«Պատմական յիշողութեան ջնջումը կենսագրութեան
ջնջումն է: Մարդ չի կրնար կենսագրութիւնը թաղել»:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ
(Պատմաբան, պատմական ժողովրդագրութեան մասնագէտ)
Անտարակոյս, «մայրամուտ» գոյականը չի վերաբերիր հայոց սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման, ո՛չ ալ ապրիլեան խորհուրդը նսեմացնել կը միտի: Խօսքը էապէս կ՛առնչուի հայ ժողովուրդի թէ անոր պետական մտածողութեան մէջ առկայ այն քաղաքական մօտեցումին, թէ ժամանակը հասեր է լուծելու հայեւթրքական «կնճիռ»-ը, ընդմիշտ փակելու փոխադարձ ատելութեան դարպասը, հայու միտքէն ու հոգիէն վերացնելու վրիժառական ամէն զգացում, սապէս, պահ մը «մոռացութեան» տալու պատմական իրողութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը, որոնք արգելք են հայ կեանքի թէ պետական կառուցուածքի զարգացման, յառաջդիմութեան եւ հզօրացման:
Աւելի մեղմ ըսած, ինչպէ՞ս կարելի է ինքզինք համոզել, այդ ալ պետական միտքի թէ քաղաքական տրամաբանութեամբ, զոհի ու դահիճի հաւասարեցումի ընկալումին առումով:
Յաճախ ընդգծուած է, եւ տասնամեակներ շարունակ, թէ հայութիւնը հոգեկան խոցերէ չի տառապիր, իմացական տկլոր խորթութիւններով չ՛առաջնորդուիր, ամէն քայլափոխի իր անցեալի ողբերգութիւնը, թուրքի հրէշային ոճիրը, ազգի մը սպանդը, հազարամեայ հայրենիքի, մշակոյթի, ստեղծագործ միտքի կորուստն ու բնաջնջումը օտարի ուշադրութեան թէ նոյնինքն թուրքին երեսին շպրտելու բարոյահոգեբանական ախտով վարակուած չէ անպայման, այլ ազգային գիտակցութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնն է, որ մեզ պայքարի կը մղէ, զգաստութեան կը հրաւիրէ, աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, յանուն բազմաչարչար ճշմարտութեան ամրագրման, ազգային իրաւունքի ձեռքբերման եւ թշնամի թուրքին կողմէ ահաւոր կատարուածի` Եղեռնի ընդունման:
Միւս կողմէ, միթէ յիշեցնել պէ՞տք է, որ հայ հրապարակագրական հարթակի, գաղափարախօսական միջավայրի թէ քաղաքական միտքի յորձանուտի կիզակէտին եղող վերոնշեալ ընդգծումները մտամարզանքներ չէին անցեալին, չե՛ն նաեւ այսօր:
Հետեւաբար, ներկայ օրերու նիկոլասէր մունետիկներու քաղաքական տհաս թէ պետական խաղքութիւնն է, որ մեզ տառապեցնէ, կը մտահոգէ առաւելաբար:
Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր, ու յատկապէս 2020 սեպտեմբերեան պատերազմի աւարտէն ու հայ ազգի պարտութենէն ետք, ի յայտ եկան այնպիսի անհանդուրժելի արարքներ, անըմբռնելի գործընթացներ, հայկական պետական մակարդակի վրայ, որ, համեստ միտքի տէր հայն անգամ սկսաւ կասկածիլ ի տես կատարուածին ու ծրագրուածին:
Հակառակ վերեւի մեր բացայայտ կեցուածքին, խօսքին եւ ընդգծումին, ցարդ կը շարունակուին նիկոլական խեղճութեան հաւատաւորներու սին քարոզարշաւն ու զրպարտութիւնը, ցեխարձակումն ու ատելավառ բարբաջանքները:
24 Ապրիլ:
Աւանդական դարձած արարողութիւն եւ միթինկներու տեսականի:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ծաղիկներու զետեղում եւ խոնարհում: Երիտասարդական քայլարշաւ` պայքարի ջահը բարձր պահելու խոստումով: Սփիւռքի տարածքին` աւանդական կուսակցութիւններու թէ յարանուանութեանց ապրիլեան ոգեկոչում եւ ձեռնարկներու կազմակերպում:
Բայց մանաւանդ` քաղաքակիրթ աշխարհին յիշեցում, թէ հայութիւնը երբեւէ չէ զիջած իր պահանջատէրի ու պայքարի իրաւունքէն, գոյատեւելու, իր արեան տեսակն ու ինքնութիւնը պահպանելու գիտակցութենէն:
Բեմերու վրայ թէ հանդիսութիւններու ընթացքին ոճիրի յիշեցում, հատուցման ընդգծում, Հայ դատի ծիրին մէջ կատարուած աշխատանքի վերարժեւորում, ուխտի վերանորոգում եւ յանձնառութեան շեշտադրում:
Ահաւասիկ, օրուան խորհուրդը իր ամբողջական հասկացութեամբ:
Սակայն, վերջին երեք տարիներու հայ կեանքի թաւալքին հետ, երեւան կու գային նորատի աշխատելաոճեր եւ քաղաքական ոստոստումներ, որոնք պատճառ պիտի դառնային ու դարձան հայոց պետականութեան սիւներու խարխլումին:
Այսինքն` ուղղակի թուրքին երթալու «քաջ» մօտեցումը, առերեսուելու «մեծ» քայլը, թուրքի դրացնութեամբ ապրելու «հրաշք» միտումը եւ զիջելու անհասկնալի վարքագիծը, արդէն պարզացուած միտքեր են Արարատի շուքին տակ ապրող հայոց համար:
Այո՛, շշմեցնող են նման միտքեր մեզի` աւանդապահներուս, ազգայնական «յորջորջուած»-ներուս համար: Աւելի՛ն. ինչպիսի՞ տարօրինակութեամբ պէտք է հասկնալ նախ թուրքին «երթալու», ապա թուրքէն խնդրելու, այսպէս ըսած, «քաղաքական իմաստութիւն»-ը:
Փաստօրէն, Արցախի մեծ տարածքի կորուստով, որոշ մասերու յանձնումով եւ Հայաստանի սահմանային տարբեր շրջաններու զիջումով արդէն յստակ կը դառնար այն նորովի գործելակերպը, ուղղուածութիւնը, որով կը յոխորտան հայոց պետական այրերը:
Իսկ ամէնէն զազրելին այն է, որ այս մարդուկները կը յաւակնին հայոց երկնակամարին վրայ խաղաղութեան դարաշրջան տարածել` թուրքին հետ «լեզու» գտնելով, ինչ որ չէին կրցած նախկին պետական այրերն ու ամբողջ աւագանին:
Ճիշդ է, որ նախկինները «ծանրաբեռնուած» էին երկրին կողոպուտով, թալանով եւ փտածութեամբ, այդուհանդերձ, գոնէ անոնք հեռու էին թուրքին երթալու եւ անկէ ողորմութիւն խնդրելու սահմռկեցուցիչ վարքագիծէն:
Արդ, ապրիլեան խոհե՜րու խճանկարին դէմ յանդիման, ըստ երեւոյթին պիտի դադրին իմաստ ունենալէ ձեռնարկներու ընթացքին ներկայացուած բեղուն միտքերն ու խօսքերը, ակադեմական աշխատասիրութիւնները, պահանջատիրական երթերն ու քայլարշաւները, ամպագոռգոռ խորհրդաժողովները, Հայ դատի գործընթացները, ողբի ու զոհի հոգեվիճակէն ձերբազատելու քարոզները, աշխարհին բացուելու եւ մեր ներկայութիւնը ամրագրելու հրաւէրները, արցախեան գոյամարտով հպարտանալու կանչերը, վերանկախացած Հայաստանի ու անոր պետականութեամբ հրապուրուելու աղօթքները, հաւաքական յիշողութեան տէր կանգնելու մաղթանքները, Հայաստանը հայ պահելու միտումները, ապրումները, պետականամէտ մտածողութիւն սնուցելու աշխատանքները եւ այլն, եւ այլն:
Քաղաքական միտքի տարրական իմացութիւնը մեզ պէտք է յուշէ, որ ազգերու ճակատագիրը կ՛որոշեն աշխարհասասան ուժեր եւ որոշումի կեդրոններ, որոնք շահագործելով տուեալ պետութեան քաղաքական միտքի բոպիկութիւնն ու ներքին կեանքի պառակտեալ վիճակը, պիտի յաջողին կաշառել նոյնինքն պետական այրերն ու քաղաքական հոսանքները` ազգամիջեան բախումներ հրահրելով եւ երկիրը դէպի կործանում մղելով: Լաւագոյն օրինակը` Միջին Արեւելքի պատկերն է:
Միւս կողմէ, ազգային իմաստութիւնը պէտք է մեզ զգաստութեան հրաւիրէ, որ փոքր պետութիւնն անգամ կրնայ տոկալ, դիմադրել ու ինքզինք պարտադրել, եթէ երբեք ազգը միասնակամութեամբ յագեցած է, օտարի ծառայութեան մէջ չէ, թշնամի ուժերու խամաճիկը չէ, աշխարհաքաղաքական զարգացումներու քաջատեղեակ է, որոմ եւ ներքին ատելութիւն սերմանելու փոխարէն ազգային միտք, ոգի ու կամք կը սնուցէ, ներքին համերաշխութեամբ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ:
Ահա, ապրիլեան խոհերու միւս «տրցակ»-ը, անհրաժեշտն ու անյետաձգելին:
19 ապրիլ 2023



