Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ես Սփիւռքահայ Եմ

Ապրիլ 21, 2023
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԳՈՒՀԻ ՍԻՍԼԵԱՆ

Ժամանակակից Թուրքիոյ քաղաքացիներ,

Ես Թագուհի Սիսլեանն եմ, եւ մականունս արդէն իսկ կը բացայայտէ իմ արմատներուս մասին: Ապրիլ 24… Գիտէ՞ք այս օրուան իմաստը հայ ժողովուրդին համար:

Ես ձեր լռութիւնը պատասխան կը համարեմ:

Ես ձեզ չեմ մեղադրեր ձեր գիտելիքներու բացակայութեան համար, տրուած ըլլալով, որ ձեր դպրոցներուն մէջ հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմաթիւ էջերը դասագիրքերուն մէջ չեն ընդգրկուած: Այս կը բացատրէ խլացնող լռութիւնը ձեզմէ անոնց, որոնք չեն գիտեր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իսկական պատմութիւնը, եւ ձեզմէ անոնց, որոնք այդ մէկը գիտեն եւ կ՛ամչնան անկէ, եթէ այդպիսի վեհ զգացում կրնայ ըլլալ ձեր սրտերուն մէջ: Ի վերջոյ, ձեր յանցանքը չէ, որ ձեր կառավարութիւնը ձեզի կ՛արգիլէ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը գործածել եւ մատնանշել Թուրքիոյ առնչութիւնը անոր հետ: Բայց, այնուամենայնիւ, դուք ձեզի բախտաւոր համարեցէք, որովհետեւ հակառակ որ դուք ունիք կառավարութիւն մը, որ ձեզ կը զրկէ մտածելու, խօսելու ազատութենէն, գիտութենէն եւ յատկապէս ճշմարտութենէն, դուք անասելի բախտաւոր էք, որ ծնած եւ մեծցած էք ձեր հայրենիքին մէջ: Բայց ես, եւ ամբողջ հայկական սփիւռքը, որ ես այսօր կը ներկայացնեմ, նոյնիսկ այդ առանձնաշնորհումը չենք ունեցած:

Մեր ունեցածը սփիւռք մըն է, որուն գոյութեան պատճառը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է:

Ցեղասպանութիւն մը, որ մանրակրկիտ ծրագրուած եւ կանոնաւոր կերպով 1915 թուականին իրագործուած էր հայ ժողովուրդին դէմ թրքական կառավարութեան կողմէ:

Ցեղասպանութիւն գործադրելու հրահանգը տրուած էր Թալէաթ փաշային կողմէ, որ 1915 թուականին հետեւեալ խօսքերը ուղղեց թրքական բանակին. «Ամբողջովին բնաջնջեցէք բոլոր հայերը: Պէտք է վերջ դրուի անոնց գոյութեան, որքան ալ ոճրային ըլլան միջոցները: Դուք պէտք է անբարեխիղճ ըլլաք եւ նկատի չառնէք տարիքը, սեռը, կամ ֆիզիքական վիճակը»:

Ցեղասպանութիւն մը, որ պատճառ դարձաւ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերու մահուան, սպաննելով այն ժամանակի բնակչութեան մեծ մասը եւ զանոնք զրկելով նոյնքան չափով հողէն:

Ցեղասպանութիւն մը, որ պաշտօնապէս ճանչցուած է 29 երկիրներու կողմէ, ներառեալ`  Միացեալ Նահանգներու, բայց այս 29 երկիրներուն մէջ երբեք չէ ներառուած եւ տակաւին կը շարունակէ չներառուիլ Թուրքիան:

Հայոց ցեղասպանութիւնը պարզապէս «ժողովուրդի մը տեղափոխութիւնը չէ», հակառակ որ այդպէս կը բնորոշեն թուրք պատմաբաններն ու թրքական կառավարութիւնը: Կառավարութիւն մը, որ աշխարհաքաղաքական նկատառումներէն մեկնելով՛ միշտ մերժած է եւ տակաւին կը մերժէ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնել մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներուն համար եւ կը մերժէ հայ ժողովուրդին արդարութիւն շնորհել:

Այսօր` 24 Ապրիլ 2023-ին, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով, կ՛ուզեմ, որ դուք ձեզի մեր եւ մեր նախնիներուն տեղը դնէք, թերեւս` առաջին անգամ ըլլալով: Ի՞նչ կը զգաք` գիտնալով որ ձեր ընտանիքի անդամները բռնի իրենց տուներէն տեղահանուած են եւ ստիպուած եղած են դիտել անոնց քանդուիլը, մինչ իրենք կը հեռանան` գիտնալով, որ ձեր հայրենակիցները ժամերով չարչարուած են, եւ երբեմն` օրերով ու շաբաթներով, նախքան ջարդուին, գիտնալով, որ ամէն տեղ, ամէն շէնք, ամէն տարածք, որ ձեզի համար որոշ նշանակութիւն ունէր, քանդուած է քեզ ոչնչացնելու նպատակով, գիտնալով, որ ամէն կարելի բան կատարուած է փորձելու եւ քանդելու ձեր երկիրը, մշակոյթը, սովորութիւնները, բայց յատկապէս` ձեր գոյութիւնը: Երեւակայեցէք, թէ ի՞նչ կը զգայիք, եթէ այս անարդարութիւնները ձեզի պատահած ըլլային, ձեր երկրին, ձեր տուներուն, ձեր ընտանիքներուն, ձեր մօտիկ բարեկամներուն, ձեր ամէն ինչին: Դուք արդարութիւն չէի՞ք պահանջեր: Վստահ եմ, որ կ՛ընէիք եւ կը պայքարէիք ձեր կեանքի իւրաքանչիւր օր ատոր հասնելու համար: Եւ եթէ նոյնիսկ կայ հիմա ինծի մտիկ ընող մէկ հոգի, որ համաձայն չէ իմ հաստատումներուս հետ, կրնամ ըսել, որ ան կը ստէ ինծի եւ ինքն իրեն: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը պայքարէր` առանց յանձնուելու, արդարութիւն ստանալու համար եւ ապահովելու, որ անոնք որոնք յանցաւոր են այն ոճիրին համար, որուն պատճառով ձեր նախնիները չարչարուած են, ընդունին` ինչ որ ըրած են եւ ներում հայցեն: Այդ է հոս այսօր իմ ներկայութեանս պատճառը, որ հիմա կը հասկնաք, եւ որոշ չափով կը յուսամ, որ զօրակցութիւն յայտնէք: Դժբախտաբար պատմութիւնը կարելի չէ փոխել, եւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ փորագրուած վէրքերը կարելի չէ դարմանել կամ ջնջել: Բայց արդարութիւնը կարելի է եւ պէտք է ունենալ իւրաքանչիւր մահացած անձի համար, իւրաքանչիւր քանդուած եկեղեցւոյ համար, իւրաքանչիւր հայու համար, որ չէ ծնած եւ պիտի չծնի իր հայրենիքին մէջ, ամէն անգամուան համար, երբ հայ մը իր երբեմնի հայրենիքին շուրջ տեսնէ շրջապատող փշալարեր, իւրաքանչիւր երեխայի համար, որ երբեք չէ կրցած բացայայտել, թէ կեանքը ի՛նչ պահած է իրեն համար, իւրաքանչիւր բռնութեան արարքի համար, իւրաքանչիւր արցունքի համար եւ իւրաքանչիւր վէրքի համար արդարութիւնը պէտք է ձեռք բերուի:

Այսօր, ի յիշատակ անարդար կերպով մահացած բոլոր հայերուն համար, կ՛ուզեմ, որ դուք մտածէք եւ ընդունիք ձեր նախնիներուն գործած սխալները, որպէսզի միասին գրենք պատմութեան նոր էջը, ճիշդը` ներումի էջը: Ճիշդ 108 տարուան ժխտումէն ետք ես տակաւին կրնամ ձեզմէ խնդրել մարդու իրաւունքներու եւ մարդկութեան արդարութիւն շնորհել` հաւատալով, որ այս անգամ դուք իսկապէս զիս եւ իմ համաքաղաքացիներս կը լսէք, քանի որ մենք գիտենք, թէ դուք կարողութիւնը ունիք ընելու այն, ինչ որ ճիշդ է:

Կրնաք փաստել, որ դուք սորված էք ձեր նախնիներուն սխալներէն:

Դուք կրնաք ուղղամտութիւն եւ գիտակցութիւն ցուցաբերել հայ ժողովուրդին եւ ձեր գործողութիւններուն նկատմամբ: Դուք կրնաք փոխել այն տպաւորութիւնը, որ ուրիշները կազմած են ձեր երկրին մասին` ձեր նախնիներուն սխալներուն պատճառով:

Դուք կրնաք հայ ժողովուրդին համար արդարութիւն ձեռք բերել: Եւ մինչ դուք երբեք չէք կրնար պատմութիւնը փոխել, բայց այսօր կրնաք առնուազն ապագան փոխել:

 

 

Նախորդը

Խաղաղութեան Դարաշրջա՞ն, Թէ՞ Ապրիլ 24-ի Մայրամուտ (Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակ)

Յաջորդը

Օհանես (Օննիկ) Ղազերեանի Վերապրման Պատմութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?