածել զայն դնելով աւելի մեծ յաջողութիւններու ուղիի մը վրայ:
Անո՛ր, որ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք»-ի գաղափարին կենսագործման մնայուն հաւատքը, ոգին, կամքն ու տեսիլքը ունեցաւ:
Կասկած չունինք, որ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը լիբանանահայութիւնը ուղի պիտի հարթէ խոչընդոտներով լեցուն համազգային մեր պայքարին ու պահանջատիրութեան: Պիտի շրջանցէ վերջին չորս տարուան իր ծանր տագնապները եւ տեղի պիտի չտայ իր շուրջը պարագայաբար յայտնուող ընկրկումի եւ յուսալքութեան տրամադրութիւններուն, ընդհակառա՛կն, պիտի վերականգնի շատ արագ` օգտուելով իր ներքին ուժականութեան եւ ինքնավստահութեան աղբիւրներէն, անցեալի ու ներկայի փորձառութիւններէն: Պիտի մասնակցի համահայկական պայքարի բոլոր ձեւի արտայայտութիւններուն, մինչեւ որ Շիրազի բառերով` «Արարատը մերը լինի ու Արաքսը Հայաստան հոսի»:
Այս է մեր կեանքին պատկերը Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին: Ո՛չ վարդագոյն, այլ` մոխրագո՛յն պատկերը, որուն ի տես` այլ ընտրանք չունինք, բացի անկէ, որ հաւաքաբար գտնուինք մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու բարձրութեան վրայ: Արդ, մեր ազգային-կուսակցական, միութենական-յարանուանական միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է իր առաւելագոյն ներդրումը ունենալու այս պայքարին, տէր կանգնելու համար ստեղծագործ, գիտակից եւ մարտունակ ազգի մեր պողպատեայ ամրութեան, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ միայն կենսունակ սփիւռքով, վերականգնած Արցախով ու ամուր հայկական պետականութեամբ կրնանք Թուրքիոյ եւ իր ռազմաքաղաքական դաշնակիցներուն պարտադրել Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը:
Մենք կը հաւատանք, որ միայն տոկունութեամբ, յարատեւութեամբ եւ վճռակամութեամբ կրնանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կտակին արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալ:
Ու մենք կը հաւատանք, որ միայն հայութեան ուժը կերտելով, տեւաբար զօրանալով, մեծնալով, պահանջատիրական մեր շարժումին համազգային տարողութիւն եւ միջազգային կշիռ տալով` կրնանք հասնիլ մեր ժողովուրդի ամբողջական յաղթանակին:
Մեր սրբազան Դատին արդա՛ր հատուցման:
Ամբողջական եւ հզօր հայութեամբ, ամբողջական եւ անպարտելի՛ Հայաստանի մեր մեծ տեսլականին:


